ՄԱՐԴՈՑ ՓԱՌՔԸ ՍԻՐԵԼ…

Մարդ միշտ փառք կը փնտռէ, քանի որ ան կը սիրէ փառաւորուիլ։ Բայց որքան հետաքրքրական է որ ան այդ փառքը կը սպասէ իր նմաններէն, այսինքն ուրիշ մարդոցմէ։ Հապա որմէ՞ պէտք է ստանալ, անոր մասին չի խորհիր, քանի որ ան կ՚ուզէ փառքը վայելել դարձեալ մարդոց մէջ։ Ուրեմն մարդ չի խորհիր աւելի բարձր փառքի մը արժանանալ եւ այս պատճառով տեւական կը մրցակցի իր նմաններուն հետ։ Եւ ահաւասի՛կ այս մասին է, որ կ՚ըսէ Յովհաննէս աւետարանիչ. «Վասնզի մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 43)։

Արդարեւ, մարդ երբ գործ մը կատարէ եւ իր այդ գործը մարդոց գնահատանքին արժանանայ եւ փառաբանուի, այլապէս չի մտածեր թէ այդ գործը աստուածահաճո՞յ է, թէ ո՛չ։ Մինչդեռ կրնան պատահիլ, որ մարդոց կողմէ հաճելի թուած որեւէ արարք, որեւէ գործ Աստուծոյ համար հաճելի չըլլայ։

Ուրեմն, մարդ երբ գործ մը կը կատարէ, նպատակ պէտք է ունենայ բարին եւ օգտակարը, որպէսզի թէ՛ մարդոց եւ թէ Աստուծոյ հաճելի ըլլայ եւ գնահատուի թէեւ մարդոց կողմէ, բայց նաեւ Աստուծոյ կողմէ։

Այս կէտին հարց մը կայ, թէ ամէն օգտակար գործ բարի՞ է։

Ասիկա կախում ունի օգտակարութեան տեսակէն։ Արդարեւ, կրնայ ըլլալ, որ մարդուս օգտակար կարծած բան մը վնասակար ըլլայ. զոր օրինակ, շաքարախտէ տառապող մէկու մը շաքարեղէն տալ՝ օգտակա՞ր է, թէ վնասակար, ապա ուրեմն ան բարի՞ է, թէ չար։ Ուստի, ընդհանրապէս, մէկու մը անուշ բան մը տալ հաճելի է, քանի որ տալը աւելի բարեբեր է քան առնելը։ Բայց վերոյիշեալ պարագային՝ տալը բարեբեր չէ, մանաւանդ՝ չարութիւն, եթէ նոյնիսկ անուղղակի կերպով ըլլայ…

Ուրիշ հարց մըն ալ սա է. ամէն բարի օգտակա՞ր է։

Աստուած բնութեամբ բարի է, բարին միշտ Աստուծմէ է։ Ուստի, եթէ բարին իսկապէս «բարի» է, անտարակոյս օգտակար է, Աստուած մարդուս համար միշտ բարին կը կամենայ։

Ուրեմն, այս ուղղութեամբ՝ այն որ իրապէս բարի է եւ բարիէն կը բխի անպայման օգտակար է, քանի որ ան նաեւ աստուածահաճո՛յ է։ Հոս կարեւոր է ուրեմն զանազանել՝ ճշմարիտ բարին եւ կարծեցեալ բարին։

Յետին նպատակով կատարուած բարիք մը «բարի» չէ՛…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024