ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈՒ ԿԵՐՊԸ
Քննադատութիւնը՝ յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան առաջնակարգ եւ անհրաժեշտ միջոցներէն մին է։
Հոն ուր քննադատութիւն կայ՝ հոն կա՛յ նաեւ յառաջդիմութիւն, լուսաւորութիւն եւ ճշմարտութեան ճանաչում։ Առանց քննադատութեան՝ ընկերային կեանքը ամուլ եւ անպտուղ հողի մը կը դառնայ՝ ուր մարդիկ կը նմանին «մեքենայ»ի մը՝ որ ի՛նչ որ նախատեսուած ու ծրագրուած է, միայն ան կ՚արտադրէ։
Մինչդեռ մարդ, իր յատկութիւններով եւ բանականութեամբ միշտ նորոգուելու, միշտ աւելի լաւին յառաջանալու կոչուած է։ Այս իմաստով քննադատութիւնը մղիչ ո՛ւժն է ընկերային կեանքին։
Բայց ինչպէս յաճախ կ՚ըսենք, սիրելի՜ներ, որեւէ գործիք օգտակար եւ նպատակայարմար կ՚ըլլայ, երբ զայն գործածողը բարեմիտ է եւ անկեղծ այդ գործիքին գործածութեանը մէջ։ Եթէ լաւ գործածուի գործիք մը՝ լաւ արդիւնք կու տայ, իսկ եթէ յետին նպատակով գործածուի, վտանգ կը սպառնայ գործիքը։
Քննադատութիւնն ալ, ճիշդ այս կէտին, կը նմանի զոր օրինակ, մկրատի՝ երբ օգտակար կերպով եւ բարի նպատակով գործածուի՝ իրապէս օգտակար եւ կեանքը դիւրացնող առարկայ մըն է ան։
Բայց մկրատը, եթէ գործածողը յետին նպատակի մը համար գործածել փորձէ զայն, վտանգաւոր եւ վնասակար գործիք մը կ՚ըլլայ։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ յաճախ կ՚ըսենք. գործիքը օգտակար կամ վնասակար կարելի է համարել միայն զայն գործածողին նպատակին եւ գործելակերպին նկատմամբ։ Եւ քննադատութիւնն ալ ա՛յդպէս է։
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, շատ անգամ, քննադատութեան ժամանակ, քննադատողներու նպատակակէտը ո՛չ թէ քննադատել է կատարուածը գործ մը, այլ՝ արհամարհել անձը։ Անշուշտ, կերպով մը ճիշդ է այդ, քանի որ ինչպէս ըսինք, կարեւորը «գործո՛ղ»ն է եւ ո՛չ թէ՝ «գործիք»ը։ Բայց ամէն բան իր չափին եւ սահմանին մէջ պէտք է կատարուի։ Գործ մը եթէ քննադատութեան արժանի է՝ զայն գործողը պէ՛տք է քննադատուի, նոյնիսկ պէ՛տք է տուժէ եւ հատուցանէ ան իր սխալին փոխարժէքը։
Սակայն մարդիկ ընդհանրապէս կը չափազանցեն. «մէկ աչքի դէմ երկո՛ւ աչք» կը պահանջեն։
Քննադատութեան ատեն ալ կը չափազանցեն եւ քննադատութիւնը կը հասցնեն «արհամարհանք»ի։
Քննադատութիւնը մարդկային սխալի մը սրբագրութեան հրաւէր մըն է՝ ազդարարութի՛ւն մը։
Քննադատութիւն գործադրելի է կեանքի ամէն կալուածի մէջ՝ միշտ բարենպատակ մօտեցումով, որ ընդհանրապէս կը պակսի բարեացակամութիւնը եւ քննադատութիւնը կը դառնայ՝ արհամարհելու, ստորագնահատելու միջոց։
Քննադատութեան գիտակցութիւնը, դժբախտաբար կը պակսի շատերուն։ Եւ անշուշտ քննադատութիւնը կը շեղի իր նպատակէն եւ կը դառնայ հակառակութեան եւ նոյնիսկ թշնամութեան պատճառ։
Մինչդեռ քննադատութեան արդիւնաբեր դերակատարութեան հաւատարիմ՝ քննադատութեան գիտակցութիւնը ունեցող անձեր, առիթ կու տան սխալներու սրբագրութեան եւ փոխադարձաբար՝ քննադատուած անձեր, նոյն գիտակցութեամբ կը սրբագրեն իրենք զիրենք եւ իրենց սխալ գործերը։
Եթէ քննադատութիւնը չափաւոր է, քննադատուողն ալ համեստութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ՚ընդունի զայն եւ ահաւասիկ կը հաստատուի ընկերային խաղաղութիւնը եւ կը հաստատուի ներդաշնակութիւնը՝ որոնք մարդս կ՚առաջնորդեն վերջնական նպատակին՝ երջանկութեան, կատարելութեա՛ն։
Այս կերպով կատարուած քննադատութիւնը ունի վերանորոգիչ, վերահաստատիչ եւ դարմանիչ յատկութիւն, թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կեանքի համար։ Ուստի քննադատութեան նպատակը պէ՛տք է ըլլայ՝ շինել, եւ ո՛չ թէ քանդել…։
Քանդիչ քննադատութիւնը մարդկային ընդհանուր «ա՛խտ» մըն է, որ կը սպառնայ ընկերային համերաշխութեան եւ անդորրութեան։
Քննադատութեամբ երբ շեղում կ՚ըլլայ բնականոն վիճակէն, ապա ուրեմն կը ստեղծուի տարբեր իրավիճակներ անհատական եւ ընկերային-հաւաքական կեանքի մէջ։
Եւ անգամ մը, որ քննադատութիւնը շեղի իր նպատակէն, կը դառնայ վտանգաւոր եւ բարոյական կեանքի սպառնացող զէնքի մը։
Բայց քննադատութեան նպատակը ո՛չ վիրաւորել է եւ ոչ ալ կեանքեր վերջացնել, այլ վերաշինել, վերակազմել եւ դիւրացնել կեանքը։
Թեր ու դէմ կարծիքներ միշտ կ՚ըլլան, պիտի ըլլան եւ պէ՛տք է ըլլան, բայց ո՛չ մէկ կարծիքի տէր «բոլորը պէ՛տք է հպատակին ինծի, քանի որ իմ կարծիքը ա՛յս է եւ ճի՛շդ է» պէտք է ըսէ, որովհետեւ ամէն կարծիք իր սահմաններուն մէջ բանականութեան բնական հետեւանքն է, անշուշտ երբ ան բոլորովին տարօրինակ չէ։ Այո, կայ մէկ ճշմարտութիւն, եթէ կարելի է ըսել՝ մէկ բնօրինակ, բայց այդ ճշմարտութեան՝ բնօրինակին հասնելու միակ միջոցն է՝ բոլոր օրինակները, բոլոր կարծիքները ուսումնասիրել, եւ եթէ պէտք է քննադատել, դատողութեան ու բանականութեան մաղէն բծախնդրօրէն անցընել եւ համաձայնիլ կէտի մը վրայ՝ որ «ճշմարտութի՛ւն»ն է, բնօրինակը։
Առանց փոխադարձելու կարծիքները, համոզումները, առանց փոխադարձ քննադատութիւն կատարելու, կարելի չէ հասնիլ ճշմարիտ իրողութեան, որ է կատարելութի՛ւն։
Արհամարհանքի, ստորագնահատութեան առիթ կամ միջոց պէտք չէ համարուի իրական քննադատութիւնը. անկեղծութիւնը նախապայմանն է առողջ եւ նպատակայարմար քննադատութեան։ Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, կան մարդիկ, որոնք միշտ կը քննադատեն, միշտ թերութիւն մը, սխալ մը, անկատարութիւն մը կը տեսնեն ամէն գործի մէջ։ Անոնց համար մա՛րդ շիակ չէ, մա՛րդ ուղիղ գործ չի կատարեր։ Արդեօք կը խորհին, թէ միակ ուղիղը, միակ շիտակը, միակ կատարեալը իրե՞նք են։ Եթէ այդպէս կը մտածեն՝ ամենէն սխալականը նոյնինքն իրենք են, եւ ամենէն աւելի իրենք արժանի՛ են քննադատութեան։ Քննադատելու համար ամէն ոք, նախ պէտք է ինքզինք ճանչնայ, ինքնաքննադատութիւն ընելու քաջութիւնը, անկեղծութիւնը եւ վեհանձնութիւնը ունենայ, եւ յետոյ քննադատէ ուրիշը, բայց ո՛չ երբեք արհամարհելով։
Նաեւ քննադատութեան ատեն պէտք է բարկութեան զգացումէն բոլորովին հեռո՛ւ ըլլալ։
Մէկը, որ քննադատութիւնը կը միացնէ բարկութեան վատ ու վնասակար զգացումին, ապա ուրեմն հրաժարած եւ շեղած է իր բուն նպատակէն։ Քննադատողը պէտք է ըլլայ պաղարիւն, խոհեմ, ողրջամիտ եւ մանաւանդ անաչառ եւ արդարադատ։ Քննադատութիւնը լուրջ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն պահանջող գործ մըն է։ Ան պէտք չէ՛ քմահաճ կիրքերու տպաւորութեան տակ ընթանայ։
Վերջապէս, քննադատութեան նիւթը եւ քննադատուողը ի՛նչ եւ ո՛վ որ ալ ըլլայ, պէտք է անպայման վե՛ր բռնուի մարդկային արժանապատուութիւնը։ Այն քննադատութիւնը՝ որ կը մտի, նպատակ ունի վիրաւորել մարդկային արժանապատուութիւնը՝ քննադատութիւն չէ, այլ՝ պարզապէս թշնամանք։ Քննադատողին եւ քննադատուողին միջեւ գիծ մը կայ՝ որ է փոխադարձ յարգանք մտածումներու, կարծիքներու եւ համոզումներու։ Քննադատողը ինքզինք պէտք չէ դատաւորի տեղ դնէ, այլ միայն տեսակէտի մը պաշտպանութիւնը կատարող՝ իր արժանիքներուն եւ պատասխանատուութիւններուն գիտակցութիւնը ունեցող ողջախոհ անձնաւորութիւն մըն է ան եւ կը կատարէ իր պարտականութիւնը՝ ընկերային կեանքի յառաջդիմութեանը համար։ Մարդուս կոչումը կը պահանջէ քննադատել, քանի որ անոր թէ՛ իրաւունքն է եւ թէ պարտականութիւնը՝ սրբագրել տեսած ամէն սխալ եւ օգնել ուրիշին՝ որպէսզի ճշմարիտին հասնի, կատարելագործուի։
Վերջին հարց մը եւս, որ ընդհանրապէս կ՚անտեսուի։ Առողջ եւ նպատակայարմար քննադատութեան մը համար պէ՛տք է քննադատողը որոշ տեղեկութիւն մը ունենայ քննադատած նիւթին շուրջ եւ իր գիտութիւնը գոնէ հաւասարի քննադատուող անձին գիտութեան։
Քննադատութիւնը քմահաճոյք չէ՛, այլ՝ լուրջ եւ պատասխանատու գո՛րծ մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 14, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024