ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ՓԱՌՔԸ
Մարդկային պատմութեան ամէն շրջանին՝ գաղափա՛րն է, որ բարձր բռնած է մարդուն արժանաւորութիւնն ու արժանապատուութիւնը, քանի որ գաղափարի եզրն է, որ մարդս կը բարձրացնէ եւ կը զատէ միւս բոլոր ապրող էականերէ։ Արդարեւ գաղափա՛րն է, որ ընթացքը կ՚որոշէ կեանքին եւ մարդս կ՚ուղղէ նպատակի մը՝ հասկնալու կեանքին իմաստը իր բոլոր երեսներով։ Կեանքի մէջ նպատակ մը ունենալ անհրաժեշտ է, քանի որ առանց նպատակի ապրիլ կը հակասէ մարդկային բանականութեան։
Գաղափարի մարդուն կեանքը իմա՜ստ կը ստանայ, քանի որ գաղափարն է, որ կը ստեղծէ նպատակը։
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մարդկային մտաւոր ե՛ւ հոգեկան յեղաշրջումը իր վերելքին մէջ հաւասարապէս չէ՛ զարգացած, եւ այս իսկ պատճառով, ամենափառաւոր շրջաններու յաջորդած են, ընդհանրապէս ամենէն վատթար ու անկեալ վիճակներ՝ թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքերու մէջ։ Պատմութեան այս կերպ վերլուծման աշխատութիւններ ցոյց կու տան աններդաշնակութիւնը մարդկային մտքին ու հոգիին՝ որոնք պէտք է համընթաց ըլլան, բայց դժբախտաբար, ստէպ կը գերազանցէ մին՝ մի՛ւսը։ Այս իմաստով, գաղափարը՝ հոգիին ծաղի՛կն է. մարդուն անապական մասը իր էութեան, ոգեւորող, խանդավառող ուժը կեանքին։
Ազատութեան եւ անկախութեան զգացումը արդէն, որ դարե՜րէ ի վեր հրահրած ու խանդավառած է մարդկային հոգին եւ շարժման ենթարկած է բանականութիւնը՝ մարդկային միտքը, բաւական է ցուցնելու, թէ ո՜րչափ ներուժ ու զօրեղ եղած է գաղափարին սէրը մարդոց մէջ։ Ազատութիւն եւ անկախութիւն ձեռք բերելու համար մարդիկ ի՜նչ զոհողութիւններ, նուիրումներ ցոյց են տուած՝ որպէսզի անոր «գաղափար»ը ապրի եւ գործնականի վերածուի։
Արդարեւ մարդուս թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական վազքը միայն նիւթի, շահու կամ հաճոյքի համար եթէ ըլլար, այն ատեն զօրաւորին անխնայ տիրապետութիւնը եւ տկարին ստրկութիւնը յաւերժացնող գոյապահպանման ու գոյատեւման պայքարը աւելի խաղաղ կերպով պիտի մղուէր, մարդուն կեանքը վերածելով լոկ «հացի պայքար»ի մը…։
Հոս շեղում մը ընենք եւ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք «գաղափարապաշտութեան» վրայ։ Իր լայն առումով «գաղափար»ը՝ մտքի մէջ որեւէ մտածումի մը պատկերացումն է, այսինքն իրողութեան մը նկատմամբ կազմուած անհատական խորհուրդը, միտքը, հայեացքը կամ տեսակէտն է ան։ Իսկ «գաղափարական»ը՝ ուրիշներու ծառայելու վսեմ նպատակն է՝ տեսլական մը, գաղափարի հայող մտածում մըն է։
Եկեղեցին մերժած է «ամբողջատիրական» եւ անաստուած այն գաղափարախօսութիւնները՝ որոնք արդի ժամանակներուն մէջ զանազան ծայրայեղ, չափազանց՝ մարդկային անհատական էութիւնը եւ արժանապատուութիւնը վիրաւորող, անհատին արժէքը նսեմացնող բնոյթ կը ներկայացնեն։ Ուստի Եկեղեցին կը մերժէ նաեւ անհատապաշտութիւնը։ Ուստի միմիայն կեդրոնացած ծրագրաւորումի միջոցով ընկերութեան կանոնաւորումը հիմէն կը զեղծանէ ընկերային կապերը՝ ի՛նչ որ թերացում է «ընկերային արդարութեան» դէմ։
Եւ ուրեմն կը տեսնուի, որ «գաղափար»ը ընդունելի է այն համեմատութեամբ՝ որ կը նպաստէ մարդուն, անհատական իրաւունքներուն եւ ազատութեան պահպանման ու գոյատեւման։
Բայց բանաւոր ու հգեւոր էակը՝ մարդը «միայն հացով չ՚ապրիր…»։ Համայն մարդկութիւնը իր գաղափարի մե՛ծ մարդոց փաղանգովը՝ պատերազմիկ գունդովը միայն կրնայ պարծիլ, քանի որ անո՛նք են մարդկութեան ճշմարիտ ու անկեղծ բարերարները։
Գաղափարին գոյութիւնը, արդարեւ հոգեպէս կեդրոնացած ուժի մը ներգործութիւնն է մարդկային մտաւոր ներաշխարհին մէջ։ Գաղափարի պայքարը կ՚ենթադրէ ներքին պայքար մը՝ որ կը կատարելագործէ, կը զօրացնէ ու կը լիացնէ մարդը իր մտաւոր աշխարհին մէջ։ Մարդ, քանի որ բանաւոր էակ մըն է, ուրեմն անոր միտքը եւ հոգին ճոխ է գաղափարներ համաձուլելու կա-րելիութիւններով։ Մարդ ընկերային կեանքին մէջ անհատականութեան - անկախութեան գաղափարին յարած միա՛կ էակն է։
Արդարեւ, մարդկութիւնը, դարե՜ր շարունակ մեծագոյն սխալը կը գործէ. անտարբեր է իր կարողութիւններուն, չ՚անդրադառնար իր արժէքին եւ հեռո՜ւ է սրբագրելու իր էական սխալը։ Ինչպէս ամէն շրջանի, նաեւ ներկայ ժամանակներու մեծագոյն տագնապը «գաղափարներո՛ւ տագնապ»ն է, որոնք այնքան արագ կը յղանան ու կ՚ընթանան՝ ապա վիժելու համար, եւ որոնք կը սպառնան կեանքը, որ հետզհետէ աւելի անիմաստ, աննպատակ ու անըմբռնելի կը դառնայ, կը թունաւորեն միտքը, որ այլեւս ճիշդ չի կրնար գործել եւ ուղիղ չի կրնար դատել։
Գաղափարներու առաջին շերտաւորումը կը սկսի ընկերային աշխարհի մէջ՝ բաժնելով անհատները զանազան յատկանշական խումբերու, խտիր դնելով անոնց մէջ։ Արդարեւ գլխաւոր բաժանումը կը տեսնուի սա երկու խումբերու մէջ. մին՝ որոնց միակ իրականութիւնը հոգին եւ գաղափարն է, իսկ միւսը՝ որոնց իրականութիւնը միայն նիւթն է ու շա՛հը։
Մտածութիւններու այս զոյգ տարակարծութիւնները կը բաւեն խրամատելու եւ աստիճանաւորելու զանազանութիւնը իրերահալած գաղափարներու։
Եւ մարդկային այս նկատումը միայն կը բաւէ ստեղծելու կեանքին վիհը, քաոսը, առաջնորդելու մարդկութիւնը մութի եւ խաւարի, եւ յետոյ լոյսի եւ լուսաւորութեան աշխատանքով մը հանդէս կու գայ մարդը։ Մութը ստեղծողն ալ ի՛նք է, լոյսը փափաքողն ալ։ Եւ այս կը ստեղծէ մարդկային կեանքի մէջ «ամուլ շրջան» մը։ Եւ ահաւասի՛կ մարդ էակը այսպէս կ՚ապրի կեանքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 28, 2015, Իսթանպուլ