ԴԺԲԱԽՏ ԵՆ ԱՆՈՆՔ՝ ՈՐՈՆՔ ՉՈՒՆԻՆ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆ
«Ազնիւ հոգիներ, ի՞նչ կ՚երազէք դուք.
Կեանքը ձեր գլխուն կը դընէ պըսակ,
Ճերմակ հոգիներ, իրար փարեցէք,
Կը ծաղկի Յոյսը ձեր լանջքերուն տակ»
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Եթէ երբեւէ ձեր ներաշխարհին մէջ զգացած էք պայքարը յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան, տեսած խորտակումը վիշտի գոյութեան եւ յանկարծակի փլուզումը լաւատես ապրումներուն՝ ուրեմն մարդ էք: Յոռետեսութիւնը արդիւնքն ու ծնունդն է ցաւագին զգացումներու, մինչ լաւատեսութիւնը ձգտումը վշտին գոյութիւնը ուրանալու եւ մեղմացնելու եւ այս անվերջ պայքարը հայելին է կեանքին, որուն ինչութիւնը կը շարունակուի մնալ հարցականի տակ:
Այս երկու արժէքները՝ լաւատեսութիւնն ու յոռետեսութիւնը անբաժան մասն են մեր կեանքի գոյութեան, որովհետեւ ինչպէս յոռետեսութեան «աստուած» Շոփենհաուէր կ՚ըսէ. «Կեանքը խառն է հաճոյքով եւ վիշտով»: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ լաւատես ըլլալ, յոռետեսութեան գոյութիւնը ուրանալ չի նշանակեր. նոյնպէս հակառակը, որովհետեւ լաւատեսութիւնը ո՛չ թէ կ՚ուրանայ յոռետեսութեան գոյութիւնը, այլ կը փորձէ մեղմել զայն, հաւատարիմ մնալով մի՛շտ դէպի լաւը ձգտելու իր սկզբունքներուն: Այս քաոսային պահերը մարդու համար ինչքան ալ անհատական թուին, իրականութեան մէջ համամարդկային վիճակ մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդկային կեանք կամայ թէ ակամայ ենթակայ է ցաւի ու խինդի, հիասթափութեան ու յոյսի:
Իրականութեան մէջ մարդկային կեանքի մէջ անհրաժեշտ կը նկատենք յոռետեսութեան ու դժբախտութեան գոյութիւնը՝ յիշեցնելու համար, որ մարդ արարածը անպարտելի արարած մը չէ. ան ունի հոգի եւ բնակաբար հոգեկան ապրումներուն անբաժան մէկ մասն է նաեւ տխրութիւնը, սակայն նման պարագաներու կու գայ լաւատեսութիւնը, փաստելու համար, որ բնութեամբ տկար մարդ արարածը իրականութեան մէջ իր մէջ ունի այդ ցաւերուն դիմադրելու հոգիի զօրութիւնը, որ կրնայ վերացնել, հիմնայատակ ընել յոռետեսութեան դժբախտ մտածողութիւնն ու ազդեցութիւնը: Գուցէ անոր գոյութիւնը պայքար մըն է մարդկային ես-ին դէմ, հաւասարակշռելու համար մարդկային կեանքը: Լաւատեսութեան կողքին կարեւոր է հասկնալ նաեւ յոռետեսութիւնը, որովհետեւ այդպիսով միայն կարելի է դիմակայել՝ հասկնալով, որ իւրաքանչիւր ուրախութիւն ու տխրութիւն անցողիկ է եւ այդ բոլորին մէկ խառնուրդն է կեանքը: Վերջապէս յոռետեսութիւնը մարդկային քաղաքակրթութեան անբաժանելի մէկ մասն է. ուսումնասիրեցէք հին բանաստեղծներն ու փիլիսոփաները եւ անոնց գործերը եւ պիտի տեսնէք, որ անոնք ծնունդ առած են գոհացում տալու մեր յոյզերուն:
Եթէ ուզենք տրամաբանականօրէն մօտենալ, պէտք է ընդունինք, որ մարդ արարածին նախ պէտք է յոռետեսութեան ինչութեան գիտակցութիւնը, որպէսզի ետքը կարենանք լաւատեսութեան սկզբունքներով յաղթահարել, որովհետեւ լաւատեսութեան ամենէն մեծ սկզբունքը յոյսն է. յոյսը յաղթահարելու դժուարութիւններն ու յոռետեսութիւնները եւ հետեւաբար առանց յոռետեսութեան անիմաստ է լաւատեսութեան գոյութիւնը: Յոռետեսութիւնը կու գայ ըսելով, որ կեանքը իմաստ չունի եւ հո՛ս է, որ լաւատեսութիւնը կը պայքարի գտնելու եւ փաստելու, թէ ի՛նչ է կեանքին իմաստը. յոռետես պահերուն ծնունդ կ՚առնէ երազը, յոյսն ու նպատակը, որուն կենդանի արդիւնքը կ՚ըլլայ ստեղծագործութիւնն ու աշխատանքը եւ այդ պայքարը մարդը կենդանի կը պահէ:
Ուսումնասիրեցէք ազգերը. պիտի տեսնէք, որ ինչքան ալ տարօրինակ թուի, իրականութեան մէջ դժբախտ են անոնք՝ որոնք դժբախտութիւն չունին, որովհետեւ ցաւէն ետք միայն կարելի է իրապէս արժեւորել ուրախութիւնը, որովհետեւ մեր մարդկային բնութիւնը կեանքի մէջ իմաստ մը կը փնտռէ եւ այդ պայքարը կ՚իմաստաւորէ կեանքը: Այս ներդաշնակութիւնն է, որ կը ստեղծէ յիշատակը, որով կարելի է արժեւորել յոռետես ու լաւատես պահերու տարբերութիւնը:
Այս բոլորը նկատի ունենալով կու գանք ըսելու, որ յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան միջեւ կայ տարածութիւն մը, որ կրնանք կոչել մարդկային տրամաբանութիւն, որմէ ծնունդ կ՚առնէ յոյսը. յօդուածին սկիզբը ուզեցինք յիշել Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգ»ը աշխատութեան մէջ գրած սրբազան տողերը, որովհետեւ այդ յոյսի գոյութիւնն է, որ ազնիւ հոգիներ կը կերտէ, այդ յոյսն է, որ կ՚իմաստաւորէ կեանքը:
Մարդկային կեանքի դժուարութիւնները նուէր են մարդոց, յոյսով ու կամքով յաղթահարելու համար, որովհետեւ վերջաւորութեան յաղթանակը պիտի տանի ան՝ որ կը յաջողի խորտակել դժուարութիւնն ու յոռետեսութիւնը եւ այդ մէկը վերածել կեանքի ձեռքբերում, որով կարելի պիտի ըլլայ կառուցել ապագան:
Բոլոր այն երիտասարդները, որոնք այսօր իրենց կեանքին մէջ կը զգան գոյութիւնը յոռետեսութեան՝ կը կարծեն, թէ իրենց պայքարը «ապարդիւն» է, թող յիշեն, որ յաղթուած դժբախտութիւնը աւելի երջանկութիւն կու տայ մարդուն, քան առանց պայքարի մարդուն տրուող ուրախութիւնը, որովհետեւ պայքարն է, որ կ՚իմաստաւորէ այդ երջանկութիւնը եւ միայն մե՛նք կրնանք կերտել այդ մէկը:
Այս բոլոր մտածումները կ՚ուզեմ աւարտել Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի թատրերգութիւններէն մէկուն մէջ յիշած տողով. «Կը տեսնամ յոյսը, խաղաղութիւնը, որ պսակ կը կազմեն ձեռք ձեռքի տուած...». այդ յաղթական պարին մէկ անդամը կրնաս դառնալ նաեւ դո՛ւն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն դժբախտ մարդը:
Պատասխան. Աշխարհի ամենէն դժբախտ մարդը ան է, որ ծանրաբեռնուած է մեկուսացումով, ձախողութեամբ եւ նպատակի բացակայութեամբ: Դժբախտ են անոնք, որոնք ճնշուած են խոր դատարկութեամբ, հեռու ամէն տեսակի յաջողութիւններէ: Նման անձեր յաճախ կրնան ունենալ հոգեկան առողջութեան հետ կապուած խնդիրներ, ունենալով յուսահատութիւն ու ինքնավստահութեան պակաս: Այս վիճակը զիրենք հեռու կը պահէ ուրախութենէն եւ բաւարարուածութեան զգացումէն, զիրենք անջատելով շրջապատէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024