ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳԵՏԻՆԸ ՄԻՇՏ ՏԱՔ. ՇՈՒՇԻԻ ՀԱՄԱՐ ՍԱՍՏԻԿ ՄԱՐՏԵՐ
Երէկուան առաւօտը ծանր էր Երեւան ապրողներուս համար։ Խնդիրը այն էր, թէ իւրաքանչիւր անձ, որ ռազմաճակատէն հեռու կը գտնուի, աւելի մեծ լարումներով կը հետեւի դէպքերու ընթացքին՝ քան անոնք, որոնք կը գտնուին ռազմական գործողութիւններու իրական հունին մէջ։ Լրատուական դաշտին մէջ արագօրէն շրջանառութեան մէջ մտաւ, թէ ատրպէյճանեան ուժերու տիրապետութեան տակ ինկած է Շուշին, որ Արցախի բերդաքաղաքը կը համարուի։ Այդ լուրերու աղբիւրն էին թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ ուղիղ սփռումներ կատարելով կ՚անցնէին այդ եղելութիւնը բացատրելու գործին։ Ինչ խօսք, որ այս անգամ ալ, ինչպէս այլ առիթներով, Պաքուի վարչամեքենան կը գործէր շատ փութկոտ եւ անհասկնալի ինքնավստութեամբ։ Ալիեւի վարչախումբը կրնայ այս պատճառով աւելի ուշ նոյնիսկ քննադատութեան խարան դառնալ իր իսկ ժողովուրդին կողմէ։ Ալ չեմ խօսիր Պաքուի մէջ եղած տօնախմբութիւններուն եւ ինքնաշարժի շարասիւներով «յաղթանակ»ը տօնելու մասին։ Այս բոլորը ձեւով մը հասկնալի են, որովհետեւ աւելի քան քառասուն օրուայ ծանրագոյն մարտերէ ու մեծ կորուստներէ յետոյ Ատրպէյճան չկարողացաւ գետնի վրայ երեւելի, կամ ըսենք՝ ակնկալուած արդիւնքները արձանագրել։
Ամէն պարագայի, այն ինչ որ տեղի ունեցաւ երէկ՝ տակաւին երկար ժամանակի վրայ քննարկումներու առարակայ պիտի դառնայ։ Արդարեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան արդի ժամանակներուն մէջ Շուշին սոսկ քաղաք մը չէ։ Շուշին նաւթահանքեր չունի, դրամական մեծ ներուժով քաղաք մը չէ, ոչ ալ կ՚առանձնանայ ուսման բարձր կաճառներով կամ ուսումնարաններով, այլեւ՝ անոր իմաստը, անոր հաղորդած ջերմութիւնը ունին մի քանի իմաստալից շերտեր, որոնց մասին կարելի է աւելի երկար գրել, երբ խաղաղ օրերը վերադառնան։ Ամէն պարագայի տակ եւ միշտ մնալով զգացական զեղումներէ հեռու եւ հաշուի առնելով հարցերը զուտ լրագրական դիտանկիւնէ ներկայացնելու մեր հին-նոր սկզբունքը՝ հարկ է նշել, որ Շուշիի կանգուն մնալու երեւոյթը զանազան առումներով պէտք է դրական տեղաշարժի մը մղիչ ուժը հանդիսանայ։
ԱՄՆ-ԷՆ ՆՈ՞Ր ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Յստակ է, որ այս պատերազմը երկար պիտի չտեւէ։ Անոր տարողականութիւնը, ռազմամթերքին ամեհի ըլլալը, հակամարտ կողմերու կորուստներու թուաքանակը (հակառակ անոր, որ ի հեճուկս հայկական կողմէն կատարուած պարբերական յայտարարութիւններուն, Պաքու կը շարունակէ թաքցնել իր կորուստներուն ընդհանուր թիւը) ցոյց կու տան կամ աւելի՛ն՝ այն եզրակացութեան կը տանին, որ այս պատերազմը երկար շարունակուելու իրական հիմքերը չունի։ Ըստ երեւոյթին, համակարծիք են Անգարա