ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ՉՈՐՍ ՕՐՈՒԱՅ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Յիսուս եկաւ. Ղազարոսին չորս օրէ ի վեր թաղուած գտաւ» (տե՛ս Յհ 11.17):

Մեկնութիւն. եւ քանի որ վերը ըսուեցաւ, թէ գթութեամբ ցոյց կը տրուի, թէ Քրիստոս Աստուած է: Եւ առաջին գթութիւնը սա է, որ Ղազարոսի համար Բեթանիա եկաւ: Երբ եկաւ կ՚ըսէ, ո՛չ թէ գերեզման գալը կ՚ըսէ եւ ո՛չ ալ Բեթանիա, այլ՝ մօտեցաւ: Եւ երբ կ՚ըսէ գտաւ, ո՛չ թէ գերեզմանին մէջ չոքեցաւ, այլ՝ ուրիշներուն պատմելէն լսեց, թէ չորս օր է, որ մեռաւ, թէեւ այլ կերպով այս բանը գիտէր:

Այստեղ դարձեալ չորս հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին հարցում. թէ ինչպէ՞ս չորսօրեայ:

Պատասխան. նախ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ այսպէս կը թուին չորս օր, երբ հրաւիրակները եկան Քրիստոսի մօտ, երկու օր այնտեղ մնացին եւ զանոնք արձակելէն ետք [Քրիստոս] եւս երկու օր այնտեղ մնաց: Իսկ ասիկա սուտ է եւ Աւետարանին հակառակ, որովհետեւ եթէ այդպէս էր, պէտք էր ըսել, թէ Յիսուս չորս օր մնաց այնտեղ [գնտուած վայրը]: Երկրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա], թէ երկու օր մնաց այնտեղ Ղազարոսի մահուան լուրը առնելէն ետք եւ երկու օր ալ ճանապարհը տեւեց, իսկ երբ եկաւ, արդէն չորս օր եղած էր: Երրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ մարդը, որ [Ղազարոսի] տունէն ղրկեցին, երբ ճանապարհին մէկ օրը աւարտեց, Ղազարոս մեռաւ, եւ ատկէ ետք Յիսուս երկու օր մնաց Իր գտնուած վայրը եւ չորրորդ օրը Բեթանիա գնաց: Թէ օրը աբողջացած էր եւ եօթներորդ ժամուն եկաւ ու հասաւ եւ յարուցեց, այդ պատճառով Ղազարոսի տօնին եօթներորդ ժամուն Պատարագ կը մատուցուի, որովհետեւ այդ ժամուն յարութիւն տուաւ Ղազարոսին: Եւ պատշաճ էր Ղազարոսին մեռնիլը նախքան հրաւիրակին Քրիստոսի մօտ հասնիլն ու Անոր պատմելը Ղազարոսի հիւանդութեան մասին, որովհետեւ եթէ Քրիստոս Ղազարոսի հիւանդութեան եւ անոր քոյրերու աղաչանքին մասին լսէր, կրնային անկարող եւ անգութ ըսել Քրիստոսի համար, թէ չէր գացած մինչ տակաւին Ղազարոսը ողջ էր, իսկ երբ մեռած էր, այսպիսի կարծիք չի՛ մտներ մարդոց սիրտին մէջ:

Ասիկա առաջին հարցումը:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար չորսօրեայ յարուցանեց:

Պատասխան. նախ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ ցաւի տեսակ մը կայ, որ հիմա սխալախ կը կոչեն, որ կը թուի, թէ մեռաւ, սակայն մինչեւ չորրորդ օրը չի մեռնիր, այդ պատճառով չորսօրեայ յարուցեց, որպէսզի եթէ նոյնիսկ ողջ ալ ըլլար այնտեղ, այսքան օրերէ մեռած կ՚ըլլար: Դարձեալ՝ հոգիին բաժնուած պահէն մարմինը դէպի ապականութիւն կը շարժուի, իսկ չորրորդ օրը ամբողջութեամբ կը լուծուին եւ կը քակուին տարրերը, ինչպէս քոյրերը կ՚ըսեն. «Հիմա նեխած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ չորս օրէ ի վեր թաղուած է» (Յհ 11.39):

