ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Տէրունական աղօթքէն ետք ձեւով մը փառաբանութիւն է, որ կը կատարուի փոխն ի փոխ քահանային, սպասարկող սարկաւագներուն եւ դպիրներուն միջեւ, ուղղուած Սուրբ Երրորդութեան:

Այսպէս, աղօթքի վերջաւորութեան քահանան բարձրաձայն կ՚ըսէ.

-Քանի որ Քուկդ են արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեանս: Ամէն:

Փառաբանութիւն եւ միաժամանակ վկայութիւն մըն են, թէ Արքայութիւնը, զօրութիւնն ու փառքը յաւիտեանս յաւիտենից Հօր Աստուծոյ կը պատկանին:

Արքայութիւնը, այն վայրը, ուր Աստուած Ինք կը թագաւորէ, եւ բոլոր անոնք որոնք կը հաւատան Աստուծոյ, կոչուած են մասնակից ու ժառանգակից դառնալու այդ Արքայութեան:

Զօրութիւնը, որովհետեւ Տէրը Ինք Իր զօրութեամբ հիմնեց աշխարհը եւ Իր նախախնամական զօրութեամբ կը շարունակէ պահել ու պահպանել զայն: Աւելին, Իր զօրութեամբ մեզ՝ մարդոց զօրութիւն կու տայ, որպէսզի պայքարելու ընդունակ դառնանք, եւ կարենանք պայքարիլ չարին՝ սատանային եւ անոր արբանեակներուն դէմ, որպէսզի անփորձանք եւ ապահով կերպով անցնինք այս փոթորկալից աշխարհէն դէպի խաղաղութեան եւ երանութեան աշխարհը:

Փառքը, այն է, որով կ՚արտայայտուի Աստուծոյ մեծութիւնն ու բարձրութիւնը մնացած բոլոր արարածներէն: Աստուծոյ փառքին բազմաթիւ ակնարկութիւններ կան Սուրբ Գիրքին մէջ: Ինչպէս օրինակ, Սաղմոսագիրը զԱստուած փառքի Թագաւոր կը կոչէ (Սղ 24.8): Նաեւ, Սաղմոսացին մէջ կ՚ըսուի, թէ՝ «երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ» (Սղ 19.1): Տակաւին, Աստուծոյ փառքը Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ ցոլաց. «Որովհետեւ Աստուած Ինք, որ ըսաւ՝ “խաւարին մէջ լոյս թող ծագի”, Ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեցաւ, որպէսզի լուսաւորուինք եւ Աստուծոյ փառքը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ» (Բ. Կր 4.6): Քրիստոս Աստուծոյ փառքին լոյսն է. «Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ Անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը» (Եբր 1.3): Քրիստոս գալիք փառքին յոյսն է նաեւ. «Աստուած ուզեց անոնց ցոյց տալ՝ թէ ի՜նչ հարուստ ու փառաւոր է Իր ծրագիրը, որ կը վերաբերի բոլոր ազգերուն. եւ այդ ծրագիրն է՝ Քրիստոսը ճանչցնել ձեզի, գալիք փառքին յոյսով» (Կղ 1.27):

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տէրունական աղօթքի աւարտին ըսուած՝ որովհետեւ Քուկդ է արքայութիւնը, զօրութիւնը, փառքը-ի մասին այսպէս կը գրէ. «Այս մէկը խոստովանութիւն մըն է՝ խնդրուածներու կատարումին համար: Որովհետեւ կ՚ըսենք, թէ ինչ որ ի բնութենէ ունիս եւ Քուկդ է, այն կը հայցենք, թէ՝ Արքայութիւնդ թող գայ, որ անսկզբնաբար եւ յաւիտեան ունիս, եւ ունենալովդ՝ մեզի տաս: Եւ զօրութիւն, այսինքն՝ կրնաս մեր մեղքերը ներել, եւ ինչ որ կը խնդրենք, Քու զօրութենէդ օտար չէ: Տակաւին, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ մեղքերը ներել, բացի՝ Աստուծմէ, նոյնպէս կրնայ նաեւ, որ ինչ կ՚ուզես [կը խնդրես], կատարել եւ մեզ փորձութեան չմատնել ու մեր բոլոր կարիքները հոգալ: Փառքն ալ յաւիտեան ունիս, որով Քեզ փառաբանողները կը փառաւորես յաւիտենական եւ ո՛չ թէ անցաւոր կամ առօրեայ պատիւով, որով Եկեղեցւոյ մանուկները [զաւակները] արժանաւոր կը դարձնէ, այժմ եւ յաւիտեանս: Ամէն»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը գրէ. «Քո՛ւկդ է թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը, յաւիտեանս յաւիտենից. այսինքն՝ երբ Անո՛րն է Արքայութիւնը, ապա մենք մեղքէն չենք վախնար. երբ Անորն է զօրութիւնը, ո՛չ ոք կրնայ յաղթել մեզի: Աստուած ո՛չ միայն մեզ բոլոր չարերէն կ՚ազատէ, այլ՝ յաւիտենապէս կը փառաւորէ:

Ամէն. կը հաստատէ բոլոր խնդրուածները. ինչ որ խնդրեցինք, ճշմարիտ է, թող ըլլայ: Տէրունական աղօթքը եօթը խնդրանք կը պարունակէ. երեքը՝ հոգեւոր, չորսը՝ մարմնաւոր: Չորս խնդրանքները այստեղ եւ հիմա կը կատարուին, իսկ երեքը՝ հանդերձեալ կեանքին մէջ պիտի կատարուին: Եւ, որովհետեւ հոգին աւելի պատուական է, քան մարմինը, ապա, նախ հոգեւորը կը խնդրենք. Սուրբ անունը, Արքայութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարումը, իսկ յետոյ մարմնաւորը կը խնդրենք. ամէնօրեայ հացը, թողութիւնը եւ մեղքերու փորձութիւններէն ու չար պատուհասներէն ազատիլը: Եւ այս եօթ տեսակի խնդրանքներէն աւելին պէտք չէ խնդրել, որովհետեւ բոլոր տեսակի խնդրանքները կը պարունակեն, որոնք հոգիին եւ մարմինին օգտակար են»:

Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը խօսելով ընդհանրապէս աղօթքի մասին, փառաբանութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Փառատրութիւն եւ փառաբանութիւն է Աստուծոյ փառք տալը, որովհետեւ միայն Ա՛ն է զօրութիւններու Տէր, փառքի թագաւոր եւ ամէն փառաբանութեան արժանի, որովհետեւ անհուն կարողութիւն է, անհաս իմաստութիւն, անչափ մեծութիւն, ամենաբարի եւ բոլոր կատարելութիւններու ամբողջացում»:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Ինչո՞ւ փառաբանել զԱստուած: Արդեօք պատասխա՞ն մըն է այն բոլոր բարիքներուն, որ Ան մեզի պարգեւած է:

Ո՛չ:

Զաւակի օրինակով փորձենք հասկնալ ասիկա:

Զաւակ մը իր ծնողներուն հանդէպ երախտագէտ պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ որովհետեւ ամէն օր իրեն կը կերակրեն, հոգ կը տանին, կամ դրամ կու տան իրեն, եւ այլն: Այլ՝ որովհետեւ, զինք ծներ են, իրեն կեանք տուած: Կեանք տալը ինքնին մեծագոյն պարգեւն է:

Մարդուն առ Աստուած երախտագիտութիւնը եւս նոյնպէս կը բխի այն իրողութենէն, որ Աստուած է, որ զայն ստեղծած եւ անոր կեանք տուած է: Մարդ էակին գոյութիւնը Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւն է: Եւ անիկա իսկ բաւարար է, որ մարդը երախտագէտ ըլլայ իր Արարիչին հանդէպ:

Հետեւաբար, երբ մարդ զԱստուած կը փառաբանէ՝ ինքնաբուխ կերպով իր երախտագիտութիւնը կ՚արտայատէ զինք ստեղծողին: ԶԱստուած փառաբանելը պարտադրանք մը չէ, այլ՝ մարդ էակին մէջէն կու գայ:

Ան զԱստուած կը փառաբանէ նաեւ այլ պատճառով մը:

Այնպէս ինչպէս երբ գեղեցիկ պատկեր մը կը տեսնենք՝ կը հիանանք թէ՛ անոր վրայ եւ թէ զայն ստեղծողին. նոյնպէս  ալ երբ բնութիւնը կը դիտենք՝ կը հիանանք թէ՛ անոր փառաւորութեան վրայ եւ թէ զայն Արարողին: Ուստի, Աստուած փառաբանելը կը բխի նաեւ այդ հիացումէն»:

Ապա քահանան դարձեալ բարձրաձայն կ՚ըսէ.

