ՃՇՄԱՐ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԱ­ՍԻՆ

«Պի­ղա­տոս հար­ցուց.- Ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 38)։ Ի­րա­պէս խորհր­դա­ւոր հար­ցում մըն է սա, քա­նի որ ընդ­հան­րա­պէս կա­րե­լի չէ՛ յստակ պա­տաս­խան մը գտնել այդ հար­ցու­մին, թէ՝ ի՛նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը։ Չա­փա­զան­ցած կ՚ըլ­լա՞նք, երբ ը­սենք, թէ ա­մէն մարդ ու­նի իր ճշմար­տու­թեան ըմբռ­նու­մը։ Իւ­րա­քան­չիւր անձ երբ իր տե­սան­կիւ­նէն կը դի­տէ ի­րո­ղու­թիւն մը, ե­րե­ւոյ­թ մը՝ իր տե­սա­ծը «ճշմար­տու­թիւն» կը հա­մա­րէ, բայց ու­րի­շի մը հա­մար, որ ու­րիշ տե­սան­կիւ­նէ կը դի­տէ նոյն ի­րո­ղու­թիւ­նը, կրնայ բո­լո­րո­վին տար­բեր նկա­տել ու հասկ­նալ ճշմար­տու­թիւ­նը, որ եր­բեք չի հա­մե­մա­տիր ա­ռա­ջի­նին։

Ճշմար­տու­թիւ­նը սա­կայն մէ՛կ է, չի փո­խուիր, կա­րե­ւո­րը այդ միակ, ան­փո­փոխ ի­րա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը գտնե՛լն է։ Ար­դա­րեւ «ի­րա­կա­նու­թիւն»ը եւ «ճշմար­տու­թիւն»ը պէտք չէ շփո­թել ի­րա­րու հետ։ Կար­ծեմ այդ զա­նա­զա­նու­թեան պա­կասն է, որ ճշմար­տու­թիւ­նը յա­րա­փո­փոխ ար­ժէ­քի մը կը վե­րա­ծէ։ Ուս­տի ա­մէն ի­րա­կա­նու­թիւն (réalité) ճշմար­տու­թիւն (vérité) չէ՛։

Մարդ կը տես­նէ ի­րո­ղու­թիւն մը՝ ի­րա­կա­նու­թիւն մը, բայց երբ մէկ ան­կիւ­նէ դի­տէ զայն, կրնայ սխա­լիլ եւ կար­ծել, թէ տե­սա­ծը «ճշմար­տու­թիւն» է, ճշմա­րիտ է։

Սա­պէս կա­րե­լի է ը­սել. ի­րա­կա­նու­թիւ­նը են­թա­կա­յա­կան (subjectif) է, իսկ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ ա­ռար­կա­յա­կան (objectif)։ Հոս կ՚ար­ժէ յի­շել Պղա­տո­նի ճշմար­տու­թեան մա­սին խօս­քը, թէ՝ մար­դիկ եր­բեք չեն տես­ներ ճշմար­տու­թիւ­նը, այլ միայն ճշմար­տու­թեան ցո­լա­ցու­մը, անդ­րա­դար­ձու­թիւ­նը (réflexion) միայն, ի՛նչ որ ճշմար­տու­թիւն չէ՛…։ Ու­րեմն ճշմար­տու­թիւն կար­ծել ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն, կը սխա­լեց­նէ մարդս։

Այս ի­մաս­տով կա­րե­լի է ը­սել, թէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը «ճշմար­տու­թիւն» կար­ծել ինք­նա­խա­բէու­թեան մէկ տե­սակն է եւ մեծ մա­սամբ կը սխա­լեց­նէ մարդս։

Ու­րեմն ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ճշմար­տու­թիւ­նը այն է՝ ի՛նչ որ ինքն է։ Ճշմար­տու­թիւ­նը այն է, ի՛նչ որ ցո­լա­ցում չէ՛, այն որ շուք կամ ստուեր, հետք չէ՛, այն որ նկար չէ՛, այն որ նման չէ՛, հա­պա ա՛յն որ ինքն է, այն որ իս­կու­թիւն է, այն որ հա­րա­զա՛տ է։

Յի­սուս, թէեւ չպա­տաս­խա­նեց Պի­ղա­տո­սի հար­ցու­մին, թէ՝ ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը, բայց նա­խա­պէս ը­սաւ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն. «Ե՛ս եմ ճամ­բան, ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կեան­քը» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Եւ ար­դէն կան­խած էր Պի­ղա­տո­սի հար­ցու­մին երբ ը­սաւ. «Ես ծնած եւ աշ­խարհ ե­կած եմ մէկ բա­նի հա­մար, որ­պէս­զի վկա­յեմ ճշմար­տու­թեան։ Ով որ կողմ­նա­կից է ճշմար­տու­թեան՝ ա­նի­կա իմ խօս­քը կը լսէ» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37)։­

Այս խօս­քե­րէն կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, թէ ճշմար­տու­թիւ­նը տես­նե­լու հա­մար պէ՛տք է շի­տակ տե­սան­կիւ­նէ դի­տել ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Ե­թէ ի­րա­կա­նու­թեան շի­տակ եւ ու­ղիղ տե­սան­կիւ­նէ մօ­տե­նանք, ա­պա ու­րեմն կը հաս­նինք ու կը հասկ­նանք ճշմար­տու­թեան էու­թիւ­նը։

Եւ ե­թէ աշ­խար­հի նա­յինք Յի­սու­սի մե­զի ցոյց տուած տե­սան­կիւ­նէն՝ կը տես­նենք ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կը հաս­նինք ճշմար­տու­թեան։ Ու­րեմն երբ ճամ­բան ու­ղիղ է, ա­պա ու­րեմն այդ ճամ­բան մե­զ կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ ճշմար­տու­թեան՝ ո՛ւր է կեան­քը։

Ը­սինք, թէ ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն, ա­մէն ի­րա­կա­նու­թիւն, ա­մէն տես­նուած ճշմար­տու­թիւն չէ, քա­նի որ շատ են ի­րո­ղու­թիւն­ներ, բազ­մա­թիւ են ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ, ո՛ր տե­սան­կիւ­նէն դի­տենք զայն կը տես­նենք. մինչ­դեռ ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է եւ կա­րե­լի է տես­նել միա՛յն մէկ տե­սան­կիւ­նէ՝ ու­ղիղ եւ շի­տակ տե­սան­կիւ­նէ։ Ա­հա­ւա­սիկ, հմտու­թիւ­նը հոն է, ու­ղիղ եւ շի­տակ տե­սան­կիւ­նը ո­րո­շել։

Եւ ու­ղիղ եւ շի­տակ տե­սան­կիւ­նը ո­րո­շե­լու հմտու­թեան ակն ալ՝ հա­ւա՛տքն է։ Այն որ կը հա­ւա­տայ, հմտու­թիւն կը ստա­նայ ու­ղիղ եւ շի­տակ տե­սան­կիւ­նը ո­րո­շե­լու եւ ճշմար­տու­թեան հաս­նե՛­լու։

Ար­դա­րեւ մարդ սխա­լա­կան է, քա­նի որ ան մարդ­կա­յին թե­րու­թիւն­ներ, տկա­րու­թիւն­ներ ու­նի, ան­կա­տար է եւ իր ա­մէն տե­սա­ծը ճշմար­տու­թիւն չէ՛։

Եւ ո՜ր­քան սխալ է՝ ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու, ա­ռանց խո­րա­նա­լու ա­մէն տե­սա­ծը ճշմար­տու­թիւն կար­ծել։ Ուս­տի կը սխա­լին ա­նոնք, որ կը հա­ւա­տան ի­րենց ա­մէն տե­սա­ծին որ­պէս ճշմար­տու­թիւն։ Սխա՛լ է նաեւ ա­մէն բան մեր­ժել եւ ու­րա­նալ ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու, ա­ռանց խո­րը թա­փան­ցե­լու։

Յի­սու­սի «Ես եմ ճշմար­տու­թիւ­նը» խօս­քէն կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, թէ՝ ճշմար­տու­թիւն է այն՝ որ ճշմար­տա­խօս, ուղ­ղա­միտ եւ շի­տակ բեր­նէ մը ե­լած է։ Մարդ երբ կը հա­ւա­տայ, կը վստա­հի մէ­կուն ճշմար­տա­խօ­սու­թեան, ա­պա ու­րեմն կրնայ հաս­տատ կեր­պով ը­սել, թէ ա­նոր ա­մէն խօս­քը ճշմար­տու­թեան վկա­յու­թի՛ւն մըն է։ Հա­ւա­տալ, վստա­հիլ եւ հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լալ «խօսք»ին ճշմար­տու­թեան՝ մարդս հաս­տատ քայ­լե­րով կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ճշմար­տու­թեան։ Ուս­տի ճշմար­տու­թիւ­նը կամ ա­նոր նա­խա­պայ­մա­նը եւ շար­ժա­ռի­թը՝ ճշմար­տա­խօ­սու­թիւ­նը այն ար­ժէ­քը եւ ա­ռա­քի­նու­թիւնն է, որ կը կա­յա­նայ ինք­զինք իր ամ­բողջ ա­րարք­նե­րուն մէջ «ճշմա­րիտ» ցոյց տա­լու եւ ճշմար­տա­խօս ըլ­լա­լու՝ զգու­շա­նա­լով երկ­դի­մու­թե­նէ, ձե­ւա­ցու­մէ եւ կեղ­ծա­ւո­րու­թե­նէ։ Եւ դար­ձեալ Յի­սու­սի խօս­քով՝ «ա­յո»ն ա­յո՛ եւ «ոչ»ը ո՛չ ըլ­լա­լու է, որ­պէս­զի ճշմար­տա­խօս ըլ­լայ մարդ՝ ո­րուն խօ­սա­ծը «ճշմար­տու­թի՛ւն» է։ Ուս­տի մարդ պէտք չէ՛ «ա­մօթ զգայ վկա­յու­թիւն տա­լու Տի­րոջ» (Բ. ՏԻՄ. Ա 8), Տի­րոջ՝ այ­սինքն ճշմար­տու­թեան գոր­ծով ու խօս­քով։ Եւ ան­շուշտ գոր­ծը եւ խօս­քը՝ ո­րոնք կու գան խոր­հուր­դէն, պէտք է «ամ­բողջ» մը հա­մա­րուի։ Խոր­հուր­դը, խօս­քը եւ գոր­ծը ե­թէ հա­մա­պա­տաս­խան չէ՛, ա­պա ու­րեմն հոն ճշմար­տու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի՛։ Ար­դա­րեւ Աս­տուած ճշմար­տու­թիւն է, քա­նի որ Ան ճշմար­տա­խօս է՝ խոր­հուր­դը, խօս­քը եւ գոր­ծը հա­մա­ձայն ու հա­մա­պա­տաս­խան է եւ Ան ա­կունքն է ա­մէն ճշմար­տու­թեան։

Աս­տուած «ճշմար­տու­թիւն» է, քա­նի որ Ան հա­ւա­տա­րիմ է իր խօս­քին եւ Ա­նոր խօս­քը ճշմար­տու­թիւն է, ինչ­պէս Ա­նոր Օ­րէն­քը ճշմար­տու­թիւն է։ Եւ մարդ կո­չուած է ապ­րե­լու ճշմար­տու­թեան մէջ։ Ար­դա­րեւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ ամ­բող­ջո­վին յայտ­նուե­ցաւ Աս­տու­ծոյ ճշմար­տու­թիւ­նը. Ի՛նքն է «աշ­խար­հի լոյ­սը» (ՅՈՎՀ. Ը 12), շնորհ­քով եւ ճշմար­տու­թեամբ լե­ցուած։ Հա­ւա­տա­ցեա­լը կը մնայ Ա­նոր խօս­քին մէջ, որ­պէս­զի ճանչ­նալ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ որ կ՚ա­զա­տագ­րէ եւ կը սրբաց­նէ։

Յի­սու­սի հե­տե­ւիլ՝ ճշմար­տու­թեան մէջ ապ­րիլ է Հո­գիով, զոր Հայ­րը կ՚ա­ռա­քէ Իր իսկ ա­նու­նով։ Ան կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ «դէ­պի բո­վան­դակ ճշմար­տու­թիւ­նը» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ Ճշ­մար­տու­թեան սէ­րը պէ՛տք է ըլ­լայ ան­պայ­մա­նա­ւոր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 27, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015