ՇՆՈՐՀ ԸՆԴՈՒՆԻԼ՝ ՓՈԽԱՆԱԿ ՇՆՈՐՀ ՄԸ ԸՐԱԾ ԿԱՐԾԵԼՈՒ

Մեր հա­մեստ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ճախ կ՚անդ­րա­դառ­նանք ան­կեղ­ծու­թեան եզ­րին կա­րե­ւո­րու­թեան մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լաւ մշակ­ման հա­մար։

Ի­րա­պէս, «բան մը ը­նել» եւ «բան մը ը­րած ե­րե­ւիլ» բո­լո­րո­վին տար­բեր վի­ճակ­ներ են, ո­րոնց­մէ երկ­րոր­դին ա­ւե­լի շատ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ ա­ռօ­րեա­յին մէջ։ Կան մար­դիկ՝ որ շատ բան ը­րած կ՚ե­րե­ւին, բայց ի­րա­կա­նին ո՛­չինչ կ՚ը­նեն, ո՛չ մէկ օգ­տա­կար գործ կը կա­տա­րեն ըն­կե­րու­թեան մէջ, բայց այդ­պէս ե­րե­ւի­լը ի­րենց յարգ ու պա­տիւ կ՚ըն­ծա­յէ։ Ին­չո՞ւ։ Ո­րով­հե­տեւ մար­դիկ ի­րենց ար­տաք­նա­պէս տե­սա­ծին, ա­ւե­լի ճի՛շդ է ը­սել, տես­նել կար­ծա­ծին, տես­նուա­ծին կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տան եւ չե՛ն թա­փան­ցեր խո­րը, կը բա­ւա­կա­նա­նան ե­րե­ւոյ­թով։ Մինչ­դեռ ար­տա­քի­նը միշտ խա­բէա­կան է, էա­կա­նը ցոյց չի տար։ Ա­սի­կա չեն հասկ­նար շա­տեր, եւ ծրա­րին  կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ծրա­րին մէջ ի՛նչ կայ, նոյ­նիսկ պա­րապ է թէ՝ ո՛չ…։

Մար­դիկ ալ կան, ան­ձայն անշ­շուկ, ա­նաղ­մուկ կ՚աշ­խա­տին, կը ծա­ռա­յեն, ու­րիշ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւնն իսկ չեն գրա­ւեր, բայց շատ գործ կը տես­նեն՝ օգ­տա­կար կը հան­դի­սա­նան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան։ Ա­նոնք պա­հանջ­քը չեն զգար ի­րենք զի­րենք ծա­նու­ցա­նե­լու, փաս­տե­լու ի­րենց բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը։ Ա­նոնք ի­րաւ եւ ան­կե՛ղծ ծա­ռա­յա­սէր­ներ են. ա­նոնց նպա­տա­կը օ­գուտ ա­պա­հո­վել է ու­րիշ­նե­րուն, եւ ո՛չ թէ ցու­ցա­մո­լու­թեամբ փառք ու պա­տիւ շա­հիլ…։

Մա­նա­ւաանդ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­մէն տե­սա­կի, ա­մէն աս­տի­ճա­նի ծա­ռա­յու­թեան մէջ կա­րե­ւոր է ան­կեղծ վար­մուն­քը։ Այս մա­սին կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ՝ չը­սե­լու հա­մար շա­տեր, ո­մանք ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան իբր թէ կը լծուին՝ պար­զա­պէս աշ­խար­հա­կան կեան­քի մէջ չտի­րա­ցած, կամ ի­րենց չըն­ծա­յուած յարգն ու պա­տի­ւը կա­րե­նալ վա­յե­լե­լու հա­մար։

Այս պա­րա­գա­յին, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ո՞ւր է ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, ո՞ւր է նուի­րա­կան ո­գին, ո՞ւր է ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը, երբ իս­կա­կան նպա­տա­կը ո՛չ թէ ծա­ռա­յել, օգ­տա­կար ըլ­լալ, բա­ժին ու­նե­նալ ըն­կե­րա­յին բա­րո­յա­կան շէն­քին կա­ռուց­ման մէջ, այլ՝ օգ­տա­գոր­ծուիլ, շահ ա­պա­հո­վել եւ մէկ խօս­քով՝ ո՛չ թէ շնորհ ըն­դու­նիլ, այլ՝ շնորհ մը ը­նել, ո­րուն փո­խա­րէ­նը ա­ւե­լիով ըն­դու­նիլ։ Այդ շա­հա­գոր­ծու­մը ե­թէ ո՛չ նիւ­թա­կան, բայց ա­ւե­լի բա­րո­յա­կան կ՚ե­րե­ւի։

Պարզ հար­ցում մը սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը։ Մէ­կը ին­չո՞ւ հո­գե­ւո­րա­կան դառ­նալ կ՚ու­զէ։ Կը հա­ւա­տա՞ք, որ ի­րենց բարձր ու ազ­նիւ զգա­ցում­ներն են շար­ժա­ռի­թը։ Կը կար­ծէ՞ք, որ բարձր ի­տէալ­նե­րու՝ հա­ւատ­քի, զո­հո­ղու­թեան, ծա­ռա­յու­թեան, վե­հանձ­նու­թեան, նուի­րա­կա­նու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով է, որ «ո­մանք» հո­գե­ւո­րա­կա­նի սքեմ կրել կ՚ու­զեն։ Թող նե­րուի ին­ծի, ան­կեղ­ծու­թեամբ պի­տի ը­սեմ. վստահ չե՛մ։ Հա­պա ին­չո՞ւ։

Վստահ չեմ ո­մանց ան­կեղ­ծու­թե­նէն, քա­նի որ ո­մանք ի­րենց գի­տու­թեամբ, ո­մանք ի­րենց հա­ւատ­քով, ան­շուշտ ե­թէ ու­նին, կ՚ու­զեն տի­րա­պա­տել՝ այն ինչ որ չեն կրցած ը­նել աշ­խար­հա­կան կեան­քի մէջ ի­րենց «գի­տու­թեամբ» եւ «հա­ւա­տա­լիք»նե­րով։ Այն­պի­սի­նե­րուն ու­ժը ո՛չ թէ ի­րենց միտ­քը եւ հո­գին, այլ ի­րենց ո­րե­ւի­ցէ կեր­պով վստա­հուած սքե­մէն բխած զօ­րու­թիւնն է։ Ին­չո՞ւ «սքեմ», քա­նի որ կա­րե­ւո­րը «տար­բեր ըլ­լալ», «տպա­ւո­րել», «ազ­դե­ցիկ ըլ­լալ» եւ հա­սա­րակ մար­դոց­մէ բա­ցա­ռու­թիւն կազ­մե­լու պա­հանջ­քը կը զգա­ցուի։ Հա­պա ե­թէ «սքեմ»ը չու­նե­նան՝ ա­նոնք ո՛ր­քան վստա­հու­թիւն կը ներշն­չեն որ­պէս անձ. կա­րե­ւո­րը ա՛յդ է…։

Ար­դա­րեւ, ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը ո՛ր­քան ար­դա­րա­ցի է, ո՛ր­քան ի­րա­ւա­ցի է, ա­ռանց այդ ո­րո­շե­լու կա­րե­լի՞ է ա­նոր ար­դիւնք­նե­րուն վստա­հիլ։ Ու­րիշ հարց մը եւս. ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը ո՛ր­քան կը փո­խէ ան­ձը, մա­նա­ւանդ ինք­նու­թիւ­նը։ Ա­նար­ժան մէ­կու մը ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը ար­դեօք օ­գու­տէ ա­ւե­լի վնաս չի պա­ճա­ռե՞ր…։