-Քրիստոսով, Յիսուսով, մեր Տիրոջմով, Որուն հետ Քեզի՝ Սուրբ Հոգիիդ եւ Ամենակալ Հօր, կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Վկայութիւն ու փառաբանութիւն մըն է Սուրբ Երրորդութեան մասին, որպէս մէկ եւ անբաժանելի միութիւն, Որուն կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը:

Փառքի մասին վերը անդրադարձանք:

Իշխանութիւնն ու պատիւը վկայութիւններ են Սուրբ Երրորդութեան մեր վրայ ունեցած բացարձակ իշխանութեան: Ինչո՞ւ. որովհետեւ երբ կը խոստովանինք մէկու մը իշխանութիւնը, այդպիսով ընդունած կ՚ըլլանք անոր գերակայութիւնը մեր վրայ, որով եւ մեր կարելին կ՚ընենք պատուելու եւ մեծարելու զայն: Այդ հասկացողութեամբ ահա այստեղ, երբ պատարագիչը ի դէմս ժողովուրդին այդ վկայութիւնը կու տայ, ձեւով մը մեր ենթակայութիւնն է որ կը յայտնենք Սուրբ Երրորդութեան, ընդունելով Անոր գերակայութիւնը մեր կեանքին վրայ: Եւ ի՜նչ երանելի են անոնք, որոնք այդ գերակայութիւնը գիտակցաբար կ՚ընկալեն եւ առ այդ կը դասաւորեն իրենց կեանքը:

Ապա քահանան դարձեալ Սկիհը բարձրացնելով՝ ի տես ժողովուրդին, բարձրաձայն կ՚ըսէ.

-Ի Սրբութիւն սրբոց:

Իսկ դպիրները կը պատասխանեն.

-Միայն Սուրբ, միայն Տէր, Յիսուս Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ փառքին մէջ: Ամէն:

Յովհաննէս Արճիշեցին իր պատարագի մեկնութեան աշխատութեան մէջ այսպէս կը բացատրէ.

«Սարկաւագի ձայնէն ժողովուրդը սթափեցաւ՝ երբ ըսաւ, թէ երկիւղածութեամբ վեր նայեցէք: Եւ երբ լսեցին ու տեսան ինչ որ կը ցանկային, քահանան կ՚ըսէ, թէ՝ ասիկա սրբութիւն է, բայց սուրբերուն եւ մաքուր եղողներուն ասիկա սրբութիւն կ՚ըլլայ, որոնք խոստովանութեամբ եւ արտասուքներով իրենք զիրենք մեղքերէ մաքրեցին:

Ժողովուրդը միաձայն կ՚աղաղակէ.

“Միայն Սուրբ, միայն Տէր, Յիսուս Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ փառքին մէջ: Ամէն”:

Աւելի պարտութիւնը կը խոստովանին քան ուրախութիւնը, ըսելով. տէ՛ր մեր քահանայ, մեզի ուրկէ՞ սրբութիւն՝ որ մարմինին եւ արեան կապուած ենք: Այլ՝ միայն Սուրբ է սուրբերուն Սուրբը, որ միայն Տէր է երկինքի եւ երկրի, Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, Հօր փառքին մէջ փառաւորուած»:

Արճիշեցիի ըսածին համաձայն, թէեւ պարտութեան խոստովանութիւն է, բայց միաժամանակ սրբութեան հասնելու, սրբուելու-մաքրուելու կոչ մըն է: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կոչուած է սուրբ ըլլալու, համաձայն Տէր Աստուծոյ պատուէրին, թէ՝ «սուրբ եղէք, որովհետեւ Ես Սուրբ եմ» (Ղւ 11.44-45): Իսկ Պետրոս առաքեալ այսպէս կը թելադրէ. «Աստուծոյ հնազանդ զաւակներ եղէք, եւ մի՛ առաջնորդուիք անցեալի ցանկութիւններով, որոնցմով կ՚ապրէիք՝ երբ տակաւին Քրիստոսը չէիք ճանչնար: Այլ, ինչպէս որ ձեզ կանչողը՝ Աստուած Սուրբ է, դուք ալ սուրբ եղէք ձեր ամբողջ կեանքով, որովհետեւ գրուած է. “Սուրբ եղէք, որովհետեւ Ես Սուրբ եմ”» (Ա. Պտ 1.14-16):

Ապա քահանան եւ դպիրները փոխն ի փոխ կ՚ըսեն.

Քհնյ.- Օրհնեալ Հայր Սուրբ Աստուած ճշմարիտ: Դպ.- Ամէն:

Քհնյ.- Օրհնեալ Որդիդ Սուրբ Աստուած ճշմարիտ: Դպ.- Ամէն:

Քհնյ.- Օրհնեալ Հոգիդ Սուրբ Աստուած ճշմարիտ: Դպ.- Ամէն:

Քհնյ. Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Դպ.- Ամէն: Հայր Սուրբ, Որդիդ Սուրբ, Հոգիդ Սուրբ. օրհնութիւն Հօր, եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյ Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Յովհաննէս Արճիշեցին այսպէս կը բացատրէ.

«Որովհետեւ Երրորդութենէն ընդունեց այս մեծ շնորհքը, այդ պատճառով գոհացողական երգը Անոր կը մատուցէ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

21 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022