ՄՇՏԱՊԷՍ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՍ
Անյագ ծարաւով մը կը շարունակեմ ընթերցել Մատթէոս Մամուրեանի «Անգլիական նամականի կամ Հայու մը ճակատագիրը» աշխատութիւնը. մէկ մէկ կ՚ուզեմ գոցել գիրքը եւ չշարունակել, աւելիով ականատես չըլլալու հայ ժողովուրդի դժբախտութեան, որ փաստօրէն վերջին տասնամեակներուն յատուկ չէ: Յստակ է, որ Մամուրեան հայ ազգի վիճակի հանդէպ լաւատես մտաւորական մը չէ եղած. տակաւին եղեռնէն իսկ տասնամեակներ առաջ բարձրացուցած է գաղթականութեան, օտարացման շատ կարեւոր խնդիրները եւ ընդգծած անոնց կարեւորութիւնը:
Իրականութեան մէջ հիմա աւելիով կը նկատեմ, որ մտաւորականներուն մեծամասնութիւնը իմաստուն ըլլալով, լաւատեսութեամբ չեն նայած հայ ժողովուրդի ապագային. գրեթէ բոլոր իմաստուն մտաւորականներուն համար հայն ու Հայաստանը հպարտութեան եւ պարծանքի փոխարէն վիշտ ու թախիծ ունեցած է իր մէջ. մի քանի օրեր առաջ հայ բանաստեղծ Գէորգ Էմինի մահուան 26-ամեակն էր. ուզեցի անգամ մը եւս աչքէ անցընել մեծանուն գրողի բանաստեղծութիւններ. լոկ դժբախտութիւն գտայ այդտեղ. ահաւասիկ անոր տողերէն.
«Եւ ի՜նչ էինք մենք
Ու երկիրը մեր,
Թէ շիտակ նստած՝ ծո՜ւռ խօսենք անգամ,-
Զբօսաշրջի՜կ իր հայրենիքում,
Հիւր՝ իր սեփական օջախ ու յարկում.
Գետ, որի լոկ մի՛ ափին ենք տիրում,
Լեռ, որ հեռուի՜ց է միայն երեւում,
Անժողովուրդ հո՜ղ,
Անհող ժողովո՜ւրդ
Եւ ցրուած հուլունք,
որ չէ՜ր... ժողովւում».
Ի՜նչ նմանութիւն. Գէորգ Էմին հայ ժողովուրդը կը նմանեցնէ հլուններու, որոնք գետին թափելով դժուար է միատեղել։ Հայը իր մայր հողին վրայ հիւր կը նկատէ, որովհետեւ հայերս իրապէս ալ հիւրի մը անտարբերութեամբ կը մօտենանք անոր:
Երէկ սփիւռքահայ մեծագոյն գրողներէն Մուշեղ Իշխանին մահուան 34-ամեակն էր. դարձեալ ուզեցի աչքէ անցընել անոր բանաստեղծութիւնները. նոյն դժբախտութիւնն ու ցաւը հոն գտայ։ Ահաւասիկ, տող մը անոր «Հայրենակից ո՞ւր կ՚երթաս» բանաստեղծութենէն.
«Խենթ հովերուն հետ բախտին…
Հայրենակից, ո՞ւր կ՚երթաս.
Ամէն երթի ու կայքի
Տե՛ս, վրայէդ կը թափի
Հայու հոգիդ մաս առ մաս…»:
Այդ հայաթափութիւնը կը տեսնենք Մատթէոս Մամուրեանի օրերուն. կը տեսնենք Մուշեղ Իշխանի եւ Գէորգ Էմինի օրերուն, կը տեսնենք այսօր՝ մեր սեփական աչքերով ու կ՚ապրինք այդ մէկը. բոլորին քով ալ ներկան չարաշուք, իսկ ապագան անյստակութեան մէջ կորսուած յոյս մը պարզապէս: Այս մեծանուն գրողները այս բոլորը կը գրէին ա՛յն ժամանակ՝ երբ տակաւին հայը շատ աւելիով հայ էր:
Գէորգ Էմին ու Մուշեղ Իշխան բանաստեղծներ են եւ իրենց խօսքը աւելի բանաստեղծական է, սակայն Մամուրեան ունի սուր ու կտրուկ ոճ մը. «Հայք ոչ միայն ֆիզիկապէս այլ եւ մտապէս ու բարոյապէս կը գաղթեն: Հայը գաղթելով կը փոխէ տէր ու սովորութիւն, կը փոխէ կեանք ու լեզուն, կը փոխէ հագուստն ու դէմքը, կը փոխէ միտք ու կարծիքը». այս բոլորը կը գրուին 143 տարիներ առաջ. սակայն այս բոլորին կողքին Մամուրեան ունէր հպարտութիւն մը. հայը կը փոխէր ամէ՛ն բան՝ սակայն կառչած կը մնար իր եկեղեցւոյ. 143 տարուան դժբախտութիւնը այն եղաւ, որ հայը իր փոխածներուն կողքին փոխեց նաեւ եկեղեցին. հազարամեակներ եկեղեցւոյ շնորհիւ իր հայութեան գոյութիւնը ապահոված ժողովուրդ մը փոխուելով սկսաւ հայհոյել ու քարկոծել եկեղեցին՝ խլելով Մամուրեանի միակ «հպարտութիւն»ը՝ որ օտարութեան մէջ նոյնիսկ հայը հայ կը յաջողէր պահել:
Նման դժբախտ հեռատեսութիւններ կարդացած ժամանակ միշտ նոյն հարցը կը ծագի. ի՞նչ պիտի գրէին մեր մտաւորականները՝ եթէ կենդանի ըլլային այսօր. մերօրեայ հայ ժողովուրդի վիճակը տեսնելով ի՞նչ պիտի արձանագրէին. Մամուրեանի ժամանակ «յուղարկաւորութիւն»ն էր ազգին. այժմ դիակը չկայ, արդէն իսկ մաս առ մաս կը կորսնցնենք, սակայն անհասկնալի կռիւ ու պայքար մը կայ, ոչնչութեան պայքար մը, որ անկենդանութեան մէջ նոյնիսկ ազգի հոգին կը կրծէ:
Այս գրութիւնը կ՚ուզենք վերջացնել Մամուրեանի ցաւցնող խօսքերով. «Ի՜նչ զարհուրելի բան, հայ ըլլալ եւ հայութիւնն ատել, հայ ըլլալ եւ հայ պատմութիւն, լեզու, գրականութիւն եւ Հայաստան ուրանալ»:
Թող լաւատեսները շարունակեն իրենց թմբուկը ծեծել՝ մինչեւ որ պայթի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աստուածաշունչին մէջ կա՞ն կենդանիներ, որոնք այսօր գոյութիւն չունի՞ն:
Պատասխան. Այո՛, Աստուածաշունչը կը յիշէ որոշ կենդանիներ, որոնք գիտնականներու կարծիքով՝ այսօր գոյութիւն չունին. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Բեհեմովթը, որուն մասին գրուած է Յոբի գիրքին մէջ (Յոբ 40:15). որոշ գիտնականներ կը պնդեն, որ Բեհոմովթը այսօր գոյութիւն չունի: Այլ կենդանի մըն է Միեղջերուն, որ բազմաթիւ անգամ յիշուած է Աստուածաշունչին մէջ (Թուոց 23:22, Յոբ 39:9, Սաղմոս 92:10 եւ այլն):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024