​ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ

Ո՜վ գի­տէ որ­քան բա­րիք, որ­քան գե­ղեց­կու­թիւն կ՚ան­տե­սենք՝ ո­րոնք կը գտնուին մեր շուր­ջը, ան­մի­ջա­պէս մեր մօ­տը, եւ մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նենք ա­ւե­լի չա­րիք­նե­րու, տգե­ղու­թիւն­նե­րու։ Եւ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին՝ սու­տը, սխա­լը ան­մի­ջա­պէս կը հրա­պու­րէ մեզ, բայց ճշմա­րի­տը, շի­տա­կը կը վրի­պի մեր ու­շադ­րու­թե­նէն։

Մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ալ պա­րա­գան նոյնն է՝ մեր բա­րե­կամ­նե­րուն սխալ­նե­րը կը գրա­ւէ մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը, բայց ա­նոնց բա­րի կող­մե­րը, ար­դա­րու­թիւ­նը կ՚ան­տե­սենք, կա­րե­ւո­րու­թիւն չենք ըն­ծա­յեր ա­նոնց։ Եւ այն­քան բնա­կան, այն­քան սո­վո­րա­կան է այս, որ սխա­լը կը մնայ միշտ «սխա՛լ», սու­տը՝ միշտ «սո՛ւտ» եւ տգե­ղը՝ միշտ «տգեղ», եւ զար­մա­նա­լին այն է, որ երբ մէ­կը անդ­րա­դառ­նայ ա­նոնց, ո՛չ ոք կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տայ, եւ նոյ­նիսկ կը մե­ղադ­րուի՝ իբր թէ «ճիշդ»ը սխալ, իբր թէ «տգեղ»ը գե­ղե­ցիկ կար­ծուա­ծը մատ­նան­շած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Քա­նի որ կեան­քի այս սխալ ըն­թաց­քին մէջ սխա­լը սո­վո­րա­կան է դար­ձած, եւ ճիշ­դը սխա՛լ հա­մա­րուած է այ­լեւս… ո՜ր­քան ցա­ւա­լի։

Փոր­ձա­ռու, ծեր ի­մաս­տուն ու­սու­ցիչ մը իր մօտ կը կան­չէ ա­շա­կերտ­նե­րը։ Ա­նոնք հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հա­ւա­քուին ի­մաս­տու­նին շուրջ։ Երբ բո­լո­րը հա­ւա­քուած կը տես­նէ ու­սու­ցի­չը, ա­նոնց ցոյց կու տայ սպի­տակ թուղթ մը՝ ո­րուն ճիշդ կեդ­րո­նը սեւ կէտ մը նկա­րուած է, ը­սենք՝ սեւ գոյ­նով բիծ մը…։

«Ի՞նչ կը տես­նէք այս­տեղ», կը հարց­նէ ի­մաս­տու­նը։

«Կէտ մը», կը պա­տաս­խա­նէ ա­շա­կերտ­նե­րէն մին։

«Սեւ գոյ­նով կէտ մը», կը պա­տաս­խա­նէ ու­րիշ մը։

«Հաստ, սեւ գոյ­նով կէտ մը», կ՚ա­ւելց­նէ եր­րորդ ա­շա­կերտ մը՝ ինք­նավս­տա՛հ։

Ծեր ի­մաս­տու­նը կը տրտմի, կը խո­նար­հէ գլու­խը, կը քա­լէ դէ­պի պատ, կը նստի ան­կիւն մը, եւ կը սկսի լալ…։

«Ին­չո՞ւ կու լաս, սի­րե­լի ու­սու­ցիչ…», կը հարց­նեն ա­շա­կերտ­նե­րը զար­մա­ցած։

«Կու լամ, քա­նի որ իմ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը հոս տե­սան միայն փոք­րիկ սեւ կէ­տը, եւ ա­նոնց­մէ ո՛չ մէ­կը նկա­տեց խո­շոր, մա­քուր սպի­տակ թուղ­թը…»։­

