ԱԿՆԱՐԿ - 40 - ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Յաճախ մարդիկ կը հարցնեն, թէ կարելի՞ է աղօթել հանգուցեալի մը համար, որ իր կեանքը աւարտած է այլեւս, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ այդքան ալ առաքինի ու քրիստոնէական կեանքով չէ ապրած: Աղանդաւորական հոսանքներու հետեւող մարդիկ յատկապէս, կը մեղադրեն եւ շատ յաճախ կը դատապարտեն այն հաւատացեալները, որոնք իրենց հանգուցեալներուն համար կ՚աղօթեն, կամ հոգեհանգիստ կը կատարեն Եկեղեցիէն ներս: Քրիստոնէական, աւելի ճիշդ, Եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն ինչքա՜ն ճիշդ կը համարուի այս վերաբերմունքը, այսինքն՝ հանգուցեալներուն համար աղօթելը, կամ հոգեհանգիստ կատարելը անոնց համար:

Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան իրեն ուղղուած այս հարցին վերաբերեալ հետեւեալ հարցումին այսպէս կը պատասխանէ.

Հարցում. Մեր Եկեղեցին ինչո՞ւ հոգեհանգիստ կ՚ընէ, եթէ մարդ իր ապրած կեանքով պիտի դատուի: Եկեղեցին հոգեհանգիստ կ՚ընէ մարդոց համար, որոնք իրենց կեանքը ապրած են իրենց ուզած ձեւով, այսինքն՝ մեղքերով լեցուն կեանք մը, որպէսզի Աստուած անոնց հոգին փրկէ, շատ յաճախ առանց գիտնալու մահացածներուն ապրած կեանքը: Այս երեւոյթը ինչքանո՞վ համոզիչ է կամ ճիշդ է, եւ աւելին՝ արդեօք Վերջին Դատաստանին մէջ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենա՞յ:

Պատասխան. Երկու կողմերուն համար ալ պիտի ունենայ՝ թէ՛ այդ անձերուն եւ թէ՛ մեզի համար, որովհետեւ աղօթքը հայելի մըն է, որուն մէջ առաջին հերթին մեր դէմքն է, որ կ՚արտացոլայ: Աղօթողը իր հոգին, իր սիրտն է որ կ՚արտացոլէ: Առիթով մը ըսած եմ՝ աղօթքը քրիստոնէական պարտականութիւն մըն է, որ ունինք Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն նկատմամբ, այդ անդամները ըլլան մեզի հետ այստեղ՝ անմիջականօրէն այս աշխարհին վրայ կամ ալ մեզմէ բաժնուած, այլ խօսքով՝ այժմ հանգուցեալ:

Եկեղեցին իւրաքանչիւր անդամի համար աղօթելու պարտականութիւն ունի: Նոյն հարցումը կարելի է ընել առհասարակ աղօթքին համար: Եթէ Աստուած գիտէ ինչ որ պէտք է մեզի, ինչո՞ւ աղօթենք: Եթէ այսպէս նայինք հարցին, ամէն օր ինչո՞ւ «Տէրունական աղօթք»ը ընենք. Աստուած գիտէ, որ այդ բաները մեզի պէտք են, ինչո՞ւ աղօթենք: Սակայն, Տէրը Ի՛նք սորվեցուց մեզի այդ աղօթքը, որպէսզի մշտապէս աղօթենք եւ Ինքն էր որ ըսաւ՝ մի՛շտ աղօթեցէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք, մի՛շտ աղօթեցէք, որպէսզի այսինչ վիճակին մէջ ըլլաք, մի՛շտ աղօթեցէք, խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի, հայցեցէ՛ք՝ պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք՝ պիտի բացուի ձեզի: Ինչո՞ւ հայցենք, ինչո՞ւ խնդրենք, ինչո՞ւ բախենք, եթէ Աստուած արդէն պիտի տայ առանց մեր խնդրելուն, հայցելուն ու բախելուն:

Այս մէկը սակայն մեզի ցոյց պիտի տայ մեր ներքին վիճակը, թէ մենք մեր քրիստոնէական գիտակցութեան եւ կեանքին մէջ որքանո՞վ արթուն ենք: Պարզ է, որ մարդկային հոգին արտացոլում կը պահանջէ, աղօթքին միջոցով մենք մեր հոգին է, որ կը դնենք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ: Նոյնիսկ երբ բառերը սխալ ըսենք կամ սխալ բաներ աղօթենք՝ կարեւոր չէ, որովհետեւ աղօթքը կ՚ընենք տեսակ մը ներքին պահանջքի իբրեւ արտայայտութիւն, յիշեցնելու համար մեր Հօր, թէեւ մեր Հայրը յիշեցման պէտք չունի, որովհետեւ գիտէ մեր պահանջները, բայց միաժամանակ կ՚ուզէ, որ աղօթենք: Աղօթքը Աստուծոյ համար անուշահոտ խունկ է, պատարագ է, անձին զոհաբերումն է, անձին ընծայումն է Աստուծոյ, որովհետեւ Աստուծոյ մեր կապուածութիւնը ցոյց կու տայ: Ուրիշ ի՞նչ կերպով կապ ունինք Աստուծոյ հետ, եթէ ոչ մեր աղօթք(ներ)ով, որ գործնական կապն է:

Քրիստոս Ինք, աշակերտներն ալ իրենց նամակներուն մէջ մեզի կը յիշեցնեն տեւականօրէն աղօթելու մեր պարտականութիւնը: Յաճախ ո՛չ միայն կը յիշեցնեն, այլ՝ կը թելադրեն:

Հիմա հարցնեմ. ինծի համար երբ աղօթեմ, ի՞նչ նշանակութիւն ունի աղօթքը, ուրիշին համար երբ աղօթես, ի՞նչ նշանակութիւն ունի աղօթքը: Օրինակ, երբ դուն ինծի համար աղօթես -ես շնորհակալ կ՚ըլլամ եթէ աղօթես- ինչո՞ւ կ՚աղօթես: Աստուած չի՞ գիտեր իմ կեանքս, իմ ով ըլլալս, ինծի ինչ ընելիքն ալ, ուստի ի՞նչ պէտք ունիս ինծի համար աղօթելու: Աղօթքդ ազդեցութիւն մը, ներգործութիւն մը կ՚ունենա՞յ կեանքիս մէջ, բան մը կը փոխէ՞ մէջս: Այո՛, կը փոխէ՛, եթէ կը հաւատանք, որ Աստուած աղօթքներուն կը պատասխանէ: Աւելին, երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն է աղօթքդ, անպայմանօրէ՛ն մէջս բան մը կը փոխէ:

Ինչ կը վերաբերի ննջեցեալներուն համար աղօթելուն, երբեք համաձայն չեմ այն մտածողութեան, թէ ինչո՞ւ աղօթենք այն մարդուն համար, որ այս կեանքը արդէն աւարտած է: Ճիշդ է, այս կեանքը աւարտած է, սակայն՝

ա) Իմ սիրտէս, իմ հոգիէս չէ դադրած ան:

բ) Քրիստոսի Եկեղեցիին անդամ ըլլալէ չէ դադրած երբեք, Քրիստոսի Եկեղեցիին անդամն է, եւ եթէ ես կ՚աղօթեմ այս աշխարհին վրայ գտնուող զինուորագրեալ անդամին համար, պարտաւորութիւնս է նաեւ աղօթել անոր համար, որ արդէն մեկնած է այս աշխարհէն:

Երբ Քրիստոսի զոհագործումը յիշատակելու համար Ս. Պատարագ կը մատուցուի, կը մատուցուի թէ՛ ողջերուն եւ թէ՛ հանգուցեալներուն համար: Ինչո՞ւ հանգուցեալներուն համար սակայն, մատուցուած պատարագը ի՞նչ կու տայ անոնց: Եթէ պատարագը քաւութիւն կը շնորհէ, եւ այդ քաւութիւնը, ըսինք, դատաստանին պիտի տայ Աստուած, հետեւաբար, մեր աղօթքները իրենց տեղը ունին այդ քաւութեան մէջ: Այլ խօսքով, Աստուած Իր զաւակներուն խնդրանքը՝ աղօթքը բնականաբար կը լսէ, միաժամանակ Ան Իր ընելիքը գիտէ: Մենք ալ սակայն, մեր պարտականութիւնը պէտք է գիտնանք եւ պէտք չէ թերանանք զայն կատարելու մէջ՝ ապաւինելով Աստուծոյ ողորմութեան: Յստակ է, որ ննջեցեալներուն համար մեր կատարած աղօթքներով ո՛չ թէ Աստուծոյ դատաստանն է, որ կը փոխենք, այլ՝ մեր պարտաւորութեան կատարումով Աստուծոյ անսահման գութին է, որ կ՚ապաւինինք:

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Սուրբ Եփրեմ Ասորին ԿՏԱԿ մը ձգած է, որ վերը յիշատակուած նիւթին հետ անմիջական առընչութիւն ունի, զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

Սուրբ Եփրեմ կը կտակէ.

«Տկարիս համար պատարագ մատուցէ՛ք եւ երբ քառասունքը աւարտի, զիս յիշատակի արժանի ըրէ՛ք, որովհետեւ մեռելները մեծապէս կ՚օգտուին պատարագներու մէջ կատարուած յիշատակումներէն։ Եթէ ազոխը այգիին մէջ հասուննալու ժամանակ տան մէջ գտնուող գինին կը շարժի ու կ՚եռայ իր ամանին մէջ, կամ երբ սոխը արտին մէջ տնկուի, տունին մէջ գտնուող չոր սոխը կը ծլարձակի, որքա՜ն աւելի մեռելները կը զգան պատարագի ներգործութիւնը։ Սուրբ Գիրքն իսկ կը վկայէ այս մասին, այլապէս եթէ այս յոյսը չըլլար, հապա ինչպէ՞ս մեծ մարգարէն Մովսէս օրհնեց Ռուբէնը՝ երկրորդ տոհմին մէջ (Բ. Օր 33.6)։ Ուստի, որքա՜ն աւելի Նոր Ուխտի քահանաները պէտք է յանցաւորներու մեղքերը քաւեն պատարագով»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023