ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Դ.

ՉՀԱՍ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները: Ի՞նչ հիմունք ունէր արենակցական ամուսնութեան արգիլումը: Հիներուն տուած բացատրութիւնները: Բարոյական հիմունք: Արենակցական ամուսնութեան ազդեցութիւնը թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ սերունդին վրայ: Ասոր վերագրուած հիւանդութիւնները (խուլ-համրութիւն, ջղային հիւանդութիւն, խելագարութիւն, վատասեռում, եւ այլն): Նորագոյն գիտական հայեացքները ու ժառանգականութեան խաղացած դերը արենակցական ամուսնութեան մէջ:

Արենակցական ամուսնութեան հակառակորդներուն ըսելով, ասոնցմէ յառաջացած սերունդը թուլակազմ, արատաւոր ու հիւանդոտ կ՚ըլլայ: Անոր մէջ իբրեւ թէ տարածուած կ՚ըլլան խուլ-համրութիւն, ընկնաւորութիւն, ապուշութիւն, խելագարութիւն, աչքի եւ ուրիշ հիւանդութիւններ: Ամենէն շատ աչքի կ՚իյնայ խուլ-համրերու մեծ տոկոսը ազգակցական պսակի զաւակներուն մէջ:

Շիպոյի վիճակագրութեամբ, 290 խուլ ու համր ծնածներէն 86-ը ազգականներու զաւակներ եղած են, այսինքն՝ շուրջ 30 առ հարիւր. ուրիշ հետազօտողներ գտած են 25 առ հարիւր, 21 առ հարիւր: Եւ նկատուած է, որ քանի մօտ է ծնողներուն արենակցութիւնը, այնքան մեծ է խուլերուն թիւը: Այսպէս, ըստ Պութէնի վիճակագրութեան, հօրեղբօր, մօրաքրոջ, քեռիի զաւակներուն ամուսնութիւնը տուած է 18 խուլ. հօրեղբօր եւ քեռիի պսակը եղբօր ու քրոջ աղջկայ հետ՝ 37. իսկ քրոջ որդիի ու մօրաքրոջ՝ 70: Այս տեղեկութիւններէն հեղինակները կ՚եզրակացնեն, թէ արենակցական ամուսնութիւնները մեծ քանակութեան խուլ-համրեր կու տան. (Պութէնի կարծիքով 12-15 անգամ աւելի՝ քան միւս ամուսնութիւնները): Հրեաները, որոնց մէջ սաստիկ տարածուած է ազգակցական միաւորութիւնը, խուլերու եւ համրերու ամենէն մեծ տոկոսը կու տան: Ֆրանսայէ ներս հրեաներու մէջ աւելի յաճախ կը պատահին այս արատը ունեցողները, քան ֆրանսական հասարակութեան: Պերլինի խուլ-համրերու կաճառին մէջ բժիշկ Լիպրայխը նկատած է, որ 341 հիւանդէն 42-ը հրեաներ էին: Ազգաբնակչութեան վրայ հաշուելով, կը տեսնենք, որ 10 հազար կաթոլիկներու կ՚իյնայ միայն 3-էն քիչ աւելի խուլ-համր,այն ինչ նոյն թիւով հրեաները 27 հիւանդ կու տան:

Ապուշութիւն եւ խելագարութիւն. կարգ մը հեղինակաւոր անձեր, որոնց շարքին է հռչակաւոր Էսքիրոլը, որոշ կապ մը կը գտնեն այս դրութիւններուն ու չհաս պսակներուն միջեւ: Այսպէս, հրեաներուն մէջ աւելի շատ են ապուշները եւ խելագարները, քան միւս եւրոպացիներուն: Բժիշկ Նովը 17 ազգակցական ամուսնութեան մէջ գտած է 97 երեխայ, որոնցմէ 44-ը ապուշ էին, 12-ը խուլախտաւոր, 1 թզուկ եւ 1 խուլ: Բժիշկ Պեմիսսը կ՚ըսէ, որ 787 այդ ձեւի ամուսնութենէն 256-ի մէջ եղած են կոյրեր, խուլ-համրեր եւ ապուշներ: Ճանապարհորդները Ամերիկայի մէջ իրլանտական գաղթավայրերէ ներս եւ Ափրկիէի մէջ հոլանտական գաղթավայրերէ ներս նկատած են մեծ քանակութեամբ ապուշներ եւ խուլ-համրեր: Նոյն բանը նկատուած է ֆրանսական գաղթավայրի մը մէջ: Անգլիոյ մէջ 1847 թուականին 17 միլիոն ժողովուրդին 15 հազար խելագար կը հասնէր, այն ինչ Իրլանտայի մէջ (ուր արենակիցները աւելի քիչ կ՚ամուսնան իրարու հետ) անոնց թիւը համեմատաբար երկու անգամ աւելի քիչ է:

Ընկնաւորութիւնը եւս աւելի յաճախ կը նկատուի իբրեւ այդպիսի ամուսնութեան պտուղ:

Մի քանի հեղինակներ կը պնդեն նոյնպէս, թէ արենակիցներէն ծագած սերունդը, բացի յիշած հիւանդական դրութիւններէն, յաճախ զանազան արատներ եւ կուրութիւն կ՚ունենայ: Ֆրանսայի մէջ գիւղ մը կայ, Իզօ անունով, որ նախապէս անջատուած ու կղզիացած կ՚ապրէր հաղորդակցութիւններու դժուարութեան պատճառով, եւ ուր ամենէն մօտիկ ազգականները իրարու հետ կ՚ամուսնանային: Արդ, ժամանակի ընթացքին նորանոր սերունդներուն մէջ զարգացած ու տարածուած էր հրէշութիւն մը, որ վեցամատութիւն կը կոչուի (ձեռքին վեցերորդ մատ կը բուսնէր). բնակիչները վեց-մատնանի դարձած էին: Իսկ երբ որ հաղորդակցութիւնները լաւացան ու անոնք ամուսնական կապերով խառնուեցան ուրիշ երկրացիներու հետ, վեցերորդ մատը կամաց-կամաց սկսաւ անհետանալ, կարծես՝ հալեցաւ: Խելագարութիւնը Եւրոպայի մէջ աւելի յաճախ կը պատահի հրեաներուն, քան միւս ազգերուն մէջ: Այդ բանը մասամբ (ըստ Լըկուվէի) պէտք է ազգակցական ամուսնութեան վերագրել:

Ես չեմ ուզեր այդ կարծիքներուն ու թիւերուն վրայ երկար կանգ առնել: Արենակցական ամուսնութեան սերունդը, բազմաթիւ հեղինակներու կարծիքով՝ արատաւոր, հիւանդոտ, թուլակազմ եւ սպառումի տրամդրուած կ՚ըլլայ:

Մի քանի ճանապարհորդներ զանազան կղզիներու եւ գաղթավայրերու մէջ տեսած են, թէ բնակիչները փոքրահասակ դարձած են, կիները՝ մանր, նիհար, թուլամորթ, անտաշ ու տգեղ, իսկ տղամարդիկ շուտ կը ծերանան, երբեմն ուղղակի զզուելի դէմք ունին, կորսնցուցած են այր մարդուն յատուկ ֆիզիքական ուժը, տոկունութիւնն ու ճարպիկութիւնը. մէկ խօսքով, այդ կղզիներուն մէջ ընդհանուր այլասերում կը տիրէ եւ ատոր պատճառը հետազօտողները ազգակցական ամուսնութեան մէջ կը գտնեն, որ առօրեայ երեւոթ է այնտեղ:

Տըվէն կը պնդէ, թէ Եւրոպայի մէջ ազնուականութիւնը ֆիզիքապէս ու բարոյապէս անկում կ՚ապրի, կը ստորանայ եւ թէ Տոֆինէի ազնուական ցեղերը գրեթէ արդէն սպառած են՝ ուղղակի ազգակցական ամուսնութիւններու պատճառով: Պերիէն նոյնը կ՚ըսէ հրէական բազմաթիւ համայնքներու մասին: Տքթ. Էլիոտսըն այդ բանը նոյնպէս նկատած է անգլիաբնակ հրեաներուն մէջ: «Ո՛չ մէկ ազգի մէջ այնքան շիլ, կակազ, ապուշ եւ ամէն աստիճանի խելագարներ կայ, ինչքան հրեաներուն մէջ», կ՚ըսէ ան: Ուրիշ գրողներ կը մատնանշեն լեռնաբնակ համայնքները, որոնք, կղզիացած ապրելով (օրինակ՝ Սավոյայի մէջ), ստիպուած են խնամիանալ իրարու հետ եւ այդ պատճառով սաստիկ վատասերուած են հիմա:

Ահաւասիկ կարգ մը փաստեր, որոնք, կարծես, այլեւս ո՛չ մէկ կասկած կը ձգեն արենակցական ամուսնութեան վնասակարութեան մասին:

Սակայն այդ միայն առ երեւոյթ է: Գիտնականներու ու հետազօտողներու ուրիշ խումբ մը եկած են հակառակ եզրակացութեան, հաւաքած ըլլալով համոզիչ ապացոյցներու կոյտ մը:

Ամենէն առաջ անոնք մինչեւ հիմա մատնացոյց կ՚ընեն հաւաքուած տուեալներուն քչութիւնն ու անբաւարարութիւնը: Այսպիսի մեծ խնդիր մը որոշելու համար կարիք կայ աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններու եւ աւելի մեծ թիւերու: Ի՞նչ իմաստ ունին մի քանի արենակցական ընտանիքներու պատմութիւնը, երբ մի միայն Ֆրանսայի մէջ 3-4 հազար այդպիսի պսակներ կը կատարուին: Յետոյ հրեաներուն վերաբերեալ վիճակագրութիւնը ոչինչ կ՚ապացուցէ, որովհետեւ, եթէ անոնց մէջ աւելի յաճախ կը պատահին արատաւոր մարդիկ, ապուշներ, թուլամիտներ, նոյնիսկ խելագարներ, նոյն չափով (եթէ ոչ աւելի) կան նաեւ հզօր տաղանդներ: Վերջապէս, այս ազգին բացառիկ դրութիւնը եւրոպական անկախ տէրութիւններու մէջ (գրեթէ ամէնուրեք հալածուած ու ճնշուած),- դրութիւն մը, որ աւելի դժուար դարձուցած է անոնց համար կեանքի կռիւը, բաւարար կ՚ըլլար բացատրելու այն ջղային երեւոյթները, որոնցմէ մէկ քանի արենակցական ամուսնութեան կը վերագրուի:

Սակայն, մէկ կողմ ձգելով փիլիսոփայական դատողութիւնները, դառնանք փաստերուն: Անոնք նոյնպէս կը հերքեն վերոյիշեալ կարծիքը:

Եւ, իրապէս որ, վերը յիշած թիւերուն հանդէպ կարելի է շարք մը ուրիշ թիւեր դնել, որոնք ապացոյց են, որ արենակցութիւնը ո՛չ մէկ վատ ազդեցութիւն կ՚ունենայ սերունդին վրայ:

Տքթ. Վուազէն 1560 թուլախելքերէն ո՛չ մէկուն ծագման մէջ արենակցական ամուսնութիւն գտած է: Պուրժուան արենակցական ամուսնութենէն ծագած սերունդի մը պատմութիւնը մէջբերած է: 130 տարուան ընթացքին այս ազգակցական զոյգը աճած ու տուած է 416 անհատ, եւ ասոնցմէ մէկ քանին միայն հիւանդոտ եղած են եւ 8 հոգի միայն մեռած են մատաղ հասակի մէջ: Ուրիշ հեղինակներ եւս նոյնանման դէպքեր կը մէջբերեն:

Համայնքներու սերհատման դէմ շարք մը գրողներ նոյնպէս հակասական կարծիքներ կը յայտնեն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2023