ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մարդ կեանքի ընթացքին զանազան դէպքերու ականատես կ՚ըլլայ, կ՚ապրի, կ՚ազդուի ու կը տպաւորուի, ո՛ր մէկը հաճոյք, ուրիշ մէկը ցաւ կը պատճառէ. ո՛ր մէկը կ՚անցնի կ՚երթա՜յ, ուրիշ մէկը տեղ կը գրաւէ մտքին ու սրտին մէկ անկիւնը, միշտ կը մնայ որպէս անբուժելի վէ՛րք մը…։
Ապերախտութիւնը, կարծեմ, ամենէն վիրաւորիչներէն մէկն է, որուն մարդ կրնայ հանդիպիլ յաճախ իր կեանքին մէջ։
Ապերախտութիւնը անբուժելի, անդարմանելի վէրքեր կը թողու մարդուս սրտին մէջ եւ խորապէս կը տպաւորէ մարդկային միտքը։ Կան ոմանք՝ որ կարեւորութիւն իսկ չեն տար ապերախտութիւններու, քանի որ անոնց համար ապերախտ մարդը՝ բարեկամ չէ, թէեւ քիչ մը ծանր կը թուի, բայց ապերախտ մարդը՝ «մա՛րդ» չէ, այլ՝ տմարդ։ Եւ մարդ չեղողի համար ցաւ զգալ, վշտանալ՝ անիմաստ է, այդպէս մտածողներու եւ ապերախտութիւնը այդ աչքով դիտողներու համար…։
Երանի՜ այդպէս կարենար խորհիլ ամէն մարդ։
Ոմանք, կարծեմ, մեծամասնութիւն կազմող մարդիկ կը վիրաւորուին, երբ ապերախտութեան հանդիպին, կը յուսալքուին, կը վշտանան եւ կեանքը անիմաստ կը թուի իրենց։ Բայց կրկնապատիկ կը վնասուին, քանի որ ապերախտը չի զգար, չ՚անդրադառնար իսկ իրենց վիճակին եւ կը շարունակէ ապերախտութեամբ մօտենալ, որպէս բնական վարմունք։ Ապերախտը եթէ անդրադառնար իր սխալին՝ արդէն ան ապերախտ չէր ըլլար։
Արդարեւ կեանքի մէջ սխալներ մեծ մասամբ «սխա՛լ» են, քանի որ ենթական չ՚անդրադառնար սխալին եւ կը շարունակէ իր ընթացքը։ Ապերախտութիւնը տեսակ մը անտարբերութիւն կամ անգիտակցութիւն կարելի է նկատել, քանի որ ապերախտութեան նախապատճառներէն մին եւ գլխաւորն է՝ անտարբերութի՛ւնը։
Եկէ՛ք սիրելիներ, իմ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, տեսնենք, թէ ի՛նչ մօնեցում ունի ապերախտութեան նկատմամբ Սուրբ Գիրքը, եւ դիտենք այս ախտաւոր երեւոյթը «հոգեւոր աչք»ով անգամ մըն ալ։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, թէ ապերախտութիւնը չարերուն բնաւորութիւնը եւ նկարագի՛րն է.
«Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները ինծի դէմ կը կենան, վասնզի ես աղէկութեան ետեւէն կ՚երթամ» (ՍԱՂՄ. ԼԸ 20), եւ. «Վասնզի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ» (Բ ՏԻՄՈԹ. Գ 2)։ Կը հետեւի, թէ ապերախտութիւնը իր լայն առումով՝ բարիքի դէմ չարիք գործել եւ չճանչնալ բարիք ու ամէն արժէք. մսխում մը, վատնո՛ւմ մըն է արժէքներու ու բարիքի։ Եւ ահաւասիկ այս իմաստով է, որ Սաղմոսերգուն տրտունջքը կը յայտնէ մեծ նեղութեան մէջ. «Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութի՛ւն» (ՍԱՂՄ. ՃԹ 5)։ Եւ կարծեմ ապերախտութեան ամենէն ցաւալին եւ ծանր վիրաւորողը՝ ազգականներու եւ կամ անկեղծ կարծուած բարեկամներու ապերախտութիւնն է, ինչպէս Յոբ կ՚ըսէ. «Ազգականներս զիս թողուցին ու իմ ճանչուորներս զիս մոռցան» (ՅՈԲ. ԺԹ 14)։
Իսկ հաւատարիմ կարծուած օգնականներու, կամ խտրութիւն չդրուած ծառաներու ապերախտութիւնը նոյնքան ցաւալի՜ է եւ մտահոգիչ. «Ծառաս կանչեցի ու անիկա պատասխան չտուաւ, թէեւ բերանովս անոր աղաչեցի» (ՅՈԲ. ԺԹ 16)։ Ընտանիքի անդամներուն ապերախտութեան պատճառած վիշտը եւ ցաւը անմխիթարելի է։ Ծանօթ կարծուածներու մէջ օտար զգալ, բազմութեան մէջ մինակ զգալ ինքզինք, բարոյական չարչարանք է, ինչպէս կ՚անդրադառնայ Յոբ եւ կ՚ըսէ. «Իմ տունս բնակողները ու աղախիններս զիս անծանօթ մէկը սեպեցին ու անոնց աչքին առջեւ օտարական եղայ» (ՅՈԲ. ԺԹ 15)։
Մարմնական չարչարանքէն շատ աւելի ծանր ու տաժանելի, անտանելի է՝ բարոյական չարչարանքը։ Յոբ իր ենթարկուած չարչարանքներով տիպա՛ր մըն է ամբողջ մարդկութեան։ Ան ենթարկուած է ապերախտութեան ամէն աստիճանին, ամէն տեսակին, ամէն մարդու կողմէ։
Իսկ նեղութեան մէջ գտնուող բարեկամէ մը հեռու մնալ, օգնութիւն զլանալ, ապերախտութեան ուրիշ մէկ տեսակն է՝ միշտ ցաւալի՜, միշտ մտահոգիչ.
«Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռո՛ւ կը կենան, ազգականներս ալ հեռու կը կենան» (ՍԱՂՄ. ԼԸ 11)։ Եւ ի՜նչ վատ զգացում է մէկու մը՝ որուն նեղութեան ատեն հեռանան իր վստահածները։ Ապերախտութեան ամենէն վիրաւորիչ կողմը, որ յաճախ կը դիմաւորուի մարդ։ Ո՞ր մէկուն վստահիլ, ո՞ր մէկուն ապաւինիլ՝ երբ երախտագիտութեան ամէն ազնիւ զգացում կորսուած է եւ հաւատարմութիւնը այլեւս որեւէ նշանակութիւն չունի…։
Հոգեւոր ճշմարտութիւններ եւ բարոյականութեան զգացումներ կ՚ուսուցանեն, թէ ապերախտներու եւ անհաւատարիմներու հետ սիրով ու հաւատարմաբար պէտք է վարուիլ։ Մարդկային միտքը ո՜րքան պէտք է ազնիւ ըլլայ, մարզուած, որ կարենայ վարուիլ բարի՝ չարին դէմ։ Եւ ո՜րքան դժուար է մարդկային բնութեան՝ չարին դէմ բարի, ատելութեան դէմ սիրով եւ ապերախտութեան դէմ հաւատարմութեամբ վարուիլ։ Դժուար եւ անկեղծ ու իրատես ըլլանք՝ անկարելի բան է վիրաւորուած մէկէ մը առողջ մարդու պէս վարուիլ պահանջել։ Մարդ եթէ վիրաւորուած է, զինք վիրաւորողէն «արդար հատուցում» պահանջելու իրաւունքը ունի, ի՛նչ որ բնական է եւ չի հակառակիր բանականութեան։
Արդարեւ տեսլականը եւ գործնականը պէտք է միշտ զանազանել իրարմէ եւ կարելին պահանջել ենթակայէն՝ ո՛չ աւելին եւ ոչ ալ պակասը։ Արդարութիւնը ա՛յս կը պահանջէ…։ Առաքեալը կը պատուիրէ միշտ սէր ցոյց տալ ապերախտներուն. «Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ, պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար, թէպէտ եւ ձեզ աւելի՛ սիրելովս ձեզմէ քիչ սիրուիմ ալ» (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 15)։ Թէ ի՛նչ է ապերախտութեան հատուցումը կամ պատիժը։ Առակախօսը սապէս կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ՝ չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ» (ԱՌԱԿ. ԺԷ 13)։
«Աստուած իմ տառապանքս ու իմ ձեռքիս աշխատութիւնը տեսաւ ու երէկ գիշեր քեզ յանդիմանեց» (ԾՆՆԴ. ԼԱ 42)։ Այս կը նշանակէ՝ որ ապերախտութիւնը անպայման պիտի պատժուի աստուածային արդարութեան համաձայն իր արժանի եղած կերպով։
Իսկ Մարգարէն այս մասին կ՚ըսէ. «Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞։ Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։ Յիշէ՛, թէ քու առջեւդ կայնեցայ, որպէսզի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ։ Անոր համար անոնց տղաքը սովի՛ մատնէ ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ՛։ Անոնց կիները անզաւակ ու որբեւարի թող ըլլան եւ այրերը թող մեռնին ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով թող զար-նըւին» (ԵՐԵՄ. ԺԸ 20-21)։ Ուստի պատիժը պէ՛տք է համապատասխան ըլլայ յանցանքին, այս իմաստով ու նպատակով հասկնալու է վերոյիշեալ տողերը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3, 2015, Իսթանպուլ