ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐԷՍ...

Հոկտեմբերեան վերջին եւ տաք կիրակի օր մըն էր: Իբրեւ սովորական հաւատացեալ եւ մանաւանդ քահանայի թոռ, որոշած էի անպայման եկեղեցի երթալ: Այր եւ կին նախընտրեցինք Ս. Աստուածածինը: Սանկ մեր յարկաբաժնի մօտերը «կանգնած», հպարտ եւ սլացիկ եկեղեցին: Թէեւ չորս-հինգ շաբաթներէ ի վեր Երեւան կը գտնուէինք, սակայն շաբթուան մէջ զանազան ծրագրուած տեսակցութիւն-հանդիպումներով, թատրոններով, գրական կամ մշակութային նախաձեռնութիւններով զբաղուած կ՚ըլլայինք, ուստի շաբաթավերջը կը յատկացնէինք մայրաքաղաքէն դուրս՝ զանազան շրջապտոյտներու մասնակցութեան: Հաճելի եւ պատմական:

Այդ առտու, իսկապէս որ Երեւանը ինծի շատ գեղեցիկ թուացած էր: Թէեւ օդերեւութաբանները «շոգ» օրուան մը գալուստը կանխատեսած էին, բայց տակաւին արեւը կարծես քէն ըրած էր եւ ամպերուն ետեւ ինքզինք պահած:

Արթնցող փողոցներէն քալած պահուս, դարձեալ կը զգայի, որ հոս եմ, սեփական հողիս վրայ, եւ մտած եմ երազներուս աշխարհը եւ ամէն ինչ պատմութիւն էր: Ինծի համար յուզիչ բան մը կար օդին մէջ, հանդարտ, համով ու խորունկ կեանք: Շուրջս ալ, ոչ մէկ աճապարանք: Այր եւ կին ուրախ-ուրախ եկեղեցի կ՚երթայինք: Հաւատքի ակ եւ նոյնպէս՝ փնտռտուք: Հո՛ն, Աստուծոյ շունչը կար եւ կարեւորը՝ Անոր հետ ի խորոց սրտէ, մտերիմ մեր զրոյցը տեղի պիտի ունենար:

Ու նման մտածումներս շալկած, վերջապէս քալելով հասած էինք եկեղեցի: Բարձրախօսը հեռուէն երգեցողութիւնը լսելի դարձուցած էր: Հոգեկան անդորրութիւն եւ պայծառութիւն: Ներս-դուրս, եկող-գացող, փոքրերու բակէն ներս վազվզուք եւ հաւատացեալներով լեցուն Աստուծոյ տուն մըն էր մեր նախընտրած այդ եկեղեցին: Ապա, իբրեւ հաւատքիս կանչին արձագանգ, բանկալէն պզտիկ տոպրակ մը խունկ եւ քանի մը մոմեր գնելով, առանց զանոնք վառելու, ձեռքիս մէջ ամուր բռնած, որոշեցինք եկեղեցի մտնել: Լուրջ պաշտամունք:

Օ՜հ, ներողութիւն... մարդկային անկանոն խճողումի պատճառով, չկրցանք անմիջապէս ներս մտնել: Իրարանցում եւ վարանոտ քայլեր: Բայց բազմութիւնը ճեղքելով կամաց-կամաց եւ քնտնաթոր, բոլորին նման հրելով ու հրմշտկելով, վերջապէս հասանք եւ կեցանք եկեղեցւոյ դռնէն հազիւ քանի մը մեթր ներս: Խորանին վրայ տեսանելի էին պատարագիչն ու իր դպիր-սարկաւագները: Նաեւ յստակ լսելի էր դպրաց դասը: Այդ մէկը արդէն ինծի համար գոհացուցիչ էր:

«Հաւատամք»ը նոր սկսած էր: Եւ որովհետեւ ես ալ գոց գիտէի, երկու ափերս իրար միացնելով սկսած էի մտովի ընկերանալ դպիրներու ձայներուն: Չէ՞ որ մեր հին քաղաքի, մեր այն հին ու պատմական եկեղեցիէն ներս տարիներով «շապիկ» հագած էի, մոմ ու խաչ բռնած, «Դանիէլ»ի գիրք կարդացած, արդէն «գոց» սորված էի ամէն «բան» սարկաւագներուն չափ: Իսկ հիմա հոս «Կոմիտաս»ն էր, որ կը պատարագէր: Բայց իմ բախտէս, մօտս «կայք» հաստատած երիտասարդ զոյգէն քրտինքի անախորժ հոտը զիս իրապէս որ սկսած էր «թմրեցնել»: Ու հակառակ այս վիճակիս՝ «անուշահոտ»ի այս անօրինակ «բուրմունքին», յամառօրէն եւ երկիւղած կը փորձէի հետեւիլ ժամերգութեան: Սակայն, հաւատացէ՛ք, անտանելի էր վիճակս: Իրապէս զարմանալի.- ըսի մտովի.- այսքան առատ ջուրով քաղաքին մէջ, մարդիկ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ չեն լոգնար... կամ չե՛ն ուզեր լոգնալ... արդեօք իրենց վրայէն հոսող «անուշահոտը» իրենց քիթերուն հասանելի չէ՞ր... արդեօք բաղնիք չունէի՞ն... հագուստնին ինչո՞ւ չէին փոխեր...: Անախորժ վիճակ:

Չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, որ քիթս այդ գարշելի հոտէն «փրթած էր»: Անտանելի կացութիւն:

Մեծ խանդավառութեամբ եկած էի, խունկի բոյրով լեցուն Աստուծոյ տան մէջ ինքզինքս նորոգելու... բայց չեղաւ, այս անտանելի դրացիիս քրտինք բուրումին պատճառով: Ըստ իմ սովորութեանս, հոգեպէս նորոգման համար եկած էի Աստուծոյս այս տունը... բայց ձախողեցայ: Անմիջապէս փորձեցի իրմէ հեռանալ: Բայց ինչպէ՞ս... անկարելի էր: Խճողում: Եւ իբրեւ գերագոյն լուծում, անմիջապէս թաշկինակս գրպանէս հանելով, քիթս ծածկեցի: Երանի «քովիտի» յատուկ դիմակներէս մէկը հետս բերած ըլլայի, կը կրկնէի մտովի:

Սակայն այսքանով չգոհացանք: Այս «իրարանցումիս» մէջ, յանկարծ ականջիս անօրինակ բառերու շարան մը հասաւ: Կրկին խանգարուեցայ: Այլեւս ինծի համար արարողութեան հետեւիլը անկարելի դարձած էր, որովհետեւ այդ անախորժ ձայնը սկսած էր աւելի մօտիկէն լսուիլ... ճիշդ ականջիս տակ:

-Տիկի՛ն, տիկի՛ն... դուրս եկէ՛ք... դուք պէ՛տք է «շարֆ» դնէ՛ք ձեր գլխին... ամօ՛թ ա... դուրս եկէ՛ք..:

Դարձայ ձայնին կողմը, դէմքիս զարմանք մը բռնած: Ինքն էր, այդ անուշահոտ բուրող մարդուկը: Հասկնալի էր, որ իր խօսք-մատնանշումը, կնոջս հասցէագրուած էր: Իրաւունք ունէր... թերեւս... բայց այսքա՜ն բարձրաձա՞յն...: Հաւանաբար շուրջիններուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար... հերոսանալ կը փորձէր ըլլալ: Անհաւատալի եւ անհամ պատկեր:

Հազիւ յիսունի սահմաններուն մէջ, նոյն այդ քրտինք «բուրող», «հոտաւէտ» մօտս կեցող մարդն էր, նիհարակազմ եւ դեղնած պեխերով, կանթեղի նման խոշոր աչքերը բացած, դէմքին՝ խիստ խորշոմներով, եւ գանկին խորն ալ կ՚երեւի մեծ հարց մը շալկողի ինքնագոհութեամբ: «Հարցը» իսկապէս ծանրանալով բաւական լրջացած էր, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ ինծի համար ալ: Իր արտասանած այդ բառերը մրճահարած էին միտքս եւ հոգիս: Հիմա այս մարդուն համար ի՞նչն էր կարեւորը, կնոջս «շարֆ»ին բացակայութիւնը, թէ ո՛չ, հաւատացեալի իր աղօթքը: Արժանապատուութեանս խորտակումը նշմարելի էր: Կնոջմէս զատ եւ ճիշդ իր ալ քիթին տակ, առանց «շարֆ»ի, բաւական թիւով ուրիշ կիներ ալ կային եւ նշմարելի էին, ինչո՞ւ անոնց «բան» մը չէր ըսած... ինչո՞ւ միայն կնոջս կ՚այպանէր եւ կը փորձէր «դաստիարակել»: Չհասկցայ:

Զարմացած, իրեն նայեցայ: Ապրումիս եւ աղօթքներուս ջերմութիւնը արդէն կորսուած էր: Մօտս կամաց-կամաց անանուն մենապարտի մը ծնունդը աւետող մթնոլորտ մը ստեղծուած էր կարծես: Մեռած էին բոլոր ազնիւ մտածումներս, հին աստուածներու նման: Հիմա ինչպէ՞ս վերաշինել կեանքը: Ես ինծի հետ հաշտ չէի: Ուղղակի ձեւապաշտ վիճակ, կամ՝ քրիստոնեայ հայու ցուցամոլ դրսեւորում: Պատարագ-մատարագ շատոնց շոգիացած էին:

Մէյ մը վերէն վար իրեն նայեցայ: Հաստատապէս, իրեն համար հաւատքի խափանման կարեւոր հարց մը ստեղծուած էր եւ պէտք էր այս մէկը շուտով մը լուծուէր, որովհետեւ, իր կարծիքով, այս խճողուած եկեղեցիէն ներս միայն կինս «յանցագործ» մըն էր:

Ուստի, ամէն անհամութեան առաջքը առնելու համար, որոշեցի «նահանջել»: Ինքզինքս հաւաքեցի: Անմիջապէս կնոջս ուսին մատներովս նշան մը տալով դէպի դուրս գալ թելադրեցի: Բայց նաեւ որոշեցի սանկ երկու բառով «սիրտս» պարպելէ ետք միայն դուրս գալ: Ու հազիւ աչքերս իր աչքերուն հանդիպած էին, բարկացոտ եւ քիչ մըն ալ բարձրաձայն ու համարձակ ըսի.

-Հէ՜յ, բարեկամ... գոնէ դուք ալ՝ երկուքով, եկեղեցի գալէ առաջ, բաղնիք երթայիք... վերէն վար քրտինք կը հոտիք... ամօթ է, հոս եկեղեցի է...

Բայց զգացի, որ սիրտս բռնուած աղաւնեակի նման կը թփրտար: Ես ալ զարմացայ, թէ ինչպէ՞ս արտասանած էի այդ բառերս: Իրապէս որ ինծի համար, «դանակը ոսկորին հասած էր»: Ու անմիջապէս հրելով յառաջացայ ու նոյնքան ալ քրտնած, հասայ դուռ:

Դուրս ելանք: «Պատարագս» մնացած էր ներսը: Մոմերս ափիս մէջ բակ ելլելով այր եւ կին անմիջապէս կորսուեցանք բազմութեան մէջ: Այդ օր, կիրակիս կորսնցուցած էր, իր նախկին հոգեմտաւոր հմայքը. հաստատապէս:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեւան, 10/2023

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023