ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ԴԵՂՁԱՆԻԿԸ

Պատահելիքի մը քով
Լսեցինք դեղձանիկին խօսքը:

Ինծի եւ քեզի:
-Երգը կարելի է վանդակին մէջ,
Երջանկութիւնը՝ նոյնպէս...

Դեղձանիկը երբ կ՚երգէ,
Կը մօտեցնէ պատահելիքը:

Վաղը կը նայիս այսօրուան - երէկ:
Կ՚ըսես.
-Գեղեցիկ էր
Եւ քիչ էր:
Ոչ կ՚ուրախանաս,
Ոչ ալ կը տխրիս:

Վաղը, կը յիշենք որ դեղձանիկը ձգեցինք
Վանդակի մը մէջ, առանձինն:
Մեզի չ՚երգեր,
Այլ կ՚երգէ դիտող անցորդներուն...

ՍՏՈՒԵՐԸ

Ստուերը ոչ արական է, ոչ իգական.
Մոխրագոյն,
Եւ եթէ այրես զայն...

Կը հետապնդէ զիս,
Կը մեծնայ եւ կը փոքրանայ:
Կը քալէի, կը քալէր:
Կը նստէի, կը նստէր:
Կը վազէի, կը վազէր:

Մտածեցի խաբել զայն 
Եւ հանել մութ կապոյտ վերարկուս,
Կապկեց եւ նետեց իր մոխրագոյն վերարկուն...
Կողմնակի ճամբան դարձայ,
Դարձաւ կողմնակի ճամբան:

Մտածեցի խաբել զայն 
Եւ ելլել քաղաքիս արեւմուտքէն,
Տեսայ զինք դիմացէս կը քալէր՝
Այլ քաղաքի մը արեւմուտքէն...

Մտածեցի գալ երկու անթացուպերու վրայ յենած,
Եկաւ երկու անթացուպերու վրայ յենած:

Մտածեցի զայն գրկել ուսերուս վրայ,
Դժուարացաւ...

Մտածեցի ըսելով. 
-Ուրեմն, պիտի հետեւիմ իրեն, 
Որպէսզի խաբեմ:
Պիտի հետեւիմ թութակի պէս, 
Կապկելով ինչ որ կ՚ընէ,
Որ նմանը նմանին վրայ գլորի
Եւ չտեսնեմ զայն,
Եւ չտեսնէ զիս:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022