ՊԱՏՈՒՀԱՍԻ՞, ԹԷ՞ ՊԱՏԵՀՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
«Իւրաքանչիւր պատուհասէ ետք
կայ նոր պատեհութիւն մը»
Ժողովրդային ասացուածք
«Կ՚ապրինք անբացատրելի զգացումներ, որոնք շատ են եւ խօսուն: Չեմ կրնար ներկայացնել անոնց ծաւալը, որպէսզի կարենաս լաւ կերպով հասկնալ մեր վիճակը Արցախի մէջ»:
Վիքթոր Կարապետեան Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու-տնօրէնն է: Անոր մէջ երկար տարիներու տեւողութեան տեսած եմ համակ սէր եւ նուիրում՝ իր հոգեւոր եւ ազգային կոչումին: Ան հողին՝ Արցախին, կառչած հայն է, ան իր հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւնը շաղախած է հայրենի հողին հետ եւ, առանց յուսահատելու, կը գործէ մինչեւ այսօր՝ շրջափակման ահաւոր այս պայմաններուն մէջ:
Արցախի աւելի քան եօթ ամիսներու վրայ երկարող շրջափակումը ընդհանրապէս հայութիւնը եւ մասնաւորապէս արցախահայութիւնը դրած է շնչահեղձ ըլլալու աստիճանի հասնող կացութեան մը մէջ:
«Անբացատրելի զգացումներ կ՚ապրինք, Վիքթորն է խօսողը:- 1990-ի պատերազմը ապրեցանք եւ հասանք մինչեւ քառասունչորս օրերու պատերազմը: Այս շրջափակումը տարբեր ողբերգութեան մը մէջ դրաւ Արցախը»։
Վիքթոր կ՚ապրի իր եւ հայուն՝ իր ժողովուրդին ցաւը: «Եթէ ժողովուրդը հոգեպէս կը ճնշուի, նոյնքան եւ աւելի կը ճնշուի ֆիզիքապէս: Հաց ճարելու համար պէտք է կենաս երկար հերթի։ Շատ դժուար է տեսնել ծերունիներ, որոնք կը փորձեն կերակուր ճարել ապրելու համար», ըսաւ Վիքթոր։
Վիքթոր կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս արցախահայութիւնը կը փոխուի ներքնապէս՝ հոգեբանական առումով: Այս բոլորով հանդերձ, ան նոյնպէս կը տեսնէ եւ կ՚ապրի հայուն անկոտրում կամքը: «Ոչ ոք կ՚ուզէ զիջիլ։ Արցախահայութիւնը կ՚ապրի արդարութեան համար եւ պատրաստ չէ զիջելու իր արդար կեանքը ապրելու տեսլականէն», ըսաւ ան:
Վիքթոր պարտաճանաչ առաջնորդն է, որ չ՚ուզեր զիջիլ: Անցեալ յունիս ամսուն եւ անկախ շրջափակումին ստեղծած դժուար պայմաններէն՝ աւետարանչականի գրասենեակը չէ զլացած կազմակերպել 175 երեխաներու համար երկշաբաթեայ ճամբար մը: «Մանուկները պէտք ունին ուրախութեան, որմէ զրկուած են այս օրերուն», ըսաւ ան:
«Կ՚ուզէի ըսել, որ լաւ եմ»: Միքայէլ Հաջեանն է՝ ծանօթ լրագրող եւ իմ լաւ բարեկամս: Երբ կը խօսէի Միքայէլի հետ, արդէն մէկ ժամէ աւելի հերթի կեցած էր հաց ճարելու համար: «Երկու հատ հաց կրցայ ձեռք ձգել», ըսաւ Միքայէլ:
Եթէ Միքայէլին համար հացը ֆիզիքական գոյութեան համար է, բայց անկէ շատ աւելի ան կը հաւատայ ազգային ինքնութեան եւ ազատ ապրելու գրաւականին: «Մենք կը պայքարինք այս իրավիճակին դէմ, բայց նաեւ՝ բոլոր արտաքին ճնշումներուն դէմ», ըսաւ Միքայէլ:
Միքայէլին կեանքը անընդհատ պայքար եղած է: Միքայէլին երկու երիտասարդ զաւակները՝ Նորայրը եւ Երուանդը, նահատակուած են Արցախի պատերազմներու ընթացքին: Անոնք քաջամարտիկներ են, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայուն պայքարին համար: Նորայրը նահատակուեցաւ 2016-ին, իսկ Երուանդը՝ 2020-ին: Միքայէլ, որ իր զաւակներուն եւ Արցախի ցաւը շալկած է իր սրտին ու կեանքին մէջ, կը շարունակէ ապրիլ պայքարի այս կեանքը: Միքայէլին կեանքը շատ սուղ արժած է իրեն համար, եւ չեմ ալ գիտեր, թէ կարելի՞ է իր նահատակ զաւակներուն կեանքի գինը սահմանել նիւթական արժեչափով: Բայց Միքայէլի կեանքին մէջ «յուսահատիլ» հասկացողութիւնը չկայ: «Մեր առաջնահերթութիւնը Բերձորի միջանցքի բացումն է, իսկ մեր գլխաւոր պահանջը՝ ինքնորոշման իրաւունքը», ըսաւ ան:
Շահան Գանտահարեան կ՚ընդլայնէ ու կը լուսաբանէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը («Ճանաչում յանուն փրկութեան») եւ կ՚ըսէ. «Միջազգային այս բոլոր իրաւաչափութիւններու հիմնաւորումով կը ներկայանայ (խօսքը Արցախի Ազգային ժողովի մասին է) միջազգային հանրութեան՝ ճանաչում պահանջելով» («Ազդակ», 31 յուլիս 2023): Գանտահարեան կարեւոր կը նկատէ, որ «Ճանաչում յանուն փրկութեան» պահանջը դառնայ «առաջնային համահայկական օրակարգ»:
Վիգէն Չըթըրեանի գիտա-ակադեմական յօդուածը, որ անգլերէնով լոյս տեսաւ «Ալ Մաժալլա» կայքէջին վրայ, կը կրէ «Եօթ ամիսներու վրայ երկարած ամրացած շրջափակումը Ղարաբաղի մէջ» խորագիրը: Վիգէն կը ներկայացնէ՝ Արցախի հիմնահարցի պատմական-քաղաքական տուեալները, ներկայ շրջափակումի ահաւորութիւնը, շրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական իրավիճակները, անոնց հաշուարկումները եւ այլն: Վիգէն Չըթըրեանի յօդուածին վերջաւորութեան կը կարդանք հետեւեալ վերլուծումը. «Պարտադրելով (խօսքը Ատրպէյճանի մասին է) շրջափակումը աւելի քան եօթ ամիսէ ի վեր՝ այսօր Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը կարելի չէ նկատել այլեւս ընտրանք: Ան դարձած է անհրաժեշտութիւն»:
Իսկ անհրաժեշտութի՞ւնը. «Ճանաչում յանուն փրկութեան»: Ասիկա հայուն համահայկական օրակարգն է այսօր:
Դարձեալ Վիքթորը. «Մեր կեանքը մեր ձեռքերուն մէջ չէ, բայց մեր ձեռքերուն մէջ չեղած կեանքէն չենք ուզեր հրաժարիլ», ըսաւ ան:
Վիքթորը հաւատացեալ եւ նուիրեալ արցախցին է: «Մեր հաւատքը Աստուծոյ վրայ է: Մեր յոյսը երբեք չի մարիր»: Այս չմարող յոյսն է, որ կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ: Այս Վիքթորին, արցախահայութեան եւ հայ ժողովուրդին յոյսն է: Այս յոյսով մենք ապրեցանք մեր պատմութեան բոլոր ժամանակահատուածներուն հասանք մինչեւ այսօր: Եւ պիտի շարունակենք այս յոյսով:
Արցախի շրջափակումը եւ անոր ստեղծած մարդկային ահաւոր աղէտը չեն կրնար ապարդիւն դուրս գալ: Ժողովրդային ասացուածքը շատ դիպուկ է այս իմաստով. «Ամէն պատուհասի մէջէն դուրս կրնայ գալ նոր պատեհութիւն մը»: Այս աղէտը՝ պատուհասը, դուրս պիտի բերէ նոր պատեհութիւն մը: «Մենք արժանապատիւ ձեւով դուրս պիտի գանք այս վիճակէն»: Միքայէլի վերջին խօսքն էր մեր զրոյցի ընթացքին: «Արցախի մէջ ստեղծուած այս շարժումը պէտք է դառնայ համահայկական: Սփիւռքին դերը այս իմաստով շատ կարեւոր է», ըսաւ Միքայէլ:
Չուշացաւ Վիքթորին գնահատականը. «Մարդկային կեանքին արժէքը շատ աւելի բարձր է, քան՝ սահմանազատումի եւ քաղաքական այլ հաշուարկները: Կան գրուած եւ չգրուած օրէնքներ, որոնք մարդուն կողքին են եւ անոր կու տան ապրելու իրաւունք», եզրափակեց Վիքթոր:
Այսօր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ընտրութիւն չէ այլեւս: Ան անհրաժեշտութիւն է: Հայը՝ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ, պիտի հաւատայ եւ կառչի այս անհրաժեշտութեան: Այս անհրաժեշտութիւնը արցախահայուն ապրելու իրաւունքն է: Ապրելու իրաւունքը՝ արժանապատիւ ձեւով: Այս իրականութիւնը քաղաքական թէ բոլոր այլընտրանքներէն վեր է:
Հայուն արժանապատիւ ձեւով ապրելու իրաւունքը այսօր դարձած է անհրաժեշտութիւն: Անհրաժեշտութիւնը «Ճանաչում յանուն փրկութեան» իտէալ-կարգախօսը իրականացնելու մէջ է: Իրականացնելու համար կայ կարեւոր աշխատանքային տեսլական: Տեսլական, որ պէտք է վերածուի համահայկական օրակարգի:
«Ճանաչում յանուն փրկութեան»:
Բոլորս միասին՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, կ՚արժէ, որ կառչինք, հաւատանք եւ աշխատինք այս անհրաժեշտ օրակարգին ու անոր իրագործումին համար: Այս օրակարգը բոլորս միասին դարձնենք համահայկական:
Արցախը այսօր մեծ պատուհասի մէջ է: Հայութիւնը մեծ պատուհասի մէջ է: Փորձենք այս պատուհասէն դուրս բերել նոր պատեհութիւն մը, եւ այս իրականացնելու համար պատուհասի օրակարգը պէտք է վերածել նոր պատեհութեան օրակարգի:
Պատեհութեան օրակա՞րգը: Հայուն համահայկական փրկութեան օրակարգն է:
Եւ կրնանք ընել:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նիկոսիա, 1 օգոստոս 2023