ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ

Վարդերը ժողվեցին,
փերթահատեցին, 
փերթերը փունջ-փունջ
թափեցին կճուճին մէջ:

Գունեղ փերթերը
ջուրին երեսը ծփացին.
երգով-պարով համախումբ,
խաղով-տաղով դիւթական,
աղբիւրի վարար ջուրով լի 
կճուճին մէջ,
վարդաջուրը պատրաստեցին:

Հոն տատիկ մը 
խնդումի զարդարուն 
ծառը բռնած՝
շուրջպարին կեդրոնը
կը մենապարէր:

Ցօղեցին ջուրը օրհնառատ:
Տօն էր. 
սրտնեղութիւնները վերացեր,
եւ սփռուեր՝ սէր,
    համերաշխութիւն,
        միասնութի՜ւն:

Լեռներուն կանչն էր լսելի,
Աստղիկին հմայքը զգալի,
գովքը հիւսելի.

«... Արեւաշող աղբիւր՝ յոյզերի,
Աստղաբոյլ կերոն՝ սրտերի, 
Լուսաշող Սիրոյ Թագուհի, 
Գեղասքանչ Աստղիկ դիցուհի»:1 

Վարդավառը ուրախ ու գոհ՝
կը հետեւէր, 
կը լսէր մեղեդիք զուարթահունչ,
բնութիւնն ու մարդը միահիւս.

«... Շուշանն շողէր հովտին, շողշողէր դէմ արեգականն.
Այն հիւսիսային հովէն հով առեալ գոհար շուշանին.
Յայն հարաւային լեռնէն քաղցր օդով ցօղէր շուշանին»:2

Մաքրում մըն էր,
Արարչական պայծառակերպում,
Այլակերպում, 
Երկնքի ու երկրի միութիւն.

«Արփիական լոյսն,
Որ ի ծոց Հօր իջեալ յերկնից ծածկեցաւ մարմնով,

Մարմնով ծածկեալ լոյսն
Այսօր փայլեաց փառաք ի Թաբօր լեռինն:

Լերինք ցընծասցեն այսօր
Առաջի Տեառն՝ Հերմոն եւ Թաբօր»:3

Խնձորօրհնէք էր նաեւ,
կողովները լի էին խնձորներով,
որոնց այս տարուան համը
քիմքի մը դիպած չէր տակաւին:

Վարդավառը գոհունակ 
կը հետեւէր բնութեան ու մարդուն,
կը հետեւէր անցեալին,
կը հետեւի հիմա եւս
կ՚որոնէ սէր, բայց.

.... Բայց քու թեւերդ ո՞ւր մնացին, ո՞վ Աստղիկ.
Խորը ծովո՞ւն՝ թէ տառերուն՝ ընկղմած
Դեռ կ՚որոնեն սիրոյ մարգրիտն ըզմայլիկ՝
Ճակտին համար մեր Աշխարհին զառամած»:4

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ


1- Հատուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Հիմն Աստղիկին» ոտանաւորէն:
2- Հատուած՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Տաղ Վարդավառի» տաղէն:
3- Հատուած՝ Ներսէս Շնորհալիի «Տաղ Վարդավառին» տաղէն:
4- Հատուած՝ Դանիէլ Վարուժանի «Աստղիկին» ոտանաւորէն:

Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021