ՀՈՍԱՆՔԻՆ ԴԷՄ ԹԻԱՎԱՐԵԼ
«Հոսանքին դէմ դիմադրել» կամ «Հոսանքին դէմ թիավարել», ժողովրդական ասութիւններ են, որ ընդհանրապէս անկարելին կատարելու ապարդիւն աշխատանքը կը խորհրդանշեն։ Նոյն իմաստով կը գործածուի նաեւ «Սանդի մէջ ջուր ծեծել» խօսքը՝ որ գրեթէ նոյն «ապարդիւն աշխատանք»ը ցոյց կու տայ։ Արդարեւ, անկարելին կատարել, անկարելի նպատակի մը հասնելու ջանալ ո՞րքան ճիշդ է, վիճելի է, քանի որ մա՛րդ իր կարողութենէն եւ տարողութենէն վեր ո՛չինչ կրնայ կատարել։
Մարդկային միտքը՝ որքան ալ բանականութիւն ունենայ, մարդ որքան ալ խորհելու, երեւակայելու, տրամաբանելու առաւելութիւններով օժտուած ըլլայ, ի վերջոյ որոշ սահման մը ունի, տարողութեան չափ մը, մէկ խօսքով՝ սահմանափակ կարողութիւն մը ունի եւ իր կարելիութիւնները սահմանաւոր են։ Ուստի մարդկային տկարութիւններ եւ թերութիւններ, մարդը անկատար կ՚ընեն։
Բայց քանի որ կան բնութեան մէջ զանազան երեւոյթներ, պատահարներ, եւ անոնց ստեղծած հարցեր եւ խնդիրներ, որոնց լուծում մը բերել՝ դարձեալ մարդուն կը վերաբերի, իր կեանքը պահպանելու եւ կարենալ տեւականացնելու համար։ Մարդ, պարտաւո՛ր է կեանքի մէջ դիմաւորուած արգելքներու դիմադրել, խոչընդոտները վերցնել, դժուարութիւնները յաղթահարել, որպէսզի ապրի՛։
Ուրեմն ապրելու եւ կեանքը կարենալ տեւականացնելու համար, քանի որ իր կարողութիւնը եւ տարողութիւնը սահմանաւոր է, մարդ պահանջքը կը զգայ վստահելի օգնականի մը։ Այն բանը, որ իր անձնական ուժերով չի կրնար իրականացնել, մարդ պէտք է դիմէ վստահելի եւ իրմէ աւելի կարող, աւելի զօրաւոր մէկու մը, ի՛նչ որ շատ բնական է եւ նպատակայարմա՛ր։
Եւ ահաւասիկ, Յովհաննէսի աւետարանի վկայած դէպքը, ուր Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք», (ՅՈՎՀ. Զ 20), ուղեցոյց մըն է մարդուս, թէ՝ դժուարութիւններու, արգելքներու, խոչընդոտներու եւ նեղութիւններու մէջ, որո՛ւ պէտք է վստահիլ, որո՛ւ պէտք է ապաւինիլ, եւ որմէ՛ պէտք է օգնութիւն հայցել…։
Արդարեւ, երբ բնութեան մէջ կը գտնուին «անկարելիութիւն»ներ, զանոնք յաղթահարելիք ուժ մը, գերազանց կարողութիւն մը եւ զօրութիւն մըն ալ պէտք է գտնուի։ Եւ ահաւասիկ, այն հարցումին, թէ ո՞վ է այդ ամենակարողը, Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք», (ՅՈՎՀ. Զ 20)։
Յաճախ կը յիշենք ամերիկացիներու այն ծանօթ խօսքը, թէ՝ «Նպատակի մը հասնելու համար, յաջող մէկը ըլլալու համար, մարդ պէտք է անսովոր, ամէն մէկու ըրածէն բոլորովին տարբեր բան մը ընէ, իսկ եթէ չի կրնար եզական եւ աննախընթաց բան մը ընել՝ սովորական բան մը թող ընէ, բայց լաւագոյնը ընէ»։ Բայց եզական բան մը կամ հասարակ բան մը լաւագոյն կերպով կատարելու համար մարդ միշտ պէտք ունի վստահելի մէկու մը, քանի որ բնականօրէն ան ունի տկարութիւններ եւ թերութիւններ։
