ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈՄԱՆԻՇԸ

«Ի­մաս­տու­թիւն» բա­ռը ու­նի հո­մա­նիշ բա­ռեր՝ «խե­լա­հա­սու­թիւն», «փոր­ձա­ռու­թիւն», «խելք», «հան­ճար», ինչ­պէս նաեւ՝ փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տով՝ «ող­ջամ­տու­թիւն», «ող­ջա­խո­հու­թիւն», «վսե­մա­խո­հու­թիւն», «ե­րե­ւոյթ­նե­րու խոր ի­մա­ցու­թիւն՝ ըմբռ­նում»։ Բո­լոր այս նշա­նա­կու­թիւն­նե­րուն հետ ի­մաս­տու­թիւ­նը կը յի­շուի նաեւ ա­նու­նով մը՝ որ­պէս «հո­մա­նիշ» եւ նոյ­նի­մաստ կամ նոյ­նա­նիշ բառ, որն է՝ Սո­ղո­մոն եւ կը գոր­ծա­ծուի «Սո­ղո­մոն ի­մաս­տուն» ձե­ւով։

Ար­դա­րեւ պատ­մու­թեան մէջ յայտ­նի մար­դոց­մէ մէկն է Սո­ղո­մոն, ո­րուն ա­նու­նը ի­մաս­տու­թեան մեր­ձի­մաստ է դար­ձած։ Ան ե­ղած է հրեա­նե­րու եր­րորդ ար­քան՝ Սո­ղո­մոն թա­գա­ւոր՝ Ք. Ա. 975-928 թուա­կան­նե­րուն։

Սո­ղո­մոն թա­գա­ւո­րի խօս­քե­րը՝ ի­մաս­տու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն ու կ՚ար­տա­յայ­տեն հա­զա­րա­մեակ­նե­րով փոր­ձուած ի­մա­ցա­կա­նու­թեան, ճար­տա­րու­թեան եւ մտքի։ Սո­ղո­մո­նի ի­մաս­տու­թիւն­նե­րուն ար­ժէ­քը հոն է՝ որ ա­նոնք չե՛ն կորսն­ցու­ցած ի­րենց այժ­մէու­թիւ­նը։

Մի քա­նի օ­րի­նակ կը բա­ւէ ցոյց տա­լու Սո­ղո­մո­նի ի­մաս­տու­թիւն­նե­րուն մշտա­գոյ եւ յա­րա­խօս ար­ժէ­քը։

ա) «Ե­թէ խօսք տուած ես, կա­տա­րէ՛։ Ա­ւե­լի լա՛ւ է չխոս­տա­նալ, քան խոս­տա­նալ եւ չկա­տա­րել»։­

Ա­հա­ւա­սիկ խոր­հուրդ մը, պա­տուէր մը՝ որ ա­մէն շրջա­նի ե՛ւ ա՛յ­սօր պայ­ման է ըն­կե­րա­յին ընդ­հա­նուր հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն մը, ազ­նուու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն մը։ Խոստմ­նադ­րուժ ըլ­լալ մարդս կը նուս­տաց­նէ եւ ար­հա­մար­հան­քի կ՚ար­ժա­նաց­նէ են­թա­կան։ Պար­կեշտ ու վե­հանձ մար­դու չա­փա­նիշ­նե­րէն մէ­կը եւ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է խօս­քին տէ­րը ըլ­լալ՝ խոս­տու­մին հա­ւա­տա­րիմ մնալ, բան մը՝ որ շա­տե­րէ կը պակ­սի դժբախ­տա­բար։

բ) «Ա­մէն ինչ իր ճիշդ ժա­մա­նա­կը ու­նի՝ կայ ծնե­լու եւ մա­հա­նա­լու ժա­մա­նակ, քան­դե­լու եւ կա­ռու­ցա­նե­լու ժա­մա­նակ, լռե­լու եւ խօ­սե­լու ժա­մա­նակ»։­

Ո՜վ կրնայ ու­րա­նալ, թէ այ­սօր ալ կի­րար­կե­լի չեն այս խօս­քե­րը, եւ դար­ձեալ՝ պայ­մա՛ն պատ­շա­ճու­թեան եւ հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թեան, մարդ­կա­յին լաւ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման։ Եւ այ­սօր ալ ըն­կե­րա­յին խա­ղա­ղու­թեան կը սպառ­նան ա­նոնք՝ որ կը խան­գա­րեն ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, ան­տե­ղի, ան­յար­մար եւ ան­ժա­ման, սխալ ժա­մա­նա­կի մէջ գոր­ծե­լով։ Մինչ­դեռ ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ գիտ­նայ գոր­ծե­լու կամ խօ­սե­լու տեղն ու ժա­մա­նա­կը, այն ա­տեն կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ կան­խել, ա­ռաջ­քը առ­նել շատ մը ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու եւ վեր­ջա­պէս՝ ան­միա­բա­նու­թիւն­նե­րու։ Չափ ու կշիռ գիտ­նա­լու, սահ­մա­նը լաւ ո­րո­շե­լու հարց մըն է ա­սի­կա…։

գ) «Յի­մարն ալ կա­րե­լի է ի­մաս­տուն հա­մա­րել՝ երբ ան կը լռէ՛»։­

Ա­հա­ւա­սիկ պա­տուէր մը, ի­մաս­տա­լից խօսք մը՝ որ կը նմա­նի նա­խորդ խրա­տին՝ թէ պէտք է պատ­շաճ ա­տեն եւ պատ­շաճ տեղ խօ­սիլ կամ գոր­ծել։ Ուս­տի ե­թէ մարդ գի­տէ լռել, եւ յար­մար ա­տեն խօ­սի, առ­նուազն սխալ խօ­սե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը կը նուա­զեց­նէ, եւ կը քօ­ղար­կէ իր գի­տու­թեան պա­կա­սը, չգիտ­ցա­ծը։

Ար­դա­րեւ կ՚ը­սուի, թէ՝ խօ­սի­լը ար­ծաթ է, իսկ լռու­թիւ­նը՝ ոս­կի՛։ Ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թեամբ ը­սուած այս խօս­քին մէջ մեծ մա­սամբ ճշմար­տու­թիւն կը գտնուի։ Յա­ճախ կ՚ը­սենք ու կը կրկնենք, մարդ կայ՝ շատ կը խօ­սի բայց ո՛­չինչ կ՚ը­սէ, մարդ կայ՝ քիչ կը խօ­սի՝ շատ ան­գամ կը լռէ բայց շա՜տ բան կ՚ը­սէ…։

Ար­դա­րեւ հնա­րա­միտ է այն մար­դը՝ որ լռե­լով իսկ օգ­տա­կա­րու­թիւն կ՚ու­նե­նայ շուր­ջին եւ իր լռու­թիւ­նը շատ բան կը խօ­սի…։ Ուս­տի մարդ ե­թէ խօ­սիլ չի գի­տեր, խօ­սե­լու կեր­պին ան­ծա­նօթ է, լաւ է որ լռէ, գո­նէ այդ­պէս ը­նե­լով կ՚ա­զա­տի խայ­տա­ռա­կուե­լէ եւ ծաղ­րան­քի նշա­ւակ ըլ­լա­լէ, կարծուե­լով թէ լրջա­միտ ու գի­տուն մէկն է ինք…։

դ) «Համ­բե­րա­տար մար­դը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր է եւ ու­ժեղ, քան խի­զա­խը եւ շտա­պո­ղը՝ ա­ճա­պա­րո­ղը։ Իսկ ինք­նա­տի­րա­պե­տող մար­դը ա­ւե­լի՛ հզօր է, քան ամ­բողջ քա­ղա­քի մը տի­րա­պե­տո­ղը»։

­Մար­դիկ կան, որ շատ բա­նի կը տի­րա­պե­տեն, բազ­մու­թիւն­ներ կը կա­ռա­վա­րեն, կը ղե­կա­վա­րեն, բայց ի­րենք ի­րենց տէ­րը չեն, ի­րենք զի­րենք չեն կրնար կա­ռա­վա­րել։ Ուս­տի կան մար­դիկ, որ կա­ռա­վա­րե­լու կո­չուած են, կան մար­դիկ, որ կա­ռա­վա­րուե­լով կրնան գո­յա­տե­ւել, բայց կան նաեւ մար­դիկ՝ ո­րոնք հա­զուա­գիւտ են, ի­րենք զի­րենք կը կա­ռա­վա­րեն, ո՛չ տի­րա­պե­տե­լու կը ձգտին, ոչ ալ ու­րի­շին ղե­կա­վա­րու­թեա­նը կը կա­րօ­տին՝ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեամբ ի­րենք զի­րենք կը կա­ռա­վա­րեն՝ բո­լոր պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րը, օ­րէնք եւ կա­նոն­նե­րը ան­խա­փան եւ ճշդու­թեամբ յար­գե­լով եւ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ար­դար իշ­խա­նու­թեան։

Հո­գե­պէս ա­զատ եւ մտա­պէս ան­կախ են ա­նոնք, որ կը հնա­զան­դին օ­րէն­քին, կը գոր­ծադ­րեն կա­նոն­նե­րը եւ շե­ղում չու­նին ճշմար­տու­թեան սկզբուն­քէն։

Ու­րեմն համ­բե­րու­թեամբ, ող­ջա­խո­հու­թեամբ շար­ժող մար­դը չ՚ու­նե­նար ո­րե­ւէ հարց եւ նե­ղու­թիւն։

Ան­համ­բեր, ա­ճա­պա­րան­քով եւ ա­ռանց մտա­ծե­լու՝ ան­խո­հեմ տրուած ո­րո­շում­ներ մարդս սխալ ըն­թաց­քի մէջ կը թո­ղուն։ Ա­ռանց մտա­ծե­լու շար­ժող մար­դը դա­տա­պար­տուած է սխա­լե­լու…։

ե) «Ո՛վ որ փոս մը կը փո­րէ՝ ինքն ալ կ՚իյ­նայ փո­սին մէջ։ Իսկ ով որ քա­րը կը գլո­րէ վե­րէն, ա­նոր վրայ ալ կը գլո­րի քա­րը»։­

Այս խօս­քը մեզ կը յի­շեց­նէ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ոս­կի բա­նա­լին՝ թէ մարդ ինչ­պէ՛ս կ՚ու­զէ որ վա­րուին ի­րեն հետ ու­րիշ­ներ, ինքն ալ պէտք է վա­րուի այն­պէս՝ ու­րիշ­նե­րու հետ, եւ կամ ա­ւե­լի չէ­զոք կե­ցուած­քով՝ ի՛նչ որ չ՚ու­զեր որ ի­րեն ը­նեն, մարդ, ինքն ալ պէտք չէ ը­նէ ու­րիշ­նե­րուն։

Հե­ռա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­մաս­տա­սի­րու­թեան եւ Քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան ան­շեղ ու հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րէն են այս պա­տուէր­նե­րը՝ որ Սո­ղո­մոն ի­մաս­տուն ալ տար­բեր կեր­պով եւ ո­ճով կը խրա­տէ, ը­սե­լով, թէ՝ մարդ կրնայ ու­րի­շին հա­մար փո­րած փո­սը իյ­նալ, կամ գլո­րած քա­րին տակ մնալ։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ ա­մէն գէ­շու­թիւն կամ չա­րամ­տու­թիւն ի վեր­ջոյ կու գայ, կը հաս­նի են­թա­կա­յին։

զ) «Կա­րե­ւո­րը ի­մաս­տու­թիւնն է. ի­մաս­տու­թիւն ձեռք բեր եւ ա­մէն գնով զար­գա­ցուր միտքդ»։­

Ինչ­պէս Սո­ղո­մո­նի ժա­մա­նակ, դա­րե՜ր յե­տոյ, այ­սօր ալ ի­մաս­տու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է բա­նա­ւոր մար­դուն հա­մար, թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ։ Ար­դա­րեւ ի­մաս­տուն մար­դը, յարգ ու պա­տիւ կը վա­յե­լէ, վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ եւ մա­նա­ւանդ հա­ւա­տա­րիմ է իր «մարդ» կո­չու­մին։ Բայց ի­մաս­տուն ըլ­լալ չի բա­ւեր, քա­նի որ ի­մաս­տու­թիւ­նը «դիրք» մը չէ, այլ «կա­ցու­թիւն» մը, եւ տե­ւա­կան բա­րե­փոխ­ման կը կա­րօ­տի՝ ա­ճե­լու, զար­գա­նա­լու է, որ իր նպա­տա­կին կա­րե­նայ ծա­ռա­յել։ Եւ իս­կա­կան ի­մաս­տու­նը այն է՝ որ ինք­զինք «ի­մաս­տուն» չի՛ նկա­տեր, այլ ի­մաս­տու­թեան ձգտող. զար­գա­նա­լու հե­տամ­տող եւ տե­ւա­պէս կա­տա­րե­լու­թիւ­նը փնտռող մէկն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 21, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016