ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Յաճախ կը խօսուի պոռնկութեան մասին, թէ մեծագոյն մեղքերէն մէկն է: Յաճախ զգուշացումներ կը տրուին, որպէսզի մարդիկ պոռնկութենէ, պոռնիկ կիներէ եւ պոռնիկ այրերէ հեռու մնան: Այսօրուան ընկերութիւնը, սակայն, այս հարցին այդքան ալ խստութեամբ եւ կամ ծայրայեղութեամբ չի՛ մօտենար, ընդհակառակը, անօրինական կենակցութիւնը, առանց Սուրբ Պսակի ընտանիք կազմելը շատ բնական երեւոյթներու վերածուած են մեր օրերուն: Հակասութիւն մը չկա՞յ արդեօք այս երկու ուղղութիւններուն միջեւ: Աստուածաշունչը այս մասին որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ:

Պատասխան. Այսօրուան ընկերութեան մեծագոյն սխալներէն եւ կամ թերութիւններէն մէկը ազատութեան եւ իրաւունքի սխալ հասկացողութիւնն է: Մարդկային իրաւունք, ազատ կամք, եւ նման լոզունգներ մարդը շեղած են իր իսկական կոչումէն՝ ՄԱՐԴ ըլլալու կոչումէն, իր Արարիչին պատկերովն ու նմանութեամբը:

Հոգեւոր առումով շատ յստակ է դիրքորոշումը այս հարցին կապակցութեամբ: Մարդկային առումով ա՛լ աւելի յստակ ու պարզ է, որովհետեւ բարոյական մարդուն համար եւս պոռնկութիւնը, անօրինական կենակցութիւնը չեն կրնար բնական համարուիլ, որովհետեւ առողջ դատողութիւն, արթուն խիղճ ունեցող մարդը, որ ո՛չ մէկ կրօնական կախուածութիւն ունի, իր բնական օրէնքովն իսկ պոռնկութիւնը անբնական եւ անբարոյական երեւոյթ կը համարէ:

Աստուածաշունչին մէջ յաճախակի կերպով անդրադարձ կատարուած է այս հարցին մասին:

Տէր Աստուած Մովսէս մարգարէին տուած տասը պատուիրաններուն մէջ, առանձին պատուիրանով մը թելադրեց՝ չշնալ (տե՛ս Ելք 20.14):

Տէր Յիսուս Քրիստոս Լեռան քարոզի ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձ կատարած է շնութեան, ուսուցանելով այսպէս.

«Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»: Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ: Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս: Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս» (Մտ 5.27-30):

Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կը կարդանք.

«Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց ամէն ինչ օգտակար չէ: Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց պէտք չէ որեւէ բանի գերին դառնամ: Կերակուրը ստամոքսին համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սակայն Աստուած թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը պիտի խափանէ: Բայց նոյնը չէ մարմինին պարագան: Մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ՝ Տիրոջ համար, եւ Տէրը՝ մարմինին: Որովհետեւ Աստուած ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ Իր զօրութեամբը:

Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են: Քրիստոսի անդամները առնենք պոռնիկի անդա՞մ դարձնենք: Բնա՛ւ երբեք: Չէ՞ որ գիտէք թէ պոռնիկին միացողը անոր հետ մէկ մարմին կը կազմէ, որովհետեւ գրուած է. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Նոյնպէս ալ, ով որ Տիրոջ միանայ՝ Անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ: Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք: Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ: Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին, որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի: Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց: Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա. Կր 6.12-20):

Իսկ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ նոյն Առաքեալը այսպէս կը գրէ.

«Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, մենք ձեզի սորվեցուցինք, թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրիլ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար: Թէպէտ այդպէս կ՚ապրիք արդէն, սակայն կը խնդրենք եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը թելադրենք՝ որ շարունակէք յառաջանալ ներկայ ձեր ընթացքին մէջ: Գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսի անունով, որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ: Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որոնք զԱստուած չեն ճանչնար. կամ չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը Իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ, ինչպէս սկիզբէն ըսինք ձեզի եւ ազդարարեցինք: Միթէ Աստուած մեր պղծալից կեանքը շարունակելո՞ւ հրաւիրեց մեզ, թէ՝ սրբութեամբ ապրելու: Անշուշտ թէ սրբութեամբ ապրելու: Հետեւաբար, ով որ սրբութեան այս պատուէրը կ՚արհամարհէ՝ մարդ մը անարգած չ՚ըլլար, այլ՝ նոյնինքն զԱստուած, որ Իր Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի» (Ա. Թս 4.1-8):  

Առակագիրը այսպէս կը գրէ պոռնիկ կնոջ, իր դրացիին կնոջ հետ կենակցողին եւ ընդհանրապէս պոռնկութեան մասին.

«Սիրտիդ մէջ անոր [պոռնիկ կնոջ] անոր գեղեցկութեան մի՛ ցանկար եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ: Վասնզի պոռնիկ կնոջ պատճառով մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ՚ըլլայ եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ՚որսայ: Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ ու հանդերձները չայրին: Հնա՞ր է, որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ ու անոր ոտքերը չայրին: Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ: Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չ՚ըլլար: Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ, չեն քամահարեր զանիկա: Սակայն եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ, իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ: Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է: Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ: Անիկա վէրք ու անարգանք կը գտնէ եւ անոր նախատինքը անջնջելի է: Քանզի նախանձը էրիկը կը կատղեցնէ ու անիկա վրէժխնդրութեան օրը չի խնայեր: Անիկա բնաւ մէկ փրկանքի չի նայիր, կաշառքը շատցնելու ալ ըլլաս՝ անիկա չի հաճիր» (Առ 6.25-35):

Հետեւաբար, ըստ Առակագիրին, պոռնկութիւն, շնութիւն ընողին, դրացիին կնոջ հետ պառկողին կը սպասեն հետեւեալ պատուհասները.

- Պատառ մը հացի կարօտ մնալ:

- Իր ծոցին մէջ կրակ վառել:

- Կրակի կայծերուն վրայէն քայլել:

- Մեղքի գերի դառնալ:

- Տան բոլոր ինչքերը կորսնցնել:

- Իր հոգին կորսնցնել:

- Վէրքեր ունենալ:

- Անարգանքներու ենթակայ դառնալ:

- Նախատինք կրել:

- Նախանձի պատճառով վրէժխնդրութեան ենթարկուիլ, ինչ բանի հետեւանքով իր կեանքը կորսնցնել:

Այս բոլորը մէկ մասնիկն են ա՛լ աւելի ահաւոր ու սարսափելի պատուհասներուն, որ պոռնկացողներուն, շնացողներուն, անօրինական կենակցութեամբ ապրողներուն եւ առանց Սուրբ Պսակի՝ Աստուծոյ օրհնութեան ընտանիք կազմողներուն:

Ընթերցողը եթէ այս բոլորը բնական կը համարէ, ընտրութիւնը կը մնայ իրեն…:

Այստեղ փունջ մըն ալ մտածումներ կը ներկայացնենք Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերէն այս հարցին առընչութեամբ.

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.

- Հաճոյաշահ երեսին մի՛ նայիր, որ սատանայական ցանկութիւն կը գրգռէ, աւելի զգոյշ եղիր անոր խայթող պոչէն:

- Եթէ մէջդ մեղաւոր ցանկութեան կրակ կայ, զայն դժոխքին մէջ եղող կրակին առջեւ դիր, եւ քու մէջինդ կը մարի:

- Ցանկութեան զօրութիւնը ինչքան ալ մեծ ըլլայ, եթէ դուն քեզ Աստուծոյ վախով ցանկապատես՝ անոր մոլեգնութեանը կը յաղթես:

- Մի՛ ըսեր՝ «ի՞նչ կայ գեղեցիկ կնոջ ուշադիր նայելուն մէջ»: Եթէ սիրտով կը շնաս, ապա շուտով կը համարձակիս նաեւ այդ բանը գործով իրականացնել:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.

