ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Գայ­թակ­ղու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ չար օ­րի­նակ ըլ­լալ, մեղ­քի ա­ռիթ տալ։ Ան կը նշա­նա­կէ նաեւ՝ խայ­տա­ռա­կու­թիւն։

«Գայ­թակ­ղու­թիւն» բա­ռը Սուրբ Գիր­քի մէջ գոր­ծա­ծուած է ընդ­հան­րա­պէս «չար օ­րի­նակ հան­դի­սա­նալ» եւ «ու­րի­շի մը մեղք գոր­ծե­լուն ա­ռիթ ըն­ծա­յել» ի­մաս­տներով։

Եւ դար­ձեալ, Սուրբ Գիր­քի մէջ, գայ­թակ­ղու­թիւ­նը ինք­նին հա­մա­րուած է «մեղք»՝ ու­րիշ­նե­րու մե­ղա­ւոր ըլ­լա­լու մի­ջոց կամ ա­ռիթ ըլ­լա­լուն հա­մար։ Այս ի­մաս­տով գայ­թակ­ղու­թիւ­նը կրկնա­կի մեղք մըն է՝ մեղ­քի պատ­ճառ հան­դի­սա­ցող, մեղք ստեղ­ծող «մեղք» մը, ը­սենք՝ շատ մը մեղ­քե­րու «մա՛յր»ը, ստեղ­ծի­չը։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ խստօ­րէն դա­տա­պար­տուած է ա­նի­կա։

«Գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ մի՛ ըլ­լաք՝ ո՛չ հրեա­նե­րուն, ո՛չ հե­թա­նոս­նե­րուն եւ ոչ ալ Աս­տու­ծոյ Ե­կե­ղե­ցիին», կ՚ը­սէ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ եւ գայ­թակ­ղու­թեան ա­ռիթ տա­լը կ՚ար­գի­լէ ա­ռանց խտրու­թեան, ա­մէն մար­դոց նկատ­մամբ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 32)։ Իսկ Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ հա՛րկ է, որ գայ գայ­թակ­ղու­թիւ­նը այս աշ­խար­հի վրայ. «Գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ ան­պայ­մա՛ն պի­տի պա­տա­հին, բայց վա՜յ այն մար­դուն՝ ո­րուն ձեռ­քով ու­րիշ­ներ գայ­թակ­ղու­թեան մէջ կ՚իյ­նան» (ՄԱՏԹ. Ժ 7)։ Ուս­տի գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ ան­պա­կաս են այս աշ­խար­հի վրայ։ Բայց Քրիս­տո­սի վրայ չգայ­թակ­ղի­լը ե­րա­նու­թի՜ւն է եւ զօ­րու­թիւն. «Ե­րա­նի՜ ա­նոր որ իմ պատ­ճա­ռով իր հա­ւատ­քը չի կորսնց­ներ» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 6)։ Ու­րեմն, որ­քան որ դժուար է հե­ռու մնալ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րէ, բայց ա­սի­կա բո­լո­րո­վին ան­կա­րե­լի չէ՛։ Ու­րեմն մարդ պէտք է նկա­րագ­րով զօ­րա­ւոր ըլ­լայ եւ զգոյշ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու դէմ, թէ՛ չգայ­թակ­ղե­լու եւ թէ չգայ­թակ­ղեց­նե­լու հա­մար ու­րիշ­նե­րը։ Եւ ա­սոր հա­մար ալ պայ­քա­րե­լու, հո­գե­ւոր պայ­քար մղե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թիւն ու­նե­նա­լու է մարդ։ Յա­ճախ կ՚ը­սենք՝ կա­րե­ւորը դժուար ե­ղած բան մը գլուխ հա­նելն է, կա­րե­նալ ի­րա­կա­նաց­նել բան մը՝ որ դժուար եւ նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի կը թուի։ Ար­դա­րեւ դիւ­րի­նը կա­տա­րել սո­վո­րա­կա՛ն է։

«Ե­թէ աջ աչքդ քեզ կը գայ­թակ­ղեց­նէ՝ հա­նէ եւ նե­տէ՛ զայն, քա­նի որ նա­խընտ­րե­լի է որ ան­դամ­նե­րէդ մէ­կը կորսնց­նես, քան թէ ամ­բողջ մար­մի­նով դժոխք նե­տուիս։

«Ե­թէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայ­թակ­ղեց­նէ, կտրէ եւ նե­տէ՛ զայն, քա­նի որ նա­խընտ­րե­լի է որ ան­դամ­նե­րէդ մէ­կը կորսնց­նես, քան թէ ամ­բողջ մար­մի­նով դժոխք նե­տուիս» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 29-30)։ Այս տո­ղե­րը, ա­րե­ւե­լեան չա­փա­զան­ցու­թեամբ, ցոյց կու տան, թէ զո­հո­ղու­թիւն­ներ ը­նել, որ­պէս­զի գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րէ հե­ռու մնայ մարդ, նա­խընտ­րե­լի է՝ քան ա­նոնց պատ­ճա­ռաւ տու­ժել։

Նա­խընտ­րե­լի է նաեւ՝ յա­ւէտ ու­րա­նան մար­դիկ ի­րենց ան­ձը, քան թէ գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ ըլ­լան ու­րիշ­նե­րուն. «Ա­ւե­լի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ու­տել, ո՛չ գի­նի խմել, ոչ ալ ու­րիշ ո­րե­ւէ բան ը­նել՝ ո­րով եղ­բայրդ կը գլո­րի կամ կը գայ­թաղ­ղի կամ կը տկա­րա­նայ։ Այս մա­սին քու հա­մո­զումդ՝ քու եւ Աս­տու­ծոյ մի­ջեւ թող մնայ։ Ե­րա­նի՜ ա­նոր որ ինք­զինք դա­տա­պար­տու­թեան չ՚են­թար­կեր այն­պի­սի բա­նե­րով՝ ո­րով իր ըն­կե­րոջ փոր­ձու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ» (ՀՌՈՄ. ԺԴ 21-22)։ Ար­դա­րեւ մար­դիկ կան, որ հա­ճոյք կ՚առ­նեն մէկ ու­րի­շը փոր­ձու­թեան մատ­նե­լէ կամ գայ­թակ­ղեց­նե­լէ։ Ա­նոնք կեր­պով մը ու­րի­շին մի­ջո­ցով կամ ու­րի­շը շա­հա­գոր­ծե­լով յան­ցանք կը գոր­ծեն եւ ա­նոնց գոր­ծած յան­ցան­քը կրկնա­պա­տիկ յան­ցանք է, քա­նի որ թէ՛ ու­րի­շին յան­ցան­քին կը մաս­նակ­ցին եւ թէ ու­րի­շը յան­ցան­քի մղե­լով, այ­սինքն գայ­թակ­ղեց­նե­լով՝ յան­ցանք գոր­ծած կ՚ըլ­լան։

Ա­ռա­քեա­լը կը պա­տուի­րէ հե­ռու մնալ եւ փախ­չիլ գայ­թակ­ղեց­նող մար­դոց­մէ. «Կը խնդրեմ, եղ­բայր­նե՛ր, որ զգու­շա­նաք ա­նոնց­մէ՝ ո­րոնք երկ­պա­ռա­կու­թիւն­նե­րու եւ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լան՝ շե­ղե­լով այն վար­դա­պե­տու­թե­նէն որ դուք սոր­վե­ցաք» (ՀՌՈՄ. ԺԶ 17)։ Նաեւ կը պա­տուի­րուի յան­դի­մա­նել զա­նոնք. «Մի՛ ը­նէք, տղա՛քս, քան­զի ա­ղէկ չեն այն լու­րե­րը, ո­րոնք ես կը լսեմ, դուք Տէ­րո­ջը ժո­ղո­վուր­դը կը մո­լո­րեց­նէք» (Ա ԹԱԳ. Բ 24)։ Եւ դար­ձեալ. «Ա­հա­րոն ը­սաւ.- Թող իր Տի­րոջս բար­կու­թիւ­նը չբոր­բո­քի. դուն կը ճանչ­նաս այս ժո­ղո­վուր­դը, որ չա­րին հա­կա­մէտ է» (Ե­ԼԻՑ ԼԲ 22)։ Ըստ Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լի, մա­նա­ւանդ իշ­խա­նու­թիւն ու­նե­ցող պաշ­տօ­նեա­ներ պէտք է, որ զգա­յուն ըլ­լան գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ ըլ­լա­լէ. «Ո­րե­ւէ բա­նով պատ­ճառ մի՛ ըլ­լաք որ Աս­տու­ծոյ գոր­ծը խա­փա­նուի կամ վար­կա­բե­կուի» (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 3)։ Ուս­տի իշ­խա­նու­թիւն ու­նե­ցող պաշ­տօ­նեա­ներ, աշ­խար­հա­կան կամ հո­գե­ւո­րա­կան, կրկնա­պա­տիկ պա­տաս­խա­նա­տու կ՚ըլ­լան ու­րի­շը գայ­թակ­ղեց­նե­լու յան­ցան­քէն։

