ՀԱՑԻ ԲԱԶՄԱՑԱՆ ՀՐԱՇՔԸ
«Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 16)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, երբ աշակերտները առաջարկեցին Յիսուսի՝ որպէսզի արձակէ ժողովուրդը՝ շրջակայ գիւղերը երթան եւ իրենց համար ուտելիք հաց ապահովեն։
Արդարեւ, հացը մարդուն ամենակարեւոր տարրն է՝ իր կեանքը պահպանելու եւ տեւականացնելու համար։
Աւետարանի վկայած «հացի բազմացման իրողութիւն»ը, առաջին ակնարկով, մարդուս անկարելի եւ անիրականալի կը թուի։ Թերեւս զգայապատրանք մը՝ ցնո՛րք մը։ Անիկա հրա՛շք մըն է, եւ մարդկային միտքով, մարմնական աչքով տեսնել ու բացատրել կարելի չէ, քանի որ անիմանալի, անբացատրելի ըլլալուն համար հրա՛շք է, ապա թէ ոչ՝ անիկա «հրաշք» պիտի չանուանուէր։ Կարգ մը երեւոյթներ, մասամբ հասկնալու համար պէտք է դիտուի հաւատքի աչքով՝ հոգեւոր նայուածքով, որպէսզի մարդ համոզուի անոր «հրա՛շք» նկարագրին։
Ուրեմն «հացի բազմացման իրողութիւն»ն ալ, գոնէ մասամբ հասկնալու համար ջանանք դիտել հոգիի աչքով եւ փորձենք զայն տեսնել իր «հրաշք» հանգամանքով։ Եւ այն ատեն պիտի համոզուինք, որ անիկա երբեք «ցնորք» մը, զգայախաբէութիւն մը չէ՛, այլ՝ իրականութիւն՝ որ կ՚անուանուի «հրա՛շք»։
Այո, իրապէս անիկա «անկարելի» կը թուի մարմնաւոր աչքով դիտողներու համար, քանի որ ինչպէ՞ս կարելի է հինգ հացով հինգ հազար հոգի կերակրել՝ օրհնելով հացերը։ Եւ աւելին կա՛յ՝ այդ «բազմացած հինգ հաց»ը հինգ հազար հոգի ուտելէ ետք, տակաւին աւելցաւ, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանիչը. «Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էր, կիներն ու մանուկները չհաշուած… եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 20-21)։ Սովորական կեանքի փորձառութեամբ բացատրել եւ հասկնալ՝ իրապէ՛ս շատ դժուար է…։
Ինչպէս ըսինք, «հացի բազմացում»ը Յիսուս Քրիստոսի կատարած բազմաթիւ հրաշքներէն մի՛ն է։
Յիսուս, այս հրաշքը կատարելէ առաջ արդէն բժշկած էր հիւանդներ, անդամալոյծներ, բժշկած էր նաեւ կոյրերու աչքը եւ բացած էր համրի լեզուն։ Եւ դարձեալ բժշկած եւ վերակենդանացուցած էր հարիւրապետին ծառան եւ իշխանաւորին աղջիկը։
Բայց, հակառակ այս բոլոր հրաշքներուն՝ տակաւին թէ՛ առաքեալներու եւ թէ ժողովուրդին համար պարզ եւ յայտնի չէր, թէ ո՛վ էր Յիսուս Քրիստոս։ Այս իսկ պատճառով բոլորը կը զարմանային եղելութիւններու առջեւ եւ հասկնալու մէջ կը դժուարանային։ Եթէ գիտնային՝ թէ ո՛վ է Ան, թերեւս դարձեալ պիտի չհասկնային պատահածները, բայց պիտի չզարմանային, քանի որ պիտի գիտնային, թէ Անոր համար ամէն ինչ կարելի է եւ բնական՝ նոյնիսկ եթէ չհասկնային եւ չկարենային բացատրել պատահածը։
Ասկէ կը հետեւի, թէ՝ կատարուած որեւէ գործի մը իսկական արժէքը կախում ունի՝ զայն կատարողին ինքնութենէն եւ ո՛չ թէ ինչպէս կատարուած ըլլալէն։
Ուրեմն հաւատք եւ վստահութիւն կարեւոր դեր կը խաղայ եղելութեան հանգամանքին նկատմամբ։ Եթէ կատարուածը՝ իրաւասու, վստահելի եւ հաւատքի արժանացած մէկու մը կողմէ կատարուած է, որքան որ ալ անիկա չհասկցուի՝ զարմանք չի պատճառեր եւ բնական կը սեպուի։
Այս պատճառով, ահաւասիկ, Յիսուս ամէն մէկ հրաշք կատարելէ առաջ «նախապատրաստական աշխատանք» մը կը տանէր եւ անկէ վերջ կ՚իրականացնէր հրաշքը։ Առանց նախապատրաստական շրջանի՝ Յիսուս չէր կատարեր իր հրաշագործութիւնը։
Ուստի Յիսուս բոլոր ժողովուրդին ներկայութեան, անոնց առջեւ հինգ հացը օրհնեց եւ հինգ հազարը կերակրեց։ Եւ ըստ Աւետարանի վկայութեան՝ կերակրուողներու թիւը աւելի քան հինգ հազար էր։ Մարդկային մտքի եւ իմացականութեան առջեւ իրապէ՛ս անիմանալի երեւոյթ մըն էր ասիկա։
Հոս, մանրամասնութեան մը պէտք է ուշադրութիւն դարձնել։ Յիսուս միայն Փիլիպոսին կը հարցնէ, թէ ո՛ւրկէ կարելի է հաց ապահովել, գնել ժողովուրդին համար։ Փիլիպոսին այս հարցումը ուղղելը կապակցութիւն ունի՝ անոր Բեթսայիդայէն ըլլալը, քանի որ ան՝ իր բնակավայրին նկատմամբ ճիշդ տեղեկութիւն ունենար։ Բայց Քրիստոսի խօսքը՝ առաքեալներուն ուղղուած, աւելի շատ անոնք փորձելու համար էր՝ տեսնելու, թէ ո՛րքան կը վստահին Իրեն, ա՜յդքան հրաշքներու վկայելէ ետք, արդեօք կը հաւատայի՞ն Իր աստուածային զօրութեան ու կարողութեան, եւ կը հաւատայի՞ն արդեօք, հաստատ համոզուա՞ծ էին, թէ Ինք Յիսուս Քրիստոսն է՝ երկինքէն իջած Աստուծոյ Որդի՛ն։ Եւ վերջապէս Յիսուս կը հրամայէ, որ հացը եւ ձուկերը Իրեն բերեն։
Եւ Յիսուս հացը եւ ձուկերը իր ձեռքին մէջ առնելով՝ դէպի երկինք կը նայի՝ դէպի Երկնաւոր Հօրը, կ՚աղօթէ, կ՚օրհնէ զանոնք, կը բաժանէ եւ կու տայ իր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք ալ տան ժողովուրդին։ Ուրեմն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել մի քանի կէտի վրայ, մանաւանդ թէ՝ ինչո՞ւ այսպիսի հրաշքով մը ուզեց կերակրել ժողովուրդը։
Նախ, պէտք է գիտնանք, թէ՝ «հրաշք»ը պէտք է ըլլայ՝ «զգալի դէպք», որպէսզի կարելի ըլլայ զգայական փորձառութեամբ հաստատել անոր գոյութիւնը։
«Զգալի դէպք» ըլլալու է հրաշքը՝ որպէսզի իւրաքանչիւր ոք կարողանայ տեսնել, վկայել եւ ըմբռնել՝ այդ զգալի եղելութեան բնական ու սովորական ուժերէն վե՛ր ըլլալը։ Հրաշքը նշանակալից դէպք մը ըլլալէ աւելի՝ պէտք է ըլլայ «գերբնական», քանի որ այն վեր է բնութեան օրէնքներէն։ Աւետարանը կը վկայէ բազմաթիւ հրաշքներու՝ որոնք բնութեան օրէնքներուն չեն համապատասխաներ։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է, որ Կէօթէ կ՚ըսէ, թէ հրաշքները բնական օրէնքներուն բացառութիւններն են…։
Արդարեւ բնութեան մէջ կը պատահին բազմաթիւ հրաշալի՜ դէպքեր, երեւոյթներ, որոնք մարդոց կողմէ որպէս հրաշք կը համարուին։ Զոր օրինակ, տիեզերքի մէջ տիրող ներդաշնակ կարգուկանոնները «հրաշք» երեւոյթներ են։ Սակայն անոնք միայն մարդուս աչքին հրաշք են, քանի որ այդ բոլորը բնութեան սովորական երեւոյթներու համաձայն «պատճառ-արդիւնք» սկզբունքով կ՚իրականանան։
Ուստի բնութեան սովորական երեւոյթները կարելի չէ՛ բառին իսկական իմաստով «հրաշք» անուանել։ Բայց Յիսուսի կատարածները, բառին բուն իմաստով «հրաշք» էին, քանի որ բնական եւ սովորական դէպքերէն վեր էին եւ կարելի չէ՛ր բնութեան օրէնքներով եւ «պատճառ-արդիւնք» սկզբունքով բացատրել։ Ուստի կարելի է ըսել՝ հրաշքը «արդիւնք» մըն է, որուն պատճառը անյա՛յտ է։
Հրաշքը գերբնական եղելութիւն մըն է, եւ ուրեմն բնական պայմաններու տակ՝ լոկ մարմնական աչքով, մարդկային իմացականութեան սահմաններուն մէջ իմանալ, հասկնալ եւ ըմբռնել կարելի չէ։ Հրաշքի մը եղելութեան անդրադառնալու միակ կերպն է՝ հաւատքով մօտենալ անոր։
Բայց ո՛չ երբեք՝ հրամայականոն մտածութեամբ, այլ՝ բանականութեամբ զօրացած անկեղծ հաւատով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024