ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Զ.)
Խօսեցանք հեռանկարներու, երազներու եւ նպատակներու մասին. խօսեցանք հաստատամտութեան եւ ակնթարթի մէջ յաջողելու փոխարէն երկարաժամկէտ յաջողութեան մասին, սակայն այս բոլորը կատարելութեան ո՛ր վիճակին մէջ ալ գտնուին, կը կարօտին մէկ բանի՝ ժամանակի։ Անգիտակցաբար մսխուած ժամանակը յաջողութեան չհասնելու հիմնական պատճառներէն մէկն է: Մէկը իր ժամանակը աշխարհի հաճոյքները «վայելելով» կ՚անցընէ, իսկ ուրիշ մը ամէն մէկ վայրկեանը արժեւորելով կը փորձէ իր նպատակները կեանքի կոչել. ըստ ձեզի, ո՞վ կը յաջողի. կը կարծենք պատասխանը պարզ է:
Յաճախ մենք մեր ժամանակը կը մսխենք եւ երբ նեղութեան հանդիպինք, կը գիտակցինք որ «ժամանակ չկայ». իրականութեան մէջ ժամանակը միշտ կայ եւ միշտ ալ կար, պարզապէս հետաքրքրութիւնները արգելք էին այդ ժամանակի հիմնական արժէքը հասկնալու համար:
Եթէ հարց տանք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ժամանակը արժեւորել, ըսենք. եթէ անձ մը կ՚աշխատի ընկերութեան մէջ եւ կը փորձէ ամէն գնով գործին մէջ յառաջանալ եւ իր կատարած աշխատանքը պարզապէս գործատուն գոհացնելու համար չ՚ըներ, արդէն իսկ արժեւորած կ՚ըլլայ ժամանակը. այդ պարզ աշխատանքը եւս եթէ գործատուն գոհացնելու փոխարէն սեփական զարգացման ու աճին համար կատարէ: Պէտք է գիտնալ, որ յաջողութեան աստիճանները բարձրանալը գործատուն ուրախացնելով չ՚ըլլար, որովհետեւ կեանքի ընթացքին կը տեսնենք, թէ ինչպէս շատեր գործատուին «սիրելի» դառնալով կը կարծեն «յաջողած»ներ ըլլալ, սակայն յաջողութիւնը գործին մէջ բարձրանալուն եւ այդ բարձրացումը պաշտօնի բարձրացումը նկատի չունի: Հպարտութիւնը ո՛չ թէ «սիրուած» ըլլալուն մէջ պէտք է ըլլայ, այլեւ՝ աշխատանքի մէջ ունեցած կարողութեան ու հմտութեան, այդ իսկ պատճառով պէտք է իւրաքանչիւր աշխատող իր աշխատանքին մէջ ունենայ բարձրանալու կիրք եւ այդ մէկը կը յաջողի, երբ մարդ իր կատարած գործը կատարէ այնպէս՝ ինչպէս իր սեփականութիւնը. միայն այդ ձեւով մարդ կրնայ յաջողիլ իր աշխատանքային մթնոլորտին մէջ. պէտք է դուրս գալ աշխատողի հոգեբանութենէն եւ պէտք է ընել այն բոլորը, որ կը զարգացնէ թէ՛ անձը եւ թէ գործը: Պէտք է դուրս գալ այն համոզումէն, որ կ՚աշխատինք ուրիշին համար, որովհետեւ այդ աշխատանքը թէեւ ուրիշը կը «հարստացնէ» նիւթապէս, սակայն նոյնքան ալ մեզ կը հարստացնէ մտապէս ու բարոյապէս:
Մենք մեր աշխատանքը յաճախ կը սահմանափակենք մեր աշխատանքային ժամերով, սակայն յաջողութիւնը կը պահանջէ որոշ ժամանակամիջոցի մէջ չսահմանափակուիլ, որովհետեւ ինչքան շուտ մարդ փորձառութիւն ձեռք ձգէ, այնքան շուտ կը մօտենայ յաջողութեան։ Այդ իսկ պատճառով՝ պէտք է արժեւորել ժամանակը, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, այդ ժամանակը անսահմանափակ չէ. շատ անգամ ժամանակը այնքան կարճ կ՚ըլլայ, որ շատ մը երազներ ու նպատակներ յաւիտեան իրականութիւն չդառնալու կը դատապարտուին: Երիտասարդութեան շրջանին ժամանակի խելացի գործածութիւնը պիտի օգնէ ապագայի հանգստութեան եւ աւելի մեծ տարիքին մարդ ստիպուած պիտի չըլլայ վազել այնպէս՝ ինչպէս պիտի վազէր երիտասարդութեան եւ այս մէկն է մարդուն յաջողութիւնը: Գիտելիքը, փորձառութիւնը այսպէս կամ այնպէս մարդ կրնայ ուշ կամ կանուխ ձեռք բերել. մարդ կրնայ ամէ՛ն բան ետ բերել՝ բացի ժամանակէն։ Ժամանակը միակն է, որ անդառնալի է եւ կարելի չէ ետ բերել եւ այս իրողութեան դիմաց ինչքան խոցելի է մարդոց յետաձգելու հիւանդութիւնը. շատե՜ր «վաղը կ՚ընեմ» ըսելով կորսնցուցին իրենց ընելու իրաւունքը:
Եթէ այսօր կ՚ուզէք պատասխանը, թէ ինչ է յաջողելու հիմնական գաղտնիքներէն մէկը, վստահութեամբ ըսենք. ժամանակը խնայելու եւ ճիշդ գործելու արուեստն է: Կորսուած հարստութիւն մը կարելի է վերադարձնել, մոռցուած գիտելիք մը դարձեալ կարդալով ու ուսումնասիրելով կարելի է վերականգնել, առողջութիւնը որոշ բժշկական միջամտութիւններով կարելի է կանգնել, բայց կորսուած ժամանակը ընդմիշտ կորսուած է:
Եթէ հարցական է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ժամանակը արժանի ձեւով գործածել, պէտք է դիմել մարդոց փորձառութեան. ի՜նչ ոսկի բանալի է այս մէկը. անձ մը կրնայ տասնամեակ մը ամբողջ որոշ փորձառութիւն ձեռք բերած ըլլայ եւ այդ տասը տարուան փորձը ձեզի յաջողի փոխանցել մի քանի վայրկեաններու մէջ. ուրիշի փորձառութենէն օգտուիլը ինքնին իր փորձառութեան տարիները շահիլ կը նշանակէ եւ այդ է ժամանակը լաւապէս արժեւորելու գաղտնիքը. փորձառութիւնը կը զարգացնէ աճը. եթէ փորձառու անձեր չէք ճանչնար, ապա դիմեցէ՛ք գրականութեան եւ գիրքերը որպէս ժամանց տեսնելու փոխարէն փորձեցէք դասեր քաղել անոնցմէ. գիրքերը ինքնին փորձառութիւններ են եւ լուսաւորութիւն կրնան տալ մեր միտքերուն: Աշխարհի մէջ յաջողած մարդոց հարց տուէք. մեծամասնութիւնը պիտի ունենայ իր սիրելի գիրքը, որ խոր ազդեցութիւն գործած է վրան եւ հաւատացէք, գիրն ու գրականութիւնը այնպիսի արուեստ մըն է, որ մէկ տողով նոյնիսկ կրնայ անձի մը նկարագիրը փոխել եւ ազդեցութիւն ունենալ:
Յաջողիլ ուզող մարդը պէտք է իւրաքանչիւր օր յաջողի իր գիտութեան ու փորձառութեան վրայ բան մը աւելցնել. աննշան նոր տեղեկութիւն մը սորվիլը անգամ ձեռքբերում մըն է եւ երանելի է այն մարդը, որ ամէն օր անկողին կը մտնէ նոր բան մը սորված վիճակով, որովհետեւ սորվիլը յաջողութեան հիմնական բանալիներէն մէկն է:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս կարելի է ժամանակը արժեւորել:
Պատասխան. Ժամանակը կարելի է արժեւորել գնահատելով ու ճանչնալով մեր դիմաց դրուած հնարաւորութիւնները: Ի տարբերութիւն նիւթականին, ժամանակը անփոխարինելի է. մսխելէ ետք կարելի չէ վերադարձնել: Ժամանակը կարելի է արժեւորել նպատակները հետապնդելով եւ բովանդակալից գործունէութիւն մը ունենալով. պէտք է առաջնահերթութիւն տալ նպատակին: Պէտք է յարգել ժամանակը որպէս ամենէն սուղ արժէք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան