ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԿՈՎԵՐՆ ՈՒ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ…

Լսած էինք, որ կովերը դասական երաժշտութենէն կ՚ախորժին եւ երբ այդ երաժշտութիւնը ունկնդրեն, շատ աւելի կաթ կու տան։ Կարծես ճիշդ է այս ենթադրութիւնը, հիմա խօսինք օրինակներով։

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Դանիոյ Լունտ քաղաքէն, որ մայրաքաղաք Քոբենհակին հարաւը կը գտնուի։ Այդ քաղաքին մէջ գտնուող ագարակի մը այցելութիւն տուած են Սկովտիոյ թաւջութակի դպրոցին աշակերտները, իրենց ուսուցիչին հետ միատեղ։

Թաւջութակի այդ խումբը դասական երաժշտութեան ելոյթով մը հանդէս եկած է (տես նկարը) կովերուն առջեւ, որոնք ուշի ուշով հետեւած են յայտագրին՝ մինչեւ որ «Dvorak»ի երաժշտութիւնը սկսած է հնչել։ Յանկարծ կովերը ձգած են երաժշտութեան վայրը եւ մեկնած են իրենց սովորական արօտավայրը՝ արածելու…

Ի տես այս անակնկալ երեւոյթին, դպրոցի հիմնադիր «Jacob Shaw» հետեւեալ ձեւով բացատրած է եղելութիւնը. «Կովերն ալ ունին իրենց նախընտրութիւնները եւ երեւի անոնք չեն սիրած «Dvorak»ի երաժշտութիւնը»։

Ի միջի այլոց, հոս տեղին է յիշել որ «Antonin Dvorak» չեխ յօրինող մըն է, որ ապրած է 19-րդ դարուն (1841-1904) եւ հռչակ ստացած է իր «Cello Concerto» եւ «Symphony #9» գործերուն համար, զորս հեղինակած է Միացեալ Նահանգներ գտնուած միջոցին։

Բայց երեւի կովերուն թիւր չէ եկած վերոյիշեալ հեղինակին դասական երաժշտութիւնը՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներով՝ չենք գիտեր!

Յուսամ Սկովտիոյ թաւջութակի դպրոցի աշակերտները յուսախաբութեան չենթարկուեցան՝ ի տես կովերու խմբային որոշումին, լքելու երաժշտական բացառիկ այդ ունկնդրութիւնը։

Հիմա հարկ է մէջբերել ամերիկեան ասացուածքը՝ որ արդարօրէն կ՚ըսէ, «You win some, you lose some»։

ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Նիւ Եորք քաղաքի Հարլէմ շրջանէն։ Հոն գործող նշանաւոր «Patsy's Pizza»ի ճաշարանի սպասեակին մասին է այս տարօրինակ պատահարը, որ կը յայտնաբերէ անոր ազնուութիւնը՝ ճաշարանի յաճախորդներէն մէկուն նկատմամբ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Սովորութիւն դարձած է, որ ճաշարանի յաճախորդները ընդհանրապէս ձեռաձիր կը ձգեն սպասեակին, եթէ գոհ մնան անոր հոգածութենէն։ Վերոյիշեալ ճաշարանի յաճախորդներէն մէկը՝ Քերըն Վինակուր, անհամաձայնութեան մը պատճառաւ ձեռաձիր չէ ձգած Արմանտօ Մարքաժ անունով իր սպասեակին (տես նկարը)։ Սա անսովոր չէ երբեք, սակայն հետեւեալ դէպքը որ յաջորդած է, շատ անսովոր է։

Նախ բացատրեմ, թէ ի՞նչ է անհամաձայնութիւնը։ Ճաշարանի պատերը զարդարուած են նշանաւոր մարդկանց նկարներով եւ Քերըն Վինակուր դիտել տուած է, որ կիներու նկարները աւելի պակաս են քան այր մարդոց։ Իսկ սպասեակը՝ որ ինն տարիէ ի վեր կ՚աշխատի հոն, պատասխանած է, թէ կիները «pizza» չեն սիրեր…

Ուրեմն, երբ Քերըն Վինակուր եւ իր խումբը՝ ներառեալ իր դուստրը, ճաշելէ ետք գացած են, սպասեակը նշմարած է, որ ան իր ետին թողած է պահարան մը, որուն մէջ կար 424 հազար տոլարի արժէքով «cashier՚s check» մը։ Սա՝ պատկառելի գումար մըն է, չէ՞…

Սպասեակը մի քանի օր կը սպասէ՝ յուսալով, որ յաճախորդը կ՚անդրադառնայ իր կորուստին եւ կը վերադառնայ ճաշարան, ստանալու համար այն, ինչ որ իրեն կը պատկանի։

Բարեբախտաբար լրագրող մը՝ որ տեղեակ էր եղելութեան, կը գտնէ Քերըն Վինակուրը՝ որ չ՚ուշանար ներկայանալու ճաշարան եւ պահանջելու իր չէքը։ Արցունքոտ աչքերով՝ Քերըն սապէս կ՚արտայայտուի. «Շատ երախտապարտ եմ, որ Արմանտօ Մարքաժը վիրաւորելս արգելք չհանդիսացաւ, որ ան իր ազնուութիւնը ցոյց տայ»։ Առաւե՛լ, Քերըն ուզեց նիւթական նուիրատուութեամբ մը մեղքը քաւել, սակայն Արմանտոն մերժեց զայն։

Սա կը նշանակէ, որ Արմանտոն նիւթական ակնկալութեան համար չէր, որ չէքը պահած էր, այլ՝ մարդասիրական գործ մը կատարած ըլլալու համար։ Բայց Քերըն կ՚ուզէ «gift certificate» մը տալ Արմանտոյին, որպէսզի գործածէ զայն՝ ուսումնական պիտոյքներու համար։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Պոստոն

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021