ԽՆԱՄՔ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ
Կ՚ըսուի, թէ բժիշկը՝ Աստուծոյ ձեռքն է աշխարհի վրայ։ Արդարեւ, եթէ նկատի ունենանք բժիշկներու օգտակարութիւնը եւ ծառայութիւնը մարդկային կեանքին պահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ, կը տեսնենք, թէ ո՛րքան իրաւացի է այս խօսքը, իրականութիւն մըն է այն մեծ մասամբ, քանի որ բժիշկները, կերպով մը գործակիցները կ՚ըլլան Աստուծոյ՝ Իր նախախնամութեան ու հոգատարութեան գործին մէջ։
Աստուած կը ստեղծէ ամէն ինչ, բայց չի թողուր զանոնք, այլ կը շարունակէ խնամել, հոգ տանիլ իր արարածներուն՝ միշտ հայրական հաւատարմութեամբ մը։
Արարածներուն մէջ՝ Աստուծոյ ամենէն սիրելին է մա՛րդը, եւ անոր խնամքը, հոգածութիւնը, Աստուած յանձնած է բժիշկին՝ որ նուիրական ու սրբազան ծառայութեամբ կը կատարէ իր պարտականութիւնը՝ խնամք տանելով մարդկային մարմնին, ինչպէս նաեւ հոգիին։ Ուրեմն ո՜րքան ճիշդ է՝ թէ բժիշկը Աստուծոյ ձե՛ռքն է երկրի վրայ, Անոր գործակիցը եւ գործակատա՛րը։
Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Աստուծոյ զօրութիւնը եւ էութիւնը, կամքը եւ իմացականութիւնը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը նո՛յնն են. այնպէս որ ի՛նչ որ կայ աստուածային զօրութեան մէջ, ըլլալո՛ւ է Աստուծոյ արդար կամքին կամ Անոր իմաստուն իմացականութեան մէջ»։ Այս կը նշանակէ՝ թէ Աստուած միայն չի ստեղծեր, այլ կը խնամէ, կը հոգայ նաեւ իր ամբողջ արարածները, եւ մանաւանդ՝ մա՛րդը։
Եւ քանի որ Աստուած կարող է ոչինչէն ստեղծել, կարող է նմանապէս Սուրբ Հոգիով թէ՛ մեղաւորներուն հոգիին կեանքը տալ. անոնց մէջ ստեղծելով մաքուր սիրտ, թէ՛ մարմինի վերանորոգումը կատարել հիւանդներուն՝ բժշկութեամբ եւ դարձեալ մարմինի կեանք տալ մեռեալներուն՝ Յարութեամբ։
«Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք։ Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին.- Մեղքերդ ներուա՛ծ են քեզի, ըսե՞լը, թէ՝ Ե՛լ, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա՛, ըսելը։
«Բայց պէտք է գիտնաք, թէ՝ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու» (ՄԱՐԿ. Բ 10)։
Իսկ Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Աստուած կը կենդանացնէ մեռեալները եւ գոյութիւն ունեցողի պէս կը կանչէ անոնք՝ որ տակաւին գոյութիւն չունին» (ՀՌՈՄ. Դ 17)։ Ինք որ Իր Խօսքով կարողացաւ ժայթքեցնել լոյսը խաւարէն (ԾՆՆԴ. Ա 3), կարո՛ղ է նաեւ հաւատքի լոյսը տալ անոնց, որ կ՚անգիտանան զԻնք (Բ. ԿՈՐՆ. Դ 6)։
Ուրեմն Ստեղծողը՝ կարողութիւն ունի նաեւ Նախախնամելու, հոգալու եւ բժշկելու իր արարածները։
Ուստի ինչպէս որ Յիսուս Քրիստոս բժիշկ է մարդուս հոգիներուն եւ մարմիններուն, անդամալոյծին մեղքերուն ներեց եւ մարմնի առողջութիւնը վերադարձուց, Ան ուզեց նաեւ, որ Իր Եկեղեցին Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ՝ բուժումի եւ փրկութեան Իր գործը՝ առաքելութիւնը շարունակէ իր անդամներուն մօտ։
