ՀՈԳԻ ՄԱՐՄԻՆ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

Քրիս­տո­նէու­թեան սի՛րտն է «Յա­րութի՛ւն»ը։

Ար­դա­րեւ հո­գիին եւ մար­մի­նին բա­ժա­նումն է մա­հը։

Մա­հով՝ մար­դուն մար­մի­նը փտու­թեան կը մատ­նուի, մինչ ա­նոր հո­գին կ՚եր­թայ ըն­դա­ռաջ Աս­տու­ծոյ, սպա­սե­լով, որ վերս­տին միա­նայ իր «փա­ռա­ւո­րեալ» մար­մի­նին հետ։ Աս­տուած Իր Ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ ա­նա­պա­կան կեան­քը վերջ­նա­կա­նա­պէս պի­տի վե­րա­դարձ­նէ մեր մար­մին­նե­րուն, միաց­նե­լով զա­նոնք մեր հո­գի­նե­րուն, զօ­րու­թեամբ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան։ Քա­նի որ «մահ»ը բո­լոր մարդ­կու­թեան հա­մար ան­խու­սա­փե­լի ի­րո­ղու­թիւն է, ա­պա ու­րեմն բո­լո՛ր մա­հա­ցած մար­դի­կը յա­րու­թիւն պի­տի առ­նեն. «Ա­նոնք որ բա­րին գոր­ծած են՝ կեան­քին յա­րու­թեան հա­մար, իսկ ա­նոնք որ չա­րը գոր­ծած են՝ դա­տա­պար­տու­թեան յա­րու­թեան հա­մար» (ՅՈՎՀ. Ե 29)։

­Յի­սուս յա­րեաւ Իր իսկ մար­մի­նով։ Սա­կայն Ան չվե­րա­դար­ձաւ Իր երկ­րա­յին կեան­քին։ Նոյն­պէս Քրիս­տո­սով ա­մէն­քը պի­տի յառ­նեն ի­րենց այժ­մու մար­մի­նով, բայց այս մար­մի­նը պի­տի կեր­պա­րա­նա­փո­խուի փառ­քի մար­մի­նի՝ հո­գե­ղէն մար­մի­նի (Ա. ԿՈՐՆ. ԺԵ 44)։

Արդ, ո՞վ է ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լը։

Ան­շուշտ, որ Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­ցող, Ա­նոր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը իւ­րաց­նող քրիս­տո­նեա­ներ հա­ւա­տա­ցեալ են։ Բայց Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ ա­մէն հա­ւա­տա­ցող, որ ըստ ե­րե­ւոյ­թի հա­ւա­տա­ցեալ կ՚ե­րե­ւի, կամ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու յա­տուկ գոր­ծեր կը կա­տա­րէ՝ ճշմար­տա­պէս ու ի­րա­պէս հա­ւա­տա­ցեալ չէ, եւ Յի­սուս այդ­պի­սի­նե­րը եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան ար­ժա­նի չի տես­ներ։ Յի­սուս կ՚ը­սէ.

«Չկար­ծէք թէ ով որ ին­ծի.- Տէ՛ր, Տէ՛ր, կ՚ը­սէ, եր­կին­քի ար­քա­յու­թիւ­նը պի­տի մտնէ, այլ պի­տի մտնէ միա՛յն ա­նի­կա, որ եր­կին­քի մէջ գտնուող իմ Հօրս կամ­քը կը կա­տա­րէ։ Երբ այդ օ­րը գայ, շա­տեր պի­տի ը­սեն ին­ծի.- Տէ՜ր, Տէ՜ր, չէ՞ որ քու ա­նու­նովդ Աս­տու­ծոյ պատ­գամ­նե­րը փո­խան­ցե­ցինք, քու ա­նու­նովդ չար ո­գի­ներ դուրս հա­նե­ցինք, եւ քու ա­նու­նովդ բազ­մա­թիւ հրաշք­ներ գոր­ծե­ցինք։ Այն ա­տեն պի­տի յայ­տա­րա­րեմ ա­նոնց.- Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչ­նար։ Հե­ռա­ցէ՛ք ինձ­մէ դուք բո­լորդ, որ չա­րիք կը գոր­ծէք» (ՄԱՏԹ. Է 21-23) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԳ 25-27)։

