ԱՂՔԱՏ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐԸ

Քանի մը օր առաջ անգամ մը եւս փաստեցի, որ մեր հասարակութեան մէջ իբր թէ «բարերար» շրջող «ողորմած» ու «բարեսիրտ» մեծահարուստները իրենց բարերարութիւնն ու նուիրատուութիւնը կը կատարեն պարզապէս ո՛չ թէ կարեկցանքի կամ իրերօգնութեան հոգեբանութեամբ, այլ պարզապէս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող իրենց «փառք»ին վրայ նոր պարծանք ու պատիւ աւելցնելու համար:

Նման մարդոց գոյութիւնը աւելիով ըմբռնեցի եկեղեցական եղած ժամանակ։ Հո՛ն տեսայ բարերարներ, որոնք հիւանդին, աղքատին ու թշուառին հանդէպ որեւէ խիղճ ու կարեկցանք չունին, սակայն պատրաստ են որեւէ բարերարութիւն կատարել՝ պայմանով, որ յայտարարուի ու յիշուի իրենց անունը, թերթերը գրեն իրենց մասին: Մերօրեայ բարերարները եւս ընդօրինակութիւնն են Յակոբ Պարոնեանի Աբիսողոմ Աղային, որ իր բարերարութեան դիմաց կը պատուիրէր. «Լրագրոյդ մէջ ամենէն առաջ դիր, որ կարդան…»: Աբիսողոմ Աղան ալ կ՚ուզէր, որ թերթերու առաջին էջերուն վրայ իր անունը գրէին մեծ տառերով եւ տեղ մը նեղացած՝ կ՚ըսէր. «Եթէ աղքատ մարդերն ալ կը գրէք, չեմ ուզեր իմ անունս»:

Այս բոլորին մասին մտածել սկսայ, երբ քանի մը օր առաջ Լիբանանի ծանր պայմաններէն ետք Հայաստան հաստատուած այրիի մը բժշկական անհրաժեշտ միջամտութեան համար դրամահաւաք մը կազմակերպուեցաւ։ Այրին արդէն քանի օր է, հիւանդանոց կը գտնուի։ Սակայն, անհրաժեշտ գումարին (5 հազար ամերիկեան տոլար) կը սպասուի, որպէսզի զինք բուժեն: Հարազատներու եւ քանի մը համեստ մարդոց օգնութեամբ ընտանիքը յաջողեցաւ երկու օրուան մէջ 1200 ամերիկեան տոլարի չափ գումար մը հաւաքել։ Կարելի եղածին չափ պէտք է արագ հաւաքել, որովհետեւ հիւանդութեան պարագային իւրաքանչիւր վայրկեանը կրնայ ամբողջ կեանք մը արժել: Ընտանիքին ու հարազատներուն առաջարկեցի դժուարին այս պայմաններուն մէջ դիմեն «բարերար»ի անուն շինած երկու հայերու, որոնց համար պահանջուած գումարը իրականութեան մէջ աննկատ, ծովուն մէջ կաթիլ մըն է պարզապէս: Վերոյիշեալ երկու բարերարներն ալ անձեր են, որոնց մասին առայժմ գրուած է սփիւռքի գրեթէ բոլոր թերթերուն ու հանդէսներուն մէջ. բեմերէն, մինչեւ իսկ Ս. Խորանէն յայտարարուած է իրենց անունները, բոլորն ալ «ձախ ձեռքը չգիտնայ, թէ ինչ կ՚ընէ աջը» սկզբունքով առաջնորդուած:

Երկու բարերարներուն ալ ղրկուեցաւ կարճ ու ամփոփ նամակ մը՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Լիբանանահայ հայորդի մը այժմ ծանր վիճակով հիւանդանոց կը գտնուի։ Ընտանիքը նիւթապէս անապահով է եւ անոր կեանքը փրկելու համար բժշկական միջամտութեանց կարիքը կայ։ Մտածեցի, որ ձեզի դիմեն»:

Ընտանիքը դիմեց մեր հայ երկու մեծահարուստ բարերարներուն եւ ահաւասիկ արդիւնքը։ Անոնցմէ մին նամակին պատասխանեց հետեւեալ գրութեամբ. «Մենք ալ այժմ դժուար վիճակի մէջ կը գտնուինք, կինս կը գտնուի հիւանդանոց, որ մեզմէ ժամ մը հեռու է։ Կը ցաւիմ, որ պիտի մերժեմ ձեր առաջարկը»: Երկրորդ մեծահարուստը պատասխանած էր շատ աւելի կարճ եւ ամփոփ ձեւով. «Հայաստանէն դուրս կը գտնուիմ, բանով մը չեմ կրնար օգտակար դառնալ»:

Ի դէպ, ըսենք, որ վերոյիշեալ երկու բարերարներն ալ մինչեւ օրս թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ կը կատարեն մեծամեծ բարերարութիւններ։ Երկու բարերարներն ալ հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին, գիտեն գնահատել նաեւ սիրունը։ Երկուքն ալ ամսական մեծ գումար կը յատկացնեն՝ հաճոյացնելու համար իրենց երիտասարդ «սիրուհի»ներուն պէտքերն ու կարիքները:

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր մեր մէջ մեռած է իրերօգնութեան հասկացողութիւնը։ Ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ»։ Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հայեր, որոնք հայուհիին կեանքը փրկելու համար պահանջուած գումարէն շա՜տ շատ աւելին օրական դրութեամբ կը մսխեն իրենց սեփական հաճոյքներուն ու վայելքներուն համար։ Պահանջուած գումարին հազարապատիկը մարդիկ արեւու լոյսէն հեռու, դրամատուներու մէջ կը դիզեն։ Ժամանակը մարդոց մէջէն հեռացուց նաեւ խիղճը։ Առաջ եթէ քովի տունը հիւանդ կար, դրացին կ՚ամչնար քէֆ կամ խնջոյք կազմակերպելու։ Այսօր վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է։ Քով քովի կը կազմակերպուին թաղումն ու հարսանիքը, որովհետեւ մեր «ես»ն ու շահերը, ուրախութիւնները ուրիշին ցաւէն ու կարիքներէն առաջնահերթ կը նկատենք:

Կրնան շատեր չայպանել բարերարները, որոնք ամբողջութեամբ ազատ են իրենց հարստութիւնը ծախսել այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզեն, սակայն կ՚ուզեմ հարցնել ու հասկնալ, թէ կորսուեցա՞ւ մեր մէջ քրիստոնէական իրերօգնութեան արժէքները։ Չէ՞ որ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալով լաւապէս գիտենք, որ «հիւանդ էի՝ բժշկեցիք»ը իւրաքանչիւր հիւանդի համար կատարուած օգնութեան համար ըսուած էր: Ո՞ւր կորսուեցաւ հայրենակցի եւ արիւնակցի հանդէպ կարեկցանքի զգացումը:

Բարեբախտաբար ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ դար մը առաջ։ Եթէ այդ դժբախտութիւնը պատահէր այսօր, ո՛չ սփիւռք եւ ոչ ալ գաղութներ կ՚ունենայինք: Աւելի քան երբեք, այսօր կը զգանք միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Այժմ հիւանդանոցի մէջ գտնուող հայուհին կ՚ապրի՞ թէ ոչ, չեմ գիտեր, սակայն կը մաղթեմ մեր մէջ ապրին մարդկային զգացումներն ու արժէքները:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ գիտես ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին:

Պատասխան. ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հայալեզու թերթ է, որ կը հրատարակուի Իսթանպուլի մէջ (Թուրքիա): Հիմնադրուած է 1908 թուականին։ Աշխարհի հնագոյն հայկական թերթերէն մէկն է: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը պատմականօրէն ծառայած է՝ որպէս նորութիւններու, տեղեկատուութեան կենսական աղբիւր Թուրքիոյ հայ համայնքին համար՝ լուսաբանելով նիւթերու լայն շրջանակ՝ ներառեալ քաղաքականութիւն, մշակոյթ եւ համայնքային իրադարձութիւններ: Հակառակ տարիներու ընթացքին տարբեր մարտահրաւէրներու, քաղաքական ճնշումներուն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը շարունակած է հարթակ ապահովել Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն համար: Ան կը նկատուի արժէքաւոր մշակութային եւ պատմական հաստատութիւն հայ համայնքին համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2024