ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Մտանք 2023 տարին։ Համաշխարհային-քաղաքական տեսակէտէ տակաւին գոյութիւն ունին քանի մը կարեւոր առանցքային հարցեր, որոնք չլուծուեցան ու շատ հաւանական է, որ այս տարուան ընթացքին ալ շարունակեն իրենց ստուերը տարածել իրադարձութիւններուն վրայ։ Նոյն առումով կարեւոր ու կենսական է, անշուշտ, հետեւիլ ո՛չ միայն Մերձաւոր Արեւելքի կամ Ուքրայնայի իրադարձութիւններուն, այլեւ նոյնպէս «ձեռքի տակ» ունենալ այն թուականները, որոնց ընթացքին համաշխարհային կտրուածքով տեղի պիտի ունենան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այս առումով «Ռէօյթըրզ» գործակալութենէն քաղելով՝ փորձենք ի մի բերել այն դէպքերը, որոնց համար «ճշդուած» թուականներ կան։ Այսպէսով ալ փորձենք ընդհանուր պատկեր մը, եզրակացութիւն մը ունենալ՝ կապուած մեր աշխարհը տագնապեցնող ընդհանուր տեսաշարին։
Եւ այսպէս, 2023-ի յունուարի 13-14-ին, Չեխիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլը։ Այնտեղ աւելի քան 15 քաղաքացի, որ սկսած է նախընտրական արշաւի, կը պայքարի պետութեան ղեկավարի աթոռին համար։ Յաջողութեան լաւագոյն հնարաւորութիւնը, ըստ տեղւոյն քաղաքական վերլուծաբաններուն, ունի երկրի զինեալ ուժերու յայտնի զօրավար Փիթըր Փաւել, որ բարձր պաշտօններ վարած է նաեւ ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կառոյցին մէջ։ Այժմ երկրի նախագահն է Միլոշ Զեման, որուն պաշտօնավարման ժամկէտը պիտի լրանայ 8 մարտին։ Սա անոր երկրորդ ժամկէտն է։ Ան, ըստ Սահմանադրութեան, այլեւս չի կրնար վերընտրուիլ։
15 յունուար-15 ապրիլին, Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի պիտի ունենայ «World Expo 2023» (Expo 2023) ցուցահանդէսը՝ «Գիտութիւնը, նորարարութիւնը, արուեստը եւ ստեղծագործութիւնը յանուն մարդու զարգացման. ստեղծագործական արդիւնաբերութիւնը թուային եղափոխութեան մէջ» նիւթով:
5 փետրուարին, Յունական Կիպրոսի մէջ նախագահական ընտրութիւններ նախատեսուած են։ Ներկայ ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս կրնայ դարձեալ առաջադրուիլ, սակայն, ան յայտարարած է, որ մտադիր է հեռանալ քաղաքականութենէն իր ընթացիկ՝ երկրորդ հնգամեայ նախագահական ժամկէտի աւարտին։
24 փետրուարին կը լրանայ Ռուսաստանի «յատուկ գործողութեան» առաջին տարին։ Ռուսաստան յատուկ գործողութեան սկսած էր Ուքրայնայի մէջ անցեալ տարի՝ այդ երկիրը ապառազմականացնելու եւ ապազգայնացնելու նպատակով։ Ռուսաստանի պաշտօնեաները բազմիցս յայտարարած են, որ յատուկ գործողութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ իր հիմնական նպատակներու լիարժէք իրականացումը։
5 մարտին, Էսթոնիայի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Այդ երկրի խորհրդարանի 101 անդամները կ՚ընտրուին համամասնական ընտրակարգով, 12 բազմանդամ ընտրատարածքներու մէջ։ Կուսակցութիւնները պէտք է անցնին 5 տոկոսի ընդհանուր նուազագոյն շեմը։
Ռուսաստանի նախագահական ընտրութիւններուն տարի մը մնացած է: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 մարտ 2024 թուականին։ Քրեմլին արդէն սկսած է նախապատրաստուիլ ընտրութիւններուն։ Փութինի առաջադրումը նոր ժամկէտի համար կը համարուի ելակէտային բեմագրութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ դեռ չէ որոշած՝ արդեօք պիտի առաջադրուի՞, կամ ոչ։
29-30 մարտին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պիտի հիւրընկալէ «Յանուն ժողովրդավարութեան» երկրորդ գագաթաժողովը։ «Մենք պիտի պաշտպանենք մեր աշխարհի տեսլականը, որ հիմնուած է ժողովրդավարական արժէքներու վրայ. թափանցիկ, պատասխանատու եւ հաշուետու կառավարում, օրէնքի գերակայութիւն եւ մարդու իրաւանց նկատմամբ յարգանք։ Պատմութեան այս բեկումնային պահուն ԱՄՆ մեր գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ հաւատարիմ է աշխարհը բոլորի համար աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ դարձնելու», նշուած է Պետական քարտուղարութեան կայքէջին վրայ։
2 ապրիլին, Ֆինլանտիայի մէջ կրնան տեղի ունենալ խորհրդարանական ընտրութիւններ, եթէ խորհրդարանը ժամկէտէն աւելի կանուխ ցրուի։ Նախկին վարչապետ Անտի Ռինէ հրաժարած է՝ Ֆինլանտիայի թղթատարութեան ծառայութեան հետ կապուած գայթակղութեան պատճառով։ Ֆինլանտիայի խորհրդարանի 200 անդամները կ՚ընտրուին բաց ցուցակով, համամասնական ընտրակարգով, 13 բազմանդամ ընտրատարածքներու մէջ։ Ընտրուած ներկայացուցիչներու թիւը համաչափ է շրջանի բնակչութեան թիւին՝ ըստ վեց ամիս առաջ հաստատուած տուեալներուն։
Դարձեալ ապրիլին, Քարատաղի մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ։ 2018 թուականի նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած էր Ընկերվարական-դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Միլօ Ճուքանովիչ՝ առաջին փուլին հաւաքելով ձայներու 53.90 տոկոսը։ Պետական ընտրական յանձնաժողովին մօտ առաջադրուելու համար հաւանական թեկնածուներուն անհրաժեշտ է հաւաքել 7993 ստորագրութիւն։ Նոր նախագահը կ՚ընտրուի հինգ տարուան ժամկէտով եւ կրնայ պաշտօնավարել միայն երկու շրջան:
18 յունիսին, Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ։ Երկրի ներկայ ղեկավարը՝ Էրտողան կը պաշտօնավարէ 2014 թուականէն ի վեր։ 2018-ին ան յաղթած էր արտահերթ ընտրութիւններուն, երբ երկիրը անցած էր նախագահական կառավարման դրութեան։ Քուէարկութեան թուականը կրնայ որոշ փոփոխութեան մը ենթարկուիլ։
26-29 յունիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ AI-ի (Արհեստական բանականութիւն)՝ շնորհանդէսներով, ինչպէս նաեւ թեքնիք նիստերով եւ գործնական դասընթացքներով:
Յուլիսին, Յունաստանի մէջ նախատեսուած են խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց եւս թուականը կրնայ փոխուիլ։ Երկրի խորհրդարանի բոլոր՝ 300 աթոռները կը վիճարկուին։ Ընտրութիւնները պիտի իրականացուին՝ ընտրողներու ինքնաբեր արձանագրմամբ պարտադիր քուէարկութեամբ։ Այնուամենայնիւ, օրէնքով սահմանուած տոյժերէն եւ պատժամիջոցներէն որեւէ մէկը երբեւէ չէ կիրառուած:
Նոյնպէս յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստան-Ափրիկէ երկրորդ գագաթաժողովը, որով պիտի ներկայացուի մարդասիրական լայնածաւալ ծրագիր մը՝ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, զանգուածային լրատուամիջոցներու դերի եւ մարմնամարզի վերաբերեալ։
10 սեպտեմբերին, Ռուսաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ միասնական քուէարկութեան օր։ Քաղաքացիները պիտի ընտրեն 20 շրջաններու ղեկավարները, մէկ այլ շրջանի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան խորհրդարանէն ներս՝ քուէարկութեան միջոցով։ Նոյն օրը նաեւ 16 մարզերու մէջ տեղի պիտի ունենան օրէնսդիր մարմիններու պատգամաւորներու ընտրութիւնները։
Դարձեալ սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացումը։ Բարձր մակարդակի այս շաբաթը վաղուց դիւանագիտական ընթացիկ օրացոյցին վրայ է։ 19-20 սեպտեմբերին, ընդհանուր ժողովի հովանաւորութեան ներքեւ տեղի պիտի ունենայ Կայուն զարգացման բարձր մակարդակով քաղաքական ֆորումը։ Պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ պիտի հաւաքուին ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնակայանին մէջ՝ քննարկելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու յառաջընթացը՝ 2030 թուականի Կայուն զարգացման օրակարգին եւ 17 կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման ուղղութեամբ:
Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նոր տարածքներու միացման տարեդարձը… 5 հոկտեմբերին նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն, նաեւ Զափորոժիէի եւ Խերսոնի շրջաններուն՝ Ռուսաստանի կազմէն ներս ընդգրկուելու մասին պայմանագրերը վաւերացնելու վերաբերեալ օրէնքները։ Այսպիսով, Ռուսաստանի բնակչութիւնը աւելցած է՝ հասնելով 152 միլիոն հոգիի։ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն մէջ ռուսերէնը պետական լեզու դարձած է։ Զափորոժիէի եւ Խերսոնի շրջաններու ընդունման օրինագիծերուն մէջ լեզուական կարգավիճակը չէ նշուած։ Ռուսական ռուբլին դարձած է դրամական միաւոր նոր շրջաններու տարածքներուն մէջ։
Մինչեւ 8 հոկտեմբեր, Լիւքսեմպուրկի մէջ պէտք է տեղի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ընդհանուր առմամբ, Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը՝ Պատգամաւորներու պալատը ունի 60 տեղ։ Մեծամասնութիւնը ստանալու համար անհրաժեշտ է 31 աթոռ։ Ընտրողները կրնան քուէարկել կուսակցական ցուցակի մը ի նպաստ կամ քանի մը ձայն տալ թեկնածուներու՝ ըստ տեղերուն: Աթոռներու բաշխումը կը հաշուարկուի Հակենպախ-Պիշոֆի քոթայի առաւելագոյն սահմանաքանակին համաձայն:
Մինչեւ 12 հոկտեմբեր, Փաքիստանի մէջ տեղի պիտի ունենան համընդհանուր ընտրութիւններ։ Ազգային ժողովի 336 անդամները ընտրուած են վաղաժամկէտ քուէարկութեամբ եւ 60 տեղ վերապահուած է կանանց համար, որոնք կ՚ընտրուին համամասնական ընտրակարգով՝ իւրաքանչիւր մարզի, իւրաքանչիւր կուսակցութեան նուաճած ընդհանուր աթոռներու քանակով: Եւս 10 տեղ վերապահուած է ոչ-իսլամներուն, որոնք կ՚ընտրուին համամասնական ընտրակարգով` իւրաքանչիւր կուսակցութեան ստացած տեղերու ընդհանուր թիւին հիման վրայ:
Հոկտեմբերին Զուիցերիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան ընդհանուր ընտրութիւններ։ Ընդհանուր առմամբ, Զուիցերիոյ խորհրդարանը՝ Ազգային խորհուրդը ունի 200 աթոռ։ Մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ է 101 տեղ։
29 հոկտեմբերին Ուքրայնայի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ նախատեսուած են։ Երկիրը ունի համամասնական ընտրակարգ՝ բաց կուսակցական ցուցակներով։ Ընտրութիւններուն քաղաքացիները կրնան քուէարկել ո՛չ միայն կուսակցութեան, այլեւ կուսակցական ցուցակի յստակ թեկնածուի օգտին։ Աւելի քան 200 ընտրատարածքով համակարգին փոխարէն, ինչ որ կիրառուած էր 2019 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, երկրին մէջ կը ստեղծուի 27 ընտրատարածք՝ ըստ էութեան համընկնելով Ուքրայնայի շրջաններու սահմաններուն հետ։
29 հոկտեմբերին, Արժանթինի մէջ տեղի պիտի ունենան համընդհանուր ընտրութիւններ։ Քաղաքացիները պիտի ընտրեն նախագահ, ազգային քոնկրէսի անդամները, գաւառներու մեծամասնութեան նահանգապետերը։ Ներկայ նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտէզ կը յաւակնի երկրորդ ժամկէտով վերընտրուելու:
Եւ վերջապէս նոյեմբերին, Լեհաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Երկիրը ունի երկպալատ դրութիւն։ Ստորադաս մարմինը՝ Սէյմը ունի 406 տեղ։ Վերին մարմինը՝ Ծերակոյտը ունի 100 տեղ։ Սէյմի ընտրութիւններու գործընթացը կ՚իրականացուի կուսակցական ցուցակով եւ համամասնական ընտրակարգով։ Բազմանդամ ընտրատարածքներուն մէջ՝ առանձին կուսակցութիւններուն համար 5 տոկոս եւ դաշինքներուն համար 8 տոկոս շեմով: Ընտրութիւններու օրը կը ճշդէ երկրի նախագահը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան