ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՍԷՐԸ
Իրապէ՛ս հրաշագործ է սէրը, յաճախ անկարելին կարելի եւ երեւակայականը իրականութեան կը վերածէ ան։
Սէրը, արդարեւ մեր կեանքի անբաժան ու անհրաժեշտ զգացումն է՝ կեանքը անով կը սկսի, անոր զօրութեամբ կը շարունակուի եւ անով կեանքը կ՚անմահանայ՝ յաւիտենական կեանքի կը փոխուի։
Թէ ի՞նչ է սէրը։ Սէրը զգացում մըն է անշուշտ՝ ստեղծող, խնամող՝ ուժ եւ զօրութիւն մը, որ սկիզբն է կեանքին եւ պահպանողը, յաւիտենականացնողը անոր։ Սէրը կեանքն իսկ է իր ամբողջ երեսներով, ամբողջ արտայայտութիւններով, ամբողջ էութեամբ։
Եւ սէրը ուժ է եւ զօրութիւն, հրաշագործ կարողութիւն, ընթացք տուող, ընթացք փոխող ուղեցոյց մըն է ան։ Ըսինք, զանազան մտածող միտքեր, ամէն շրջանի բարոյագիտական դրութիւններ բացատրած եւ մեկնաբանած են սէրը։ Բայց սէրը պէտք չէ՛ շա՜տ հեռուները, շա՜տ վեր տեղեր փնտռել. քանի որ ան զգացում մըն է, եւ մարդուս նե՛րսն է՝ սրտին մէջ, երակներուն մէջ շրջող ուժ մը եւ հրաշքներ գործող զօրութիւն մը։
Հոգեբանականօրէն սէրը՝ մարդուս բարձրագոյն զգացումներէն մէկն է՝ որ զգացումի առարկային նկատմամբ գնահատանք կ՚ունենայ որպէս բարձրագոյն արժէք։ Ուստի այդ զգացումը ունեցող մէկը կ՚իմաստաւորէ կեանքը, յանուն այդ զգացումին պատրա՛ստ է զոհաբերել՝ իր շահերը եւ նոյնիսկ իր անձը։ Նուիրական դրսեւորումները մօր՝ զաւակներուն, փոխադարձ սեռի ներկայացուցիչի, հայրենիքի, բարձր արժէքներու եւ մարդկութեան նկատմամբ, այս բոլորը անշուշտ էականօրէն տարբեր զգացումներ են, թէեւ այդ բոլորը «սէր» են, բայց այդ բոլոր տեսակներու համար բնորոշ է հիմնական առանձնայատկութիւնը, թէ՝ սիրոյ առարկան «բարձրագոյն արժէք» եւ «կեանքը իմաստաւորող գործօն» մըն է։ Ուրեմն սէրը իր ընդհանուր էութեամբ եւ գործածութեամբ ուժ մը, զօրութիւն մըն է՝ որ կը կարգաւորէ ամբողջ կեանքի ընթացքը։
Կը պատմուի, թէ հին ժամանակներուն, կար կղզի մը՝ որուն վրայ կ՚ապրէին մարդկային բոլոր զգացումները եւ հոգեւոր արժէքները։
Ուրախութիւն, տխրութիւն, իմացութիւն, ողորմութիւն, եղբայրսիրութիւն, եւայլն վեհ զգացումներու եւ բարձր արժէքներու հետ միասին կ՚ապրէր նաեւ նուիրական, բացարձակ եւ բարձրագոյն միակ սէ՛րը։ Եւ բոլորն ալ երջանիկ կ՚ապրէին…։
Օր մը, զգացումները նկատեցին, որ կղզին հետզհետէ կը ծածկուի ջուրով եւ կը մնայ ջուրին տակ։
Բոլորը նստան իրենց նաւերը եւ լքեցին կղզին։
Սէրը, սակայն չէր աճապարեր եւ կը սպասէր մինչեւ վերջին պահերը։ Երբ կղզին ամբողջութեամբ ջուրին տակ մնաց եւ գրեթէ բոլորովին կորսուեցաւ, եւ այն ատեն սէրը հասկցաւ, թէ այլեւս յոյս չկայ՝ թէ կղզին կը փրկուի, սկսաւ օգնութիւն կանչել։
