ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
(Յայտնի է, այն ատեն խելքս չէր
հասներ «ազգի ծառայել»ուն ինչ
ըլլալուն եւ «ազգի ծառայող»ներուն
գլխուն գալիքները)։
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Ամէն բառ, ամէն հասկացողութիւն կամ արտայայտութիւն եւ այլ բան, երբ տեղին նստած է, ի հարկէ կամ ընդունելի է, կամ հասկնալի եւ կամ...:
Առնենք «ծառայ» բառը: Եթէ մէկը ծառայութեան հոգին ունի, ինչ քաղցր է ծառայ բառը: Ծառայել, այսինքն պարպուիլ ինքն իրմէ, ոչ թէ դատարկուիլ, այլ՝ պարպուելով լեցուիլ ծառայութեամբ: Այն ինչով, որ օգտակար եղար անոնց, որոնք կարիք ունէին քու ծառայութեանդ, եւ արդէն ինքզինքդ կը զգաս բաւարարուած: Այս է ծառայասէրին ու իր շրջանակին փոխյարաբերութիւնը, որ աւելի միաձուլում է անձներանձ իրողութեան:
Ծառայել առանց ակնկալութեան, եւ ի՞նչ պիտի ակնկալես. եւ ինչո՞ւ: Եւ որմէ՞, երբ դուն զգաս ինքզինքդ բաւարարուած՝ գործած արարքովդ, կամ կատարած գործունէութեամբդ: Առած ես որոշում մը, գործադրած բան մը, որ քու ներաշխարհիդ կամ խառնուածքիդ զուգորդուի, ալ ո՞ւր փնտռել կեանքը, երբ զայն կ՚ապրիս լիովին: Ձեւով մը իջած ես մարտի՝ իբրեւ կամաւոր:
Յիսուս ըսաւ. «Որդին Մարդոց չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայութիւն ընելու»: Իր առաքելութիւնն էր այդ եւ ըրաւ: Եւ Քանի որ դիւրին չէ, այլ տեղ յորդորեց իր աշակերտները ըսելով՝ «քաջասիրտ եղէք... ես աշխարհին յաղթեցի»: Աշխա՞րհ, ինչ իմաստով կ՚ուզէք առէք։ Մարդ ինքն է իր իսկ աշխարհը, իբր առաջին եւ հիմնական քայլ, արտաքինը կը մնայ երկրորդական: Քանի որ երբ յաղթահարած ես դուն քեզ, արդէն պարտուած են շրջանակիդ պարագաները: Կարծէք բնաբան դարձած է «ապերախտ գործ» անուանել ազգին ծառայելը: Ապերա՞խտ։ Այո՛, հազար անգամ այո՛. եւ ինչո՞ւ չէ, երբ կ՚ակնկալես վարձատրութիւն: Ան ալ՝ ԴՈՒՐՍԷՆ:
Իսկ ի՞նչ ըսել է ազգին ծառայել...։ Նախ պէտք է ի մտի ունենալ մարդկային բնաւորութեան մէկ մասը, որ ապերախտութիւնն է, դժբախտաբար: Կան շատեր, որ շնորհիւ ազգին «տեղ հասած են», եւ սակայն կը խուսափին խոստովանելէ, գուցէ քիչ մը կը «ցածնան» այդպէսով: «Ես»էն բան մը, տոկոս մը կը պակսի. այդպէս կը զգան ու կ՚ապրին ընդհանրապէս: Մարդկային է, չէ՞։ Եւ իրենք ալ մարդ են: Ի հարկէ, ապերախտութիւնը հեշտ եւ դիւրին մարսուելիք իրականութիւն մը չէ, մանաւանդ երբ դուն ինքդ այդ ոգիով չես կլանուած հիմնովին: Տկար պահե՞ր. ի հարկէ, կրնաս ունենալ, բայց չէ որ սենեակները դուռ կ՚ունենան...։ «Մտիր ներքին սենեակդ», նորոգուէ ու ապա իջիր հրապարակ, եւ «գլխուդ գալիքներուն» դէմ ճակատամարտէ: Նայէ իրականութեան «բաց աչքերով»: Ընդունէ ու քալէ: Ու քանի որ հաշտ ես խառնուածքիդ հետ, հուսկ կոչումիդ, արդէն «գլխուդ գալիքները» գարնանային մեղմ անձրեւներու նման քեզ կը նորոգեն, նաեւ բնութիւնը, ի մասնաւորի ծաղիկներն ու ծառերու տերեւներն կանաչ:
Եւ... օրերը գալիք:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»