Սուրբ Գիր­քը կը սահ­մա­նէ գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ ե­ղող­նե­րու պա­տի­ժը։ «Ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց կուռ­քե­րուն առ­ջեւ ծա­ռա­յու­թիւն ը­րին ու Իս­րա­յէ­լի տա­նը գայ­թակ­ղու­թեան ու ա­նօ­րէ­նու­թեան պատ­ճառ ե­ղան, ա­նոր հա­մար ա­նոնց վրայ իմ ձեռքս վեր­ցու­ցի» (Ե­ԶԵ­ԿԻԷԼ ԽԴ 12)։ Գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ ե­ղող­ներ պի­տի զրկուին աս­տուա­ծա­յին խնամ­քէն եւ հո­գա­տա­րու­թե­նէն։ «Բայց դուք ճամ­բա­յէն խո­տո­րե­ցաք. շա­տե­րը օ­րէն­քին մէջ գայ­թակ­ղե­ցու­ցիք, Ղե­ւիին ուխ­տը ա­ւ­րե­ցիք, կ՚ը­սէ զօր­քե­րու Տէ­րը։ Ուս­տի ես ալ ձեզ բո­լոր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ա­նար­գե­ցի ու ցած­ցու­ցի, քա­նի որ դուք իմ ճամ­բա­ներս չպա­հե­ցիք, Օ­րէն­քին մէջ ա­չա­ռու­թիւն ը­րիք» (ՄԱ­ՂԱ­ՔԵԱՅ Բ 8-9)։ Իսկ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Ով որ ին­ծի հա­ւա­տա­ցող այս փոք­րիկ­նե­րէն մէ­կը գայ­թակ­ղեց­նէ, ա­ւե­լի լա՛ւ կ՚ըլ­լայ, որ գայ­թակ­ղեց­նո­ղին վի­զին մեծ եր­կա­նա­քար ան­ցուի ու ծո­վուն խոր­քը ձգուի՝ ընկղ­մե­լու հա­մար» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 6)։ Կը հասկ­ցուի, որ գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ ե­ղո­ղին պա­տի­ժը՝ մա­հուան դա­տա­պար­տու­թի՛ւն է…։

Եւ ի­րա­պէ՛ս ու­րի­շին յան­ցանք գոր­ծե­լուն պատ­ճառ ըլ­լալ եւ այս ի­մաս­տով օ­րի­նակ ըլ­լա­լու պա­տի­ժը շատ ծանր է, քա­նի որ ան ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան վնաս հասց­նող ա­րարք մըն է, «ըն­կե­րա­յին յան­ցանք» մըն է։ Եւ ըն­կե­րա­յին յան­ցանք­նե­րը կը բազ­մա­պատ­կուին թէ՛ որ­պէս յան­ցանք եւ թէ որ­պէս յան­ցանք գոր­ծող­նե­րու, յան­ցա­ւոր­նե­րու թի­ւը։ Գայ­թակ­ղու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով կը նմա­նի վա­րա­կիչ հի­ւան­դու­թեան մը՝ որ հետզ­հե­տէ կը տա­րա­ծուի եւ հա­մա­ճա­րակ հի­ւան­դու­թեան մը կը վե­րա­ծուի։ «Օ­րի­նակ» ըլ­լալ՝ ի­րա­պէս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը պա­հան­ջէ, քա­նի որ ան կը հե­տաքրք­րէ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թիւն մը, հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը։

Գայ­թակ­ղու­թիւ­նը, ու­րեմն մեծ չա­րու­թիւն է։

«Չա­րու­թիւն ը­նե­լու հա­մար բազ­մու­թեան մէջ՝ այդ բազ­մու­թեան մի՛ հե­տե­ւիր ու դա­տաս­տա­նի ա­տեն ի­րա­ւուն­քը ծռե­լու հա­մար շա­տե­րուն կող­մը խո­տո­րե­լով՝ մի՛ խօ­սիր» (Ե­ԼԻՑ ԻԳ 2)։

­Մեր կեան­քի ըն­թա­ցիկ պայ­ման­նե­րուն մէջ, յա­ճախ անզ­գա­լա­բար ու ան­գի­տակ­ցա­բար օ­րի­նակ կ՚ըլ­լանք մեր շուր­ջին­նե­րուն, ու­րեմն ու­շա­դիր պէ՛տք է ըլ­լալ, եւ մա­նա­ւանդ հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ ե­ղող ե­րե­ւե­լի ան­ձեր բծախն­դիր ըլ­լա­լու են միշտ՝ լա՛ւ օ­րի­նակ ըլ­լա­լու հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015