ՕՐԷՆՔԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵ՛Լ ԵՒ Ո՛Չ ԶԱՅՆ ԽԱԽՏԵԼ
Օրէնք մը մեկնաբանել՝ կը նշանակէ զայն լա՛ւ հասկնալ եւ անաչառութեամբ գործադրել։ Օրէնքը, արդարեւ արդարութեան առարկան է եւ միջնո՛րդը։ Արդարութիւնը կարելի է գործնականի վերածել օրէնքի լաւ գործադրութեամբ՝ անաչառութեամբ։ Օրէնքը, այս իմաստով «կշի՛ռ» մըն է՝ ընկերային իրաւունքները եւ անհատի իրաւունքները հաւասարակշռող եւ անոնց միջեւ ներդաշնակութիւնը ապահովող։
Օրէնքը կը համեմատէ, կը համաձայնեցնէ նաեւ անհատներու իւրաքանչիւրին իրաւունքը՝ որ ընդհանրապէս կը հակառակին իրարու։
Երբեմն կան մարդիկ, որոնք անխոհեմաբար կ՚ըսեն, թէ օրէնքը անգամ մը խախտելով «աշխարհ չի՛ կործանիր»։ Չըսելու համար տգիտութեան, բայց գիտութեան պակասի, աւելի լա՛ւ է ըսել՝ գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան պակասի հետեւանք է նման մտածելակերպ մը, քանի որ բոլորովին հակառա՛կ է մարդկային բանականութեան ե՛ւ արժանապատուութեան։ Արդարեւ, անոնք որ «օրէնքը խախտել»ու մասին կը խօսին՝ անգիտակից կերպով, անոնք կը շփոթեն օրէնքին մեկնաբանութեան հարցը եւ օրէնքի տրամադրութիւններէն խուսափելու, պրծելու թիւր եւ մոլար մտածումը։
Ուստի աւետարանական պատգամ է՝ թէ օրէնքը մարդո՛ւն համար է, եւ ո՛չ թէ մարդը օրէնքին համար։ Ինչ որ կը նշանակէ՝ օրէնքը գործադրել միշտ ի նպաստ մարդուն, մարդկային օգտին եւ զայն ծառայեցնել մարդուն իրաւունքներուն ապահովման ու պահպանման։
Բայց աւետարանական պատգամ է նաեւ՝ օրէնքին տրամադրութիւններէն՝ սահմանումներէն նշանագիր մը՝ տառ մը իսկ չփոխել, չպակսեցնել։ Ուրեմն, օրէնքի ճիշդ եւ շիտակ գործադրութիւնը լուրջ եւ պատասխանատու հմտութիւն մը կը պահանջէ։ Օրէնքը իր նպատակին յարմար կերպով գործադրելու համար, պայմա՛ն է զայն հասկնալ, անոր իմաստին թափանցել, խոր ըմբռնել, այսինքն լա՛ւ մեկնաբանել։ Իսկ մեկնաբանութիւն կարենալ ընելու համար ալ, անհրաժեշտ է՝ նուազագոյն եւ սկզբնական տեղեկութիւն ունենալ օրէնքը մեկնաբանելու նուրբ եւ պատասխանատու մտային աշխատանքի մասին։
Արդարեւ, ինչպէս վերը յիշեցինք, «օրէնքը մարդուս օգտին ծառայեցնելու» եւ դարձեալ «օրէնքէն բառ մը իսկ չխախտելու» գաղափարին միջեւ նրբերանգ մը, իմաստի նրբութիւն մը կայ, ինչպէս կայ՝ «օրէնքը անգամ մը խախտել»ու եւ «օրէնքը մեկնաբանել»ու միջեւ։
Անգիտակից, կարծեցեալ՝ ինքնակոչ մեկնաբաններ եթէ փորձեն մեկնաբանել օրէնքը՝ կրնան թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական անդարմանելի անել վիճակներ ստեղծել, որ վտանգ ու վնաս կը սպառնան ընկերութեան։
Օրէնքի սխալ գործադրութիւնը մարդկային ընկերութեան սպառնացող չարի՛ք մըն է՝ վնաս կը պատճառէ, աղէտ ու փորձանք կը ստեղծէ։ Եւ անոնք, որ «օրէնքը անգամ մը խախտելով աշխարհ չի կործանիր» մտայնութեամբ կ՚ուզեն վարել, առաջնորդել կամ գործածել մարդկային ընկերութիւնը՝ իրենք արդէն «վտա՛նգ» են մարդկութեան։
Օրէնքը անձերու կամակորութեան, քմահաճութեան կամ անձնիշխանութեան միջոց մը, առարկայ մը պէտք չէ՛ ըլլայ, այլ պէտք է ան մնայ միշտ իր բարձր դիրքին վրայ՝ երբեք պէտք չէ փորձուի զայն վար առնել իր պատնէշէն։
