ԵՐԵՔ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Կը պատմուի, թէ մարդ մը երեք ընկերներ ունէր։
Ան երեք ընկերներէն երկուքը շատ կը սիրէր, իսկ երրորդին հանդէպ անտարբեր էր, հակառակ անոր որ երրորդ ընկերը աւելի կապուած էր իրեն։
Այս մարդը, օր մը կ՚ամբաստանուի մեծ ոճիր մը գործած ըլլալու յանցանքով։
Խեղճ մարդը շուարած էր այս ամբաստանութեան մասին, քանի որ բոլորովին անմեղ էր եւ որեւէ կապ չունէր խնդրոյ առարկայ յանցանքին հետ։ Ուստի պահ մը յիշեց իր ընկերները եւ մտածելով, որ մարդ նեղութեան պարագայի մը մէջ կրնայ դիմել իր ընկերներուն եւ օգնութիւն խնդրել անոնցմէ, որոշեց իր ընկերներուն օգնութեանը դիմել։ Ան իր երեք ընկերները տուն կանչեց եւ պատմեց իրողութիւնը։
Ընկերներէն առաջինը կը հրաժարի օգնութիւն ցոյց տալէ՝ պատճառաբանելով եւ պատրուակելով, թէ ինքը շատ կարեւոր գործեր ունի, եւ պարտաւոր է զբաղիլ անոնց հետ…։ Երկրորդը կ՚ընկերանայ խեղճ մարդուն եւ անոր հետ կ՚երթայ մինչեւ դատաւորին պալատը, բայց ներս չի մտներ, ըսելով, թէ ինք ալ պէտք է վերադառնայ իր գործերուն գլուխը…։
Երրորդ ընկերը՝ որուն մասին սիրոյ նկատմամբ կը կասկածէր, կ՚ընկերանայ իրեն մինչեւ դատաւորին ատեանը եւ քաջութեամբ կը պաշտպանէ իր ամբաստանուած ընկերը։ Ան այքան ճարտարութեամբ ու անկեղծութեամբ կը խօսի, որ դատաւորը կ՚ընդունի ու կը հաւանի մարդուն անմեղութեան եւ անպարտ ու ազատ կ՚արձակէ զայն։ Եւ երկու ընկերներ ուրախ կը մեկնին դատաւորին պալատէն…։
Իմ շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, ահաւասիկ, կը տեսնուի, որ իսկական բարեկամ-ընկերը կը յայտնուի կեանքի դըժ-ւարին եւ անսպասելի մէկ պահուն։ Պարզ խօսքով՝ ո՛վ է ճշմարիտ ընկերը՝ յայտնի կը դառնայ գործնականի մէջ։ Խօսքով «բարեկամ»ներ շա՜տ են կեանքի մէջ, բայց գործնականի մէջ ո՜րքան քիչ ու ընտի՛ր…։
Ամէն մարդ, արդարեւ ունի իր կեանքին մէջ «երեք ընկեր»ներ։ Ասոնցմէ առաջինն է՝ «հարստութիւն»ները, երկրորդը՝ «բարեկամ»ները եւ վերջապէս երրորդը՝ իր «բարի գործ»երը։
Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ամէն ընկեր կար-ծըւած «ընկեր» եւ ամէն «բարեկամ» ըն-դունուած բարեկամ չէ՛։
Չէ՞ որ դժուար ու ծանր պահերուն է, որ կը զգացուի գոյութիւնը՝ մարդուն ճշմարիտ ու անկեղծ բարեկամ-ընկերին։ Ուստի ճշմարիտ ընկերը՝ ինքզինք բարեկամ ձեւացնողը չէ՛, այլ՝ այն որ անկե՛ղծ է։
Եւ երբ մարդ մեռնի եւ ներկայանայ Աստուծոյ դատաստանին՝ ամենէն առաջ հա-րըստութիւններն են, որ կը լքեն զինք։ Բարեկամները, ընկերները կ՚երթան մինչեւ գերեզման ու կը դառնան։ Եւ միայն մարդուս բարի գործերն են՝ որ մարդուս կ՚ընկերանան մինչեւ Աստուծոյ ատեանը, եւ կ՚արդարացնեն զինք։
Բարեկամութեան կամ ընկերութեան մասին կը խօսինք, պէտք չէ մոռնանք, թէ ընդհանուր կերպով մարդ էակին մասին կը խօսինք եւ թէ՝ բարեկամութեան եւ ընկերութեան առարկան մա՛րդն է։ Անշուշտ թէ մարդու վրայ խօսիլ վե՛ր է մեր տարողութենէն, քանի որ ո՛չ ոք կրցած է լուծել մինչեւ այսօր «մարդ»ը իր էութեանը եւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ. շատ բան ըս-ւած է՝ բայց ո՛չ մէկ վճռական խօսք, թէ ի՛նչ է մարդ։ Արդարեւ անցեալ դարասկիզբին, ֆրանսացի բնախօս Տքթ. Ալեքսիզ Քառէլ իր «Մարդը՝ սա անծանօթը» գործով ուսումնասիրած է զանազան կողմերով, բայց տակաւին չէ հասկցուած, թէ ի՛նչ է եւ ո՛վ է մարդ…։
