ԲԱ­ՐԻՆ ՈՒ ՉԱ­ՐԸ ՃԱՆՉ­ՆԱԼ

Կեան­քի մէջ կա­րե­ւոր է՝ բա­րին ու չա­րը ճանչ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, ի հար­կին կան­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րով ա­ռաջ­քը առ­նել չա­րին ու չա­րա­գոր­ծու­թեան։ Ար­դա­րեւ կեան­քը լե­ցուն է բա­րիք­նե­րով, բայց նաեւ՝ չա­րիք­նե­րով։ Ու­րեմն չա­փով մը մարդ լա­ւա­տես կրնայ ըլ­լալ բայց նաեւ՝ զգո՛յշ, ինք­զինք պաշտ­պա­նե­լու հա­մար չա­րէն եւ ա­նոր հա­ւա­նա­կան չա­րու­թիւն­նե­րէն։ Մարդ ե­թէ չա­փա­զան­ցէ զգու­շու­թիւ­նը՝ կը դառ­նայ յո­ռե­տես, ի՛նչ որ հետզ­հե­տէ կեան­քը կը վե­րա­ծէ ան­տա­նե­լի ըն­թաց­քի մը։ Ու­րեմն չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը պայ­ման է՝ ի­րա­տե՛ս ըլ­լա­լու հա­մար։ Իսկ ի­րա­տես ըլ­լա­լու հա­մար մարդ պէտք է չա­րը ու բա­րին զա­նա­զա­նե­լու հմտու­թիւն ու­նե­նայ եւ զգոյշ ըլ­լայ՝ թէ ո՛րն է ճշմա­րիտ բա­րին, եւ ո՛րն է իս­կա­կան չա­րը, քա­նի որ շատ ան­գամ բա­րիի դի­մա­կով կը մօ­տե­նայ ան, եւ զա­նա­զա­նել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար…։

Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ շատ մը դժբախ­տու­թիւն­ներ, յու­սա­խա­բու­թիւն­ներ, խռո­վու­թիւն­ներ եւ մին­չեւ իսկ ա­նի­մաստ թշնա­մու­թիւն­ներ ծնունդ կ՚առ­նեն պար­զա­պէս բա­րին ու չա­րը չճանչ­նա­լու եւ չկա­րե­նալ զա­նա­զա­նե­լու պատ­ճա­ռով։ Չէ՞ պա­տա­հած, որ բա­րե­կամ կար­ծուած չա­րա­միտ­նե­րու պատ­ճա­ռով յու­սա­բեկ մար­դիկ վշտա­նան եւ ա­ռանձ­նու­թիւ­նը նա­խընտ­րեն ի­րենց մնա­ցեալ կեան­քը եր­ջա­նիկ ապ­րե­լու հա­մար։ Ա­նոնք եր­ջան­կու­թիւ­նը կը գտնեն շատ ան­գամ ա­ռանձ­նու­թեան մէջ եւ կը ստեղ­ծեն ի­րենց անձ­նա­կան աշ­խար­հը՝ ա­ռան­ձին եր­ջան­կու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով նաեւ այդ յա­տուկ աշ­խար­հին մէջ։

Ո՞րն է բա­րին եւ ո՞րն է չա­րը։ Ո­րո­շել դժուար է, քա­նի որ եր­կուքն ալ շատ ան­գամ չեն ե­րե­ւիր այն­պէս՝ ինչ­պէս որ են։ Մա­նա­ւանդ  չա­րը կը ծած­կէ ինք­զինք, կը քօ­ղար­կուի բա­րիի դի­մա­կով ու ե­րե­ւոյ­թով եւ շատ ան­գամ մար­դիկ զայն կը տես­նեն որ­պէս բա­րի՛ք։

Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է որ ը­սուած է, թէ՝ ա­ւե­լի նա­խընտ­րե­լի է թշնա­միին ան­կեղծ ապ­տա­կը, քան սուտ բա­րե­կա­մին կեղծ համ­բոյ­րը։ Եւ ա­մէն բա­նի կեղ­ծը նող­կա­լի եւ խոր­շե­լի է՝ վտան­գա­ւոր ու վնա­սա­րա՛ր։

Բա­րեմ­տու­թիւն եւ չա­րամ­տու­թիւն՝ այս եր­կու զգա­ցում­նե­րը, աշ­խար­հի վրայ ապ­րող մար­դոց հո­գե­վի­ճա­կը եւ ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը ցոյց կու տայ։

Եւ զար­մա­նա­լի՜ է, որ աշ­խար­հի վրայ բա­րին ու չա­րը կողք կող­քի, միա­տեղ կ՚ապ­րին։ Բա­րին իր գոր­ծը կը կա­տա­րէ, չա­րը՝ ի­րե՛­նը։ Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սինք՝ էա­կա­նը «բա­րի»ն է, իսկ «չար»ը՝ բա­րիին այ­լա­սե­րած ու այ­լա­փո­խուած վի­ճա­կը։ Ար­դա­րեւ «այ­լա­սե­րիլ»՝ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ ո­րե­ւէ էու­թեան սեր­մին կամ ցե­ղին, յատ­կու­թիւն­նե­րուն այ­լայ­լի­լը, փո­խուի­լը՝ դէ­պի գէ՛­շը, դէ­պի վնա­սա­կա­րը։ Այ­սինքն՝ վա­տա­սե­րիլ, իր տե­սա­կին ազ­նուու­թիւ­նը եւ յատ­կու­թիւ­նը կորսնց­նե՛լ։ Բա­րին ալ երբ կը կորսնց­նէ իր էա­կան յատ­կու­թիւ­նը՝ կը վե­րա­ծուի «չա՛ր»ի…։

Ար­դա­րեւ «բա­րի»ն կը նմա­նի թարմ՝ նոր փրցուած կամ քա­ղուած հա­մեղ, ա­խոր­ժա­համ ու քաղցր պտու­ղի, որ օգ­տա­կար է մար­դուս. իսկ «չար»ը նոյն այն պտու­ղին այ­լա­սե­րած վի­ճա­կին՝ թար­մու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած՝ օ­թեկ, ան­համ, լե­ղի, կծու վի­ճա­կին, քա­նի որ կորսն­ցու­ցած է իր յատ­կու­թիւ­նը, փտած, քայ­քա­յուած է եւ ո՛չ մէկ օ­գուտ ու­նի, այլ ա­ւե­լի վնա­սա­կար է։ Ա­հա­ւա­սիկ պտու­ղը նոյն «պտուղ»ն է, սա­կայն մէ­կը միւ­սին այ­լա­սե­րած վի­ճա­կը ու­նի. ճիշդ էա­պէս «բա­րի»ին նման՝ որ կը վե­րա­ծուի «չար»ի, կորսնց­նե­լով իր էա­կան յատ­կու­թիւ­նը։

Բնու­թեան մէջ շատ օ­րի­նակ­ներ կան այս մա­սին. զոր օ­րի­նակ, ո­րո­մը վնա­սա­կար բոյս մըն է՝ որ ցո­րե­նի այ­լա­սե­րած վի­ճակն է։ Էա­պէս լաւ եւ օգ­տա­կար, բայց այ­լա­սե­րու­մի պատ­ճա­ռով՝ չար ու վնա­սա­կա՛ր։ Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ ո­րո­մը (=delice) իր գո­յու­թիւ­նը կը պա­հէ ու կը շա­րու­նա­կէ ցո­րե­նին քով, ա­նոր հետ, եւ շատ ան­գամ զա­նա­զա­նել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար։ Ար­տին մէջ եր­կու­քին ալ տեղ կը գտնուի, եր­կուքն ալ կը շա­րու­նա­կեն բուս­նիլ։

Բայց ո­րո­մը միշտ կա­խում ու­նի ցո­րե­նէն…։

Ու­րեմն կա­րե­լի է ը­սել, թէ՝ չա­րը կա­խում ու­նի, պա­հանջ­քը ու­նի միշտ բա­րիին՝ իր գո­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Իսկ բա­րո­յա­գի­տա­կան ի­մաս­տա­սի­րու­թեամբ կրնանք ը­սել, որ ե­թէ «չար»ը գո­յու­թիւն չառ­նէ, ա­պա «բա­րիք»ին էու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս պի­տի յայտ­նուի եւ հասկ­նա­լի պի­տի ըլ­լայ։ Ու­րիշ խօս­քով՝ «բա­րի»ին «բա­րի՛» է, քա­նի որ «չար»ը գո­յու­թիւն ու­նի եւ չա­րին բաղ­դատ­մամբ «բա­րի՛» է։ Սե­ւը «սեւ» է, երբ ճեր­մա­կը գո­յու­թիւն ու­նի եւ ա­նոր բաղ­դատ­մամբ սե՛ւ է, ինչ­պէս լոյ­սը՝ «լո՛յս» է, քա­նի որ մու­թը, խա­ւա­րը գո­յու­թիւն ու­նի եւ ա­նոր բաղ­դատ­մամբ լո՛յս է։

Ուս­տի բա­րի-չար, լոյս-խա­ւար, ճեր­մակ-սեւ՝ ի­րար­մէ կա­խում ու­նին, հա­կա­դիր վի­ճակ­ներ են՝ որ զի­րար կը յայտ­նեն։ Մար­դոց­մէ ո­մանք «գի­տուն» կը կո­չուին, քա­նի որ ա­նոնց բաղ­դատ­մամբ նուազ ու հա­մեստ գի­տու­թեան տէր մար­դիկ կան, թէ ոչ՝ «գի­տուն»ին գի­տու­թեան չա­փը ի՞նչ չա­փա­նի­շով կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ ստու­գել։ Մէ­կու մը կ՚ը­սենք «ազ­նիւ մարդ» է, քա­նի որ իր շուր­ջը կը գտնուին կոշտ, ան­փափ­կան­կատ, բիրտ մար­դիկ, եւ այն մէ­կը՝ ա­նոնց նկատ­մամբ ու բաղ­դատ­մամբ «ազ­նիւ» եւ «ըն­տիր» կը կո­չուի։ Իսկ ա­նոր ազ­նուու­թեան չա­փը ո­րո­շե­լու հա­մար պէտք է, որ իր շուր­ջը ըլ­լայ ի­րեն նման ազ­նիւ ու ըն­տիր մար­դիկ։ Ոչ­խա­րը՝ ե­զին կամ ա­ւե­լի ճիշ­դը, այ­ծին նկատ­մամբ ոչ­խա՛ր է, թէ ոչ՝ միայն ա­նա­սուն կեն­դա­նի մը…։ Մար­դոց մէջ ալ կան «բա­րի» մար­դիկ, քա­նի որ կա՛ն չա­րեր եւ այդ չա­րե­րուն նկատ­մամբ բա­րի են։ Բայց ո՞ր­քան, այդ ալ կա­րե­լի է ու­րիշ բա­րի­նե­րու հետ բաղ­դա­տե­լով հասկ­նալ։

Ար­դա­րեւ ճշմա­րիտ բա­րին Աս­տուա՛ծ ինքն է, մար­դիկ «բա­րի» կ՚ըլ­լան երբ Ա­նոր նմա­նին, Ա­նոր հետ բաղ­դա­տուին եւ չար մար­դիկ կան, քա­նի որ Աս­տու­ծոյ նմա­նու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած են, այլ խօս­քով բա­րին ի­րենց մօտ փո­խուած է չա­րի։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ, որ ա­մէն «չար» մարդ ե­թէ անդ­րա­դառ­նայ իր մէջ կա­տա­րուած այ­լա­փո­խու­թեան, դար­ձեալ կրնայ վե­րա­դառ­նալ իր բա­րի վի­ճա­կին, քա­նի որ էա­կա­նը բա­րի՛ն է եւ բա­րու­թիւ­նը։ Բա­րու­թեան դաշ­տը միշտ բեր­րի է՝ հետզ­հե­տէ կ՚ա­ճի։ Բայց նաեւ՝ միշտ հա­ւա­նա­կան է ա­նոր փո­փո­խու­թիւ­նը, այ­լա­սե­րու­մը։ Բա­րի ըլ­լալ բնա­կան է, բայց զայն պահ­պա­նել աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ՝ դժուար ու ծանր աշ­խա­տա՛նք։ Ժա­մա­նա­կի եւ զո­հո­ղու­թեան գործ է բա­րին պահ­պա­նել, բա­րի մնալ, բայց շատ դիւ­րին է եւ հեշտ՝ չա­րի փո­խուիլ, չար ըլ­լալ եւ չար մնալ…։

Թէ ինչ­պէ՞ս զա­նա­զա­նել բա­րին ու չա­րը, քա­նի որ հա­մըն­թաց եւ հա­մա­գոյ՝ միշտ կան մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ։ Ա­նոնք զա­նա­զա­նե­լու մէկ կերպն է՝ լոյ­սին ու խա­ւա­րին մէջ դի­տել զա­նոնք։ Բա­րին միշտ լոյ­սին մէջ կը յայտ­նուի՝ բնաւ ծա­ծուկ չ՚ե­րե­ւիր, մինչ­դեռ չա­րը կը նա­խընտ­րէ մու­թը եւ խա­ւա­րը, քա­նի որ ա­նոնք կրնան ծած­կել ու քօ­ղար­կել զինք։ Ու­րեմն մու­թին ու խա­ւա­րին մէջ յայտ­նուած ո­րե­ւէ բան պէտք է կաս­կա­ծով ու տա­րա­կու­սան­քով դի­մա­ւո­րուի, ե­թէ ոչ միշտ, բայց ընդ­հան­րա­պէս «չար» կրնա՛յ ըլ­լալ ան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 28, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2016