Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
Կ՚ԸՍԵՆ…
Կ՚ըսեն... հայու երկնքի գարունն էր կորսուած,
Իսկ երկիրն ալ՝ ցաւի աշխարհ դարձած,
Եւ բոլոր երազները լռած, քայքայուած,
Ինքն ալ կեանքի աղմուկին՝ զինաթափ կեցած:
Նաեւ կ՚ըսեն. հայու կամքն ալ էր անհետացած,
Եւ չար պատեհութեան զոհը դարձած,
Իսկ ուղեղը անտէր հայելիի նմանած,
Իր ազգային դիմագիծն ալ էր կորսնցուցած:
Բայց հաւատացէ՛ք, օր մը, իր երազը հաւատքի վերացած,
Անցեալով՝ զօրացած եւ ներկայով՝ հարստացած,
Միասնութեան ուժերը ժամանակի քրտինքով համախմբած,
Հայը աշխարհին պիտի յայտնուի, իր երկիրը դրախտի վերածած:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, Յունիս 8, 2024