- Ով որ ցանկասիրութեան չի՛ դիմակայեր, այլ իր աչքերուն ազատութիւն կու տայ, այդպիսին, անշուշտ, միտքով արդէն իսկ խոնարհած է կիրքին առջեւ, եւ եթէ մարդկային ամօթը չըլլար, բազմաթիւ անգամներ նաեւ կը պղծէր մարմինը:

- Ճնշէ՛ տռփանքը մէջդ, քանի որ դեռ ան քեզ չէ տապալած, որովհետեւ այս կիրքը իրեն հնազանդողներուն մինչեւ դժոխքին խորերը կ՚իջեցնէ:

- Ինչպէս խոզին համար հաճելի է ցեխին մէջ թաւալիլ, այնպէս ալ դեւերը իրենց համար հաճոյք կը գտնեն շնութեան եւ անմաքրութեան մէջ:

- Եթէ աշխատանքի ժամանակ քեզ շնութեան ոգին կ՚անհանգստացնէ, մի՛ ծուլանար ձեռքերդ աղօթքի պարզելու համար. հաւատքով եղած աղօթքը կը վանէ զայն:

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կը գրէ.

- Պոռնկութիւնը չորս պատճառով կ՚ըլլայ. անժուժկալօրէն ուտելէն ու խմելէն, քունի յագեցումէն, պարապ-պարապ պտտելէն ու դատարկաբանելէն, երգելէն ու ծիծաղէն, նաեւ՝ զարդարուն հագուստներէն:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.

- Աղօթքի վայրին մէջ պէտք չէ ո՛չ իրարու նայիլ եւ ո՛չ ալ կնոջ, որպէսզի աղօթքի փրկութեան հակառակ արատ չներմուծուի մեր մէջ:

Յովհաննէս Երզնկացի Վարդապետը կը գրէ.

- Նոյնպէս, քրիստոնեաները պէտք է գիտնան, որ երբ այրն ու կինը Աստուծոյ հրամանով եւ օրէնքով ու Սուրբ Հոգիին պսակով իրարու միացած են, բաժնուելու հրաման չունին, ինչպէս Քրիստոս ալ հրամայեց. «Այն որ Աստուած միացուց, մարդը թող չբաժնէ» (Մտ 19.5): Առաջնորդները բաժանումը թող սովորութիւն չդարձնեն ու չարտօնեն եւ Աստուծոյ հրամաններուն չհակառակին:

Անանիա Նարեկացի Վարդապետը կը գրէ.

- Երբ մարդ գեղեցիկ դէմք կը տեսնէ եւ կամ պոռնկական երգեր կը լսէ, այն ատեն ցանկութիւնը կը բորբոքի եւ կը ստիպէ մեղանչել: Հետեւաբար, դուն տեսանելիքդ ու լսելիքդ արգիլէ՛, որպէսզի խորհուրդներու պատերազմ չբարձրանայ դէմդ: Արդ, ինչպէս որ արծիւը կը թռչի եւ թակարդի մէջ կերակուր կը տեսնէ, զօրութեամբ կ՚իջնէ կերակուրը ճանկելու, եւ մագիլին ծայրը թակարդին մէջ կը մնայ, եւ այդ փոքրիկ մասին պատճառով անոր ամբողջ զօրութիւնը կը թուլնայ. այդպէս ալ մարդուն հետ կը պատահի, որ չնչին նայուածքով մը կը բռնուի:

Աւարտենք Սուրբ Եփրեմ Ասորիի աղօթքներէն մէկուն մէկ հատուածով.

«Զարդարէ՛ զիս, Տէ՛ր, Քու մեծ երկիւղովդ, եւ զիս դարձուր անառակութենէն դէպի արդարութիւն, աղտեղութենէն՝ սրբութիւն, ծուլութենէն՝ զգաստութիւն, ժուժկալութեամբ ընթանալու Քու ուղիղ ճանապարհովդ. քաւէ՛ մեղքերս Քու ողորմութեամբդ եւ միացո՛ւր զիս Քու սուրբերուդ, որպէսզի անոնց հետ փառաբանեմ անոխակալ մարդասիրութիւնդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 16

25 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022