ՄԱԼԱՐԻԱ ԿԱՄ ԴՈՂԷՐՈՑՔ

4. ՄԱԼԱՐԻԱՅԻՆ ՄԻՒՍ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ

Մեր նկարագրած հիւանդութիւնը մալարիայի կամ դողէրոցքի հասարակ ձեւն է, որ բոլորը լաւ կը ճանչնան:

Բայց կան նաեւ ուրիշ տեսակներ, որոնց մասին նոյնպէս պէտք է տեղեկութիւն ունենանք:

Առաջին տեսակը՝ ՏՐՈՊԻԿ (արեւադարձային) մալարիա. մալարիայի այս ձեւը շատ աւելի տարածուած է տաք երկիրներու մէջ, բայց մեր մօտ ալ կայ: Անցեալ ձմեռ Երեւանի եւ շրջաններուն մէջ տրոպիկ մալարիան յանկարծ մեծ ծաւալ ստացաւ եւ մեծ թիւով զոհեր խլեց:

Ան կանոնաւոր նոպաներով չ՚արտայայտուիր, ինչպէս սովորական դողէրոցքը, եւ շատ աւելի ծանր հիւանդութիւն է. աւելի յաճախ բարդութիւններ կը յառաջացնէ եւ մեծ թիւով մահացութիւններ կը պատճառէ: Այս պատճառով ալ իրապէս չարորակ, կործանիչ կամ դաժան մալարիա կը կոչուի:

Դողէրոցքի բոլոր ախտանիշները տրոպիկ մալարիայի պարագային շատ աւելի ծանր ու ցայտուն կերպով կ՚արտայայտուին: Դողը աւելի սաստիկ է, ջերմութիւնը աւելի բարձր ու աւելի երկարատեւ:

Ցաւերը, մարմինին ջարջրդոցը, քնկոտութիւնը, անախորժութիւնը աւելի տանջալից են: Ատկէ բացի, սակաւարիւնութիւնը իր բոլոր հետեւանքներով անհամեմատ աւելի սաստիկ կ՚ըլլայ, որովհետեւ տրոպիկ մալարիայի մակաբոյծները, աւելի կենսունակ են, աւելի արագ կը զարգանան եւ աւելի մեծ քանակութեամբ արեան գնդիկներ կ՚ուտեն-կը փճացնեն, քան ոչ տրոպիկ մալարիայինը: Շատ ծանր մահացու դէպքերու պարագային գրեթէ բոլոր կարմիր գնդիկները աւրուած կ՚ըլլան:

Արեւադարձային մալարիայի դէպքերու պարագային բարդութիւնները աւելի յաճախ երեւան կու գան. քիթէն առատ արիւնահոսութիւններ, արիւնլուծութիւն, յաճախ դեղնութիւն եւ ծանր ջղային երեւոյթներ, ջիղերու ցաւերէն սկսած մինչեւ կատարեալ թմրութիւն:

Բայց ամենէն յաճախ եւ ամենէն վտանգաւոր բարդութիւնը թոքատապն է (թոքերուն բորբոքումը), որ անցեալ տարի Երեւանի եւ շրջաններուն մէջ մեծ թիւով զոհեր տարաւ մեր մէջէն:

Թոքատապին զոհ կ՚երթան մեծ մասամբ սիրտի արատ ունեցողները՝ ծերերը, նուազասնունդները եւ առհասարակ հիւծուած եւ հիւանդոտ մարդիկ:

Երկրորդ տեսակը յաճախ կը պատահի, որ դողէրոցք չկայ, բայց հիւանդը գլխացաւեր եւ ուրիշ ջղային ցաւեր ունի: Բնորոշ է, որ այդ ցաւերը դողին նման ուղղակի միեւնոյն ժամերուն կը սկսի, ինչպէս դողէրոցքի նոպաները: Խինին կու տան եւ ցաւերը կը կորսուին: Ասիկա ալ րաքուն դողն է, կամ ինչպէս բժիշկները կ՚ըսեն, երկարատեւ մալարիան է: Թաքուն դողը միայն ցաւերով չ՚արտայայտուիր: Մէկը հազ ու շնչարգելութիւն ունի, միւսը՝ սրտխառնոց եւ փսխում, մէկ երրորդը՝ արիւնահոսութիւն, նոյնիսկ ուշագնացութիւն, գլխապտոյտ, ջղային զանազան երեւոյթներ, ընդհանուր թուլութիւն, եւ այլն:

Մալարիան յարատեւ կը բնորոշուի մեծ փայծաղով: Եթէ նոյնիսկ ոչ մէկ ուրիշ նշան կայ, փայծաղին մեծութիւնը արդէն ապացոյց է, որ հիւանդը յարատեւ մալարիա ունի: Փայծաղը կրնայ ահագին չափեր ստանալ՝ հասնիլ մինչեւ պորտ, իջնել մինչեւ գաւակը եւ գրեթէ ամբողջ որովայնը լեցնել:

5. ՄԱԼԱՐԻԱԿԱՆ ԾԻՒՐՈՒՄԸ

Եթէ փճացած գնդիկները արագօրէն չեն վերանորոգուիր (իսկ ատիկա տեղի կ՚ունենայ, երբ մարդուն կազմուածքը ընդհանրապէս թոյլ է, եւ կենսունակութիւնը՝ նուազ), այն ժամանակ անշուշտ սակաւարինութիւնը յարատեւ կը դառնայ, ուրեմն եւ արիւնը ուժ չ՚ունենար կանոնաւոր սնունդ մատակարարելու մարմինին, եւ մարմինը կը հիւծէ: Ատոր աւելցնենք նաեւ փայծաղին յարատեւ հիւանդութիւնը, (որ շարունակ աուկսիններ (auxines, a class of plant hormones) կը լեցնէ արիւնին մէջ). արիւնահոսութիւնները, սիրտի բաբախումները, գլխապտոյտները, ընդհանուր ուժեղութիւնը, կարգ մը գործարաններու կազմափոխումը (օր. օսլայակերպ) այս բոլորը միասին յառաջ կը բերեն ամբողջ կազմուածքին գործառնութիւններուն տարրաշրջումը, որ դէպի ընդհանուր հիւծում կը տանի:

Մալարիային ծիւրումը հողագոյն մաշկով կ՚արտայայտուի, շրթունքներու եւ կոպաթաղանդներու արնատութիւնով եւ տժգունութիւնով, ընդհանուր ուժասպառումով, նիհարութիւնով, կենսունակութեան նուաղումով, դանդաղաշարժութեամբ, ախորժակի բացակայութեամբ, մարսողութեան խանգարումներով եւ զանազան տեսակի ջղախտային երեւոյթներով:

6. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ԱՆՁԸ, ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՒ ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ ՄԱԼԱՐԻԱՅԷՆ

Մարդ այն ատեն միայն կրնայ թշնամիէ մը պաշտպանուիլ եւ լաւ կը ճանչնայ այդ թշնամին եւ գիտէ, թէ ինչ միջոցներով կրնայ հարուածել ու ոչնչացնել զինք:

Մալարիային իսկական պատճառը հիմա մենք լաւ գիտենք, գիտենք նոյնպէս անոր թոյլ կողմերը: Հետեւաբար, անոր դէմ կռուիլը հիմա արդէն անկարելի չէ:

Մեր հաւաքած տեղեկութիւնները կը թելադրեն մեզի շարք մը ինքնապաշտպանութեան միջոցներ:

1. Որովհետեւ մոծակներն են հիւանդութիւն տարածողները եւ անոնք կ՚աճին լճացած, ճահճային ջուրերու մէջ, հետեւաբար պարզ է, որ ամենէն առաջ պէտք է ճահիճները չորցնել:

Ճահիճները չորցնելը մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ատկէ մոծակները կ՚անհետանան: Եթէ դժուար է չորցնել մեծ ճահիճները, գոնէ տուներուն մօտ կանգնած ջուրերը պէտք է հեռացնել, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է միայն, որ բակերուն եւ փողոցներուն մէջ փոսեր չըլլան, որպէսզի անձրեւին ջուրերը չկանգնին: Բակերուն գետինը պէտք է միշտ թեք ըլլայ, որպէսզի ջուրերը դիւրութեամբ հոսին: Ճահճային տեղերը չորցնելու համար նոյնպէս արագ աճող ծառեր, նոճիներ, եւկալիպտոսներ, եւ այլն կը տնկեն, որոնք գետնին խոնաւութիւնը կը ծծեն եւ միեւնոյն ժամանակ չեն արգիլեր արեւին գետին թափանցելը: Ջրհորներուն բերանը պէտք է ծածկուած ըլլայ: Մեծ լճացած ջուրերուն մէջ մոծակներուն թրթուրները ոչնչացնելու համար էական է այնտեղ ձուկեր աճեցնել, որովհետեւ ձուկերը զարմանալի ագահութեամբ կ՚ոչնչացնեն զանոնք:

Աւելի փոքր տարածութիւն ունեցող ջուրերը մոծակի թրթուրէն մաքրելու համար ուրիշ միջոց մը կը գործածուի, այն է՝ նաւթ կամ մազութ կամ որեւէ ձէթ:

Ահա թէ ինչպէս:

Մենք գիտենք, որ թրթուրը չի կրնար ջուրի խորքին մէջ ապրիլ, անոր օդ անհրաժեշտ է, եւ այդ նպատակով, ան շուտ-շուտ ջուրի երեսը դուրս կու գայ եւ իր շնչափողիկով օդ կը ծծէ: Հետեւաբար, եթէ ջուրին երեսը մածուծիկ նիւթ մը նետուած ըլլայ, այդ նիւթը թրթուրին շնչափողիկը կը լեցուի եւ կը խեղդէ զինք:

Այդպիսի ջուրերու երեսին մի քանի տեղ նաւթ կը տարածեն եւ ասիկա անմիջապէս բարակ շերտով հաւասարապէս կը տարածուի ջուրին երեսը:

Այս բանը գարնան սկիզբներուն կը սկսին ընել, երբ թրթուրը դեռ մոծակ չէ դարձած, եւ ամրան ընթացքին մի քանի անգամ կը կրկնուին, որովհետեւ նաւթը կամ մազութը կը գոլորշիանան, կ՚անհետանան եւ ջուրին երեսը դարձեալ կը բացուի: Պէտք է շաբաթը կամ ամիսը մի քանի անգամ կրկնել, մինչեւ ցուրտերուն հասնին:

Ահաւասիկ այն միջոցները, որոնք պէտք է ընդհանուր ուժերով եւ ընդհանուր ծախսերով գործածեն գիւղերուն եւ քաղաքներուն բնակիչները:

Ասկէ բացի, իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ինքն իրեն պաշտպանէ:

Ինքնապաշտպանութեան համար հետեւեալ միջոցները պէտք է ձեռք առնել.

2. Տունը.- Յայտնի է, որ ջերմոտ երկիրներու մէջ աւելի շատ կը հիւանդանան ցած տեղերը բնակողները: Օրինակ, եթէ քաղաքի կամ գիւղի տուներուն մէկ մասը բարձր տեղերն են՝ սարի վրայ, վարի հատուածի տուներուն բնակիչները միշտ հիւանդ կ՚ըլլան, այն ինչ սարի վրայինները՝ դողէն ազատ կը մնան: Հետեւաբար, տուները ինչքան հնարաւոր է, պէտք է բարձր տեղերու վրայ շինել, իսկ եթէ ատիկա դժուար է, այն ատեն գոնէ պէտք է ճահիճներէ եւ կանգնած ջուրերէ հեռու բնակիլ: Գիւղերու տնակները երբեք պէտք չէ փոսերուն մէջ շինել, այլ՝ բարձր թումբերու վրայ, որովհետեւ բարձր տեղերուն վրայ անձրեւին ջուրը չի՛ կանգնիր ու չի՛ լճանար: Բարձր տեղերու վրայ բնակուիլը, այլ ձեւի առաւելութիւն մըն ալ ունի, այն է, որ այնտեղ օդափոխութիւնը աւելի ազատ կը կատարուի, քամիներ կ՚ըլլան, որոնք կը ցրուեն ու կ՚ոչնչացնեն մոծակները: 

Այս նոյն հիման վրայ պէտք չէ գետնափոր տուներու մէջ ապրիլ, այդպիսի տուները հարիւր տեսակ վտանգներ կը յառաջացնեն, ի միջի այլոց, եւ ջերմութիւն, որովհետեւ այդ տուները միշտ խոնաւ են եւ թաց, անոնց պատերուն տակ ջուրեր կը հաւաքուին, կը փտտին, եւ այլն: Նկատուած է նոյնպէս, որ երկյարկանի տուներուն մէջ տակի յարկի բնակողները ջերմութիւն կ՚ունենան, իսկ վերի յարկինները՝ ո՛չ:

Շատ վատ սովորութիւն է տուներուն շուրջը խիտ ծառեր տնկելը: Այդ ծառերը կ՚արգիլեն արեւուն գետին իյնալն ու հողը չորցնելը: Խիտ ծառերը չեն ձգեր, նոյնպէս, որ քամին ազատ փչէ եւ օդը մաքրէ: Մոծակներն ալ շատ յարմար բոյներ կը շինեն այդ ծառերուն վրայ, յայտնի է, որ անոնցմէ անտառներուն մէջ շատ կայ: Խորհուրդ կու տանք տուներուն չորս կողմը նոճի եւ եւկալիպտոս տնկել, որոնք գետինը լաւ կը չորցնեն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022