ՄՆԱՍՆԵՐՈՒ ԱՌԱԿԸ
Աւետարանի մէջ՝ մնասներու առակը նմանութիւն ունի քանքարներու առակին հետ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-20) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 12-28)։ Քանքարը ծանրութեան հին չափ մըն է՝ մօտաւորապէս 45 քիլօ, որ այդ ծանրութեամբ ոսկի կամ արծաթի կը համապատասխանէր։ Քանքար կը նշանակէ նաեւ՝ տաղանդ, ձիրք եւ ընդունակութիւն, յատկութիւն։ Իսկ մնաս՝ քանքարին կամ տաղանդին վաթսուներորդ մասն է։
Մնասներու եւ քանքարներու առակներուն մէջ նախ տեղւոյն եւ ժամանակի յայտնի տարբերութիւններ կը գտնուին, յետոյ կայ նաեւ նպատակի տարբերութիւն երկու առակներու միջեւ։ Մնասներու առակով Աստուծոյ Արքայութեան յայտնութեան ժամանակը կը մատնանշուի, իսկ քանքարներու առակով՝ արթուն մնալու պահանջքը, քանի որ ո՛չ ոք գիտէ օրը եւ ժամը։ Մնասներու առակին մէջ բազմաթիւ քաղաքական կէտեր կը նշմարուին՝ ազնուականին թագաւորութիւն ստանալը, հակառակորդներու ընդդիմութիւնը, իշխանութեան ձեռք ձգուիլը, վրէժ, եւայլն։
Իսկ քանքարներու առակին մէջ երբեք այս տեսակ մանրամասնութիւններ չեն տեսնուիր, եւ տակաւին ուրիշներ։
Այս տարբերութիւնները շատ իսկ են փաստելու, թէ մնասներու եւ քանքարներու առակները թէեւ նմանութիւններ ունին, բայց նոյնը չեն։
Մնասներու առակին եզրակացութիւնը սա է՝ թէ շնորհները առանց արդիւնաւորելու՝ անկորուստ պահել չի բաւեր, այլ դատապարտութեան կ՚ենթարկուի եւ պատժապարտութեան կ՚արժանանայ։ Ուստի կարելի է եզրակացնել, թէ առանց կորուստի բայց առանց բազմացնելու պահելն իսկ եթէ դատապարտութեան եւ պատիժի կ՚արժանանայ, հապա այդ շնորհները կորսնցնողը ո՜րքան ծանր դատապարտութեան ու պատժապարտութեան կ՚ենթարկուի։ Ուրեմն «պահել» չի բաւեր, այլ պէտք է բազմացնել, զարգացնել տաղանդը, կարողութիւնը, ձիրքը։
Մնասներու առակը ունի նաեւ անշուշտ հոգեմտաւոր իմաստ մը եւս. ան կ՚ակնարկէ հրեայ ժողովուրդին անտարբերութեան, մարգարէութիւններու եւ քարոզութիւններու նկատմամբ արդիւնաւոր աշխատանք չունենալուն։
Այս իրադարձութիւնը կապակցութիւն ունի Երուսաղէմ քաղաքի կործանման եւ Հին Ուխտի դրութեան դադարման գուշակութիւններուն հետ։
Վերջապէս կարելի է նկատել բարոյական իմաստը, թէ՝ արթնութիւն կը պատգամէ, եւ կը պահանջէ ո՛չ միայն երկնային շնորհներու հաւատարիմ պահպանութիւնը, այլեւ մանաւա՛նդ անոնց արդիւնաւորութիւնը, զարգացումը եւ տարածումը ապահովել։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ՝ թէ այն որ գիտէ շահեցնել, շահ ապահովել, ան նորանոր կարողութիւններու, շնորհներու կ՚արժանանայ. իսկ այն որ ունեցածը շահեցնել, ունեցածով շահ ապահովել չի գիտեր, իրեն վստահուած ու յանձնուածն ալ պահելու արժանի չի սեպուիր։ Ուստի սկզբունքը սա է. ան որ ունի, անոր պիտի տրուի եւ աւելցուի իր ունեցածը, եւ ան որ չունի, ունեցածն ալ պիտի առնուի իրմէ։
Այս կը նշանակէ՝ որ մարդ պէ՛տք է օգտագործէ իր ունեցածները՝ մարդկային հասարակական բարիքին եւ օգտին համար։ Ի՜նչ կ՚արժէ հարստութիւն, ստացուածք եթէ մարդ չ՚օգտագործեր այդ հարստութիւնը, ստացուածքը՝ մարդոց բարիքին համար։ Նոյնպէս, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, ի՜նչ կ՚արժէ գիտութիւն, եթէ այդ գիտութիւնը չ՚օգտագործուիր մարդոց բարիքին համար։ Արդարեւ, հարստութիւնն ալ, գիտութիւնն ալ կը բազմանայ բաժնելով, տարածելով, բազմաթիւ մարդոց օգտին ներկայացուելով, անոնց բարիք ստեղծելով, համայն մարդկութեան տրամադրելով…։
Հարստութիւնն ալ, ստացուածքն ալ, գիտութիւնն ալ անգործածելի ընելով ամլութեան կը մատնուին եւ իրենք զիրենք հե-տըզհետէ կ՚ոչնչացնեն։
Մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, եւ այդ իսկ պատճառով, մարդ կոչուած է ընկերային, հաւաքական կեանք ապրելու՝ թերութիւնները կատարելագործելու եւ տկարութիւնները զօրացնելու։ Ուստի այս «կոչում»ը մարդուս էական ու կենսական պատասխանատուութիւն մը կը բեռնաւորէ։
Եւ առանց այս պատասխանատուութեան գիտակցութեան՝ մարդս «մա՛րդ» էութեան չի՛ կրնար հասնիլ։ Բնական է մարդուն այդ օգտագործումը։
Պէ՛տք է ըսել, թէ Յիսուս նոյն նիւթը տարբե՛ր անգամներ տարբե՛ր տրամադրութիւններու մէջ տարբե՛ր դարձուածքներով կրկնած է։ Ուստի պէտք չէ՛ երբեք կարծել, թէ Յիսուս իր քարոզութիւններուն մէջ մ՛էկ նիւթը միայն մէ՛կ անգամ եւ մէ՛կ տեղ խօսած եւ ըսած է, այլ նոյն նիւթը զանազան տեղեր եւ զանազան անգամներ, զանազան դարձուածքներով խօսած է, ինչպէս կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան իր «Համապատում»ին մէջ։
Տարբեր ձեւերով ալ ըլլայ, այս նման առակներէն կը սորվինք, թէ մարդ պէ՛տք է օգտագործէ իր կարողութիւնները, յատկութիւնները՝ թէ՛ նիւթական, թէ՛ հոգեւոր իմաստով։ Մարդ ի՛նչ որ ունի, պէտք չէ զայն բոլորովին սեփականացնէ, հապա պէտք է ծառայութեան տրամադրէ իր շուրջիններուն, հետզհետէ լայնցնելով օգտակարութեան շրջանակը՝ մինչեւ նոյնիսկ համա՜յն մարդկութիւնը։ Արդարեւ մարդուս տրուած ամէն ձիրք ի վերջոյ նպատակի մը ծառայելու համար, որպէս միջոց տրուած է եւ ո՛չ թէ որպէս նպատակ։ Ուրիշ խօսքով՝ ձիրք ու տաղանդ եւ ամէն արժէք մարդուս տրուած է որպէս ծառայելու միջոց եւ պէ՛տք է գործածել բո՛ւն իսկ այդ նպատակին համար։ Առանց գործնականի վերածելու՝ ո՛չ մէկ տաղանդ արժէք կը ներկայացնէ, եւ դատապարտուած կը մնայ որպէս ամուլ եւ անօգուտ էութիւն։ Ինչպէս ուրիշ առիթներով ալ ըսինք, մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, զիրար ամբողջացնելու եւ լրացնելու, օգնելու եւ շահեցնելու իր նմանները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 30, 2015, Իսթանպուլ