ՀՐԱՊՈՒՐԻ՜Չ Է ՆԵՐԿԱՆ

Կեան­քը ու­նի ե­րեք ե­րե­սակ­ներ՝ ան­ցեա­լը, ներ­կան եւ ա­պա­գան։ Բայց մարդ կ՚ապ­րի միշտ ներ­կան, քա­նի որ ան­ցեա­լը այ­լեւս ի­րը չէ՛, ան­ցեա­լի վրայ ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չի կրնար գոր­ծել, չի կրնար ապ­րիլ զայն, քա­նի որ ան­ցած է ան։ Իսկ ա­պա­գան՝ ան ալ ի­րը չէ՜, քա­նի որ ա­պա­գան ա­նո­րոշ է՝ ան­ծա­նօթ եւ անս­տո՛յգ։

Ու­րեմն մար­դուն կը մնայ միայն ներ­կան՝ այն պա­հը, երբ կրնայ «պահ» մը միայն ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել, իր կամ­քը գոր­ծա­ծել, փո­խել կամ նո­րո­գել։ Բայց ան ալ միայն «պահ» մըն է. ներ­կան ան­ցեալ ըլ­լա­լու դա­տա­պար­տուած է, քա­նի որ ա­պա­գան ան­մի­ջա­պէս կու գայ ու կը տի­րէ ա­նոր։ Այս ալ կը նշա­նա­կէ՝ որ մարդ ի­րա­կան ի­մաս­տով կ՚ապ­րի միայն պա­հը, թե­րեւս ակն­թարթ մը լոկ, եւ ի՛նչ որ ը­նել կ՚ու­զէ կրնայ ը­նել միա՛յն այդ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին մէջ։

Այս պատ­ճա­ռով, ներ­կան կա­րե­ւոր է, քա­նի որ ան կ՚ո­րո­շէ յա­ջորդ պա­հը՝ ա­պա­գան։

Ար­դա­րեւ ներ­կան՝ շլա­ցու­ցիչ եւ հո­գե­ցունց խոս­տում­ներ ու­նի մար­դուն, բայց ան կը խոս­տա­նայ միա՛յն՝ ա­ռանց տա­լու։ Ուս­տի ներ­կան ի՞նչ կա­րող է տալ մար­դուն, երբ ինք կա­խում ու­նի ան­ցեա­լէն եւ վար­ժուած է ամ­բող­ջո­վին վե­րի­վայ­րում­նե­րով եւ թե­րեւս ախ­տե­րով, տկա­րու­թիւն­նե­րով, սխա­լանք­նե­րով։

Ներ­կայ դա­րը, դժբախ­տա­բար ինք­նա­կեդ­րոն եւ ե­սա­մոլ զգա­ցում­նե­րով տա­րուած՝ «անձ­նա­զոհ նուի­րում» ի՛նչ է, չի գի­տեր՝ ա­տե­լու­թիւն, նա­խա­տին­ք եւ նա­խանձ կը սեր­մա­նէ ու կը տա­րա­ծէ ա­մէ­նու­րեք։

Եւ շատ ան­գամ եղ­բայր եղ­բօր թշնա­մի կ՚ե­րե­ւի՝ չա­րամ­տու­թեամբ կը նա­յի եղ­բօր, մա­նա­ւանդ թէ գա­ղա­փար իսկ չու­նի ա­ռա­քի­նու­թեան ու ազ­նուու­թեան մո­գա­կան ու­ժին մա­սին։ Եւ այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ան ի՜նչ կրնայ տալ մար­դուն։ Հոն՝ ուր զգա­ցում չկայ, հոն՝ ուր սրտի խռովք, յոյզ եւ ապ­րում չկայ, ա­պա հոն կա­րե­լի՞ է փնտռել եր­ջան­կու­թիւն, ու­րա­խու­թիւն։

Տե­սա­բան­ներ կը պար­ծին՝ թէ գի­տու­թիւ­նը կ՚եր­ջան­կաց­նէ մար­դը, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ։ Եւ ո­մանք պատ­գամ կ՚ար­ձա­կեն, ը­սե­լով. «Բա­նա­կա­նու­թեան ու­ժը պի­տի կեր­տէ ճշմա­րիտ մար­դը՝ ինք­նաս­տեղծ՝ ինք­նա­տիպ մար­դը՝ ինք­նա­կաց ու ինք­նա­բաւ, որ խոս­տա­ցուած եր­ջա­նիկ մար­դը պի­տի ըլ­լայ…»։­

