ՄԱՀԸ ՄԻ՛ՇՏ ՅԻՇԻՐ
Նախապէս մի քանի յօդուածներու մէջ խօսած ենք ուսուցիչի կարեւորութեան մասին, յստակ տարբերութիւն դնելով դասատուին եւ ուսուցիչին միջեւ. ուսուցիչի մը ազդեցութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ փոխել աշակերտի մը կեանքը, հեռանկարն ու նպատակները, ունին ուժը փոխելու աշակերտի հայեացքն ու իմաստաւորելու իրենց ձգտումները, ձգելով տպաւորութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն թէ՛ անձը եւ թէ ապագան:
Գրականութեան մէջ կը տեսնենք, թէ քանի՜ քանի գրողներ, իրենց «գրող» ըլլալը կը պարտին իրենց ուսուցիչներուն. օրինակի համար՝ Գէորգ Էմին իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Այսօր ես ոչ թէ կամուրջներ կամ ջրանցքներ կը սարքեմ, այլ գիրքեր կը գրեմ, որուն համար շնորհակալ եմ դպրոցին մէջ հանդիպած ամենէն փայլուններէն մէկուն՝ Եղիշէ Չարենցին»: Եթէ չըլլար Եղիշէ Չարենց, հայ գրականութիւնը կ՚ունենա՞ր Գէորգ Էմին՝ չենք գիտեր. սակայն երէկ մեծանուն գրողին ծննդեան 105-ամեակն էր. (Գէորգ Էմին ծնած է 30 սեպտեմբեր 1919 թուականին, Աշտարակի մէջ. բուն անունով՝ Կառլէն Մուրատեան):
Անկասկած, Գէորգ Էմին արեւելահայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկն է. բանաստեղծ, որ ունի շնորհքը կեանքի ճշմարտութիւնները կարճ տողերու մէջ ամփոփելու: Մեծ բանաստեղծի ծննդեան տարեդարձին առիթով կ՚ուզենք ուսումնասիրել անոր «Մահը միշտ յիշիր» բանաստեղծութիւնը. մահը շատերու վախ կը պատճառէ. հետեւաբար ինչո՞ւ համար պէտք է յիշել բան մը՝ որ վախ ու ցաւ կը պատճառէ իր մէջ. իրականութեան մէջ բանաստեղծը այդ մէկը դրական ազդեցութեամբ կը գրէ, որովհետեւ կեանքի գոյութիւնը յիշելը այդ կեանքը շատ աւելի իմաստալից ապրելու կ՚առաջնորդէ մարդը, մարդուն տալով այն գիտակցութիւնը, որ ժամանակը սահմանափակ է. մահուան գոյութեան գիտակցութիւնը մարդը քիչ մը աւելիով մարդ կը դարձնէ՝ անոր դիմաց դնելով կորուստի անխուսափելիութիւնը եւ զինք առաջնորդելով աւելի համեստ ու մարդասէր կեանքի մը, նոյնիսկ խոնարհութեան: Մահը միշտ յիշելը մարդը կ՚առաջնորդէ կատարելագործման եւ կը մղէ զինք աւելիով հետապնդելու իր երազներն ու նպատակները՝ պարզ այն յոյսով, որպէսզի դրական ժառանգութիւն մը ձգէ իր ետին: Տակաւին մահը յիշելը մարդը կ՚առաջնորդէ հոգեւոր կեանքի զարգացման, առիթ տալով որպէսզի մարդ արարած ուսումնասիրէ իր գոյութեան նպատակը:
Գէորգ Էմինի երեք բառերէ կազմուած վերնագիրը անգամ մարդուն շա՜տ մտածելու առիթ կու տայ. այժմ անցնինք բանաստեղծութեան եւ աւելիով հասկնանք, թէ Գէորգ Էմին ինչո՞ւ կ՚առաջարկէ միշտ մահը յիշել.
«Մահը մի՛շտ յիշիր,
Բայց յիշիր ո՛չ թէ լացելու համար.
Այլ,- որ իմանաս,-
Թէ դեռ ինչքա՜ն է մնում... ծիծաղել,
Եւ... ուրախանա՛ս»:
Այս տողերէն կը հասկնանք, որ Գէորգ Էմինի համար «մահ»ը լացի արժանի ո՛չ մէկ բաժին ունի իր մէջ. ընդհակառակը, բանաստեղծը յաջողած է աշխարհի ամենէն անխուսափելին՝ մահը վերածել ծիծաղի յիշեցումի։ Բանաստեղծը կ՚ըսէ, որպէսզի գիտնաս, թէ ինչքան ժամանակ մնաց ծիծաղելու. իրականութեան մէջ այդ ժամանակը ո՛չ ոք գիտէ. կրնայ ըլլալ մի քանի ժամ մնացած է, գուցէ տարի մը. այդ իսկ պատճառով պէտք է մի՛շտ ծիծաղիլ ու խնդալ, որովհետեւ ժամին աւարտը անյստակ է բոլորիս համար. այդ իսկ պատճառով բանաստեղծը կ՚ուզէ, որպէսզի մահուան գոյութիւնը յիշելով ուրախանանք, որովհետեւ այն բոլոր խնդիրները, որոնք այսօր կը դիմագրաւենք՝ ժամանակաւոր են. ժամանակաւոր են բոլոր ցաւերը, որոնք այսօր մեր հոգին կը յուզեն: Անլուծելի թուացող իւրաքանչիւր խնդիր ժամանակ մը ետք մոռացութեան պիտի տրուի՝ այնպէս ինչպէս մոռացութեան պիտի տրուի օր մը իւրաքանչիւրիս անունն ու յիշատակը:
«Մահը մի՛շտ յիշիր,
Ո՛չ թէ անիմաստ կարծելու համար
Անելի՛քը քո,
Այլ շտապելու՝
Քանի դեռ գործ կայ այս լուսնի ներքոյ...»
Գէորգ Էմին իր առաջին տողերուն մէջ կը յորդորէ ծիծաղիլ եւ ուրախանալ, սակայն այստեղ կու գայ յիշեցնելու, որ ծիծաղիլ եւ ուրախանալ չի՛ նշանակեր աննպատակ ապրիլ. մահուան գոյութիւնը աչքի առջեւ ունենալով չի՛ նշանակեր ամէն բան անիմաստ նկատել: Ընդհակառակը, բանաստեղծը կ՚ուզէ, որ մահուան գոյութիւնը մարդը առաջնորդէ դէպի աւելի իմաստալից կեանք. արդէն իսկ ժամանակաւոր տրուած ժամանակը վատնելու փոխարէն կ՚ուզէ մարդը խրախուսել, որպէսզի իր կեդրոնացումը յատկացնէ բոլոր այն արժէքներուն, որոնք մնայուն ու կարեւոր են. առաջինը ուրախութեան, իսկ երկրորդը գիտակցութեան կոչ է, որովհետեւ իրականութեան մէջ կեանքը անոնց հաւասարակշռութիւնն է:
ԾԱՆՕԹ: Յօդուածին կից տեղադրուած նկարը գործն է երիտասարդ արուեստագիտուհի Մարինէ Գալստեանին. նկարը՝ «Ներքին զգացողութիւններ», 2024:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի վրայ չգտնուած վայրեր կամ կղզիներ գոյութիւն ունի՞ն:
Պատասխան. Թէեւ աշխարհի մեծ մասը քարտէսագրուած է, սակայն կրնայ ըլլալ գոյութիւն ունենան հեռաւոր վայրեր եւ կղզիներ, որոնք կը մնան չուսումնասիրուած կամ անհասանելի: Ամազոնի անտառներու որոշ տարածքներ եւ այլ մեծ անտառներու որոշ շրջաններ տակաւին խորապէս չեն ուսումնասիրուած: Սակայն իրականութեան մէջ չբացայայտուած վայրերու գոյութիւնը գրեթէ հազուադէպ է, նկատի ունենալով մերօրեայ արբանեակային եւ արուեստագիտութեան առաջընթացը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան