ՀՐԱՅՐ ԶԱՔԱՐԵԱՆ. ՍՓԻՒՌՔԻ ԵՐԳԻ, ՌԱՏԻՈԺԱՄԻ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ...

«Ես ոչինչ ունէի, երբ առաջին անգամ Ամերիկա ոտք դրի... ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ ուղղութիւն եւ ոչ մէկ ճանապարհ, եղան պահեր, երբ առանձինս քալեցի ու վիճակիս վրայ լացի...»։ Ահա՛, այս բառերով կ՚արտայայտուի Հրայր Զաքարեան, որ հակառակ անցուցած դժուար օրերուն, ի վերջոյ կարողացած է ոչ միայն իրեն համար ապահով երդիք մը կերտել, այլ նաեւ դառնալ հայ երգի ջատագովներէն մին։

Բազում արհեստներու մէջ գործած Զաքարեան, ի վերջոյ ընտրած է «կազմակերպիչ»ի ասպարէզը ու հեռաւոր Նիւ Ճըրզիէն մինչեւ Նիւ Եորք, ապա Լոս Անճելըս՝ կրցած է հազարաւոր հանդիսատեսով լի սրահներու մէջ երգահանդէսներ կազմակերպել։ Ան 70-ականներէն սկսեալ գործակցած է հայ երգի ասպարէզին մէջ իրենց փառաւոր տեղն ու դերը ստանձնած գրեթէ բոլոր յայտնի անուններու հետ ու կարողացած է շահիլ անոնց համակ սէրն ու վստահութիւնը։ Հրայր Զաքարեանի կեանքը յաջողութեան պատմութիւն է։ Ան կը պատկանի այն հատուածին, որ Մերձաւոր Արեւելքի թիթեղաշէն տուներու առաօրեայէն ճախրած է դէպի փայլի ափ ու իր լուման ալ դրած՝ հայ մշակոյթի մեծ գանձանակին մէջ։ Զաքարեանի հետ կատարեցինք հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Դուք միշտ մօտիկ եղած էք հայ երգի ոլորտին ու ասպարէզին։ Կազմակերպած էք մեծ երգահանդէսներ եւ կամուրջ եղած էք հայ երգի երկրպագուներուն ու երգիչներուն միջեւ։ Բաց աստի, ըստ ձեզի՝ այսօր ո՞ւր է հայ երգը:

-Անցեալն ուրիշ, իսկ այսօր բոլորովին այլ պատկեր է։ Այսօր կայ դրուածք մը, որուն կասկածով կը մօտենամ, որովհետեւ շատեր կը հաւատան եւ կ՚ուզեն հաւատացնել, որ իրենց ձայնն է, որ բացառիկ է...։ Անոնցմէ շատեր հազիւ քանի մը փորձէ ետք բեմ կ՚ելլեն, ժողովուրդը «անզգայաբար» կ՚ընդունի զիրենք: Ո՛ւր են մեր առաջուան երգիչները. օրինակ՝ Լեւոն Գաթրճեան, Ատիս Հարմանտեան, Փօլ Պաղտատլեան, Յովիկ Գրիգորեան եւ այլք: Նորեկները անոնց պէս ձայն չունին, միայն ճաշարաններուն մէջ կ՚երգեն, նաեւ ժողովուրդը «պարեցնել»ու կը նային։

-Մենք գիտենք, որ այսօր եւ, շատ հաւանաբար, պայմաններու բերումով մեր փնտռուած երգիչներու մեծ մասը ԱՄՆ կ՚ապրի. այս առումով ի՞նչ կ՚ըսէք։

-Բաղդատելով Ամերիկան Միջին Արեւելքի հետ, նկատել պիտի տամ, որ մեր մօտ շատ են գիշերային ակումբները, անոր համար երգիչներու պահանջը շատ է: Հիմա Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ շատ երգիչներ չունինք, բայց Լոս Անճելըսի մէջ շատ շարժում կայ: Այնտեղ ժողովուրդը թիւով աւելի շատ է եւ մեծ միջավայր մը գոյացած է։ Պարահանդէսները շատ են, նաեւ ճաշարանները, ժողովուրդը ժամանակ ունի, յատկապէս շաբաթավերջերուն երգի հաւաքներու կամ պարահանդէսներու մասնակցելու։

-Դուք ինչպէ՞ս մտաք այս ասպարէզին մէջ:

-Ես մանկութենէս երգը շատ կը սիրէի, արաբ երգիչներուն՝ Ապտըլ Ուահապի, Ֆարիտ Աթրաշի, Ֆայիզա Ահմաատի, Ում Քալսումի բոլոր երգերը անգիր գիտէի: Ես Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն եմ: Երբ Սուրիայէն Լիբանան եկայ, շարունակեցի այդ երգերով «ապրիլ»։ Երկու տարի Անթիլիասի վանքը մնացի, ապա զգացի, որ վանական կեանքը ինծի համար չէ։ Այն ատեն նիւթական դժուարին օրերու մէջ էինք ու որոշեցի Միացեալ Նահանգներ գաղթել: 1971-ին Ամերիկա հասայ։ Երբ օդանաւ նստայ, իրականութեան հետ դէմ յանդիման գտնուեցայ։ Գրպանս միայն 110 տոլար կար, օդակայան իջայ, երթալու տեղ չունէի: Վերջապէս ձեւով մը գործ գտայ, գործարանի մը մէջ կիներու յատուկ բրդեղէն կը պատրաստէինք, յաւելեալ ժամեր շատ աշխատեցայ: Մէկ տարի ետք, օտարութեան անվարժ, կարօտցայ ընտանիքս՝ մայրս, հայրս, չորս եղբայրներս, ու վերադարձայ Լիբանան: Այն ժամանակ Լիբանանը հրաշալի երկիր մըն էր։ Չորս-հինգ տարի այնտեղ աշխատեցայ, բայց զգացի, որ կեանքս դժուար պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ, որոշեցի վերադառնալ Ամերիկա: Ի վերջոյ պէտք է նետուիս, կեանքին մէջ ճկուն ըլլաս, որպէսզի տեղ հասնիս: Կրկին եկայ Ամերիկա ու արդէն վարժուած էի կեանքին, միշտ առաջին հերթին կը չարչարուիս: Ամէն տեսակ գործ փորձած էի, բայց քանի որ երգ կը սիրեմ, զգացի, որ իմ գործս երաժշտութեան հետ պէտք է է: Ուրեմն պզտիկ խանութ մը վարձեցի Նիւ Ճըրզիի մէջ ու անունը դրի «Hrayr’s music center»։ Այս ձեւով սկսայ աշխատանքի, հայկական երգերը սկաւառակներէն երիզներու կ՚արձանագրէի: Յետոյ աւելի մեծ խանութ փոխադրուեցայ: Ընկերութիւններու կողմէ սկսան իսկական ձայներիզներ հրապարակուիլ. ինչպէս՝ Բարսեղեան կամ Markar Records եւ այլն, սկսայ անոնց հետ աշխատիլ: Միեւնոյն ժամանակ ծանօթացայ Սարգի Մուրատեանին, որմէ գնեցի իր շարժանկարներու իրաւունքները ու սկսայ զանոնք շարժանկարներու սրահներուն մէջ ցուցադրել: Եւ այդպիսով այնպիսի մեծ խանութ մը ունեցայ, նաեւ սկսայ աշխատիլ ամերիկեան, արաբական եւ ամէն տեսակի երգերով ու սկաւառակներով։ Ապա յայտնուեցան DVD-ները, աւելի վերջ՝ խտասկաւառակները (CD) եւ այդ ձեւով գործս մեծցուցի ու փառք Տիրոջ տեղ մը հասայ: Բայց երբ 4-5 տարի առաջ գործերը սկսան նահանջել, որովետեւ համացանցը եւ դիմատետրը ընդհանրացան, հրաժարեցայ բոլոր խանութներէս եւ այսօր թոշակառուի կեանքով մը կ՚ապրիմ։

-Արդեօք չմտածեցի՞ք օրուայ «գործիքներով» աշխատանքը շարունակել:

-Ո՛չ երբեք, որովհետեւ 40 տարի աշխատելէ վերջ ուզեցի հանգստանալ, հակառակ, որ յոգնած չեմ, որովհետեւ նոյն Հրայրն եմ, ինչ որ էի 15-20 տարեկանիս, տարիքս առած եմ, բայց սիրտս երիտասարդ է: Գացած եմ Տուպայի, Լիբանան, երկրորդ անգամ Երեւան եկայ, ներկայիս պտոյտի ժամանակն է:

-Այն երգիչներէն, որոնց հետ աշխատած էք, ո՞ր երգիչը ամենէն շատ տպաւորած է ձեզ:

-Զիս ամենաշատը տպաւորողը անշուշտ Ատիս Հարմանտեանն է։ Ան, որ տարածեց հայ երգը բոլոր աշխարհին: Աշխատած եմ հետը ո՛չ միայն պարահանդէսներ ու երգահանդէսներ կազմակերպելով, այլ շատ մտերիմ էի հետը։ Նաեւ շատ մտերիմ էի Փօլ Պաղտատլեանին հետ, որու հետ աւելի շատ պարահանդէսներ կազմակերպած եմ։ Ատիսէն առաջ մարդիկ թրքերէն երգ մտիկ կ՚ընէին, ինք սակայն տարածեց հայերէնը: Երբ ես Նիւ Ճըրզի եկայ, պարահանդէսները ընդհանրապէս կ՚ըլլային ուտով, թմբուկով, թրքերէն երգերով, բայց ժամանակի ընթացքին փոխուեցաւ մթնոլորտը՝ երբ Ատիսին երգերը մէջտեղ եկան: Իսկ երբ Փօլ Պաղտատլեանի երգահանդէսը կազմակերպեցի, միութիւնները զարմացան, որովհետեւ իրենք կ՚ուզէին ամէն ինչ կամաւոր կերպով ընել, մինչ ես երգիչին կը վճարէի, ինչ որ ուզէր: Չնայած ես հայրենասէր եմ, եկեղացասէր, ակումբները սիրած եմ, սկաուտ ու դաշնակցական ալ եղած եմ, սակայն միութիւններէն ջղայնացած էի, որովհետեւ իրենց սրահները ինծի չէին տրամադրեր, ըսելով, որ դուն հայութենէն դրամ կը շահիս: Նիւթականի պատճառով միութիւնները ինծի դէմ հակառակ կ՚աշխատէին, բայց ես կարեւորութիւն չտուի իրենց, շարունակեցի ու յաջողեցայ...։

-Նշեցիք, թէ ժողովուրդը շատ կը սիրէ Փօլ Պաղտատլեանը։ Ըստ ձեզի՝ ի՞նչ է անոր գաղտնիքը: Փօլէն ի՞նչ կը յիշէք, որպէս անձնական ու մարդկային տպաւորութիւն:

-Փօլին ձայնին մէջ խռպոտութիւն մը կար, կամ ինչպէս արաբները կ՚ըսեն՝ «պահհա» մը կար...: Ձայն մը, որ ժողովուրդի սրտին մէջ կը մտնէր: Շատեր կ՚ըսէին, թէ թրքական ոճ ունի, բայց ան մեզմէ առած է, ոչ թէ մենք անկէ: Ատիսը ժողովրդային երգեր կ՚երգէր, իսկ Փօլին ոճը տարբեր էր, անոր երգերը այդ սիրային-խորհրդաւոր աշխարհը կը տանէին լսողը: Բայց ինծի համար նորէն կը կրկնեմ, իբրեւ թիւ մէկ երգիչ՝ Ատիս Հարմանտեանն է: Յետոյ Փօլը, յետոյ միւսները: Աշխատած եմ Յովիկ Գրիգորեանին, Մարթէն Եորկանցին, Ճաք Քոճեանին, Մանուէլ Մենենկիչեանին հետ: Կազմակերպած եմ երգահանդէսներ Սարինա Քրոսսի, Անոյշ Պետրոսեանի, իսկ վերջին ելոյթը որ կազմակերպեցի Մաքսիմ Փանոսեանի հանմերգն էր, ու անկէ ետք դադրեցայ գործելէ։ Փօլ Պաղտատլեանը «ակա» էր, շատ պարզ մարդ էր, բայց Ատիսը ունէր ազնուականութիւն մը, բեմին վրայ հագուածք ու կեցուածք ունէր: Փօլը ընկերային էր, շատեր չէին սիրեր զինք, որովհետեւ բեմին վրայ կը խմէր ու կը ծխէր, բայց անկախ ամէն ինչէ, այդ իր ոճն էր, եթէ պիտի սիրես Փօլը, ուրեմն պէտք է պատրաստ ըլլաս ամէն ինչի...