Դարձեալ, Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ չորս պատճառով. նախ՝ հակառակ ժխտողներու կարծիքին, որոնք առ աչօք, կախարդութեամբ եւ դիւական [միջոցներով] կ՚ըսէին, որովհետեւ ասոնք նոյն ժամուն կը ձեւանան եւ ո՛չ թէ հարիւրերորդ ժամուն: Երկրորդ՝ որպէսզի հրաշքը մեծ եւ յայտնի ըլլայ: Երրորդ՝ որպէսզի հրաշքը գործողը հզօրագոյն ցոյց տրուի: Չորրորդ՝ որպէսզի հաւատացեալներուն օգտակար ըլլայ:

ԱՍՊԱՐԷԶԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Բեթանիա Երուսաղէմի մօտիկ է, միայն երեք քիլօմեթր հեռու» (Յհ 11.18):

Մեկնութիւն. կրկնակի պատճառով ասիկա կ՚ըսէ. նախ՝ ճանապարհին հեռաւորութիւնը ցոյց կու տայ՝ երկու օրուան ճանապարհ Յորդանանի միւս կողմը, ուր էր նախապէս: Երկրորդ՝ Երուսաղէմին մօտիկ ըլլալը, այդ պատճառով շատեր եկած էին սուգին: Եւ սուտ են, որոնք կը կարծեն, թէ տասնհինգ ասպարէզ է Յորդանանէն այն կողմ մինչեւ Բեթանիա, այլ՝ Բեթանիայէն մինչեւ Երուսաղէմ ասպարէզներու թիւով, իսկ ութ ասպարէզը մէկ միլայ է, այսինքն՝ մէկ մղոն, իսկ երկու մղոնը մէկ ֆարսանկ է, եւ այսպիսով Բեթանիան Երուսաղէմէն մէկ ֆարսանկ հեռու էր, մէկ ասպարէզ պակաս: Իսկ ասպարէզներուն մասին երկրորդ հատորին համարին մէջ ըսուեցաւ [Նանա, էջ 145]:

Խօսք. «Հրեաներէն շատեր հոնկէ եկած էին Մարթայի եւ Մարիամի մօտ, զանոնք մխիթարելու համար» (Յհ 11.19):

Մեկնութիւն. այստեղ Ոսկեբերանը կը հարցնէ, թէ հրեաները ինչպէ՞ս կը մխիթարէին Քրիստոսի սիրելիները, որովհետեւ պայման դրուած էր, եթէ ոեւէ մէկը զԱյն Քրիստոս խոստովանի, ժողովուրդէն դուրս ելլէ:

Եւ ինքն իսկ կը պատասխանէ երեք պատճառով. նախ՝ քանի որ մեծ տագնապ եւ տրտմութիւն պատահած էր: Երկրորդ՝ կամ որովհետեւ մեծ ցեղ էին, կը պատուէին զանոնք: Երրորդ՝ կամ որոնք եկան, չարերէն ու զՔրիստոս հալածողներէն չէին, այլ՝ բարիներ էին, որովհետեւ թէեւ շատեր կը հալածէին զՔրիստոս, սակայն շատեր ալ կը հաւատային, իսկ ոմանք ալ մէջտեղն էին [այսինքն թէ հալածող եւ թէ հաւատացող]:

Իսկ եկան երկու պատճառով. նախ՝ մխիթարելու զանոնք, երկրորդ՝ տեսնելու Աստուծոյ նախախնամութենէն բխող հրաշքը, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանան] կ՚ըսէ:

Ապա ցոյց կու տայ, թէ Բեթանիայի մէջ ինչպէ՞ս ընդունեցին զՔրիստոս, նախ՝ Մարթան եւ ապա՝ Մարիամը:

Խօսք. «Մարթա երբ լսեց, դիմաւորելու գնաց» (տե՛ս Յհ 11.20):

Մեկնութիւն. ոմանք կ՚ըսեն, թէ Մարթան աւագ քոյրն էր, նախ՝ որովհետեւ անոր ազդարարեցին Վարդապետին գալուն մասին: Երկրորդ՝ քանի որ Մարթան դուրսն էր եւ [ներկաներուն հիւրասիրութեան] պէտքերը կը հոգար, իսկ Մարիամը ներսը տանն էր՝ հրեաները [սիրա]շահելու համար: Եւ երբ Մարթան լսեց, միայն շտապեց դիմաւորելու ելլել ու պատուեց Քրիստոսին ու եղբօր մասին խօսեցաւ, իսկ երբ եղբօր յարութիւն առնելուն քաղցր լուրը լսեց, ապա կանչեց իր քոյրը:

Ասոր կողքին ցոյց կու տայ Մարթային հաւատքը, թէեւ ո՛չ կատարեալ:

Խօսք. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ» (Յհ 11.21):

Մեկնութիւն. ասով յայտնի է, թէ ստուգապէս կը հաւատար, եթէ Քրիստոս մօտիկ ըլլար, իր եղբայրը չէր մեռներ, սակայն ոմանք կ՚ըսեն, թէ կը կարծէր, որ բացակայ ըլլալով չէր կրնար փրկել, սակայն այս նախադասութիւնը այդ բանը չի՛ ցուցներ, այլ այն, եթէ այստեղ ըլլայիր, կը թախանձէինք Քեզի, եւ Դուն թոյլ չէիր տար որ մեր եղբայրը մեռնէր: Ասիկա մարդկօրէն կ՚ըսեն, թէ ուր որ լոյս է, այնտեղ խաւար չկայ, եւ ուր որ կեանքն է՝ մահ չկայ:

Խօսք. «Բայց հիմա իսկ գիտեմ, թէ ի՛նչ որ Աստուծմէ խնդրես՝ Աստուած կու տայ Քեզի» (Յհ 11.22):

Մեկնութիւն. այստեղ Քրիստոսի մասին կը խօսի որպէս առաքինի մարդու, կամ մարգարէի, որ աղաչանքով կը յարուցանէ, որովհետեւ տակաւին չէր ճանչնար զԻնք որպէս ճշմարիտ Աստուած, քանի որ եթէ զԱյն Աստուած հաւատար, պէտք չէր ըսել, թէ՝ ինչ որ խնդրես, այլ թէ՝ ինչ որ հրամայես:

Ասոր կողքին Քրիստոս կը խոստանայ անոր եղբօր յարութիւն առնելը:

Խօսք. «Յիսուս ըսաւ անոր.

-Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յհ 11.23):

Մեկնութիւն. ըսելը քաղցրութեամբ է, իսկ պատասխանը՝ ընդդիմութեամբ: Վերը ըսուեցաւ, թէ գթութեամբ ցոյց կը տրուի, որ Քրիստոս Աստուած է, եւ ասիկա երկրորդ գթութիւնն է, որ Մարթային կ՚ըսէ, թէ՝ եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ: Չ՚ըսեր երբը. նախ՝ Մարթային թերի կարծիքը կը խախտէ եւ ճշմարիտ հաւատքին մէջ կը հաստատէ, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Մարթա պատասխանեց.

-Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը, յարութեան ատեն» (Յհ 11.24):

Մեկնութիւն. ուրկէ՞ գիտէր վերջին օրուան յարութեան մասին: Ըստ Ոսկեբերանին բազմաթիւ անգամներ լսած էր Քրիստոսէ, ու կ՚ըսէ: Իսկ ըստ ուրիշներու, որովհետեւ փարիսեցիները յարութեան կը հաւատային, եւ ասիկա անոնցմէ էր, իսկ սադուկեցիները միայն կ՚ուրանային յարութիւնն ու հրեշտակները, ու հոգիններուն անմահ ըլլալը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 106

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 8, 2021