Մօտէն կ՚անցնէր «Հարստութեան» շքեղ նաւը։
Սէրը անկէ խնդրեց փրկել զինք. սակայն «Հարստութիւն»ը ըսաւ, որ նաւին վրայ ա՜յնքան թանկարժէք իրեր, ոսկի եւ արծաթ կայ, որ սիրոյ համար տեղ չկայ, եւ ուրեմն չի՛ կրնար առնել զինք։
Այն ատեն սէրը դիմեց «Գոռոզութեան»։
Գոռոզութիւնը, նոյնպէս կ՚անցնէր ջրամոյն եղած կղզիին մօտէն, բայց որպէս պատասխան ըսաւ, թէ՝ իր ներկայութիւնը կը խախտէ Գոռոզութեան նաւի վրայ տիրող կանոնակարգուածութիւնը եւ կատարելութիւնը։ Սէրը արգե՛լք մըն էր իրեն համար։
Այնուհետեւ, սէրը տեսնելով «Տխրութեան» նաւը՝ աղերսանքով, աղաչանքով դիմեց իրեն։
«Օ՜, Սէր», պատասխանեց Տխրութիւնը. «ես ա՜յնքան տխուր եմ, որ պէտք է մինա՛կ մնամ»։
Եւ Տխրութիւնը, կղզիին մօտէն իր նաւով անցաւ ու գնաց, հեռացաւ…։
Այդ միջոցին կղզիին մօտէն կ՚անցնէր «Ուրախութեան» նաւը։ Ձայնեց Սէրը իրեն, բայց ան այնքան ուրախ էր, որ չլսեց անգամ Սիրոյ աղերսանքը։
Յանկարծ, սիրոյ ականջին ձայն մը հասաւ.
«Արի՛, սէր, ես քեզ կը փրկեմ, ինծի հետ եկուր»։
Սէրը, զարմանքով դէպի ձայն դարձաւ եւ տեսաւ ալեւոր ծերունի մը, եւ ա՜յնքան ուրախացաւ, որ նոյնիսկ մոռցաւ հարցնել անոր անունը։
Եւ երբ սէրը եւ ալեւոր ծերունին ցամաք հասան, սէրը իջաւ նաւէն, իսկ ծերունին շարունակեց իր ճամբորդութիւնը։ Եւ անյայտացաւ անոր նաւակը։
Երբ բոլորովին անյայտացաւ ծերունիին նաւը, եւ աներեւոյթ եղաւ սիրոյ տեսադաշտէն՝ սէրը յանկարծ սթափեցաւ, արթնցաւ. յիշեց, որ շնորհակալութիւն իսկ չէր յայտնած ծերունիին։
Եւ սէրը դիմեց իմացութեանը։
«Իմացութի՛ւն», ըսաւ, «ըսէ ինծի ո՞վ էր իմ փրկիչը»։
«Ան Ժամանակն էր», պատասխանեց իմացութիւնը։
«Ժամանա՞կը», զարմանքով հարցուց սէրը. «յանուն ի՞նչի ան ինծի օգնեց»։
Իմացութիւնը նայեցաւ սիրոյ շփոթուած դէմքին եւ պատասխանեց.
«Միա՛յն ժամանակը գիտէ, միա՛յն ան կը հասկնայ՝ ո՜րքան կարեւոր է սէրը կեանքին մէջ»։
Եւ առասպելական սէրը շարունակեց իր ընթացքը՝ կեանքի անվերջ ճամբուն վրայ, միշտ երախտապարտ զգալով ինքզինք, ժամանակի նկատմամբ՝ թէեւ ալեւոր բայց միշտ առոյգ եւ կենսունակ ժամանակին…։
Իմ շա՜տ սիրելի բարեկամներ, սէրը կ՚աճի ժամանակին մէջ, սէրը կը զարգանայ կեանքին մէջ եւ ուրիշ ո՛չ մէկ զգացում, դիրք կամ վիճակ կ՚օգնեն անոր, բայց միայն ժամանակը՝ որ կ՚անցնի ու կ՚երթայ անզգալաբար եւ շատ անգամ չենք անդրադառնար նոյնիսկ, չենք հասկնար անոր յարգն ու արժէքը՝ որուն մէջ կա՛յ միշտ սէրը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 30, 2015, Իսթանպուլ