ԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԸ

Յա­ճախ կը խօ­սինք հա­ւատ­քի մա­սին, քա­նի որ հա­ւատ­քը, ամ­բողջ կեան­քին ըն­թացք տուող ազ­դակ մըն է՝ ազ­դակ մը ե­ղած է մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ։ Ան ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղութիւն մըն է մար­դուն ան­հա­տա­կան ու հա­ւա­քա­կան կեան­քին գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար։

Հա­ւատ­քի կեան­քին մէջ «սխալ» մը կայ, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ «սխալ ըմբռ­նում» մը՝ ո­րու դէմ մարդ պէտք է զգու­շա­նայ։ Վտան­գա­ւոր սխալ մըն է այդ մէ­կը՝ մար­դիկ կը կար­ծեն, թէ Քրիս­տո­սի հա­ւա­տա­լով՝ ա­նոնք Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քը պա­հե­լէն ա­զատ կը կա­ցու­ցուին։ Եւ թէ քա­նի որ հա­ւատ­քով Քրիս­տո­սի շնորհ­քին հա­ղորդ կ՚ըլ­լանք, մեր գոր­ծե­րը ո­րե­ւէ ա­ռըն­չու­թիւն չու­նին մեր փրկու­թեա­նը հետ։

Բայց հոս պէտք է նկա­տի առ­նուի՝ թէ հնա­զան­դու­թիւ­նը լոկ «ար­տա­քին հա­ճո­յա-կա­տա­րու­թիւն» մը չէ՛, այլ՝ սի­րոյ ծա­ռա­յու­թի՛ւն մը։ Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քը բո՛ւն իսկ Իր բնու­թեա­նը ար­տա­յայ­տու­թի՛ւնն է՝ սի­րոյ մեծ սկզբուն­քին մարմ­նա­ցո՛ւ­մը, եւ հե­տե­ւա­պէս հի­մը Ա­նոր կա­ռա­վա­րու­թեան եր­կին­քի մէջ եւ երկ­րի վրայ։ Ե­թէ մեր սրտե­րը վե­րա­նո­րո­գուած են Աս­տու­ծոյ նմա­նու­թեամ­բը, ե­թէ աս­տուա­ծա­յին սէ­րը հաս­տա­տուեր է մեր հո­գիին մէջ, ո՞չ ա­պա­քէն Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քը պի­տի գոր­ծադ­րենք մեր կեան­քին մէջ։

Երբ սի­րոյ սկզբուն­քը հաս­տա­տուի սրտին մէջ, երբ մարդ վե­րա­նո­րո­գուի զինք Ստեղ­ծո­ղին պատ­կե­րին պէս, նոր ուխ­տին խոս­տու­մը պի­տի կա­տա­րուի. «Իմ օ­րէնք­ներս ա­նոնց սրտին մէջ պի­տի դնեմ, ու ա­նոնց մտքին մէջ պի­տի գրեմ զա­նոնք» (ԵԲՐ. Ժ 16)։ Ու ե­թէ օ­րէն­քը գրուած է սրտին մէջ, ո՞չ ա­պա­քէն պի­տի կա­նո­նա­ւո­րէ կեան­քը։

Հնա­զան­դու­թիւ­նը՝ սի­րոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ հպա­տա­կու­թիւ­նը ճշմա­րիտ նշա՛նն է «ա­շա­կեր­տու­թեան»։

­Սուրբ Գիր­քը կ՚ը­սէ. «Ա՛յն է Աս­տու­ծոյ սէ­րը որ Ա­նոր պա­տուի­րանք­նե­րը պա­հենք», եւ դար­ձեալ. «Ան որ կ՚ը­սէ՝ թէ Ես զԱ­նի­կա ճանչ­ցայ, ու Ա­նոր պա­տուի­րան­քնե­րը չի պա­հեր, ստա­խօ՛ս է, ու ա­նոր մէջ ճշմա­րտու­թիւն չկայ» (Ա. ՅՈՎՀ. Ե 3) եւ (Ա. ՅՈՎՀ. Բ 4)։

­Փո­խա­նակ մար­դը ա­զատ կա­ցու­ցա­նե­լու հնա­զան­դու­թե­նէ, հա­ւա՛տքն է, որ միա՛յն հա­ւատ­քը՝ որ մեզ հա­ղորդ կը դարձ­նէ Քրիս­տո­սի շնորհ­քին, ու այդ շնորհքն ալ մեզ կա­րող կ՚ը­նէ հնա­զան­դելո՛ւ։

