ԱՄԷՆ ԳՈՐԾ ՈՒՆԻ ԻՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կը պատմուի, թէ Հռոմէական կայսրութիւնը քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, հարիւր տարի անցնելէ ետք իսկ տակաւին կը շարունակէին, կը շարունակէին աւելի եւս խանդավառ կերպով տխրահռչակ գազանաբարոյ ցոյցերը՝ մեծ կրկէսին մէջ։
Անգամ մը զինուորական մեծ եւ կարեւոր յաղթանակ տանելէ ետք կրկէս հրաւիրուեցաւ Հոնորիոս կայսրը։ Խաղերու ընթացքին, զօրաւոր եւ բարձրահասակ մարդիկ կրկէս իջան սուսերամարտելու համար։ Ամէն կողմէ սկսան լիհագագ աղաղակներ. «Կեցցէ՛ կայսրը»։ Ըստ աւանդութեան, այս աղաղակը ազդանշան էր մարտնչելու։ Եւ ճիշդ այդ պահուն յանդուգն եւ քաջ վանական մը նետուեցաւ կրկէսին մէջտեղ եւ գոչեց. «Այս սուսերամարտիկները պիտի չմարտնչին։ Արի՞ւն հոսեցնելով կ՚ուզէք հաճեցնել եւ գոհացնել զԱստուած»։
Այդ պահուն իսկ ութսուն հազար դիտողներ պոռացին. «Ո՞վ է այս թշուառականը, որ կը յանդգնի խաղը խանգարել։ Զարկէ՛ք։ Սպաննեցէ՛ք»։ Եւ քարեր տեղացին վանականին վրայ։ Սուսերամարտիկներուն սուսերները, վահանները ծածկեցին անոր մարմինը։
Բայց քաջ վանականին անշունչ մարմինը գետին տապալեցաւ եւ զայն շպրտեցին մէկ կողմ եւ խաղը շարունակուեցաւ ծափերու տարափին ներքեւ։ Բայց վերջին անգամ ըլլալով այդ օրը ժողովուրդին աղաղակներով տեղի ունեցաւ խաղը։ Այնուհետեւ, ժողովուրդին բոլորին աչքերը բացուեցան եւ անոնց իմաստակութիւնը եւ մտքի, հոգիի խաւարը վերջ գտաւ։ Ճշմարտութեան լոյսին անդրադարձան անոնք։
Մարտիրոսի մը արիւնը անոնց հոգիներուն վրայ տարածուեցաւ։ Ամօթի եւ զղջումի զգացումը վերջ դրաւ սուսերամարտիկներու ի զուր նահատակութեան։ Խեղճ, տգէտ եւ թշուառական կարծուած ճգնաւորի մը՝ քաջասիրտ վանական հոգեւորականի մը բարոյական քաջութիւնը միանգամ ընդմիշտ վե՛րջ դրաւ սովորական դարձած հեթանոսավարի ոճրագործութեան։
Ուստի, հաւատքի հերոս վանականը կրցաւ իր նահատակութեամբ՝ ի գին իր կեանքին կրկէսի գայլին երախը՝ գազանի բերանը պատռել եւ փշրել ակռաները։
Անոնք որոնք մշակին կեանքը եւ գործը դիտած են, կ՚ըմբռնեն եւ կը վկայեն անոր դժուարութիւնը. օրն ի բուն արեւի տօթին տակ բացօթեայ չարաչար աշխատանք է անոր բաժինը։
Իսկ հոգեւորականին՝ հոգեւոր մշակին գործը առաւել եւս ծանր է եւ դժուարին։
Դաշտի մշակը պէտք ունի վարժութեան, մարմնական զօրութեան եւ փորձառութեան։ Սակայն հոգեւոր մշակը ամենէն առաջ պէտք ունի եւ կը կարօտի հաւատքի եւ աղօթքի, ապա տարի՜ներու դաստիարակութեան… Իսկ «մշակ» դառնալէ ետք պէտք է ուղիղ նկարագիր ունենայ եւ նուիրեալ ծառայասիրութեան, անձնուիրութեան եւ անձուրացութեան ոգի։
Ճշմարիտ հոգեւորականը պէ՛տք է ծառայող ըլլայ, եւ ո՛չ թէ ծառայութիւն ընդունող՝ Յիսուս Քրիստոսի տիպարով։ Համեստութեան, պարզութեան եւ խոնարհութեան ոգին պէտք է տիրապետէ անոր մէջ՝ քաջասիրտ հոգիով մը։ Ան պէտք է ունենայ հասկացողական համակրանք՝ նուիրական ոգիով։
Եթէ դաշտի մշակը օրն ի բուն չարաչար կ՚աշխատի, կը տքնի, քրտինք կը թափէ՝ հոգեւոր մշակը, որուն անբաժան է մտաւոր մշակը, գիշեր եւ ցերեկ կը գործէ հրաժարելով աշխարհային շատ մը զբաղումներէ, տենչանքներէ եւ ցանկութիւններէ։ Արդարեւ, հոգեւոր մշակը «տիպար» ըլլալու պատասխանատուութիւն մը ունի եւ հոգեւոր մշակէն նախ եւ առաջ կ՚ակնկալուի բարոյակա՛ն կենցաղ։ Եւ այս իմաստով մտաւոր մշակին ալ ծանր պատասխանատուութիւն կը վերաբերի։ Տարբեր խօսքով՝ հոգեւոր մշակը պէ՛տք է ձգտի Քրիստոսի «հանդերձ» հագնելու եւ զայն անապական պահելու, քանի որ սքեմը չէ՛ որ մարդուն արժէքը կ՚աւելցնէ, այլ սքեմը կրողը սքեմին յարգը եւ պատիւը կը պահէ։
Ան որ ի վիճակի չէ իր անձը ուրանալու եւ անձը նուիրելու, չի՛ կրնար հոգեւոր մշակ դառնալ, իր իսկական առումով։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է իմաստը այն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Հունձքը առատ է բայց դժբախտաբար մշակները սակաւ…»։ Երանի՜ իրաւ մշակներուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 31, 2024, Իսթանպուլ