-Այսօր եթէ անուն մը յիշէք հայ երգիչի մը, որ ողջ է եւ կ՚երգէ, որո՞ւ անունը կու տաք, ինչո՞ւ:

-Մենք ունինք շատ երգիչներ, Արամ Ասատուրեանի տղան՝ Տիգրան Ասատուրեանը, Արմէնչիկը, Սարինա Քրոսսը, Անոյշ Պետրոսեանը, ներկայիս այս անունները լաւ անուններ են: Իսկ արեւմտահայ, ցաւօք, քիչ են հիմա։ Մեր երգիչները հեռացած են երգի ասպարէզէն ու տարբեր գործերով կը զբաղին: Մեր երգիչներու խնդիրը այն է, որ դրամ չեն կրնար շահիլ երգելէ: Նաեւ Յարութ Փամպուքճեանին հետ շատ աշխատած եմ։ Յարութն ալ մեծութիւն մըն է, ինչպէս Ատիսն ու Փօլը: Յովիկ Գրիգորեանը շատ լաւ ձայն ունի, բայց քաշուեցաւ, Մառլէնն ալ քաշուեցաւ, որովհետեւ տեսան, որ երգելով տեղ չես կրնար հասնիլ: Ես ալ իմ աշխատանքի կողքին անշարժ գոյքի գործին մէջ մտայ ու քանի մը կալուած գնեցի, եթէ այդ գործին մէջ չնետուէի, տեղ մը չէի հասներ: Ճիշդ է, իմ երաժշտական գործէս ալ կը շահէի, բայց անշարժ գոյքի գործով շատ աւելի յառաջացայ: Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր հայերուն, որոնք քաջալերեցին զիս, պարահանդէսներուս ու ձեռնարկներուս ներկայ եղան, անոնք թէ՛ զիս եւ թէ երգը կը սիրէին:

-Որեւէ առընչութիւն ունեցա՞ծ էք հայկական ռատիոժամի կամ նման կայաններու հետ:

-Ես երաժշտութեան վերաբերեալ խանութ ունէի, ամէն տեսակ երաժշտութեան ու երգերու երիզները ունէի, հետեւաբար մտածեցի. Հրայր քանի որ այս առաւելութիւնները ունիս, ինչո՞ւ ռատիոժամ մը չես հիմներ։ Նիւ Եորքի մէջ ռատիոժամ մը կար WHBI 105,9 FM, որ վարձու կու տար մէկ կամ կէս ժամով։ Սկիզբը կէս ժամ ունէի ամէն չորեքշաբթի գիշեր, յետոյ մէկ ժամի դարձուցի: Բայց որովհետեւ ես դրամ չէի գանձեր, այլ միայն կը վճարէի, կարելի չեղաւ երկար ժամանակով շարունակել այդ գործը։ Պատկերացուցէք, որ երբ դերձակ մը իր խանութին մասին գովազդ մը պատուիրէր, գումար հայթայթելու փոխարէն ինծի կ՚առաջարկէր՝ բաճկոն մը տալ... ու այդ վիճակով ինչպէս կարելի պիտի ըլլար յարատեւել։ Այդ ռատիոժամը 17 տարի տեւեց եւ ես Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն եւ Քընեթիքըթէն ունկնդիրներ ունէի: Կը ներկայացնէի մեծամասնութեամբ երգեր, կը խօսէի տօներու մասին. ինչպէս՝ Մայիս 28-ը, Գիրերու գիւտը եւ այլն: Երբ Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Վեհափառը վախճանեցաւ, դարձեալ հաղորդում պատրաստեցինք։ Իսկ ռատիոժամի անունն էր «Sound of Armenia» (Հայաստանի ձայնը)։

-Հայաստանի մասին ի՞նչ կը մտածէք: Ինչո՞ւ կը սիրէք ըլլալ Հայաստանի մէջ:

-Ես շատ կ՚ուզէի Հայաստան գալ ու հոս բնակիլ, բայց այնպիսի տարիքի մը հասած եմ, որ այլեւս վարժուած եմ Ամերիկայի դիւրութիւններուն։ Ընտանիքս ալ այնտեղ է, եղբայրներս եւ մայրս ալ այնտեղ են: Բայց որովհետեւ շատ կը սիրեմ Հայաստանը, տարին անգամ մը կու գամ, կ՚այցելեմ: «Խենթանալիք» երկիր է Հայաստանը: Իրականութեան մէջ Հայաստանի ամէն բանը կը սիրեմ, անոր գեղեցկութիւնը, ճամբաները, շէնքերը:

-Վերջին խօսք ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել ընթերցողներուն:

-Իմ սրտի խօսքը այն է, որ զիրար սիրեցէք, եթէ մէկը լաւ է, իրեն արժէք տուէք, իրարու հակառակ մաշխատիք, լաւին լա՛ւ ըսէք: Եթէ դէմինդ լաւ է, քեզի ալ օգտակար կրնայ դառնալ: Պէտք է մենք զիրար սիրենք եւ զիրար յարգենք, որպէսզի կարենանք տեղ մը հասնիլ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021