ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈ՞ՒՆ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ, ԹԷ՞…
Անշուշտ բոլոր տեսակի նորարարութիւններու խճանկարին եւ քաոսին մէջ շատ ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ կ՚աճին ու կը տարածուին տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնց լաւ եւ տեղին օգտագործումը բնականաբար մեր յարատեւ պայքարին նոր եւ ազդու թափ կու տայ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները սրընթաց կ՚աճին գլխու պտոյտ պատճառող կշռոյթով: Նոյն ալիքին վրայ կրնա՞նք դրական մնալ:
*
«ՈՒԱԹՍԱՓՓ»Ի ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Նորագոյն ուսումնասիրութիւն մը կը տեղեկացնէ, որ աշխարհի 109 երկիրներու մէջ Անտրոյտ բջիջային գործողութեան համակարգի հիմքին վրայ աշխատող ամենէն ժողովրդական լրաբերը (messenger) ՈւաթսԱփփ-ն է:
Ընդհանուր առմամբ վերլուծուած են 187 երկրի օգտատէրերու նախընտրութիւնները: Առաջին եռեակին մէջն են նաեւ Ֆէյսպուք Մեսենճըրը եւ Վայպըրը:
ՈւաթսԱփփը իւրայատուկ ժողովրդականութիւն կը վայելէ այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպիսիք են՝ Ռուսաստան, Գերմանիա, Իտալիա, Հնդկաստան: Բացի ատկէ, յաւելուածը հետաքրքրական է Հարաւային Ամերիկայի բոլոր երկիրներուն մէջ ապրող օգտատէրերուն համար:
Ֆէյսպուք Մեսենճըր կը նախընտրեն բնակիչները 49 երկիրներու, որոնց շարքին են՝ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Ա-ւըստրալիա, Ֆրանսա, Նորվեկիա:
Վայպըր աշխուժօրէն կ՚օգտագործուի 15 պետութիւններու, որոնց շարքին՝ Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Ուքրայնոյ մէջ:
Ըստ ուսումնասիրութեան, Թելեկրամը ժողովրդականութիւն կը վայելէ Իրանի եւ Էօզպեքիստանի մէջ ապրող Անտրոյտ օգտագործողներուն մօտ:
Այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են՝ Չինաստանը եւ Ճաբոնը, կը նախընտրեն սեփական մշակումները: Չինաստան՝ ՈւիՉաթ եւ Ճաբոն՝ Լայըն:
ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ… ԵՒ ՕԳՈՒՏՆԵՐԷՆ
Նիւ Եորքի «Ճոն Քենետի» օդակայանին մէջ համակարգչային խանգարման պատճառով օր մը բազմաթիւ թռիչքներ յետաձգուեցան: Օդակայանի պատասխանատուները յայտնեցին, որ սըրվըրներէն մէկը խանգարուելով՝ դադրեցուցած է Ուայ-Ֆայի աշխատանքը բրիտանական օդանաւային ընկերութեան կեդրոնին մէջ: Խանգարումին պատճառով օդակայանի պաշտօնեաները ստիպուած ձեռքով ամբողջացուցած են ճամբորդներուն կտրօնները:
Այդ գիշեր օդակայանին մէջ կուտակուած են շուրջ 1200 ճամբորդներ, որոնք կը սպասէին ստուգման:
Համակարգչային խանգարումը նաեւ կրնայ օգուտներ ունենալ: Այս առընչութեամբ՝ տարածուած քանի մը մանրապատումներ.
Մարդու մը կը հարցնեն, թէ ընտանիքին անդամները ինչպէ՞ս կը յաջողի քով-քովի բերել, երբ բոլորն ալ զբաղած են իրենց համակարգիչներով, բջիջայիններով եւ այլն: Մարդը կ՚ըսէ.
-Տան Ուայ-Ֆայը կ՚անջատեմ, բոլորն ալ ուր որ են, վազելով կու գան:
Ամուսնացած մարդ մը իր ընկերոջ կ՚ըսէ.