Մանաւանդ հարցը աւելի խրթին ու կնճռոտ վիճակ մը կը ստանայ՝ երբ մարդ էակը դիտենք ընկերային կեանքի մէջ՝ իր փոխյարաբերութիւններուն ընթացքին։ Կեանքի փորձառութիւնը դարձեալ մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ մարդկային փոխյարաբերութիւններու ընթացքին տիրական վիճակը՝ իրարու նկատմամբ անհասկացողութիւնն է. չէ՞ որ մարդիկ տեւական զիրար հասկնալու մարմաջ մը ունի, որ դժբախտաբար երբեք չ՚իրականանար եւ մարդոց միջեւ, ամէն մակարդակի վրայ զիրար հաս-կընալու եւ հասկցուելու պայքար մը՝ անվերջ կռիւ մը կը տեւէ եւ մի՛շտ ապարդիւն։ Մա՛րդ մարդս չի հասկնար։
Եթէ մարդիկ զիրար հասկնային՝ հոգիի նոյն «լեզու»ն խօսէին, դարերէ ի վեր այսքան անհամաձայնութիւններ, կռիւներ, պատերազմներ կարելի էր որ պատահէ՞ր։ Հապա անհատական կեանքի մէջ՝ իւրաքանչիւր անհատ եթէ հասկնար միւսը՝ պիտի ըլլայի՞ն ա՜յսքան նախանձ, ատելութիւն, վարկաբեկութիւն։ Ուստի անհամաձայնութիւններու, հակառակութիւններու, թշնամանքներու խորը կը գտնուի՝ անհասկացողութիւն, աւելի անկեղծ ըլլալով՝ զիրար հասկնալ չուզելու, ինքզինք կերպով մը անկեղծօրէն ուրիշին չյայտնելու, ըսենք մոլութի՛ւնը։
Մարդ եթէ դիմացինը հասկնալու ջանայ եւ անշուշտ փոխադարձաբար դիմացինն ալ զինք, մեծ մասամբ կը լուծուի շատ մը ար-ւեստական հարցեր։ Արդարեւ «ինքզինք դիմացինին տեղ դնել՝ դիմացինին պէս խորհիլ փորձել կամ ուրիշին զգացածները զգալու ջանալ՝ որքան պիտի փոխէ մարդը»։
Զգացական իմացութիւնը շատ աւելի կը նպաստէ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մշակման, քան թէ մտային իմացականութիւնը։ Եւ կարծեմ հասկցուելու լաւագոյն կերպն է՝ իրարու զգացումները հասկնալ՝ որուն հասարակաց եզրն է՝ սէ՛րը։ Եւ սիրոյ կը յաջորդէ՝ գո՛ւթը, որ զգացական իմացութեան եթէ մէկը հիմն է, միւսն ալ՝ սի՛ւնը։ Ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի բարւոք մշակումը կախում ունի այս հիմէն ու սիւնէն՝ եթէ հաստատ են անոնք, ապա ուրեմն մարդ կրնայ խաղաղ ու երջանիկ զգալ ինքզինք թէ՛ ընկերութեան եւ թէ ընտանիքին մէջ, ամէնուրեք։
Ուրեմն «գէշ» մարդ եւ «աղէկ» մարդ անուանումները սխա՛լ կը թուի մեզի, գէշութիւն եւ լաւութիւն յարաբերական եւ յարափոփոխ վիճակներ են։ Բայց կրնանք ըսել՝ զիրար հասկցող, համաձայնող եւ զիրար չհասկցող, անհամաձայն մարդիկ կան։ Մարդ, իրեն համար անհամաձայն մէկուն համար «գէշ» կ՚ըսէ, բայց իրականութեան մէջ անիկա «լաւ» մէկը կրնայ ըլլալ ուրիշի մը համար՝ որուն հետ հասկցուած եւ համաձայնած է։
Չդատե՛լ պէտք է, ուրեմն նախ հասկնալու, հասկցուելու աշխատիլ եւ յետոյ որոշում տալ։ Պիտի տեսնէք, որ շատ «գէշ»եր ո՜րքան «աղէկ» են եղեր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 9, 2015, Իսթանպուլ