ԵՐԿՀՆՉԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ
«Երկհնչիւն» կամ «երկբարբառ» կը կոչուի իբրեւ մէկ վանկ արտասանուող այն հնչիւնակապակցութիւնը՝ որ կազմուած է երկու ձայնաւորներէ, կամ մէկ ձայնաւորէ եւ «յ» կամ «ւ» հնչիւնէն։
Հայերէնի երկհնչիւններն են. «այ», «ոյ», «եա», «եօ», «իւ»։
«Այ» երկհնչիւնը բառի սկիզբը եւ բառի մէջ անփոփոխ «այ» կ՚արտասանուի. ինչպէս՝ «այս», «այդ», «հայր», «մայր», «կայծ», «ձայն», եւ այլն։
Նոյն երկհնչիւնը գոյութիւն ունի նաեւ արմատական միավանկ բառերու վերջը, ինչպէս նաեւ այն պարագային, երբ այդ բառերը բարդ կամ ածանցաւոր բառերու բաղադրիչներն են. ինչպէս՝ «բայ», «հայ», «ճայ», «մակբայ», «դերբայ», եւ այլն։
Բազմաթիւ բառերու վերջին «այ»ը ներկայիս երկհնչիւն չէ, միայն իբրեւ «ա» կը հնչուի, քանի որ «յ»ն անձայն կը մնայ։ Օրինակ՝ «ներկայ», «ապագայ», «վկայ», «հսկայ», «ակամայ», «տեսայ», «պողոտեայ», եւ այլն։
«ԵԱ», «ԵԱՅ»։ «Եա» երկհնչիւնը միայն փակ վանկի մէջ կը գտնուի եւ կը հնչուի որպէս «եա»։ Օրինակ՝ «ատեան», «սենեակ», «մատեան», «պատեան», «Դուրեան», «Օտեան», եւ այլն։
Բառի վերջը գտնուող «եայ»ն ալ նոյն հնչումը ունի (վերջի «յ»ն անձայն կը մնայ)։ Ինչպէս՝ «պաշտօնեայ», «փայտեայ», «ոսկեայ», եւ այլն։
«Իւ»։ «Իւ» երկհնչիւնը միայն փակ վանկի մէջ կը գտնուի եւ կ՚արտասանուի «եու»։ Ինչպէս՝ «միւս», «հիւր», «սիւն», «ալիւր», «արիւն», եւ այլն։
Ծանօթութիւն.
ա. Բառի վերջը գտնուող «իւ»ն երկհնչիւն չէ՛, քանի որ անոր «ւ»ը բաղաձայն է, ինչպէս՝ «արծիւ», «պատիւ», «հաշիւ», «կռիւ», «շնորհիւ», «առթիւ», եւ այլն։
բ. «Հիւանդ», «դիւան» եւ նման բառերու մէջ «իւ»ն նոյն վանկին մէջ չի գտնուիր՝ հետեւաբար երկհնչուն չէ եւ տողադարձի ատեն կը բաժնուի. ինչպէս՝ «հի-ւանդ», «դի-ւան», եւ այլն։
գ. «Իւ»ով վերջացող օտար բառերու մէջ «իւ»ն կը հնչուի որպէս քմային (փափուկ) «ու»։ Ինչպէս՝ «Մոնթեսքիւ», «Ռըքլիւ», «Էօժէն Սիւ», «միւսիւ»։
«ՈՅ»։ «Ոյ» երկհնչիւնը փակ վանկի մէջ (այն վանկը՝ որ կը վերջանայ բաղաձայն հնչիւնով, կը կոչուի «փակ վանկ») կ՚արտասանուի «ույ», օրինակ՝ «բոյս», «բոյր», «բոյլ», «լոյս», «ստոյգ», «խարոյկ», «արտոյտ», «Պարոյր», «երեկոյթ», «ճաշկերոյթ», «արշալոյս», եւ այլն։
Բազմավանկ բառերու մէջը «ոյ»ը երկհնչիւն չէ, քանի որ «յ»ի անձայնութեան պատճառով «օ» կը հնչուի. ինչպէս՝ «յարգոյ», «հաճոյ», «դշխոյ», «յետոյ», «բրածոյ», «հաւաքածոյ», «երեկոյ», եւ այլն։
Միայն քանի մի միավանկ բառերու վերջը «ոյ»ը «օյ» կը հնչուի. ինչպէս՝ «խոյ», «նոյ», եւ այլն։
«ԵՕ»։ «Եօ» երկհնչիւնը արդի հայերէնի մէջ շատ հազուադէպ է՝ «եօթը», «արդեօք», «ընտանեօք», «կարծեօք»։
Բաղաձայներու գործածութեան օրինակներ.
«Վ»։ Բառի սկիզբը լսուող «վ» հնչիւնը միշտ «վ» կը գրուի, բացի «ո»ով սկսող բառերէն. օրինակ՝ «վեր», «վար», «վայր», «վտանգ», «վեց», «վրէժ», եւ այլն։
«Վ» լսուելու ատեն «վ» կը գրուի հետեւեալ պարագաներուն.
ա. «Ո»էն ետք. «կով», «կորով», «ժողով», «ապահով», «ծով», եւ այլն։
բ. Եթէ բառը բարդ կամ ածանցեալ է, եւ բաղադրիչ բառը կը սկսի «վ»ով. «անվնաս», «օրավարձ», «անվտանգ», «թիավարել», եւ այլն։
գ. Կարգ մը բառերու մէջ «վ» կը գրուի այն պատճառաւ, որ ան առաջ եկած է «ով»էն. օրինակ՝ «ժողվել», «սորվիլ» (ժողովել, սովորել)։
դ. Բառի մէջ եւ բառի վերջը «ա», «ե», «ի» ձայնաւորներէն յետոյ «ւ» կը գրուի. օրինակ՝ «աւելի», «հեւալ», «նաւ», «հաւ», «աղաւնի», «շնորհիւ», «առթիւ», «դիւական», «բաւ», «արեւ», «թիւ», «քիւ», եւ այլն։
Ուստի, կը տեսնուի, որ կանոններ ունին նաեւ բացառութիւններ՝ որոնց պէտք է ուշադրութիւն ընել…
- Սկզբնաղբիւր.- Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան, «Հայերէն լեզուի դասագիրք», Երեւան 1968։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 15, 2024, Իսթանպուլ