Ա­պա ու­րեմն, Յի­սու­սի երկ­րա­յին կեան­քի ըն­թաց­քին «հա­ւա­տալ» չի բա­ւեր, այլ պէտք է հա­ւա­տալ Ա­նոր երկ­նա­յին ի­րա­կան կեան­քին ալ, եւ ինչ­պէս նա­խա­պէս ը­սինք, պէտք է հա­ւա­տալ նաեւ քրիս­տո­նէու­թեան սրտին, քրիս­տո­նէու­թեան ո­գիին, քրիս­տո­նէու­թեան ի­մաս­տին, այ­սինքն՝ Յա­րու­թեան։

Ուս­տի սո­վո­րա­կան-աշ­խար­հա­յին գոր­ծեր կա­տա­րել, մարդ­կայ­նօ­րէն հա­ւա­տա­ցեալ ե­րե­ւիլ չի՛ բա­ւեր, այլ՝ հո­գե­պէս պէտք է հա­ւա­տալ, հո­գիով եւ ան­տե­սա­նե­լիին հա­ւա­տալ եւ այդ հա­ւատ­քով գոր­ծել։ Ար­դա­րեւ «հո­գիով ապ­րուած կեանք»ն է, որ կ՚ար­դա­րաց­նէ մար­դը եւ կ՚ը­նէ ի­րա­պէ՛ս հա­ւա­տա­ցեալ։

Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ եբ­րա­յե­ցի­նե­րուն գրած իր նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Ի՞նչ է հա­ւատ­քը։ Հա­ւատք՝ կը նշա­նա­կէ վստահ ըլ­լալ այն բա­նե­րուն՝ ո­րոնց կը յու­սանք, եւ հա­մո­զուած ըլ­լալ այն բա­նե­րուն՝ ո­րոնք չեն ե­րե­ւիր» (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։­

Ու­րեմն չի բա­ւեր սո­վո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­յին պատ­գամ­նե­րը ըն­դու­նիլ եւ գոր­ծադ­րել զա­նոնք, այլ պէտք է վստահ եւ հա­մոզուած ըլ­լալ ըստ մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան «ան­սո­վոր» նկա­տուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու ճշդու­թեան։ Եւ ան­շուշտ ա­սի­կա ա­մե­նէն ցայ­տուն կեր­պով կը տես­նուի Յա­րու­թեան ի­րո­ղու­թեան մէջ։

Այն՝ որ Յի­սու­սի կը հա­ւա­տայ միայն իր կեն­դա­նու­թեան, կամ ը­սենք երկ­րա­յին կեան­քի «մարդ» վի­ճա­կին եւ այդ մի­ջո­ցին տրուած պատ­գամ­նե­րուն միայն կը հե­տե­ւի, ա­յո՛, ընդ­հա­նուր առ­մամբ «հե­տե­ւորդ» կրնայ նկա­տուիլ, բայց ի­րա­պէ՛ս ան­թե­րի եւ հաս­տատ «հա­ւա­տա­ցեալ» նկա­տուե­լու հա­մար պէ՛տք է Յա­րու­թեան ճշմար­տու­թեան հա­մո­զուիլ եւ ըստ այնմ վա­րուիլ։ Ու­րեմն կը տես­նուի, որ Յա­րու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը քրիս­տո­նէու­թեան սի՛րտն է եւ կեդ­րո­նը քրիս­տո­նեայ հա­ւատ­քին…։

Յա­րու­թիւն առ­նե­լու մա­սին հա­ւատ­քը ա­ւե­լի մար­դուս մարմ­նա­ւոր կեան­քին կը վե­րա­բե­րուի, քա­նի որ քրիս­տո­նեայ հա­ւատ­քը կը վար­դա­պե­տէ «մար­մի­նով յա­րու­թիւն» ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Եւ սա­կայն մար­դու բա­րո­յա­կան կեան­քի փո­փոխ­ման կամ բա­րեշրջ­ման հա­մար ալ՝ յա­րու­թիւն առ­նե­լը իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նի։ Զոր օ­րի­նակ, հա­մեստ գի­տու­թեան տէր մէ­կը երբ իր ան­գի­տու­թե­նէն գի­տու­թեան հաս­նի, կը նշա­նա­կէ որ ան յա­րու­թիւն ա­ռած է, այ­սինքն՝ վի­ճա­կէ մը ու­րիշ վի­ճա­կի փո­խուած է։

Խա­ւա­րի մէ­ջէն լոյս ել­նելն ալ իր կար­գին յա­րու­թեան ի­րո­ղու­թիւն մըն է։

Բա­րո­յա­կան կեան­քէ դուրս ե­լած, շե­ղած մէ­կը ե­թէ որ իր այդ ըն­թաց­քէն յան­կարծ ետ մնայ ու բար­ւոք կեն­ցա­ղա­վա­րու­թեան դառ­նայ, կը նշա­նա­կէ՝ որ ան «մե­ռած» տե­ղէն «կեն­դա­նա­ցած» է, մե­ռած գոր­ծե­րուն մէ­ջէն յա­րու­թիւն ա­ռած է եւ «նոր կեանք» ստա­ցա՛ծ։

Ա­րիս­տա­կէս Քա­հա­նայ Տիւլ­կէ­րեան, իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ.