Մի­թէ կեան­քի ոփր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ պատ­մու­թիւ­նը չի՞ վկա­յեր դէպ­քե­րու եւ դէմ­քե­րու խռո­վա­յոյզ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն, սայ­թա­քում­նե­րուն՝ որ հե­տե­ւանքն են ա­նար­ժան ձեռ­նադ­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­նի­րաւ գո­վես­տա­բա­նու­թիւն­նե­րու, խնկար­կու­թիւն­նե­րու։ Ա­նի­րաւ, ա­նար­դար եւ ա­նար­ժան կեր­պով յարգ ու պա­տիւ ստա­ցող­ներ, ի­րենց տա­րո­ղու­թե­նէն վեր ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներ ստա­ցող­ներ, մա­նա­ւանդ հո­գե­ւոր մար­զի մէջ, հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ա­մե­նէն վնա­սա­կար տար­րե­րը ե­ղած են։ Ե­կե­ղե­ցա­կան  պատ­մու­թիւ­նը ե­թէ լուրջ ու­սում­նա­սի­րուի՝ պի­տի տե­սու­նի, որ ո՛չ թէ զգա­ցա­կան, այլ՝ բո­լո­րո­վին ի­րա­կան ու վա­ւե­րա­կան եւ ստոյգ են մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։ Ուս­տի ա­նար­ժա­նի մը ի­րա­ւա­սու­թիւն տալ ո՛ր­քան որ վտան­գա­ւոր է՝ ար­ժա­նա­ւո­րէ մը զլա­նալ, ի­րա­ւազր­կել նո՛յն­քան չա­րիք սպառ­նա­ցող, տագ­նա­պա­լից եւ ա­ղի­տա­ւոր ա­րարք մըն է։

Ար­դէն ըն­կե­րա­յին ա­նար­դա­րու­թիւ­նը ինք­նին ա­մե­նա­մեծ վտանգն է թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­ւա­քա­կան կեան­քին հա­մար։ Ա­նար­ժէք մէ­կուն ար­ժէք ըն­ծա­յել ա­նար­դա­րու­թիւն է եւ ա­նի­րա­ւու­թիւն, բայց ար­ժէք ու­նե­ցող, ար­ժա­նա­ւոր մէ­կէն ար­ժա­նի յար­գը զլա­նալ, ո­ճի՛ր է՝ որ­մէ կը վնա­սուի թէ՛ ան­հա­տը եւ թէ ըն­կե­րու­թիւ­ւը։ Ին­չո՞ւ չափ եւ կշիռ չու­նե­նալ այս մա­սին, ին­չո՞ւ ար­ժա­նա­ւո­րը եւ ա­նար­ժա­նը նոյն նժա­րին մէջ դնել. չէ՞ որ այդ­պէս ը­նե­լով կը խախ­տուի, կը քան­դուի ամ­բողջ կշի­ռը։

Ե­թէ կ՚ու­զենք ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել ու պա­հել, մա­նա­ւանդ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին մէջ, պէտք է գիտ­նանք զա­տել ար­ժա­նա­ւո­րը եւ ա­նար­ժա­նը, պէտք է ար­դա­րու­թեան կշի­ռը, ի­րա­ւուն­քի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը լաւ գոր­ծա­ծենք։ Ա­նար­ժան­նե­րու, վնա­սա­կար տար­րե­րու ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թիւն յանձ­նել, ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­ւոր կեան­քը ա­նոնց վստա­հու­թեան ա­ւան­դել՝ ե­թէ ո՛չ ո­ճիր, այլ պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն բեռց­նել կը նշա­նա­կէ են­թա­կա­յին՝ որ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ տա­նիլ զայն։

Ի­րա­պէս ար­ժա­նա­ւոր­նե­րը, ան­կեղծ ծա­ռա­յա­սէր­նե­րը, նուի­րուած սպա­սա­ւոր­ներն են, որ պի­տի ա­ւե­լի եւս բար­գա­ւա­ճեն, ա­ւե­լի՛ եւս բարձ­րաց­նեն եւ իր պատ­նէ­շին վրայ պի­տի պա­հեն դա­րա­ւոր քրիս­տո­սա­ւանդ Ե­կե­ղե­ցին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 10, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2015