ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐ
Նախապաշարումները յառաջդիմութեան ամենամեծ արգելքներն են։ Արդարեւ, նախապաշարուած՝ կանխակալ եւ առանց ստոյգ գիտութեան կազմուած սխալ կարծիքներէ, անհիմն հաւատալիքներէ ազատուիլ շատ դժուար է։ Եւ սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ մտքի գերութիւնը ամենավտանգաւոր գերութիւնն է, քանի որ իսկական գերութիւնը մտապէս յանձնուիլ է որեւէ հաւատալիքի կամ մտածումի։
Մարդը, որպէս մտածող, բանաւոր էակ, կը քննէ, կը դատէ եւ յետոյ կ՚որոշէ՝ սխալ կամ ճիշդ, բայց որոշումը պէտք է ըլլայ միշտ քննութեան մը եւ դատումի մը արդիւնք։
Ուստի, կան մարդիկ՝ որ ամէն բանի կը հաւատան։ Եւ կան մարդիկ՝ որ գերին են իրենց նախապաշարումներուն եւ իրենց հաւատացածէն կամ գիտցածէն երբեք չեն շեղիր՝ միշտ կարծելով որ միայն իրենց գիտցածը ճիշդ է եւ վստահելի։
Արդարեւ, այս երկուքն ալ ծայրայեղութիւն է, քանի որ բանականութեան հակառա՛կ է. բանաւորութեամբ օժտուած մարդ էակը պէտք է որ որոշումները տայ բանականութեա՛մբ։ Ասիկա, նաեւ մարդուն տրուած «ազատ կամք»ին ալ բնական մէկ հետեւանքն է, ինչ որ մարդկային արժանապատուութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։
«Մարդ չգիտցած բաներու մասին շուտ կը խաբուի, որովհետեւ անծանօթ բաներ՝ խաբուելու հակամէտ բաներ են։ Անտեսանելի բաներու մարդ շուտով կը խաբուի եւ կը հաւատայ եւ յետոյ, որովհետեւ նոյն բաներուն վրայ չի խորհրդածեր այդ խաբկանքներուն չի՛ կրնար դիմադրել…»։ Այսպէս կ՚ըսէ Michel de Montaigne (1533-1592)։
Ուրեմն, կարելի է կարծել, որ նախապաշարումը եւ նախապաշարումի պատճառը լաւագոյնս բացատրուած է Montaigne-ին այս տողերուն մէջ։ Եւ ասկէ կը հետեւի, որ նախապաշարումի հակաթոյնն է՝ գիտութիւնը։ Վնասակար գաղափար մը, հաւատալիք մը կարելի է չէզոքացնել՝ ճշմարտութեան գիտութեամբ։
Թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։
«Ես եմ ճամբան եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը…». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Ուստի, Ի՛նք՝ Յիսուսն է ճշմարտութիւնը եւ ան՝ որ կը հաւատայ, կը ծանօթանայ ճշմարտութեան եւ առանց անոր մէ՛կը Հօր Աստուծոյ քով չի կրնար երթալ՝ եթէ ոչ Յիսուսի ճամբով։ Իսկ Պիղատոսին սապէս կը պատասխանէ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէսզի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37)։
Ուրեմն, այն որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ, պէտք է հետեւի ճշմարտութեան ճամբայէն։
Ճշմարտութիւնը նոյնութիւն է իրականութեան հետ՝ ստուգութիւն, անստութիւն եւ հարազատութիւն։ Եւ ուրեմն այն ի՛նչ որ վաւերական է, ճշմարտութիւն է. այս առումով նախապաշարումները անվաւեր հաւատալիքներ եւ իրողութիւններ են, եւ վնաս կը պատճառեն մարդուս, քանի որ արգելք կը հանդիսանան ճշմարտութեան ճանաչողութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024