եւ Մոսկուա, որոնք ներկայ դրութեամբ խնդրի երկու կարեւոր կողմերը կը համարուին։ Մինչ Թուրքիա բազմակողմանի քաղաքական-ապահովական ներգրաւուածութիւն մը ունի այս հարցին, Ռուսաստան կը համարուի այս խաղի հին եւ իրական «պապա»ն։ Բաց աստի, կայ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երկիրներու՝ մանաւանդ եռանախագահներու հին-նոր դերը, որ շատ հաւանաբար նոր ուժականութիւն մը ստանայ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Ճօ Պայտընի նախագահ ընտրուելուն բերումով։ Անշուշտ, դեռ պարզ չէ, որ արդեօք ԱՄՆ ազդեցիկ ձեւով մը պիտի մտնէ՞ այս խաղին մէջ, թէ ոչ նախագահ Պայտըն պիտի գոհանայ ԵԱՀԿ-է ներս «լուռ» դիտորդի դերով։ Վստահաբար, այս առումով ալ Ուաշինկթըն խօսելիքներ ունենայ Մոսկուայի հետ։ Բայց եւ այնպէս, այս պահուն խնդիրը կամ աւելի ճիշդը՝ մեծ հարցականը, անշուշտ, հետեւեալն է. ԱՄՆ պիտի փորձէ՞ հրադադարի միտուած նոր առաքելութեան մը գլուխը անցնիլ։ Բնականաբար, այս բոլորը աւելի պարզ պիտի դառնան յառաջիկայ շրջանին։
ՄՈՍԿՈՒԱ-ԱՆԳԱՐԱ «ԹԷԺ ԳԻԾ»Ը ՄԻՇՏ ԲԱՆՈՒԿ
Անկանխատեսելի չէ այն վարկածը, ըստ որու Ռուսաստան կրնայ «անսպասելի» քայլերով մտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի այս փուլի ընդհանուր պատմութեան մէջ։ Ճիշդ է, որ Մոսկուա տագնապի սկիզբէն ի վեր մտադիր էր նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալ հակամարտ կողմերէն, սակայն, ըստ երեւոյթին, կան քանի մը հիմնարար կէտեր, որոնք կրնան պարտադրել գետնի վրայ նոր լրացումներ կատարել։ Նախ՝ Ռուսաստանի համար ամենահիմնականը այս ժամանակներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծագած հրդեհներուն եւ թափուած արեան ընդհանուր քարտէսը այլ տեղ չտարածուիլն է։ Բացի այդ, անշուշտ, հաշուի առնելը Թուրքիոյ հաշուարկները, որոնք աւելիով կ՚ագուցուին Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ նոր հակադրութեան մը երթալէ խուսափելու մօտեցումին հետ։ Ո՛չ Ռուսաստան եւ ոչ ալ Թուրքիա պատրաստ են զիրար հարուածելու՝ այնպիսի ժամկէտով մը, երբ երկուքն ալ իրարու կարիքն ունին՝ մանաւանդ, Մերձաւոր Արեւելքի մէկէ աւելի «թէժ կէտեր»ու վրայ առկայ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ։ Թէեւ կարգ մը պարագաներով անոնք ունին մեծ տարակարծութիւններ։ Այս նոյն ծիրին մէջ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը, որու սեղանին Անգարա այսօր կը մօտենայ բոլորովին նոր ձեւաչափերով, նոր ուժով եւ նոր որակներու ազդեցութեամբ։ Եթէ հաշուի առնենք սոյն մօտեցումը, ապա մեր աչքերուն առջեւ պիտի յայտնուին նոր ուղղութիւններ, որոնց ամենէն էականը Պաքուի համար առկայ «մեծ կռիւ»ն է, որ այսօր հասած է բաւական բարդ վիճակի։ Իբրեւ նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ՝ Ատրպէյճան շատ բան կը պարտի երբեմնի սովետական աշխարհին, որու աւելի փայլուն, աւելի ինքնամփոփ եւ աւելի «ազատական» մէկ տարբերակն է այսօրուան Փութինի Ռուսաստանը։ «Փութինի Ռուսաստան» մօտեցումը օգտագործեցի, որովհետեւ Ռուսաստան այսօր կրնար այլ ձեւաչափերով երկիր մը ըլլալ, եթէ անոր գլուխը չգտնուէր Վլատմիր Փութին։ Բաւական կարծր, ինքնավստահ եւ արդար ղեկավարի հայեցակարգով կը գործէ ան եւ անցեալ առնուազն հինգ-վեց տարիներուն կարողացած է ապացուցել, թէ այո՛, Ռուսաստան կարեւոր եւ ազդեցիկ մեծ տէրութիւն մըն է։ Սուրիոյ մէջ անոր արձանագրած աւելի քան երեւելի յաջողութիւնները ցոյց տուին, թէ Ռուսաստան միայն «դիտող» կամ «դիտորդ» երկիր մը չէ, այլեւ՝ ունի օրակարգ թելադրելու մեծ ընդունակութիւն։ Այստեղ է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած մեծ յաջողութենէն ետք Ռուսաստան հաւատալով Թուրքիոյ մօտեցումներուն՝ ուզեց տեղ մը, ինչ-որ չափով յարգել անոր տեսակէտները եւ Արցախի այս պատերազմի առաջին օրերուն ալ ցոյց տուաւ բաւական զուսպ մօտեցում։ Հիմա, սակայն, երբ Անգարա ամբողջ ներուժով կը փորձէ Պաքուն բոլորովին «առնել» իր ձեռքերուն մէջ, ապա այդ քայլերը, կամ համապատասխան շարժումները կրնան «հաշտ» աչքով չդիտուիլ Մոսկուայի կողմէ։ Այստեղ կայ նաեւ Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի (փոխ-նախագահ) գործօնը։ Ներիշխանական փակ օղակներու մէջ կայ անոր ընտանիքին՝ Փաշաեւներու ազդակը։ Անոնք կը համարուին Անգարայի մօտիկ եւ հպատակ կարեւոր լծակներ։ Այս ընդհանուր պատկերի լոյսին տակ աւելի քան յստակ է, որ Արցախի պատերազմին զուգահեռ կարմիր թելի նման կ՚ընթանան Պաքուի քաղաքական կշիռը ամբողջութեամբ ձեռք անցընելու ուղղեալ Մոսկուայի փորձերը, որոնք կը կատարուին ի հակադարձութիւն Անգարայի աշխուժութեան եւ ընդհանուր կեցուածքներուն։
Անշուշտ, այս առումով ալ մեծ դեր ունին Արցախի ռազմաճակատի մարտերը. այս կամ այն ձեւով հակամարտ կողմերէն մէկուն առաւելութիւնը կամ յաղթանակը։ Ես, անշուշտ, յաղթանակ բառը դժուարութեամբ կը գործածեմ՝ այն յստակ համոզումով, թէ Ռուսաստան երբեք ալ պիտի չուզէ, որ կողմերէն որեւէ մէկը յաղթանակ ապահէ։ Այս մեծ ու արիւնալի պատերազմի հաւասարութեամբ աւարտիլը նախընտրելի է անոր համար։ Այս մօտեցումն ալ հաշուի առնելով՝ պէտք է անպայման ընդգծել, որ Պաքուի կողմէ գետնի վրայ արձանագրուելիք որեւէ առաւելութեան պարագային Մոսկուա պատրաստ կրնայ ըլլայ մեծ հարուած մը տալու եւ նոյնիսկ ռազմական միջամտութիւն մը կատարելու, որպէսզի յաղթանակի բերկրանքը իր ձեռքերուն առնելով Իլհամ Ալիեւ վերջնականօրէն չբեկուի Ռուսաստանէն եւ ամբողջութեամբ չդառնայ Թուրքիոյ «Կովկասի մարդը»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան