ՆԵՂ ՃԱՄԲՈՎ…
Կեանքը ապրիլ եւ նպատակին հասնիլ դժուար է. այս դժուարութիւնը բոլորս ալ ապրած ենք եւ այս իսկ պատճառով ըսուած է, թէ կեանքը պայքար մըն է։ Եւ սակայն, այս դժուարութիւնը յարաբերական է եւ համեմատական՝ կեանքին եւ անոր նպատակին տրուած նշանակութեան նկատմամբ։
Ոմանք կեանքը կ՚ընդունին եւ կ՚ապրին իրենց ըմբռնումին համեմատ, օրը կ՚ապրին եւ որեւէ նպատակի մը չեն ծառայեր. անցեալի վրայ չեն խորհիր եւ ապագայի մասին որեւէ մտահոգութիւն չունին։ Անոնք ներկայով կը բաւարարուին, թէեւ անտարբեր չեն կեանքին նկատմամբ, բայց հեռանկար մըն ալ չունին։ Եթէ ուշադրութեամբ քննուի այդպիսիներուն հոգեվիճակը, պիտի տեսնուի, թէ անոնք անձնասէրներ են, քանի որ չեն հետաքրքրուիր ապագայով. իսկ ապագայով չմտահոգուիլ կը նշանակէ, թէ անոնք չեն մտահոգուիր նաեւ ապագայ սերունդներու նկատմամբ, քանի որ գալիք սերունդներու երջանկութիւնը կախում ունի ներկայ սերունդէն։ Ուրեմն, ներկան ապրող մարդը պէտք է որ մտահոգուի ապագայի մասին։ Եւ այս ալ, անշուշտ, կը դժուարացնէ կեանքը։
Ներկան հաստատուած է անցեալին վրայ. ապագան ալ պիտի հաստատուի իր անցեալին, այսինքն ներկային վրայ։ Այս ալ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ ներկայի մարդուն վրայ եւ ամէն պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն բնականաբար դժուարութիւններ կը ստեղծէ։
Ուրեմն, կեանքին նպատակը ըլլալու է լաւ ապագայ մը պատրաստել՝ ներկան ապրիլ ապագան խորհելով… մարդ այսօրը ապրելու է վաղուան համար։ Բայց, անշուշտ, չի նշանակեր անտեսել ներկան, կարեւորութիւն չընծայել ներկային, այլ ներդաշնակել ներկան եւ ապագան։
Ահաւասիկ, այս առումով՝ կեանքի ճամբան թէեւ նեղ է եւ փշոտ եւ քարքարուտ, բայց ան է, որ մարդը կը տանի իր նպատակին՝ երկինք, Աստուծոյ մօտ։ Որովհետեւ, աստուածահաճոյ ամէն նպատակ պէտք է ըլլայ մարդուն նպատակը։ Ուստի, մարդ ստեղծուած է իր նմաններուն օգնելու, միւսները զօրացնելու համար, այսինքն մարդուն էական նպատակը իրերօգնութիւնն է՝ իր առաջնակարգ կոչումը։ Մարդ պէտք է մտահոգուի նաեւ ուրիշներու՝ իր նմաններուն համար եւ ո՛չ թէ միայն ներկայ մարդոց, այլ ապագայ սերունդներու համար։
Խորհեցէք, սիրելի՜ներ, եթէ այսպէս չըլլար, դարերու եւ ժամանակաշրջաններու հոլովոյթին մէջ միլիոնաւոր սերունդներ ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէին, մարդկութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հասնէր մինչեւ մեր օրերը եւ ինչպէ՞ս պիտի շարունակէր իր կեանքի ճամբան։
Սիրելի՜ներ, մեր նախնիները մեզի համար մտահոգուեցան եւ այսօր մենք գոյութիւն ունինք եւ մենք ալ պէ՛տք է մտահոգուինք ապագայ սերունդներուն մասին, որպէսզի կեանք ունենան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