-Երէկ գիշեր մեր տան Ուայ-Ֆայը խանգարուեցաւ, ընտանեօք նստանք, միասին զրուցեցինք. գէշ մարդիկ չէին:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱ ԿԸ ԳՈՐԾԱՐԿԷ ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ՆՄԱՆԱԿԸ
Հիւսիսային Քորէայի սըրվըրին վրայ յայտնուած է Ֆէյսպուքի նմանող ընկերային ցանց մը, որ ըստ երեւոյթի, տեղադրած է այդ երկրի համացանցի պետական ընկերութիւնը: Սթարքոն ընկերային ցանցին ուրուագիծը նման է Ֆէյսպուքի ձեւաւորման:
Համացանցային վերլուծութեան «Տին ռիսըրչ» կեդրոնի տնօրէն Տակ Մէյտոր, որ առաջին նշմարողը եղած է այս ցանցը, իր Թուիթըրին մէջ կը նշէ, թէ Սթարքոնը Ֆէյսպուքին նման է ոչ միայն գունային ընտրութեամբ, այլեւ՝ որոնման տողի ձեւաւորումով, ինչպէս նաեւ՝ նորութիւններու ժապաւէնի ձեւաւորման սկզբունքով:
Սթարքոնի ստեղծման համար օգտագործած են ՓՀՓ Տոլֆին հարթակը, որուն միջոցով կայք կը ստեղծուի Ֆէյսպուքի կաղապարով: Ընդունուած դրութեամբ պաշտօնական անհրաժեշտ արձանագրութիւնները չեն եղած, այնպէս որ, թէ ինչո՛ւ ատիկա յայտնուեցաւ, եւ ի՞նչ է ատիկա, կը մնայ առեղծուած: Ատիկա կրնայ նոյնիսկ փորձարկում մը ըլլալ, որ պատահաբար հրապարակային եղած է: Ընկերային ցանցը կ՚աշխատի ստուգման դրութեամբ: Մաս-նագէտները առայժմ վստահ չեն, թէ Հիւսիսային Քորէայի պաշտօնական իշխանութիւնները կապ ունի՞ն այդ նախագիծին հետ:
Ընկերութեան տնօրէնը տարօրինակ կը գտնէ, որ ընկերային ցանցը կրնան մտնել այլ երկիրներու օգտատէրեր: Կայքը արդէն իսկ գրաւած է համացանց յաճախակի օգտագործող հետաքրքրասէրներ, բայց տեսնելիք շատ բան չկայ: Ցանցը զուրկ է բովանդակութենէ, բացի Հիւսիսային Քորէայէն դուրս գտնուողներու հաղորդագրութիւններէն:
Հիւսիսային Քորէա աշխարհի ամենէն խիստ համացանցային գրաքննութիւնը ունեցողներէն է, եւ բնակչութեան մեծամասնութեան արտօնուած չէ համացանցէն օգտուիլ: Իսկ անոնք, որոնք միջոցը ունին համացանցէն օգտուելու, խիստ հսկողութեան ենթակայ են:
Ուրեմն գաղափարը, որ Հիւսիսային Քորէայի համացանցին մէջ ընկերային այս ցանցը կրնայ ներքին օգտագործման համար գոյութիւն ունենալ, դժուար է պատկերացնել:
Հետաքրքրական նշում մը. իւրաքանչիւր արձանագրութիւն կամ հաղորդագրութիւն անմիջապէս ցոյց կու տայ, որ տեղադրուած է 30 վայրկեան առաջ: Հաւանաբար այն պատճառով, որ Տոլֆին համակարգչային ծրագիրը չի ճանչնար Հիւսիսային Քորէայի կողմէ վերջերս ստեղծուած ժամային գօտին, որ աշխարհի մեծ մասէն 30 վայրկեան ետ է: Օգտագործողներուն կը թելադրուի վայելել, որքան որ կրնան, որովհետեւ Հիւսիսային Քորէայի գրաքննիչները անմիջապէս պիտի խափանեն ընկերային այս ցանցը, երբ անդրադառնան, որ ատիկա հանրային ուշադրութիւն կը գրաւէ…
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՃ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզի շրջանառութիւնը 2015 թուականին կազմած է 550 միլիոն տոլար, որ 17 առ հարիւր աւելի է 2014 թուականէն:
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 2015 թուականի պիւտճէի հաշուետուութիւնը ներկայացնելու ատեն Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան այս մասին խօսելով՝ ըսաւ. «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ կան աւելի քան 400 ընկերութիւններ, որոնց մէջ կ՚աշխատին 15 հազար մասնագէտներ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու սկսնակ ընկերութիւններուն հարկային արտօնութիւններու մասին օրէնքի շնորհիւ 2015-ին ստեղծուած են 79 նոր կեդրոններ, ուր 329 պաշտօնեաներ կ՚աշխատին:
Նախարար Արծուիկ Մինասեան նաեւ տեղեկացուց, որ Մայքրոսոֆթի եւ «Այ. Պի. Էմ.»ի վարժանքներուն, Հայաստանի մէջ աւելի քան 1200 մարդ մասնակցած է: Ըստ նախարարին, Մայքրոսոֆթի վարժանքներուն մասնակցած է 623 մարդ, իսկ «Այ. Պի. Էմ.»ը սկսնակ 30 խումբերու խորհրդատուութիւններ ներկայացուցած է, կայացնելով 40 դասընթացք՝ 600 անձերու համար: 1072 անձեր մասնակցած են հայ-հնդկական տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ուսումնական կեդրոնին մէջ կազմակերպուած համաժողովին:
Հայկական ազգային արհեստագիտական գիտաշխատանոցներուն մէջ վարժանքներու հետեւած են 450 ուսանողներ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ»
Օգտակործուած աղբիւրներ՝ «Սի. Էն. Էն. Մանի», Միմիլըր Ուէպ», «Նիուզ. Էյ. Էմ» եւ «Պի. Պի. Սի.»
Հարթակ
- 11/30/2024