Ուս­տի մարդ ո՛չ թէ իր հնա­զան­դու­թեամ­բը փրկու­թիւն կը ստա­նայ, քա­նի որ փրկու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ ձրի պար­գե՛ւն է՝ որ հա­ւատ­քով կը ստա­ցուի։

Եւ հնա­զան­դու­թիւ­նը հա­ւատ­քին պտո՛ւղն է։

Քրիս­տո­սի նկատ­մամբ ա­նուա­նա­կան այն հա­ւատ­քը՝ որ մարդս ա­զատ կը կա­ցու­ցա­նէ Աս­տու­ծոյ հնա­զան­դե­լու պար­տա­ւո­րու­թե­նէն՝ հա­ւատք չէ՛, այլ յանձ­նա­պաս­տա­նու­թի՛ւն։ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Դուք շնորհքով փրկուած էք, հաւատքի միջոցով», եւ դար-ձեալ «հա­ւատ­քը ե­թէ հե­տը գործ չու­նե­նայ, ըստ ին­քեան մե­ռա՛ծ է» (Ե­ՓԵՍ. Բ 8) եւ (ՅԱԿ. Բ 17)։

­Յի­սուս՝ աշ­խարհ գա­լէ ա­ռաջ, Իր մա­սին սա­պէս ը­սաւ. «Ո՜վ Աս­տուած, Քու կամքդ կա­տա­րե­լու փա­փա­քե­ցայ, եւ Քու օ­րէնքդ Իմ ներ­սի­դիս է»։ Եւ եր­կինք համ­բառ­նա­լէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ, դար­ձեալ յայ­տա­րա­րեց. «Ես Իմ Հօրս պա­տուի­րանք­նե­րը պա­հեցի, ու Ա­նոր սի­րոյն մէջ կե­ցեր եմ»։

­Յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի պայ­ման­նե­րը այ­սօր են ի՛նչ որ ե­ղած են միշտ. կա­տա­րեալ հնա­զան­դու­թիւն Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քին՝ որ կը նշա­նա­կէ՝ կա­տա­րեալ ար­դա­րու­թի՛ւն։

Ար­դա­րեւ, ե­թէ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը ու­րիշ ո­րե­ւէ պայ­մա­նով շնոր­հուէր՝ այն ա­տեն բո­վան­դակ տիե­զեր­քին եր­ջան­կու­թիւ­նը պի­տի վնա­սուէր։ Ուս­տի դուռ պի­տի բա­ցուէր մեղ­քին հա­մար՝ իր բո­լոր ա­ղէտ­նե­րո­վը եւ թշուա­ռու­թիւ­նո­վը միա­սին, ո­րոնք պի­տի յա­ւեր­ժա­նա­յին։

Ա­դա­մին հա­մար հնար էր՝ իր «ան­կում»էն  ա­ռաջ ար­դար նկա­րա­գիր մը կազ­մել՝ Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քին հնա­զան­դե­լով։ Բայց ան չկրցաւ ի­րա­կա­նաց­նել այդ. ու իր մեղ­քին պատ­ճա­ռով՝ հա­մայն մարդ­կու­թեան բնու­թիւ­նը վատ­թա­րա­ցաւ, եւ մար­դը ան­կա­րող ե­ղաւ ինք­զինք ար­դա­րաց­նե­լու։ Ուս­տի մարդ ինքն իր­մէ չու­նի ար­դա­րու­թիւն՝ ո­րով կա­րող ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ օ­րէն­քին պա­հան­ջում­նե­րը գո­հաց­նել։ Բայց Քրիս­տոս մար­դուն հա­մար ա­զատ­ման «մի­ջոց» մըն է պատ­րաս­տած. Ան մար­դուն հա­մար ապ­րե­ցաւ նե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ­տե­ղը, մար­դուն հա­մար խա­չուե­ցաւ ու միշտ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ մար­դը փրկու­թեան՝ ա­նոր մեղ­քե­րը Իր վրայ առ­նե­լով։

Չ՚ար­ժե՞ր հա­ւա­տալ Ա­նոր ան­կեղ­ծօ­րէ՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 5, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015