ԱԿՆԱՐԿ - 99 - ԴՐԱԿԱՆ ՍԿԻԶԲ
Վաղարշապատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը լիբանանահայ դերձակ մը խանութ մը վարձած՝ իր մասնագիտութեամբ աշխատելով, իր ապրուստը կը հայթայթէ:
3 յունուար 2025-ի առաւօտեան, երբ աշխատանքի կ՚երթայի, տեսայ, թէ Աբօն իր խանութն է՝ արդէն աշխատանքի վրայ: Դուռը բանալով ներս մտայ…, եւ ի՜նչ առինքնող զգացում. մէկ կողմէ խունկի անուշաբոյրը, միւս կողմէ արաբերէնով հոգեւոր շարականներ…:
Զիրար շնորհաւորելէ եւ իրարու բարեմաղթանքներ փոխանցելէ ետք, հրաժեշտ առի անկէ եւ շարունակեցի ճամբաս դէպի գրասենեակ: Ճամբուն վրայ, սակայն, սկսայ մտածել, թէ ինչո՞ւ համար Հայաստանի մէջ շատ Աբօներ չկան:
Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան, նման երեւոյթներու յաճախ կարելի է հանդիպիլ: Մինչ Հայաստանի մէջ դժբախտաբար գրեթէ կարելի չէ նման երեւոյթի հանդիպիլ: Օրը սկսիլ հոգեւոր շարականներով, խունկի անուշաբոյրով, կը նշանակէ օրդ սկսիլ ներքին խաղաղութեամբ եւ բարձր ու դրական լիցքերով:
Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն կարելի չէ նման երեւոյթի հանդիպիլ, այլ՝ եթէ հանդիպիս իսկ, հազար ու մէկ ծաղրուծանակի կ՚ենթարկուիս, «հաւատացեալ» ածականի պարգեւին կ՚արժանանաս, անշուշտ, որպէս անարգանք: Մարդիկ այնքան նիւթականացած են, որ ամէն բան որ հոգեւորի կը տանի, կամ հոգեւոր կը բուրէ, կը ծաղրեն եւ կ՚արհամարհեն:
Շատեր կ՚ըսեն, որ հոգեւորը եւ նիւթականը իրարու պէտք չէ խառնել: Ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ ամէն ինչ իր տեղը եւ ժամանակը պէտք է ունենայ: Իսկ ուրիշներ տարբեր պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերեն:
Յաճախ կը նկատեմ, որ խանութներու մուտքին կամ ինքնաշարժներու եւ հանրակառքերու մէջ խաչ կախուած կ՚ըլլայ, եթէ վերի պատճառաբանութիւնները նկատի ունենաք, ապա ի՞նչ գործ ունին այդ խաչերը խանութներու պատերուն եւ ինքնաշարժներու եւ հանրակառքերուն մէջ: Միւս կողմէ, եթէ մեքենայաբար դրուած են ատոնք՝ որ յաճախ այդպէս է, ապա ի՞նչ իմաստ ունի այդ բոլորը:
Ամէն պարագայի այլեւս փաստ է, որ ո՛չ միայն մեր ժողովուրդը, այլ ընդհանրապէս ողջ մարդկութիւնը սկսած է վերածուիլ արտաքինին ուշադրութիւն դարձնող, առանց կեդրոնանալու խորքին վրայ: Այլ խօսքով, այսօրուան մարդուն համար այնքան կարեւոր չէ՛ իր կրած կամ կախած խաչին ունեցած զօրութիւնը, ինչքան մարդոց կարծիքը իր մասին՝ տեսնելով իր կրած կամ կախած խաչը: Այսօրուան մարդը խորքային մօտեցում ունենալէ դադրած է եւ վերածուած է արտաքին երեւոյթներով առաջնորդուող արարածի մը, որու համար միայն արտաքինն է կարեւոր, հոգ չէ թէ ներսը փճացած ըլլայ…:
Այս բոլորին դրդապատճառներէն մէկը այն է, որ մենք սխալ ըմբռնում ունինք հոգեւորի մասին: Վերը նշեցի հոգեւոր շարականներու պարագան եւ արձանագրեցի տարբեր մարդոց մօտեցումը այդ ուղղութեամբ: Այստեղ կ՚ուզեմ կեդրոնանալ աշխատանքի պարագային, նկատի ունենալով, որ այս մտորումներուն տուն տուող պատճառը Աբոյին խանութին վրաս ձգած տպաւորութիւնն էր:
Յաճախ կ՚ըսենք կամ կը լսենք, թէ աշխատանքը աղօթք է: Կրնան ոմանք համաձայնիլ, ոմանք ոչ: Ամէն մարդ ազատ է իր որդեգրած դիրքորոշումին մէջ: Աբոյին ըրածը վերը յիշուած խօսքին կենդանի վկայութիւնն էր: Ան առաւօտ կանուխ իր խանութ գալով, աղօթական մթնոլորտ մը ստեղծած էր, աշխատանքն ու հոգեւորը կապելով իրարու: Այստեղ իրարու հակասող ո՛չ մէկ բան կայ կամ կարելի է գտնել: Ընդհակառակը, այստեղ կայ դրական լիցքեր, աշխատելու տրամադրութիւն ստեղծող մթնոլորտ, որով աղօթական այդ մթնոլորտն ու աշխատանքը իրարու միանալով՝ ի՜նչ ըսես չեն կրնան ընել միասին:
Դարձալ կը կրկնեմ, երանի՜ թէ Աբօները շատնան Հայաստանի մէջ, որով թերեւս կը սկսի նուազիլ խաբեբայութիւնն ու կեղծիքը:
Երանի՜ թէ Աբոյին օրինակը վարակիչ դառնայ Հայաստանի մէջ, որով թերեւս մարդիկ սկսին աւելի խղճմտանքով վարուին իրենց հայրենակիցներուն հետ:
Երանի՜ թէ Աբօները շատնան Հայաստանի մէջ, որով մարդիկ սկսին գիտակցիլ, որ աշխատանք եւ աղօթք իրարու միացած կրնան հրաշքներ գործել:
Երանի՜ թէ Աբօները շատնան Հայաստանի մէջ, որով մարդիկ սկսին գիտակցիլ, թէ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր առօրեային մէջ՝ ի՛նչ ոլորտի մէջ ալ ըլլանք, ո՛չ թէ ամօթի եւ նախատինքի առիթ է, ընդհակառակը, մեզի եւ մեր աշխատանքին ու շրջապատին համար օրհնութեան եւ առատութեան առիթ է:
Աղօթք եւ աշխատանք: Երկու ազնուացնող երեւոյթներ, որոնց երբ մարդ ճիշդ կերպով մօտենայ, ապա իր կեանքը տարբեր երանգ եւ իմաստ կը զգենու:
Թէ՛ աղօթքը եւ թէ աշխատանքը, ո՛չ միայն կ՚ազնուացնեն մարդուն հոգին ու միտքը, այլեւ կը մաքրեն մարդուն ներաշխարհը: Լեւ Թոլսթոյ այս մասին կ՚ըսէ. «Ոչինչ այնքան կ՚ազնուացնէ մարդը որքան աշխատանքը: Առանց աշխատանքի մարդ չի կրնար պահպանել իր արժանապատուութիւնը»: Իսկ Սուրբ Անտոն Անապատականը հետեւեալ խորհուրդը կու տայ. «Սիրէ՛ աշխատանքը, մարմնաւոր աշխատանքը սիրտին մաքրութիւն կու տայ»:
Աշխատանքը չսիրող մարդը կամ աշխատիլ չուզող մարդը, ինքն իր վրայ դժբախտութիւն կը բերէ եւ ինքզինք մեղքի գերի կը դարձնէ: Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այսպէս կը գրէ. «Աշխատանքը սուրբ է եւ աւելին՝ սրբացուցիչ։ Անաշխատ ընթացքը մարդու կեանքին՝ մոլութեանց դուռն է եւ չարիքներու հեշտ ճամբան։ Որովհետեւ կեանքը դատարկութիւն չի ճանչնար...։ Աշխատութիւնը այն է երկրին ու կեանքին համար ինչ որ է հոգին՝ մարմնին։ Հանեցէ՛ք հոգին մարդուն՝ մա՛հ է այնտեղ։ Հանեցէ՛ք աշխատութիւնը կեանքէն՝ մեռելութի՛ւն է այնտեղ...»:
Երանի՜ թէ կարենանք աշխատանքն ու աղօթքը իրարու միացուցած ապրինք մեր կեանքը, որպէսզի այս ծանր պայմաններուն մէջ կարենանք դիմանալ եւ շարունակել մեր ընթացքը, հասնելու համար խաղաղ նաւահանգիստ:
Չամչնանք աղօթքէն եւ աղօթական կեանքէն, առաւել եւս մեր աշխատանքին մէջ չամչնանաք աղօթելէ, ընդհակառակը, փորձենք մեր օրինակով վարակել մեր շրջապատը, վստահ ըլլալով որ մի միայն բարիք պիտի գանձենք այդ բոլորէն:
Աղօթքով եւ աշխատանքով լեցուն տարի մը կը մաղթեմ բոլորին, յուսալով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս կարենայ աղօթքն ու աշխատանքը իրարու միախառնելով՝ իր խոնարհ լուման նետել մեր ազգին ու ժողովուրդին դարաւոր գանձանակին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
7 յունուար 2025, Վաղարշապատ