Ա­հա­ւա­սիկ իմ սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, եւ մենք որ­քա՜ն յա­ճախ կ՚ան­տե­սենք ճշմար­տու­թիւ­նը՝ զայն զո­հե­լով փոքր, անն­շան սխալ­նե­րու։

Եւ մենք շա­տերս, դժբախ­տա­բար դա­տո­ղու­թիւն­ներ կ՚ը­նենք մար­դոց մա­սին՝ հիմնուե­լով փոք­րիկ թե­րու­թիւն­նե­րու վրայ՝ ան­տե­սե­լով ար­ժա­նիք­նե­րը…։

Եւ դար­ձեալ դա­սա­խօս մը, դա­սի երբ կը սկսի, բա­ժակ մը ջուր կը վերց­նէ ձեռ­քին մէջ։ Բա­ժա­կը այն­պէս կը բարձ­րաց­նէ, որ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը տես­նեն զայն։ Եւ կը հարց­նէ ա­շա­կերտ­նե­րուն.

«Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, որ­քա՞ն կը կշռէ այս բա­ժա­կը»։ Ու­սա­նող­նե­րը կը սկսին մտա­ծել։

«Մօ­տա­ւո­րա­պէս 200 կրամ», կ՚ը­սէ մէ­կը։ Միւ­սը կը մի­ջամ­տէ. «Ո՛չ, ոչ 300 կրամ»։ Եւ դա­սա­րա­նին մէջ կը լսուի տար­բեր կար­ծիք­ներ բա­ժա­կի ծան­րու­թեան նկատ­մամբ։

Ա­սոր վրայ ու­սու­ցի­չը կ՚ը­սէ. «Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ես չեմ գի­տեր պա­տաս­խա­նը, եւ չեմ կրնար գիտ­նալ մին­չեւ որ չկշռեմ զայն, եւ ո­րոշ՝ չեմ կրնար ը­սել ա­նոր կշիռ­քը։ Բայց հար­ցը այդ չէ՛, այլ այն՝ թէ ի՛նչ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, ե­թէ այս բա­ժա­կը մի քա­նի վայր­կեան պա­հեմ իմ ձեռ­քիս մէջ»։ Հար­ցու­մը պարզ կը թուի ա­շա­կերտ­նե­րուն։

«Ո՛­չինչ», կը պա­տաս­խա­նեն բո­լոր ու­սա­նող­նե­րը։

«Ի­րա­պէ՛ս, ոչ մէկ բան կը պա­տա­հի։ Իսկ ի՞նչ կը պա­տա­հի ե­թէ բա­ժա­կը ձեռ­քիս մէջ պա­հեմ մօ­տա­ւո­րա­պէս 1 ժամ», կը հարց­նէ ու­սու­ցին­չը։

«Ձեր ձեռ­քը կը սկսի ցա­ւիլ»։

«Իսկ ե­թէ բա­ժա­կը պա­հեմ ձեռ­քիս մէջ 1 օր, այն ա­տեն ի՞նչ կը խոր­հիք, թէ կը պա­տա­հի»։­

Այս հար­ցումն ալ պա­տաս­խա­նել դիւ­րին կը թուի.

«Ձեր ձեռ­քը կը քա­րա­նայ, մկան­նե­րը կը սկսին հետզ­հե­տէ ցա­ւիլ, եւ նոյ­նիսկ կա­րե­լի է որ ան­դա­մա­լոյծ դառ­նայ ամ­բող­ջու­թեամբ ձեր ձեռ­քը», կը պա­տաս­խա­նեն ա­շա­կերտ­նե­րը։

«Ձեր կար­ծի­քով՝ բա­ժա­կին կշիռ­քը կը փոխուի՞, երբ զայն պա­հեմ իմ ձեռ­քիս մէջ ամ­բողջ օր մը»։

«Ի հար­կէ ո՛չ», կը պա­տաս­խա­նեն ու­սա­նող­նե­րը։

«Իսկ ըստ ձե­զի, ի՞նչ պէտք է ը­նեմ, որ­պէս­զի այդ­պի­սի վի­ճա­կի մը չմատ­նուիմ»։

«Պար­զա­պէս, բա­ժա­կը փո­խա­նակ ձեր ձեռ­քը պա­հե­լու՝ սե­ղա­նին վրայ դրէք», կը պա­տաս­խա­նէ ա­շա­կերտ մը ու­րա­խու­թեամբ՝ կար­ծես գիւտ մը ը­րած ըլ­լար…։

«Ա­յո՛, սի­րե­լի՜ տղաք», կը պա­տաս­խա­նէ դա­սա­խօ­սը, եւ կը շա­րու­նա­կէ. «այդ­պէս կը պա­տա­հի նաեւ կեան­քի խնդիր­նե­րուն եւ հար­ցե­րուն մա­սին։ Մտա­ծե­ցէք ո­րե­ւէ խնդրի մա­սին մի քա­նի վայր­կեան, եւ ան կը յայտ-նըւի ձեր մտքին։ Մտա­ծե­ցէք մի քա­նի ժամ նոյն խնդրին մա­սին, եւ ան կը սկսի ձեզ նե­ղաց­նել։ Իսկ ե­թէ մտա­ծէք ամ­բողջ օր մը՝ ան ձեզ հաշ­ման­դա­մու­թեան կը հանց­նէ։ Կա­րե­լի է որ խոր­հիք, մտա­ծէք խնդիր­նե­րու, հար­ցե­րու մա­սին, բայց մտա­ծե­լով չի փո­խուիր ա­նոնց չա­փը կամ կշիռ­քը, քա­շը։ Հա­պա խնդիր­նե­րը կը պա­հան­ջեն լու­ծում­ներ, իսկ ե­թէ չէք կրնար լու­ծում մը գտնել հար­ցե­րուն, ա­պա ու­րեմն դրէ՛ք զա­նոնք մէկ կողմ, մո­ռա­ցու­թեան մատ­նե­ցէք զա­նոնք, քա­նի որ ա­նոնք կա­րե­լի է որ հաշ­ման­դամ ը­նեն, հաշ­ման­դամ դարձ­նեն ձեզ»։­

Ուս­տի հար­ցե­րու մեր մօ­տե­ցու­մը պէ՛տք է ըլ­լայ քա­ջու­թեամբ եւ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ, բայց պէտք է գիտ­նաք նաեւ ա­նոնց­մէ հե­ռա­նալ, լքել զա­նոնք ի վեր­ջոյ եւ գե­րին չդառ­նալ մեր հար­ցե­րուն, թող չտալ որ ա­նոնք գրա­ւեն մեր ամ­բողջ կեան­քը։ Ե­թէ կան հար­ցեր, ա­նոնք կը պատ­կա­նին մեր կեան­քին միայն մէ՛կ մա­սին եւ ո՛չ թէ մեր ամ­բողջ կեան­քին։ Եւ մենք ու­նե­նա­լու ենք, եւ ու­նի՛նք կեան­քի միւս մէկ մա­սը՝ ա­ռանց խնդիր­նե­րու, ա­ռանց հար­ցե­րու եւ ին­չո՞ւ զո­հենք զա­նոնք ժա­մա­նա­կա­ւոր հար­ցե­րու եւ խնդիր­նե­րու…։ Կեան­քի ո՛չ մէկ հար­ցը ա­ւե­լի մեծ է քան մար­դուս կեան­քը՝ իր սի­րե­լի­նե­րով, իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րով, բա­րե­կամ­նե­րով եւ կեան­քին բա­րիք­նե­րով, գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով լի ապ­րում­նե­րով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 9, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015