Օրէնքի մեկնաբանութիւնը եւ գործադրութիւնը պէ՛տք է ըլլայ անաչառութեան եւ հաւասարութեան անշեղ սկզբունքներու զօրակցութեամբ։ Բայց աւելի կարեւորն է՝ օրէնքի գործադրութեան ընթացքին խտրութիւն չդնել անհատներու նկատմամբ, այսինքն օրէնքի կիրարկութիւնը պէտք է որոշ չափանիշի մը (critère) համաձայն՝ նոյն չափով եւ նոյն կշիռով գործադրուի։ Արդարեւ, օրէնքին կիրարկման ենթակայ անհատին ո՛չ դիրքը, ո՛չ աստիճանը, ո՛չ ընկերային կարգը եւ ոչ ալ որեւէ առաւելութիւնը պէտք է տարբեր վարմունքի կամ վերաբերումի պատճառ ըլլայ։ Ուստի արդարութեան վսեմ սկզբունքն ալ այդպէս վարուիլ կը պահանջէ։ Եւ ուրեմն, օրէնքը պէտք է մեկնաբանուի որոշ եւ անյեղլի, անտեղիտալի կերպով եւ նոյն ձեւով պէտք է գործադրուի՝ հաւասարութեան եւ անխտրութեան սկզբունքներով։ Թարգմանութեան համար ըսուած խօսք մը կայ. «Traduttore traditore», որ կը նշանակէ՝ թարգմանիչը դաւաճան է։ Թէեւ գրագիտական ասութիւն մըն է, բայց եթէ կը ներէք, գործածել կ՚ուզեմ զայն սա ձեւով. «անփորձ եւ անվարժ մէկու մը կողմէ կատարուած որեւէ մեկնաբանութիւն ալ նոյն հետեւանքը կ՚ունենայ»։
Մեկնաբանութեան հարցը, արդարեւ միայն օրէնքի տրամադրութիւններուն մասնայատուկ չէ, այլ մարդկային ամէն յարաբերութիւններու համար կարեւոր խնդիր մըն է։ Զոր օրինակ, մէկու մը խօսակիցին խօսքերը սխալ հասկնալը, ի՜նչ հարցերու ստեղծման պատճառ կը հանդիսանայ, խօսքի մը, նոյնիսկ բառի մը մէջ թիւրիմացութիւնը, աւելին՝ շարժումի մը, կեցուածքի մը ըմբռնումը կրնայ բոլորովին տարբեր հետեւանքներու պատճառ ըլլալ։ Խօսքին, կեց-ւածքին, շարժումին, եւ ընդհանրապէս մարմնային լեզուին արտայայտութիւնները ըմբռնել եւ շիտակ մեկնաբանել, օրէնքի տրամադրութիւններուն մեկնաբանութեանը չափ կարեւոր է՝ առողջ մարդկային յարաբերութիւններ մշակելու տեսակէտէ…։
Եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ թիւրիմացութիւնը, այսինքն զիրար սխալ հասկնալը ի՜նչ վէճերու, հակաճառութիւններու, հակառակութիւններու, նոյնիսկ կռիւներու, գժտութիւններու պատճառ եղած է։
Ուրեմն, կեանքի ամէն պահուն, ամէն մարդկային յարաբերութիւններու մէջ «մեկնաբանութիւն»ը կարեւո՛ր դեր մը կը խաղայ։ Ուստի զիրար հասկնալ, իրարու մտքին եւ խօսքին կարեւորութիւն ընծայել, ուշադրութեամբ, կարեւորութեամբ եւ բծախնդրութեամբ լսել, իմանալ, կարծեմ շատ մը հարցեր կը լուծէ, անհամաձայնութիւններու վերջ կու տայ։ Արդարեւ մարդոց փափաքածն ալ այս չէ՞։ Խաղաղութեան եւ իրերհասկացողութեան մէջ ապրի՞լ։
Բայց ասոր համար գիտակցութեան չափ, իմացութիւն, իմացական կարողութիւն, զգացողութիւն ունենալու եւ ունեցածը գործնականի վերածելու պատրաստակամութիւն ունենալու է, զիրար հասկնալու ջանադիր ըլլալու է մարդ եւ անշուշտ երկու կարեւոր առաքինութիւններ պէտք չէ՛ պակսի՝ հանդուրժողութիւն եւ համբերութիւն։ Եւ անպայմա՛ն՝ անսահմա՜ն սէր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 9, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024