ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Առակաց 17.6-ին մէջ կը կարդանք. «Թոռները ծերերուն պսակն են եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են». ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ այս համարը:

Պատասխան. Այս համարը Տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ յիշատակուած ծնողայարգութեան պատուիրանէն ետք, թերեւս ամենէն գեղեցիկ համարներէն մէկն է կապուած ընտանիքի գաղափարին: Արդարեւ, ընտանիք մը երջանիկ ու առողջ է, երբ իր անդամներուն միջեւ եղող կապը առողջ ու յարգալից է, այլ խօսքով փոխադարձ հասկացողութիւն եւ իրերօգնութիւն կայ, եւ ո՛չ թէ իշխելու եւ իր խօսքը պարտադրելու ձգտում, երեւոյթ մը, որ դժբախտաբար մեր օրերուն շա՜տ տարածուած է; Աւելին, մեր օրերուն կարծէք մեծ վիհ մը յառաջացած է մեծ սերունդին եւ յաջորդող սերունդներուն միջեւ,

Վիհ մը՝ որ առիթ տուած է ատելութեան ու թշնամանքի տարածուելուն:

Վիհ մը՝ որ առիթ տուած է զիրար անարգելուն ու անպատուելուն:

Վիհ մը՝ որ առիթ տուած է անյարգալիր վերաբերմունքի՝ զաւակ-ծնող, ծնող-զաւակ, զաւակ-մեծ ծնող յարաբերութիւններուն մէջ:

Վիհ մը՝ որ պատճառ հանդիսացած է ծերանոցներու մէջ ծերերու թիւի աճին… Պահ մը մտնենք ծերանոց եւ հաշուենք, թէ քանի՜-քանի՜ զաւակներ կամ թոռներ իրենց ծնողները կամ մեծ ծնողները բերած «նետած» են ծերանոց ու վերադարձաց իրենց կիներուն կամ ամուսիններուն գիրկը «հանգիստ» ու «բարեկեցիկ» կեանք մը ապրելու համար…

Մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ բոլորիս, եթէ ընտանիքի մը անդամներուն միջեւ չկա՛յ այդ առողջ կապն ու յարաբերութիւնը, այդ ընտանիքը զուրկ է ամէն տեսակի առաքինութենէ, բարեկեցութենէ եւ օրհնութենէ, ու յատկապէ՛ս աստուածային օրհնութենէ:

Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին, Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ ներկայ տարեց հոգեւորականներէն մէկը, Առակաց Գիրքի մեկնութեան այս համարին մասին այսպէս կը գրէ.

«Երկինքին ուրիշ ո՛չ մէկ բան այնքան կ՚ուրախացնէ՝ ինչքան երկինքին պատկերը կրող ընտանիքը, ուր իւրաքանչիւր անդամ ընտանիքի միւս անդամին մէջ գործնականօրէն կը տեսնէ իր փառքը, պատիւն ու հարստութիւնը: Արդարեւ, ծերը նոր [երիտասարդ] սերունդին հասցէին (իր թոռներուն) վիրաւորական խօսք չ՚ըսեր, ո՛չ իսկ իր միտքին մէջ, այլ՝ անոնց մէջ կը տեսնէ իր պսակն ու փառքը: Իսկ երիտասարդը չ՚անարգեր տարեց սերունդը (ծնոնղերը [մեծ ծնողները]), այլ՝ հնազանդութեան ոգիով կը պատուէ զանոնք:

Գործնական սէրը ու փոխադարձ յարգանքը տունը երկինքի կը վերածէ, իսկ ընտանիքը՝ Աստուծոյ տան մարդոց, եւ բոլորն ալ առընչութիւն կ՚ունենան Տէր Յիսուսի խոստումին հետ, թէ՝ “ուր որ երկու կամ երեք հոգի Իմ անունովս հաւաքուին, Ես այնտեղ՝ անոնց մէջտեղը պիտի ըլլամ” (Մտ 18.20). իսկ ուր որ Տէր Յիսուսը կ՚ըլլայ, բոլորը այնտեղ միասին կը հաւաքուին՝ ինչպէս երկինքին մէջ՝ բոլոր ազգերէն, լեզուներէն, ցեղերէն ու ժողովուրդներէն, բոլոր մշակոյթներէն ու բոլոր տարիքներէն, եւ սերունդներուն միջեւ անջրպետ գոյութիւն չ՚ունենար, այլ՝ իւրաքանչիւր ոք միւսին մէջ կը տեսնէ Յիսուսի գեղեցկութեան արտացոլումը:

Սուրբ Կղեմէս Աղեքսանդրացին կը գրէ. “Ըսուած է. ‘Թոռները ծերերուն պսակն են եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են’. մեր պարծանքը (փառքը) բոլորին Հայրն է, իսկ ամբողջ եկեղեցւոյ պսակը՝ Յիսուս Ի՛նքն է”»:

Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.

«Անհոգ պէտք չէ ըլլանք անոնց հանդէպ, որոնք մեր հետ կ՚ապրին, որովհետեւ ծանր պատիժ եւ աննկարագրելի տանջանքներ կը սպասեն անոնց, որոնք անտարբեր են իրենց մերձաւորներուն նկատմամբ։ «Իսկ մէկը՝ որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը» (Ա.Տմ 5.8), այսպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալը։ Որովհետեւ, իրապէս, եթէ մէկը իր մերձաւորներուն հոգ չի տանիր, ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշները խնամել։ Ըսուած է. «Մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (Եփ 6.4)։ Ահաւասիկ, ա՛յս պէտք է ըլլայ հայրերուն ամենէն կարեւոր մտահոգութիւնը։ Ծնողներուն իսկական մտահոգութիւնը ա՛յս բանին վրայ պէտք է ըլլայ»:

Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրաիրքը հետեւեալ խրատը կու տայ ծնողներուն.

«Կը խնդրեմ ու կ՚աղաչեմ ձեզ, սիրելիներս, եկէք մեծ խնամքով վարուինք մեր երեխաներուն հետ եւ ամէն ձեւով հոգանք անոնց հոգիի փրկութեան մասին։

Ծնողները պէտք չէ մտածեն, թէ իրենց զաւակները ինչպէս արծաթով եւ ոսկիով պիտի հարստացնեն, այլ՝ այն մասին, թէ ինչպէս անոնք բոլորէն աւելի հարուստ ըլլան բարեպաշտութեամբ, իմաստութեամբ եւ առաքինութեամբ, ինչքան ալ անոնք բազմաթիւ բաներու պակասութիւն ունենան, կենսական եւ պատանեկան ինչպիսի հրապոյրներ ալ որ ունենան։ Մեծ ջանքով նաեւ պէտք է անոնց ելքն ու մուտքը քննել, անոնց զրոյցները եւ հաւաքները, գիտնալով, որ ատոնք մերժելի են, ապա՝ Աստուծմէ ո՛չ մէկ վարձատրութիւն կը ստանան»:

Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան ծնողներու մասին այսպէս կը գրէ.

Հարազատ ծնող մը այս աշխարհի վրայ պատկերն է Աստուծոյ եւ Անոր նախախնամութեան: Աստուած մեզ հրաւիրած է Իր թագաւորութեան մաս առնելու, եւ գիտենք թէ միակ նախապայմանն է՝ անսալ Իր կոչին, հաւատքով ընդառաջել եւ հնազանդիլ Իր պատուէրներուն, այն բացարձակ հնազանդութեամբ զոր Քրիստոս ցուցաբերեց երկրաւոր Իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: Արդ, Աստուծոյ հանդէպ այդ հնազանդութեան կը վարժուինք եւ անոր մէջ կը կրթուինք միայն ա՛յն ատեն, երբ մեր կեանքերուն մէջ վարժուած ենք յարգելու մեր ծնողները եւ հնազանդելու անոնց:

Ծնողներ առհասարակ իրենց պարտականութեան մարդկային կողմը միայն կը մտածեն եւ կը փորձեն կատարել, մոռնալով այն միւս՝ աստուածային կողմը, որ շատ աւելի կարեւոր է: Ծնողներ, մանաւանդ այսօր, տրամադիր են խորհելու, թէ իրենց պարտականութիւնը կատարած կ՚ըլլան՝ երբ զաւակ մը կամ երկուք ունենան, եթէ քիչ մը սէր ու գորով շռայլեն անոնց, իրենց զգացական խնամքը բազմապատկեն, եթէ անոնց բարձր ուսում ու զարգացում կարենան տալ եւ երբեմն ալ նիւթապէս անոնց գործը կամ այսպէս կոչուած «ապագան» ապահովեն: Այն ինչ որ կորսուելու վտանգին ենթակայ է՝ ծնողներու ամբողջական հովանին է, իրենց բարոյական ազդեցութիւնը զաւակներուն վրայ, յստակ ուղղութեան մը մէջ անոնց դաստիարակութիւնը, ամբողջական հնազանդութեան ու կարգապահութեան ոգիի մը մէջ անոնց աճումը եւ, ի վերջոյ, դրական եւ օգտաւէտ գործերով անոնց պտղաւորումը:

Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը (այն օրերուն Վարդապետ) թերթիս՝ կիրակի, 12 մայիս 1974-ի թիւին մէջ ընտանիքի ու մօր մասին այսպէս կը գրէ.

«Եթէ աճող նոր սերունդը ընտանեկան ամուր կրթութիւն մը չստանայ, այն ժամանակ այդ երիտասարդը պիտի ունենայ արժէքներու սխալ ըմբռնում, թերի դատողութիւն, ու պիտի ապրի մարդկային անուականութեան շնորհքներէն զուրկ:

Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ ընտանիքը մարդկային ամենէն ամուր հաստատութիւնն է. որովհետեւ այնտեղ մարդ արարածը անձնաւոր արժէք մը կը ներկայացնէ: Ամէն անհատ մարդ արժէք մըն է ընտանիքի մէջ, եւ ոչ թէ միջոց կամ նպատակ:

Ու մարդկային այս գերազանց հաստատութեան՝ ընտանիքի կորիզն է մայրը, ազգի ստեղծագործ ուժի աղբիւրը: (…)

Ան է իսկական մայրը, որ կը ծնի որդիներ, որոնք ի վերջոյ Աստուծոյ որդեգրեալները պիտի ըլլան: Ան է հարազատ մայրը, որ կրնայ իր զաւակներուն հոգւոյն մէջ մշակել առաքինութեան եւ քրիստոնէութեան կեանքի շնորհները, որոնք պիտի կազմաւորեն յաւիտենականութեան քաղաքացիները, երկնաւոր կեանքի արժանաւոր զաւակներ պատրաստելէ յետոյ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 54

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2023