Եւ այս կէ­տին է, որ չա­րա­չար կը սխա­լին տե­սա­բան­ներ եւ գա­ղա­փա­րա­խօս­ներ, քա­նի որ գի­տու­թիւն եւ փի­լի­սո­փա­յու­թիւն՝ ինք­նին բա­ւա­րար չեն մար­դուս կա­րիք­նե­րը կա­տա­րե­լա­պէս եւ ան­թե­րի յա­գեց­նե­լու։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ բա­ցա­յայտ կեր­պով ցոյց կու տան, թէ կա­րե­լի է, որ գի­տու­թիւ­նը եւ տե­սու­թիւն­նե­րը շատ դիւ­րաւ չա­րի գոր­ծիք դառ­նան, շե­ղիլ ի­րենց նպա­տա­կէն։ Գի­տակ­ցե­լու է մարդ, թէ ինք­նին բա­նա­կա­նու­թիւ­նը, գի­տու­թիւ­նը բա­րիք չի բե­րեր, այլ ու­րիշ գոր­ծօն­նե­րու, ազ­դակ­նե­րու հետ միա­նա­լով եւ միա­սին շար­ժե­լով է, որ մարդս կը հաս­նի մտադ­րուած ու ծրագ­րուած եր­ջան­կու­թեան։

Զոր օ­րի­նակ՝ յա­ճախ լու­սած է, թէ ա­ռող­ջու­թիւ­նը ա­ռաջ­նա­կարգ պայ­մանն է եր­ջան­կու­թեան։ Կը հարց­նեմ, սի­րե­լի­ներ, ա­ռանց ներ­քին խա­ղա­ղու­թեան, ան­դոր­րու­թեան՝ ա­ռող­ջու­թիւ­նը ինք­նին կրնա՞յ եր­ջան­կաց­նել մար­դը։ Ու­րեմն ա­ռող­ջու­թեան հա­մըն­թաց ըլ­լա­լու է ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը, հո­գե­պէս ու մտա­պէս հան­դար­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը ար­ժէք մը ու­նե­նայ, եւ սա­տա­րէ ու նպաս­տէ եր­ջան­կու­թեան։ Ար­դա­րեւ ա­ռողջ մարդ մը ե­թէ մտա­պէս ան­հան­դարտ է, անտ­րա­մա­դիր է, ա­պա ու­րեմն կա­րե­լի՞ է «ա­ռողջ» մնայ այդ մէ­կը։ Հո­գե­պէս եւ մտա­պէս անտ­րա­մա­դիր մէ­կը՝ որ­քան ալ մարմ­նա­պէս ա­ռողջ ըլ­լայ, ան­պայ­ման «պա­կաս» մը, թե­րու­թիւն մը ու­նի եւ այդ թե­րու­թիւ­նը ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ ա­նոր եր­ջան­կու­թեան՝ որ­քան ալ ե­րե­ւու­թա­պէս այդ­պէս ե­րե­ւի կամ կար­ծուի։ Եւ բո­լոր այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը մեզ կը տա­նին սա ի­րա­կա­նու­թեան, թէ գի­տու­թիւ­նը ինք­նին բա­ւա­րար չէ մար­դուս եր­ջան­կու­թեան տի­րա­նա­լուն հա­մար։ Ար­դա­րեւ մարդ կրնայ մեծ գիտ­նա­կան, ու­սում­նա­կան, հմուտ ըլ­լալ, բայց միան­գա­մայն բա­րիին մէջ յե­տա­դէմ չա­րա­գո՛րծ մը ըլ­լալ։

«Լոկ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը ա­ռանց նկա­րագ­րի բա­րո­յա­կան ու­ժի՝ մէտ է, այ­սինքն հա­կում եւ յար­մա­րու­թիւն ու­նի ծայ­րա­յեղ վա­տա­սե­րու­մի», կ՚ը­սէ Ա­րիս­տո­տել։ Ու­րեմն ու­սում, գի­տու­թիւն, զար­գա­ցում, այս բո­լո­րը եր­ջան­կու­թեան բա­նա­լի­ներն են, բայց եր­ջան­կու­թեան փա­կան­քը բա­նա­լու հա­մար ան­զօր՝ ա­ռանց ու­րիշ բա­նա­լի­նե­րու՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն, ազ­նուու­թիւն, ան­կեղ­ծու­թիւն, բա­րեմ­տու­թիւն, խա­ղա­ղու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թիւն, եւ ան­պայ­ման սէ՛ր։ Ան­շուշտ եր­բեք ստո­րագ­նա­հա­տել չէ մեր նպա­տա­կը՝ գի­տու­թեան եւ ուս­ման նկատ­մամբ, այ­լա­պէս դրժած կ՚ըլ­լանք, ու­րա­ցած կ՚ըլ­լանք ճշմար­տու­թիւ­նը, բայց պէտք է գի­տակ­ցինք, թէ ու­սու­մը եւ գի­տու­թիւ­նը կ՚ամ­բող­ջա­նան եւ կը լիա­նան բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ միտ­քը եւ հո­գին զի­րար կ՚ամ­բող­ջաց­նեն՝ ստեղ­ծե­լով հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խարհ մը՝ ուր մարմ­նա­ւոր-ֆի­զի­քա­կան մար­դը կը պատ­րաս­տուի եր­ջան­կու­թեան՝ ո­րուն կո­չուած է…։

Թէեւ կրկնու­թիւն պի­տի ըլ­լայ, բայց յա­ճախ մեր հար­ցու­ցած մէկ հար­ցու­մը կ՚ու­զեմ կրկնել, թէ՝ մարդ մը ե­թէ ա­մե­նա­գէտ է, գի­տուն, գիտ­նա­կան, բայց բա­րո­յա­պէս տկար նկա­րագ­րի տէր մէկն է, ի՞նչ է ա­նոր իս­կա­կան ար­ժէ­քը որ­պէս «մարդ»։ Ան­շուշտ այս մա­սին տար­բեր կար­ծիք­ներ, հա­մո­զում­ներ կրնան ըլ­լալ, բայց կ՚ար­ժէ ան­գամ մը եւս լրջօ­րէն խոր­հիլ, խորհր­դա­ծել այս մա­սին։ Այս հար­ցը ըն­կե­րա­յին կեան­քը հե­տաքրք­րող հարց մըն է՝ վստա­հե­լի, ար­ժա­նա­հա­ւատ, ան­կաս­կա­ծե­լի, ան­կեղծ ան­դամ­նե­րով՝ պար­կեշտ ու ազ­նիւ ան­հատ­նե­րով կազ­մուած ըն­կե­րու­թիւն մը միայն մարդս կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել եր­ջան­կու­թեան։ Ուս­տի պար­կեշտ, ազ­նիւ ե՛ւ գի­տուն մարդն է, որ կրկնա­պա­տիկ ար­ժէք կը ստա­նայ կեան­քի մէջ…։

Գի­տու­թիւ­նը պէ՛տք է ա­պա­գա­յի կռուա­նը ըլ­լայ՝ ա­ռողջ սե­րուն­դին, որ այ­սօր միայն մարմ­նոյ հրա­հանգ­նե­րով եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր զբա­ղում­նե­րով կը փոր­ձէ փայ­փա­յէ իր «Ես»ը եւ հա­ճոյ­քով եւ ար­տա­քին գո­հու­նա­կու­թեամբ գո­հաց­նել իր ան­նիւ­թա­կան հո­գին։ Յե­տա­գա­յին տխուր փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն պէտք չէ սպա­սէ մարդ՝ հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը հասկ­նա­լու հա­մար կեան­քին մէջ։

Գի­տու­թիւն եւ բա­րո­յա­կա­նու­թիւն միա­սին կրնան ա­ռաջ­նոր­դել մար­դը՝ եր­ջան­կու­թեան, որ վերջ­նա­կան նպա­տա՛կն է ա­մէն բա­նա­ւոր էա­կի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2015