Եւ այս նպատակը կը հետապնդեն բուժումի երկու սուրբ խորհուրդները՝ «Ապաշխարութեան» խորհուրդը եւ հիւանդներու «Օծում»ը։ Ուստի խոստովանանքը եւ արձակումը՝ կերպը եւ ճամբան է Աստուծոյ հետ հաշտուելու։ Եւ երբ հաշտութիւն կըն-քըւի, մեղքին պատճառած արդիւնքներն ալ կը ջնջուին, քանի որ Սուրբ Խորհուրդներուն մէջ՝ Քրիստոս Ի՛նքն է, որ կը գործէ։
Պահ մը խորհրդածենք, սիրելի բարեկամներ. աշխարհի վրայ, բնութեան մէջ ամէն արդիւնք ունի պատճա՛ռ մը եւ երբ այդ պատճառը գիտցուի՝ արդիւնքը սրբագրել, ջնջել կարելի կ՚ըլլայ։ Ուրիշ խօսքով՝ դարմանումի համար ախտաճանաչումը պայմա՛ն է։ Կարծեմ, հիւանդութիւններն ալ կարելի է դարմանել, բժշկել լա՛ւ ախտաճանաչութեամբ, որ կը համապատասխանէ՝ խընդ-րոյ առարկայ հիւանդութեան պատճառը գիտնալու։ Եւ դարձեալ ակներեւ է՝ ամէն հիւանդութիւն արդիւնք է սխալ ընթացքի մը, վնասարար շարժումի մը անձնապէս, եւ կամ ծիներու միջոցով ժառանգական պատճառի հետեւանքն է։ Ուրեմն եթէ պատճառը գիտցուի՝ կարելի կ՚ըլլայ արդիւնքին տիրապետել եւ դարմանել ախտը, անշուշտ եթէ ֆիզիքական կամ բարոյական անկարելիութիւն մը արգելք չի հանդիսանայ։
Ահաւասիկ, երբ Յիսուս անդամալոյծին կ՚ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, մեղքերդ ներուած են» (ՄԱՐԿ. Բ 5), ըսել կ՚ուզէ, թէ ախտին պատճառը ջնջուած է եւ ուրեմն անոր արդիւնք՝ ախտն ալ ջնջուած պիտի ըլլայ։
Ուստի եւ, Յիսուս այս գործելակերպով է, որ կը դարմանէ հիւանդները եւ կը բժշկէ զանոնք, իր իմաստութեամբ եւ իմացականութեամբ կ՚ախտաճանաչէ, այսինքն հիւանդութեան պատճառը կը գտնէ իր աստուածային կարողութեամբ ու զօրութեամբ կը բժշկէ, կը դարմանէ եւ կը վերանորոգէ զանոնք։ Եւ Յիսուսի բոլոր բժշկութիւնները ապացոյցներն են Անոր աստուածային բնութեան, քանի որ չի բաւեր ախտաճանաչել, այլ նաեւ՝ բժշկել ախտը, դարմանել ախտաւորը։ Յիսուս իշխանութիւն ունի ո՛չ միայն բուժելու, բայց նաեւ մեղքերուն ներելու՝ ախտերու պատճառը ջնջելո՛ւ։
Արդարեւ, Յիսուս իշխանութիւն ունի բուժելու «ամբողջական մարդ»ը՝ հոգիով, մարմնով ե՛ւ միտքով։
Ան կարեկից է բոլոր տառապողներուն, այն աստիճան՝ որ Ինքզինք կը նոյնացնէ անոնց հետ երբ կ՚ըսէ.
«Հիւանդ էի եւ այցելեցիք Ինծի» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 36)։
Ամբողջ դա՜րեր շարունակուեցաւ հիւանդներու եւ տառապողներու հանդէպ այս աստուածային կարեկցութիւնը։ Յիսուս շարունակեց բուժել ու դարմանել հիւանդներ, հոգ չէ որ շատեր չանդրադարձան Իր էութեան, Ան միշտ հաւատարիմ մնաց Իր առաքելութեան, Իր կարեկցութեան, Իր մարդասիրութեան։
Եւ ո՜րքան իրաւացի է այն խօսքը՝ թէ բժիշկը Աստուծոյ երկրի վրայ գործող ձե՛ռքն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024