«Աս­տուած-Որ­դին՝ Փրկի­չը ե­կաւ աշ­խար­հի, նոր կեանք պար­գե­ւեց Մարդ­կան ազ­գին,  ա­պա­կա­նա­ցու­մէն ա­նա­պա­կա­նի մէջ յա­րու­ցա­նե­լով մար­դուն, եւ մար­դիկ խառ­նուե­ցան հրեշ­տակ­նե­րու հետ՝ Փրկչի պար­գե­ւած երկ­նա­յին կրօ­նի զօ­րու­թիւ­նով ու շնոր­հիւ»։ Քա­հա­նայ հայ­րը իր խօս­քը կը վեր­ջաց­նէ սրբազան Ա­ռա­քեա­լին յոր­դոր­նե­րով, «Այ­սու­հե­տեւ թող մեղ­քեր չտի­րեն ձեր մահ­կա­նա­ցու մար­մին­նե­րուն մէջ եւ դուք որ­պէս հպա­տակ­ներ՝ չհնա­զան­դիք մարմ­նա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րուն։ Ու ձեր ան­դամ­ներն ալ զէնք մի՛ պատ­րաս­տէք ա­նի­րա­ւու­թեան մեղ­քե­րու հա­մար, այլ ձեր ան­ձե­րը պատ­րաս­տե­ցէք Աս­տու­ծոյ, որ­պէս մե­ռե­լո­տի գոր­ծե­րէն հե­ռա­ցած ու կեն­դա­նի գոր­ծեր կա­տա­րող մար­դիկ, ու ձեր ան­դամ­ներն ալ պատ­րաս­տե­ցէք Աս­տու­ծոյ ար­դա­րու­թեան հա­մար աշ­խա­տող սրբա­զան ու ար­դար զէն­քեր»։­

Ուս­տի, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ի՜նչ պի­տի ար­ժէր «հա­ւա­տա­ցեալ» մէ­կու մը կու­րա­բար գոր­ծադ­րե­լը պա­տուի­րան­նե­րը, ե­թէ չէ փո­խուած ներք­նա­պէս, ե­թէ չէ ստա­ցած «նոր կեանք»ը, ե­թէ չէ հա­մո­զուած Յա­րու­թեան ճշմար­տու­թեան։ Ար­դա­րեւ, մէ­կը, որ միայն աշ­խար­հի մտա­հո­գու­թեամբ կը գոր­ծադ­րէ պատ­գամ մը, օ­րէն­քի կամ կա­նո­նի կը հնա­զան­դի աշ­խարհի վա­խով, եւ չի խոր­հիր երկ­նա­յի­նը, աշ­խար­հա­յին կեան­քէն յե­տոյ նոր կեան­քին չէ հա­մո­զուած, մէկ խօս­քով Յա­րու­թեան նկատ­մամբ ան­տար­բեր է, ի զուր կը սպա­սէ ե­րա­նու­թեան, քա­նի որ Յի­սուս ինքն է որ կ՚ը­սէ. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչ­նար, հե­ռա­ցէ՛ք ինձ­մէ դուք բո­լորդ՝ որ չա­րիք կը գոր­ծէք»։­

Ու­րեմն սի­րե­լի­ներ, սի­րե­լի հա­ւա­տա­րիմ եւ հա­ւա­տա­ցեալ բա­րե­կամ­ներ, չի բա­ւեր միայն գոր­ծադ­րել ո­րե­ւէ պատ­գամ, ե­թէ ա­նոր չենք վստա­հիր, չենք հա­մո­զուիր, չենք այդ հա­մո­զու­մը իւ­րաց­ներ, եւ ե­թէ ան­կեղծ չենք, ար­դար չենք։

«Ի­մաստ»ը գիտ­նալ՝ եւ յե­տոյ գոր­ծադ­րե՜լ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 2, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015