Արդարեւ, Աստուած՝ Արարիչը երբ ստեղծեց մարդը՝ ամէն մէկուն տուաւ տարբեր շնորհներ, կարողութիւններ, որպէսզի զիրար լրացնեն՝ իրարու օգնեն եւ իրերօգնութեան շնորհիւ զօրանան եւ յաղթահարեն դժուարութինւները։
Բայց մարդ, որքան ալ իրերօգնութեամբ իր կարողութիւնը բազմապատկէ, միշտ պիտի ունենայ տկար եւ թերի կողմ մը, եւ պահանջքը պիտի զգայ գերագոյն եւ գերազանց ամենակարող զօրութեան մը։ Ահաւասիկ մարդ եթէ կարենայ անդրադառնալ իր այդ թերութեան եւ տկարութեան՝ անկատարութեան, ականջ պիտի տայ Յիսուսի, որ կ՚ըսէ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք»։ Եւ մարդ պիտի ճանչնայ զԱստուա՛ծ…։
Ըստ Աւետարանի վկայութեան, երբ առաքեալները հակառակ իրենց փորձառութեան եւ ճարտարութեան, կը դժուարանային նաւարկել, սաստիկ հովին պատճառով՝ որ իրենց հակառակ կը փչէր։
Ուրեմն, կը հետեւի, թէ՝ մարդ որքան փորձառու, ճարտար կամ զօրաւոր ըլլայ, եւ որքան ալ իր կարողութիւնները միացնէ ուրիշներու կարողութեան հետ, միշտ թերի կը մնայ, տկար կը մնայ իր նպատակին հասնելու գործին մէջ։ Եւ ահա այն ատեն, կը հասնի ձայնը. «Ես հո՛ս եմ, մի՛ մտահոգ-ւիք, մի՛ վախնաք, ես պիտի հասնիմ ձեր օգնութեան…»։
Եւ այս վստահութիւն ներշնչող ձայնին, անխտիր ամէն մարդ պէտք ունի, քանի որ ինչքան ալ զօրաւոր ըլլայ՝ ճարտար եւ փորձառու, եւ ինքնավստահ, պիտի ունենայ միշտ պակաս մը, տկար կողմ մը՝ որ արգելք պիտի ըլլայ իր ընթացքին, իր յառաջացման դէպի «նաւահանգիստ»ը՝ իր մտադրած նպատակին, խաղաղութեան եւ երջանկութեա՛ն։ Արդարեւ, խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ մարդուս ապահով «նաւահանգիստ»ներն են, որուն կը ձգտի ամէն խոհական միտք եւ մաքուր սիրտ։
Ուրեմն կեանքի ամէն նեղութիւն, դժուարութիւն յաղթահարելու համար պէ՛տք է անդրադառնալ այն քաղցր, վստահութիւն ներշնչող ձայնին, որ կ՚ըսէ. «Ես եմ, մի՛ վախնաք», որ կը խոստանայ տանիլ ապահով «նաւահանգիստ»ը՝ ալեկոծեալ կեանքի ծովուն վտանգներուն մէջէն անվտանգ եւ անվնաս կերպով։
Եւ ահաւասիկ, կեանքի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն տոկալու եւ կարենալ դիմադրելու համար բացատրագիրը՝ անդրադառնալ եւ ականջ տալ այն վստահութիւն ներշնչող քա՜ղցր ձայնին, որ կ՚ըսէ.
«Ես եմ, մի՛ վախնաք…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 5, 2018, Իսթանպուլ