ՀԱԼԷՊԷՆ ՏԱՐՀԱՆՈ՞ՒՄ. ԿԱՐԾԵՄ ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է
Օրերս Գոհար Գալուստեանի գրած նամակը կը ցնցէր հայրենի լրատուական դաշտը: Գոհար կը պատմէր, իր զաւակներուն եւ ամուսնոյն վիրաւորման դէպքին ու անոնց անմխիթար վիճակին մասին: Հալէպի «Զուարթնոց» եկեղեցիին մօտ եղող Գալուստեաններու տունը թիրախ դարձած էր անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած ծանր հրթիռարձակումներուն: Ըստ Գոհարին, ընտանիքը հրաշքով փրկուած էր ու անոր երկու երախաները տան փուլ եկած առաստաղի սալիկներուն տակ մնալէ ետք հրաշքով փրկուած էին:
Գոհարը մէկն էր անոնցմէ, որոնք քաջութիւնը կ՚ունենային ըսելու. «Հալէպը այսօր մեզի համար դժոխային դարձած է ու մենք կը խնդրենք ձեր բոլորին օգնութիւնը դուրս գալու այստեղէն»:
Անցնող շաբաթներուն Հալէպի իրավիճակը կը վատթարանար ու հայկական թաղամասերը անսպասելիօրէն կը դառնային թիրախ՝ զինեալներու հրթիռակոծումներուն:
Նախապէս հալէպահայ մէկէ աւելի պատասխանատուներ տարբեր առիթներով խօսելով հայկական թաղերու իրադրութեան մասին՝ ըսած էին. «Մեր թաղամասերը այսօր աւելի ապահով են»: Անոնք նոյնպէս դիտել կու տային, որ Սուրիոյ բանակին «Պանի զէտ» կոչուող շրջանին տիրապետումէն ետք ընդդիմադիր զինեալները պիտի չկարողանային հարուածել Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ, Ազիզիէ, Վիլլանէր եւ այլ շրջաններ, որոնք այսօր եղած են Հալէպի հայութեան «մնացորդաց»ին կեդրոնները:
Սակայն, Ուրբաթ, Սեպտեմբերի 30-ին եղած դէպքերը կը շրջէին իրադրութիւնը եւ չորս հայորդիներ կը միանային՝ արդէն աւելի քան երկու հարիւր յիսուն հայ զոհերու ցուցակին:
Խորքին մէջ մեծ վերլուծողական ունակութիւն ունենալու կարիք չկայ ենթադրելու համար, որ Սուրիոյ թիւ երկու քաղաքը համարուող Հալէպի ընդհանուր կացութիւնը կրնար մէկ օրէն միւսը թէժանալ: Ու այդպէս ալ կը պատահէր:
Այսօր ալ, երբ քաղաքի տարբեր ճակատներուն վրայ համեմատական խաղաղ իրավիճակ մը կը տիրէ, երբեք չի բացառուիր, որ բախումները անակնկալ կերպով վերսկսին ու Հալէպը անգամ մը եւս յայտնուի դժոխային տեսարանի մը մէջ:
Սուրիոյ պատերազմի ամենէն բարդ համարուած այս փուլին Հալէպը դարձած է «համաշխարհային» խորք ունեցող պատերազմին հիմնական թատերաբեմը: Հոն տեղի ունեցող դէպքերը կը յուշեն, որ հակամարտող երկու կողմերն ալ կը պայքարին ոչ թէ խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու, այլ կը մենամարտին սեփական շահերու համար:
Երեւելի է նաեւ, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը համաձայնած է մէկ հիմնական կէտի մը վրայ, որն է արգելք հանդիսանալ դիմացի կողմին լուրջ եւ յստակ յաջողութեան կամ յառաջխաղացումին:
Յիշեցումի կարգով տեղին կը համարենք նշել Օգոստոսի 25-ին հաստատուած հրադադարի պարագան, որուն փուլ գալէն ետք Մոսկուա վճռեց ամէն գնով Սուրիոյ բանակի տրամադրութեան «յանձնել» Հալէպի արեւելեան հատուածները:
Մոսկուա եւ իր սերտ գործակիցները, այսինքն՝ Սուրիոյ բանակը, լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը եւ իրանեան շարք մը զինեալ խմբաւորումները, որոնք միացեալ որոշումով մը վճռած էին դէպի այդ շրջանները «քալել», դէմ յանդիման կը գտնուէին բաւական մեծ արգելքներու եւ անոնց «արշաւ»ը ամբողջական յաջողութեան չէր հասներ:
Այս առումով յստակ էր նաեւ, որ ընդդիմադիր մէկէ աւելի խմբաւորումներ արեւմտեան արդիական զէնքեր ստանալով կը կասեցնէին ռուսական ուժերու հովանիով գործող ուժերուն «արշաւանք»ը:
Հոս արդէն իսկ պարզ կը դառնար, որ Հալէպի ճակատամարտի այս հանգրուանին կռիւ մղող երկու կողմերուն ալ արգիլուած էր յառաջխաղացք իրականացնել:
Այս բոլորին զուգահեռ եւ մինչ Սուրիոյ հարցերուն նկատմամբ մարած հետաքրքրութեամբ մը հետեւող հայաշխարհը՝ դուրս կու գար, իր թմբիրէն եւ կը բարձրաձայնուէր հալէպահայերուն օգնութեան ձեռք երկարելու հին ու նոր օրակարգը:
Ու շատ արագ տարբեր մակարդակներու վրայ, շատ յաճախ անհատական նախաձեռնութիւններով մարդիկ կը յայտնէին, որ պատրաստ են ամէն գնով օժանդակել այն հալէպահայերուն, որոնք կը փափաքին դուրս գալ Հալէպէն:
Եւ այսպէս Հալէպի հայերը տարհանելու մինչ այդ «թապու» համարուած հարցը կը տարուէր այլ հարթութեան մը:
Այլեւս ժամանակ չկար խօսելու մայր գաղութը ամէն գնով պահպանելու բաւական խոցելի մօտեցումին մասին:
Դանակը հասած էր ոսկորին, ու զոհ-ւած հայորդիներուն արիւնը բնականաբար աւելի ծանրակշիռ էր, քան Հալէպ քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ երկար տարիներէ ի վեր կերտուած գմբէթներուն պահպանութիւնը կամ Յակոբ Օշականի նման մեծերու աճիւնները գրկած շիրիմներու «պահպանութիւն»ը:
Հայութիւնը պէտք էր պատասխանէր էական հարցումի մը: Պէտք է անկեղծօրէն ըսէր, թէ ո՞վ էր աւելի կարեւոր՝ անոնք, որ կը փափաքին Հալէպէն դուրս գալ, կամ այն շէնքերն ու կառոյցները, որոնք երկար տասնամեակներ կազմած ու մեծցուցած են այդ գաղութի դերն ու դիրքը:
Հոգի քարի դիմաց:
Մարմին ու արիւն, անկենդան ու անշունչ քարէ շէնքերու դիմաց:
Ի վերջոյ մէկը պիտի կշռէր այս բոլորը ու փորձէր դարման տալ այս արիւնահոսող վէրքին:
Կար նաեւ այլ հիմնաւոր կարծիք մը, ըստ որուն Հալէպէն այս պահուն հեռանալը անպայման պէտք չէ հասկնալ «խաչ մը քաշել» սուրիահայութեան վրայ:
Խորքին մէջ եւ մանաւանդ սփիւռքի որոշիչ կեդրոններու պարագային առկայ քարացած մօտեցումները, որոնք եղած են հայութիւնը պահպանելու նպատակով, կը դառնան հայութեան համար վտանգի ու վնասի թիւ մէկ աղբիւր:
Ու բացի այս բոլորէն սեղանին դրուած հարցերուն մասին անկեղծօրէն խօսելու պակասը եւ «վախ»ը հարցերը կը դարձնեն աւելի բարդ ու դժուարին:
Երկու տարի առաջ Երեւանի մէջ գումարուած Հայստան-Սփիւռք համաժողովի գլխաւոր թեմաներէն մին սուրիահայութեան հարցն էր: Տարբեր մայրաքաղաքներէ Երեւան ժամանած համայնքներու պատասխանատուներ այլ հարցերու կողքին կը քննարկէին սուրիահայութեան դիմագրաւելիք հարցերը: Կը կատարուէին թէժ քննարկումներ ու յաճախ կը տրուէին արդարացի գնահատականներ: Սակայն այս բոլորին մէջ կը պակսէր լուծումներու լեզուով խօսելու ունակութիւնը:
Այդ բացը տեսանելի կը դառնար, որովհետեւ ինչպէս այսօր, օրին ալ Անթիլիասի Կաթողիկոսութիւնը մէկէ աւելի առիթներով կը զգուշացնէր այս հարցին մասին «ծայրայեղական» համարուած քայլերու երթալէ: Այդ քայլերուն ամենէն աւելի արգիլուածը «տարհանում»ն էր: Տարհանումը, գաղութը դատարկելու մասին խօսքերը խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէին Անթիլիասի մօտ, որուն համար Հալէպը պահպանելու հարցը էական երանգներ ունէր: Նոյն պատասխանատուները ցայսօր ալ չեն փոխած իրենց «կարծր» կեցուածքները:
Հակառակ եղած արիւնահեղութեան, հակառակ հարիւրաւոր զոհերուն ու հակառակ Հալէպի քարուքանդ վիճակին՝ անոնք տակաւին կը շարունակեն խօսիլ «Մայր գաղութը պահպանելու» անկիւնէ մը:
Անոնք նոյնպէս կը մոռնան կամ անտես կ՚առնեն, որ շուրջ յիսուն-վաթսուն հազար սուրիահայերը այսօր նօսրացած են: Հալէպի մէջ յիսուն հազար հայերու փոխարէն կ՚ապրին ընդամէնը տաս հազար հայեր, որոնք նոյնպէս յառաջիկայ ամիսներուն կը պատրաստուին հեռանալ գաղութէն:
Գաղութը սրբութիւն մը համարելու մօտեցումը կը շարունակէ կրծել մեր էութիւնը:
Գաղութը մնայուն վայր մը չէ: Գաղութը աւետեաց երկիր չէ, գաղութը դրախտ չէ ու աւելի՛ն, գաղութը Հայաստան ալ չէ:
Այս է հարցերուն հարցը, երբ այսօրուան մեր հնարաւորութիւնները եւ ներուժը մէկդի դնելով կը վազենք տեղայնական եւ անցողիկ թոյլ օղակներու ետեւէն: Մէկդի կը դնենք իսկական կշռաքարերը եւ կը զբաղինք անցողիկով:
Հիմա պիտի առարկէք.
Անցողի՞կ է Հալէպը:
Պատասխան՝ այո անցողիկ է:
Հալէպը մեր ժողովուրդին հետ եղած ճակատագրական աղէտին հետեւանքն էր ու մեր որոշումով չէր նաեւ, որ մեր հարազատներէն ու բարեկամներէն շատերուն ծնողները Հալէպ ծնան:
Հալէպը հայկական էր, բայց Հալէպը հայութիւնը չէր:
Հալէպը հայաշունչ էր, բայց Հալէպը երբեք հայկական հող չէր:
Այս մօտեցումներէն անդին յստակ է նաեւ, որ հալէպահայութեան ապագան կրնայ ծանրագոյն փորձութիւններու հանդիպիլ, եթէ մենք մնանք նոյն կրաւորական դիրքերուն մէջ ու շարունակենք մեր գլուխները գնացքի պատուհաններէն դուրս հանել ու իրերուն նայիլ դիտողի հանգամանքով:
Կրնայ մեռնիլ մեր հիւծած մարմինը, եթէ չփրկենք անոր վիրաւոր ոտքերը ու արիւնէն չմաքրենք անոր ստեղծագործ ձեռքերը: Եթէ ամէն օր չմտածենք Հալէպի մեր հայրենակիցներուն մասին ու եթէ այդ մտածումը գործի չվերածենք:
Տարհանում բառը, որ մեզի համար սարսափ յառաջացնող տեսարաններ կը բանայ, խորքին մէջ բնական ընթացք մըն է այն ազգերուն համար, որոնք օրհասի պահուն կը մտածեն վտանգներէն փրկել իրենց աղիտահար որդիները:
Մեծ ազգերը ունին այդ ունակութիւնը: Մենք եւս պարտաւոր ենք ազգերու խորանը մտնել եւ գործքով հասնիլ Հալէպի աղիտեալ մեր հարազատներուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024