ՕՐԷՆՔ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔ
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ, թէ՝ Աստուած օրէքին տախտակներուն վրայ դրոշմեց ի՛նչ որ մարդիկ չէին կրնար կարդալ իրենց սրտերուն մէջ։
«Բարոյական օրէնք»ը՝ աստուածային Իմաստութեան գործն է։ Սուրբգրային իմաստով կարելի է սահմանել զայն իբրեւ հայրական ուսուցում, Աստուծոյ դաստիարակութիւն։
Արդարեւ, բարոյական օրէնքը կը գծէ մարդուն ուղիները եւ կենցաղի կանոնները՝ որոնք կը տանին դէպի խոստացուած երանութիւնը. ան կ՚արգիլէ Աստուծմէ եւ Անոր սէրէն հեռացած «չար»ին ճամբաները եւ միջոցները։ Ան միանգամայն խի՛ստ է իր պատուէրներուն մէջ իր սիրալիր՝ իր խոստումներուն մէջ։
«Օրէնք»ը կենցաղի կանոն մըն է, հրահանգուած պատկան իշխանութեան կողմէ հասարակաց բարիքին համար։ Եւ այս իսկ պատճառով, հաւասարութիւնը օրէնքի կիրառութեան առաջնակարգ պայմանն է։ Ուստի, օրէնքի գործադրութիւնը հաւասարութիւն կը պահանջէ։ Բարոյական օրէնքը կ՚ենթադրէ բանական կարգը, որ Արարչին զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին համար եւ ի նպաստ անոնց վախճանին։
Ամէն օրէնք յաւիտենական օրէնքին մէջ կը գտնէ իր առաջին եւ վերջին ճշմարտութիւնը։ Օրէնքը հռչակուած եւ հաստատուած է բանականութեան կողմէ իբրեւ մասնակցութիւն մը կենդանի Աստուծոյ նախախնամութեան, որ Արարիչն եւ Փրկիչն է բոլորին։ Եւ ահաւասիկ, այս «բանականութեան կարգաւորութիւն»ը կը կոչուի «օրէնք»։
Բարոյական օրէնքը իր լիութիւնը եւ միութիւնը Քրիստոսի մէջ կը գտնէ։ Յիսուս Քրիստոսի մէջ կը գտնէ։ Յիսուս Քրիստոս Ինքը անձա՛մբ ուղին է կատարելութեան։ Ի՛նքն է վախճանը օրէնքին, որովհետեւ միայն Ինք կ՚ուսուցանէ եւ կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը. «Որովհետեւ օրէնքին նպատակը Քրիստոս Ինքն է, արդարացումը ամէն հաւատացեալին». (ՀՌՈՎՄ. Ժ 4)։
Մարդը կը մասնակցի Արարչին իմաստութեան եւ բարութեան, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։
Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ինչ որ բարի է եւ չար, ինչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ։
Աստուածային եւ բնական օրէնքը՝ ցոյց կու տայ մարդուն այն ճամբան՝ որուն ան պիտի հետեւի՝ գործելու համար բարին եւ հասնելու համար իր վախճանին։ Բնական օրէնքին գործադրութիւնը բազմատեսակ է. ան կրնայ, կեանքի պայմաններուն բազմազանութեան հետ յարմարցուած, խորհրդածութիւն պահանջել ըստ վայրերու, ժամանակաշրջաններու եւ պարագաներու։ Սակայն մշակոյթներուն զանազանութեան պարագային՝ բնական օրէնքը կը մնայ իբրեւ կանոն մը՝ որ մարդիկը իրարու կը զօդէ եւ անխուսափելի տարբերութիւններէն անդին, հասարակաց սկզբունքներ կը պարտադրէ անոնց։
Բնական օրէնքը անյեղլի եւ յարակայ կը մնայ պատմութեան յեղաշրջումներուն մէջ. ան կը գոյատեւէ գաղափարներու եւ բարքերու մակընթացութեան տակ եւ թիկունք կը կանգնի անոր յառաջդիմութեան։ Զայն արտայայտող կանոնները կը մնան ըստ իրենց էութեան վաւերակա՛ն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 9, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024